ԱԼԻՍ ՄԵԼԻՔԵԱՆ. ԱՐՈՒԵՍՏ ԿԵՐՏՈՂ ԿԻՆԸ

96-ամեայ հայ քանդակագործ Ալիս Մելիքեան կը բնակի Լոս Անճելըս:

Կեանքի ուշագրաւ ուղի մը անցած է տաղանդաւոր արուեստագիտուհին՝ հեռաւոր ափեր հասնելով Մայր Հայրենիքէն: Ան փարիզուհի է. «Ես ծնած եմ քաղաքի մը մէջ, ուր ապրած եւ ստեղծագործած են Ռոտէնն ու Քամիլ Քլոտելը, Վան Կոկն ու Փոլ Կոկէնը, Քոքօ Շանէլը, Տէկան, Էտուարտ Մանէն, Իւ Մոնթանը, Սառա Պերնարը, Փիքասոն, Մարսէլ Քամիւն, Վիքթոր Հիւկոն, Ժան Փոլ Սարթրը, Գառզուն եւ շատ-շատերը», իր մասին նկարահանուած շարժանկարին մէջ (շարժանկարի բեմադրիչ՝ Վիգէն Չալտրանեան) կ՚ըսէ Ալիս Մելիքեան: Բնակած է թաղամասի մը մէջ, ուր ֆրանսացի հանրայայտ արուեստագէտներ կը բնակէին եւ փարիզեան արուեստին շունչը իրեն ուղեկցած է փոքր տարիքէն:

1926 թուականին ծնած է Ալիս Մելիքեան՝ ատափազարցի Մաքրուհիի եւ ղնջլարցի Մինասի ընտանիքին մէջ. ծնողքը Ֆրանսա հասած էր Օսմանեան կայսրութենէն:

1932-1936 թուականներուն Փարիզի տարրական դպրոցներէն մէկուն մէջ ուսանած է եւ 1936 թուականին ինքն ու քոյրը ծնողքին հետ հայրենադարձուած են Հայաստան:

1921-1936 թուականներուն Միջագետքէն, Թուրքիայէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Պուլկարիայէն Հայաստան տեղափոխուեցաւ 42 հազար հայ։ Ինչպէս միւս երկիրներէն, Ֆրանսայէն Հայաստան գացողները նոյնպէս խանդավառ էին հայրենիքի գաղափարով, անոնք ձգած էին եւրոպական իրենց կեանքը եւ հաւատացած, որ հայրենիքի մէջ պիտի ապրին իրենց ամենաերջանիկ օրերը: Այդպէս կը մտածէր նաեւ Ալիս Մելիքեանին հայրը, որ ընտանիքը առած, բազմահազար ֆրանսահայերու հետ, 1930-ականներուն ոտք դրած է Հայաստանի հողին վրայ… Թէ յետագային ինչ դժուարութիւններ, պաղութիւն եւ հալածանքներ ունեցած են հայրենադարձները, ատոր մասին շատ խօսուած է, բայց անոնցմէ մանաւանդ արուեստագէտները փորձած են իրենց արուեստին մէջ պարփակուելով՝ լուռ ապրիլ իրենց կեանքը: Ոմանց յաջողած է այդ մէկը, ոմանք, չդիմանալով վարչաձեւին՝ կրկին հեռացած են Հայաստանէն…

Ալիս Մելիքեան կը պատմէ, որ իրենք Հայաստան հասած են այն նաւով, որ Փարիզէն Հայաստան կը փոխադրէր Կոմիտաս Վարդապետին աճիւնը:

Հայերէն բնաւ չգիտցող իննուկէս տարեկան աղջնակը ստիպուած կ՚ըլլայ հայկական դպրոցի առաջին դասարանէն կրկին սկսելու իր ուսումը: Արագ յաղթահարելով լեզուի խնդիրը՝ աւարտած է դպրոցը, ընդունուած Թէրլէմէզեանի անուան կերպարուեստի ուսումնարանը, ապա Գեղարուեստի համալսարանը՝ 1954 թուականին:

