ԿԱՆԽԱԳՈՒՇԱԿ ԳՐՈՂՆԵՐ

Այն տարիներուն, երբ արհեստական բանականութիւնը նոյնիսկ չէինք կրնար կռահել, միայն երեք հոգի գիտէին համացանցային իրականութեան մասին, ուրեմն կը նշանակէ, թէ «I, Robot» կամ «Neuromancer» գիրքերու հեղինակները իսկապէս եղան կանխատեսներ, գուշակեցին ապագան։ 

Գիտա-երեւակայութիւն (science fiction). մօտաւոր կամ հեռաւոր ապագայի մասին պատմութիւններու ստեղծումն է՝ օգտագործելով գիտութեան եւ փորձագիտութեան տարրերը, որոնք այդ ժամանակ հնարաւոր չէին։ Գիտա-երեւակայական ստեղծագործութիւններու առանձնայատկութիւնը այն է, որ դէպքերը հիմնուած են գիտական ենթադրութիւններու վրայ։ Այս ժանրի գրականութիւնը մեզի կը ներկայացնէ ո՛չ թէ հեռաւոր եւ անհաւանական աշխարհները, այլ այն աշխարհը, ուր մենք կ՚ապրինք։ Ան կը քօղազերծէ այն, ինչ որ մենք չենք կրնար տեսնել, խոշորացոյցի մը պէս կը մեծցնէ եւ տեսանելի կը դարձնէ։ Այս ժանրի նպատակը ապագան կանխատեսել չէ, այլ՝ կանխատեսել, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագային։ Անոր մտահոգութիւնը ո՛չ թէ ապագայի հետեւողական կանխատեսում ընել է, այլ՝ այդ ժամանակաշրջանի խնդիրները յաղթահարելը։ Ան կ՚օգտագործէ հնարաւորը այնքան, որքան գիտութիւնը թոյլ կու տայ եւ գիտա-երեւակայական գրականութիւնը իրապաշտութեամբ սահմանափակուած ենթադրութիւն է։

Գիտա-երեւակայական գիրքերու մէջ կը հանդիպինք ապագայի մասին զարմանալի կանխատեսումներու։ Օրինակ՝ Ճանըթըն Սուիֆթի կողմէ 1726 թուականին գրի առնուած «Կուլիվերի ճանապարհորդութիւնները»ին մէջ Լափութա կղզիի աստղագէտները կը հասկնան, որ Հրատը ունի երկու արբանեակ։ 1877 թուականին պարզուեցաւ, որ Հրատը իսկապէս ունի երկու արբանեակ։

Վարկային քարտերու (credit card) յայտնուելէն 63 տարի առաջ՝ 1888 թուականին, Էտուարտ Պելամիի «Նայելով անցեալին» վէպի գլխաւոր հերոսը 2000 թուականին կ՚արթննայ եւ ականատես կ՚ըլլայ դրամի փոխարէն վարկային քարտերու օգտագործման։ 

Հ. Կ. Ուէլս իր ստեղծագործութիւններէն մէկուն մէջ նկարագրած հրասայլը առաջին անգամ կ՚օգտագործուի Առաջին համաշխարհային պատերազմին։ Իսկ 1903 թուակային, իր կողմէ կնքուած հիւլէական ռումբը, ցաւօք սրտի, կը պայթի Հիրոշիմայի վրայ՝ 1945 թուականին։ Հեղինակը, որու որոշ երկրպագուներ կը պնդէին, թէ ան «ժամանակի ճամբորդ» է, կանխատեսած է նաեւ հեռախօսային հաղորդագրութիւնները՝ 1924 թուականին իր գրած «Մարդիկ աստուածներու նման» գիրքին մէջ։ Հարկ է նշել, որ հեռախօսային հաղորդագրութիւններ տարածում գտած են 1980-ական թուականներուն։ 

Հիւկօ Կերնսպաք իր հեղինակած հատորներէն մէկուն մէջ, 1914 թուականին, նշած է ռատարի մասին՝ անոր օգտագործումէն 24 տարի առաջ, իսկ արեւային ուժանիւթով աշխատող մեքենաները՝ 67 տարի առաջ։

Օլտուս Հոքսլիի «Չքնաղ նոր աշխարհ»ին մէջ ընկճուածութեան դէմ դեղօրայքի օգտագործումը կը կանխատեսէ՝ 18 տարի, իսկ ծինական ճարտարագիտութիւնը՝ 40 տարի առաջ։ 

Արթուր Ք. Քլարքի «2001։ Տիեզերական ոդիսական» վէպին մէջ կը ներկայացուի սարք մը, որ կը կոչուի «newspad», որ ճշգրտօրէն կը նկարագրէ «iPad»ը։ 

Ճոն Պրունէրի «Կանգնիլ Զանզիպարի վրայ»ն հեռատեսութեան առումով գերիվեր է միւսներէն։ Պրունէր մօտաւորապէս յիսուն տարի առաջ ըսաւ, որ «Honda»ն, որ այդ տարիներուն միայն կ՚արտադրէր շարժակաւոր հեծանիւ եւ փիքափ ինքնաշարժներ, պիտի արտադրէ ելեկտրական ինքնաշարժներ, ելեկտրոնային երաժշտութիւնը պիտի դառնայ հանրաճանաչ, ամուսնութեան փոխարէն կենակցութիւնը պիտի տարածուի, Եւրոմիութիւնը պիտի հիմնուի եւ պիտի գործածուի հասարակաց դրամանիշ, զինեալ յարձակումներ պիտի ըլլան դպրոցներու եւ հասարակական շէնքերու մէջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ գիները պիտի աճին վեցապատիկ, յիսուն տարի յետոյ ԱՄՆ-ի միակ մրցակիցը պիտի ըլլայ Չինաստանը… Ան նաեւ կանխատեսեց, որ աշխարհի բնակչութիւնը 2010 թուականին կը հասնի եօթ միլիառի։ Բաւարար չէ՞։ Գիրքի մէջ կայ նաեւ ազդեցիկ առաջնորդ մը՝ «Նախագահ Օպոմի» անունով։ 

Ուիլիըմ Կիպսընի «Neuromancer» վէպը յստակ արտայայտեց այսօրուայ համացանցային աշխարհը եւ «հեքըր»ները։ 

Այզէք Ասիմով «Future fantastic» (1989) վերնագրով իր յօդուածին մէջ գրած է, որ 2000-ականներուն մարդիկ իրենց ժամանակի մեծ մասը պիտի անցընեն համակարգիչի դիմաց եւ անոնց միջոցաւ պիտի կարենան հասնիլ ամէն տեսակ տեղեկատուութեան։ 

Եւ տակաւին կարելի է թուարկել բազմաթիւ նման գիրքեր, որոնց հիման վրայ նկարահանուած են ժապաւէններ։ Այսպէսով աւելի հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՞ւ ընտրած եմ «Կանխագուշակ գրողներ» խորագիրը՝ ներկայացնելու համար այն հեղինակները, որոնք իրենց երեւակայութեամբ կռահած են ապագան…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021