ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (Բ.)

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները ընկերային ցանցերու մէջ ձեւաւորուած անձնաւորութիւններու եւ կերպարներու մասին։

ՅՈՒԶԱԿԱՆ ԳՐԱՒՉՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ

Նման հաշիւներու հիմնական նպատակն է գրաւել մարդոց հիացմունքը՝ պատկերելով վիպապաշտիկ կերպար մը: Օրինակ՝ մայրամուտին լուսանկարուած «սելֆի»ի մը տակ անոնք կրնան գրի առնել «զարդարուած» հաղորդագրութիւններ։ Բայց, այդ արձակման մէջ ուշադրութիւնը ո՛չ թէ արեւի կամ մայրամուտի, այլ անձի վրայ գրաւել կը թիրախաւորուի եւ ան բաւական զգայական տեսք ունի լուսանկարին մէջ։ Ան ուշագրաւ է իր գեղեցիկ հագուստով, գրաւիչ նայուածքով ու տպաւորիչ խօսքերով։

Բայց իրականութեան մէջ ան կ՚ուզէ հաւանութեան արժանանալ եւ հաստատուիլ ուրիշներու կողմէ։ Այս առումով արտաքին տեսքի միջոցով ստացուած հաւանութիւնը կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ ինքնագնահատականի ընկալումներու որոշման պարագային։ Անոնք հիմնականին մէջ առանձին մնալու եւ լքուած ըլլալու մտավախութիւն ունին: Սա է պատճառը, որ նման հաշիւներու սեփականատէրերը յաճախ չեն կրնար երկարաժամկէտ եւ խոր զգացական յարաբերութիւններ ունենալ: Առանձնութեան եւ լքուածութեան վախը այնքան խոր է, որ հաճոյախօսութիւններն ու փոխազդեցութիւնները, որոնք չափազանց մակերեսային կը թուին, մեծ դեր կը խաղան այս վախը հաւասարակշռելու գործին մէջ: «Եթէ բաւական գրաւիչ տեսք չունենամ, զիս չեն սիրեր» վախը այդ հաշիւներու որոշիչ գործօնն է։

Սա այսօր հասարակութեան ամենատարածուած կերպարներէն մէկն է եւ արդիւնքն է մեր՝ սիրով ստեղծուած լեզուի խորքէն հեռանալու եւ աշխարհի «եսակեդրոն» ընկալման մէջ իյնալու։ Բազում մարդիկ կ՚օգտագործեն այս տեսողական լեզուն, որ կը զարգանայ ֆիզիքական գեղեցկութեան շուրջ՝ քօղարկելով առանձնութեան զգացումը եւ յետաձգելով թրաւման: Սակայն հոգւոյն խորքին անոնք գիտեն, որ այս մօտեցումը մակերեսային է եւ անկեղծ: Այնուամենայնիւ, այն եսը, որ կը խուսափի իրական կապեր հաստատելէ եւ մակերեսային հիացմունքով կը սնուի, միայն կը դառնայ աւելի փխրուն, ինչ որ երկարաժամկէտ հեռանկարով կը յանգեցնէ կեանքի հանդէպ դժգոհութեան:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՉ

Նման հաշիւներու ընկերային զգայնութիւնը եւ բարոյական պարտականութիւնները հիմնականօրէն ընդգծուած են։ Անոնք կը կեդրոնանան բազմաթիւ ընկերային խնդիրներու վրայ՝ միջավայրի ապականումէն սկսեալ մինչեւ երեխաներու, կենդանիներու, կիներու եւ այլն իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Անոնք կը պատկերեն կերպար մը, որ կ՚ընդգծէ, որ անոնք մեծ մտահոգութիւն ունին աշխարհի վերաբերեալ եւ անխափան ջանքեր կը գործադրեն իրենց մտահոգութիւններուն լուծումներ գտնելու համար: Անոնք հանդէս կու գան որպէս «աշխարհի բարօրութեան համար պայքարող զինուոր»։ Անոնք յաճախ օգնութեան արշաւներ կը կազմակերպեն ընկերային ցանցերու մէջ, կը հաւաքեն նուիրատուութիւններ կա՛մ իրազեկումներ կը բաժնեն իրենց գրառումներով։

Սակայն այս կերպարը յաճախ կ՚անտեսէ սեփական ներքին խնդիրները։ «Ես չեմ կրնար դիմադրել իմ խնդիրներուն, ուստի կ՚օգնեմ ուրիշներուն» անուղղակի հաղորդագրութիւնը յաճախ գերիշխող է անոնց պարագային: Որովհետեւ հասարակութեան անունով ձեռնարկուող իրազեկումը իրականութեան մէջ մարդու՝ սեփական կեանքի թերութիւններուն ուշադրութիւն չդարձնելու ջանքերու արդիւնքն է: Էապէս, քաոսը իր ներաշխարհին տեղի կ՚ունենայ, բայց ան չի կրնար սա արտայայտել։ Բայց ոչ ոք կրնայ շտկել արտաքին աշխարհը՝ առանց իր ներաշխարհը կարգի բերելու: Մէկ խօսքով, այս հաշիւներուն մեծամասնութիւնը կը փորձեն փրկել ուրիշները, բայց միեւնոյն ժամանակ կ՚անտեսեն սեփական խնդիրները:

ԱԶԱՏ ՈԳԻ՝ ԱՌԱՆՑ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒ

Այս մարդիկ կը գործեն «Ապրէ՛ կեանքը լիարժէքօրէն եւ երբեք պահ մը բաց մի՛ թողեր» կարգախօսով։ Անոնք ընկերային ցանցերու մէջ կրնան տարածել իրենց լուսանկարները՝ յաճախ այցելած վայրերէն։ Անոնք դէմ են առօրեային եւ կը գովաբանեն ինքնաբուխ ապրելակերպը:

Բայց այս անձերը, որոնք կը նկարեն «արկածային» դիմանկար՝ խուսափելով կապուածութենէ եւ ունենալով հաստատուն ապրելակերպ, իրականութեան մէջ կը թաքցնեն պատկանելութեան բացակայութիւնը եւ հաստատուած ինքնութեան գաղափարի հանդէպ վախը։

«Ես ոչ մէկ տեղի կը պատկանիմ եւ սա կը վախցնէ զիս»: Այս պարագային անընդհատ տեղ մը երթալու եւ նոր փորձառութիւններ փնտռելու անհրաժեշտութիւնը կը դառնայ ներքին անուղղորդութեան արտացոլում եւ կը վերածուի մարդու՝ ինքն իրեն ճանչնալէ փախուստի խորհրդանիշի։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ, որ յոյս ունի դուրսի աշխարհին ազատութիւն գտնելու, ներաշխարհին մէջ բանտարկեալ է։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի…

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2025