Արուեստի հանդէպ սէրը Փարիզէն էր, երբ մանկապարտէզի մէջ կը սկսի նկարել, ստեղծագործել: Հայաստանի մէջ արհեստավարժ կրթութիւն ստանալէ ետք քանդակագործ դարձած եւ սկսած է բուռն ստեղծագործական կեանքը՝ մասնակցելով ցուցահանդէսներու նաեւ Հայաստանէն դուրս։ Ստեղծած է հայ մեծերուն դիմաքանդակները՝ ստեղծագործաբար մօտենալով իւրաքանչիւրին, հաւատալով, որ հայոց մեծերէն ամէն մէկը զատ աշխարհ մըն է եւ քանդակը պէտք է ցոյց տայ այդ աշխարհը:

Ալիս Մելիքեան աւելի քան 150 քանդակ ունի, որոնք թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար նշանաւորներու դէմքեր են ու կիսանդրիներ, մանր քանդակներ, քիչերը միայն յետոյ դարձած են ծաւալուն արձաններ:

Կերպարուեստի բազմաթիւ ժանրերով ստեղծագործած է Ալիս Մելիքեան՝ գծանկարով, գունաւոր ապակիով, հարթաքանդակով, սակայն իր լաւագոյն գործերը դիմաքանդակներն են, «դիմաքանդակի վարպետուհի» կոչուած է իրաւամբ: Ան կաւի եւ զանազան նիւթերու հետ աշխատած է, եւ մարդոց բարդ դիմագիծերը, խառնուածքը, բնաւորութեան եւ կեանքի ահռելի մանրամասնութիւնները փորձած է կերտել իր նուրբ, կանացի մատներով՝ ամփոփելով զանոնք դէմքի մը մէջ:

Նաւով Փարիզէն Կոմիտասի աճիւնին ուղեկցող թափօրին հետ Հայաստան գալով, Ալիս Մելիքեան՝ պզտիկ աղջնակ մը, չէր կրնար այդ պահուն երեւակայել, որ ապագային պիտի կերտէ Կոմիտասին դէմքը, ստեղծէ Կոմիտասին քանի մը դիմաքանդակները: Անոնց մէջ թէ՛ Փարիզի մէջ իր մանկութեան ժամանակ Կոմիտասի անունը լսած յուշը կար, թէ՛ հայրենադարձութեան ապրումները եւ թէ՛ մեծ երգահանին ապրած տառապալից, բայց նուիրական կեանքը:

Հայ բանաստեղծներէն քանդակած է Աւետիք Իսահակեանի եւ անոր կնոջ դէմքերը, եւ երբ Աւետիք Իսահակեան տեսած է իր կնոջ՝ Սոֆիային քանդակը, այնքան իրական նկատած է զայն, որ բացագանչած է. «Այս ի՜նչ է, մէկ հատը չէ՞ր բաւեր»:

Հրաչեայ Ներսիսեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Ամօ Խարազեանի, Արման Կոթիկեանի, Ալեքսանտր Սարուխանի, Յարութիւն Կալենցի, Վարոս Շահմուրատեանի, Գոհար Գասպարեանի, Լիլի Չուգասըզեանի, Ժան Տէր-Մէրկէրեանի, Վազգէն Ա.-ի, Յովհաննէս Չեքիճեանի, Օհան Դուրեանի, Պենժամէն Պրիթթէնի, Իսհաք Շտերնի, Իմա Սումաքի եւ բազմաթիւ այլ նշանաւորներու դիմաքանդակները ստեղծած է Ալիս Մելիքեան:

Այդ գործերուն մէկ մասը հաւաքածոներու մէջ է, բայց հիմնական աշխատանքները իր քովն են եւ արուեստագիտուհին մեծ ցանկութիւն ունի զանոնք, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծած այլ ժանրով գործերը, նուիրաբերել Հայաստանին:

Նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններուն դիմած է, խնդրած է, որ Մայր Հայրենիքը ընդունի իր հաւաքածոն, սակայն առայժմ ոչ մէկ քայլ կատարուած է այդ ուղղութեամբ: Մինչդեռ, ըստ արժանւոյն պէտք է գնահատել անցեալ դարու կէսերուն Հայաստանի եւ անոր սահմաններէն դուրս ճանչցուած հայուհին, որ իր կեանքի մայրամուտը կ՚ապրի ԱՄՆ-ի մէջ՝ հայեացքը յառած Հայաստանին:

Իր կեանքին լաւագոյն տարիները անցած են հայրենիքի մէջ, ուր սիրած է, ամուսնացած, ունեցած մէկ զաւակ, զոր կորսնցուցած է շատ երիտասարդ տարիքին: Ալիս Մելիքեան եղած է կինը կիւմրեցի նկարիչ Քարլէն Ռուխիկեանի:

Մելիքեանի գործերուն մէջ նաեւ վշտահար մօր նուիրուած աշխատանքներ կան, որոնք ոչ միայն իր անձնական վիշտը կ՚արտայայտեն, այլ նաեւ՝ հայրենիքի, որ պայքարի ճանապարհին միշտ կը կորսնցնէ իր զաւակները:

Որոշ գործեր արուեստագիտուհին ստեղծած է ԱՄՆ-ի մէջ, ուր տեղափոխուած է 1978 թուականին: Հոն ստեղծագործելուն հետ մէկտեղ դասաւանդած է երեխաներուն։ Սերտած է գունաւոր ապակիով ստեղծագործելու ձեւը եւ այդ ժանրով շատ մը աշխատանքներ հեղինակած:

2008 թուականին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած է «Հրաշագործ կիներու աշխարհին մէջ» ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած է նաեւ Ալիս Մելիքեանին արուեստը: Ընդհանրապէս, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, այլ թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ եւ Երեւանի Օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմական թատրոնի շէնքէն ներս կարելի է տեսնել անոր գործերը, սակայն անոնք չնչին մասն են այն մեծ արուեստին, որ Ալիս Մելիքեան կերտած է իր տաղանդին, աշխատասիրութեան եւ հայրենասիրութեան շնորհիւ:

ԱԼԻՍ ՄԵԼԻՔԵԱՆ ԵՒ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ

1964 թուականին երգչուհի Գոհար Գասպարեանի դիմաքանդակը ստեղծելու ժամանակ, երգչուհին Ալիս Մելիքեանին յայտնած է, որ Շարլ Ազնաւուր Հայաստան կու գայ: Քանդակագործուհին մեծ ցանկութիւն կը յայտնէ կերտելու նաեւ ֆրանսահայ մեծ երգիչին դիմաքանդակը եւ Գոհար Գասպարեան կը խոստանայ միջնորդել, որպէսզի անոնք հանդիպին: Սակայն հանդիպումը տեղի չ՚ունենար: Ազնաւուր հայրենիքի մէջ կարճ ժամանակով կը գտնուէր՝ ընդամէնը քանի մը օրով: Համերգներ նախատեսուած էին, սահմանափակ հանդիպումներ, եւ երգիչին ժամանակը ոչ այնքան սուղ էր, որքան Հայաստանի ազգային անվտանգութեան մարմինները կրկնակոխ կը հետեւէին արտասահմանէն եկած հիւրին:

Քանդակագործուհին երկու օր հեռատեսիլով կը դիտէ Ազնաւուրի համերգները, այդ ընթացքին փորձելով քանդակել անոր դէմքը: Իսկ երրորդ օրը անձամբ կ՚երթայ համերգասրահ՝ յոյսով, որ տեսնէ երգիչը եւ աւարտին հասցնէ գործը: Մեծ դժուարութեամբ կը համոզէ անվտանգութեան աշխատակիցները՝ թոյլ տալ ետնաբեմին վրայ դնել իր գործիքները, սեղան ու աթոռ… Կու գայ Ազնաւուրը՝ պաշտօնեայի մը ուղեկցութեամբ եւ վերջինիս բարձր ձայնով կը դժգոհի, որ անվտանգութիւնը ամէն վայրկեան կը հետեւի եւ ինք ուրախ չէ անոր համար: Սակայն, տեսնելով իր դէմքը քանդակող կինը, քիչ մը կը հանդարտի, կը մօտենայ, կը զրուցէ Ալիս Մելիքեանին հետ, կը քաջալերէ արագ աշխատելուն համար: Քանդակագործուհին կը խնդրէ, որ Ազնաւուրը քիչ մը ժամանակ տրամադրէ, որ ինք, նայելով դէմքին, աւարտէ գործը: Երգիչը միայն քսան վայրկեան ժամանակ կու տայ, այն ալ՝ սենեակի մը մէջ նարտ խաղալու ժամանակ արտօնելով զննել իր դէմքը: Քանդակին ընթացքէն գոհ՝ Ազնաւուր իրեն տրուած ծաղկեփունջերէն մէկը կը նուիրէ Ալիս Մելիքեանին: Ան ամէն ինչ ըրած է, որ մինչեւ Շարլին Հայաստանէն մեկնումը աւարտէ աշխատանքը եւ իր հօր օգնութեամբ ձուլելով կիսանդրին՝ օդակայան հասցուցած է: Շարլ Ազնաւուր հաւնած է իր դէմքը, եւ ինչպէս ազգականները կը վկայեն, մինչեւ վերջ զայն պահած է Փարիզի իր աշխատասենեակին մէջ, կրկնօրինակ ալ պատրաստել տուած է:

Իսկ լուսանկարը, որուն մէջ Ալիս Մելիքեան կ՚աշխատի Ազնաւուրի դէմքը քանդակելու վրայ, լոյս տեսած է երգիչին գիրքերէն մէկուն մէջ: 2019 թուականին Ալիս Մելիքեանի այդ քանդակը Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքը կը նուիրէ Փարիզի քաղաքապետարանին: Նուիրատուութիւնը կը կատարուի Ազնաւուրի մահուան առաջին տարելիցին՝ Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին:

Անցեալ տարի՝ 2021-ին Փարիզի քաղաքապետարանը Փարիզի Օտէոն հրապարակը, Շարլ Ազնաւուրի սկզբնական տարիներուն ապրած Մէօսիօ լը Փրենս փողոցին վրայ տեղադրեց Ալիս Մելիքեանի քանդակին պրոնզաձոյլ տարբերակը:

Հայաստանի մէջ 1964 թուականին, երեք օրերու ընթացքին բուռն եւ անկեղծօրէն ստեղծուած այդ քանդակը այսօր Փարիզը կը զարդարէ: Այդ հանդիսաւոր արարողութեան կը մասնակցէին Փարիզի քաղաքապետը, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, այլ պաշտօնեաներ, Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքը եւ քոյրը՝ Այտան:

Ալիս Մելիքեանի կերտած այլ արձան մը՝ գերմանացի լրագրող, իրաւաբան Արմին Վեկնէրի դիմաքանդակը, 2006 թուականին տեղադրուած է Գերմանիոյ մէջ:

Քանդակագործուհին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ փառք նուաճելէ առաջ միշտ ուզած է գնահատուիլ նախ իր հայրենիքին մէջ: Այսօր, սակայն, նոր սերունդը չի ճանչնար մեր կողքին տակաւին ապրող եւ անցեալի փառաւոր օրերը մեզի փոխանցող մեծերը, եւ այդ մէկը մաշեցնող ցաւ է…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2022