ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան բաժ­նէն լոյս տե­սաւ «Տօ­նա­պատ­ճառ» ժո­ղո­վա­ծո­յի (Վար­դան Հաղ­բա­տե­ցիի, Վար­դան Ա­րե­ւել­ցիի եւ Յով­հան­նէս Գան­ձա­կե­ցիի խմբագ­րում­նե­րը) ա­ռա­ջին մա­սը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կուած գիր­քի մե­կե­նասն է «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մը։

Ժո­ղո­վա­ծո­յին բնա­գի­րը խմբագ­րուած է պատ­մա­բան Գէորգ Տէր-Վար­դա­նեա­նի կող­մէ եւ գոր­ծը հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տած է Ան­նա Օ­հան­ջա­նեան։ Գոր­ծը կը բո­վան­դա­կէ «Տօ­նա­պատ­ճառ» ժո­ղո­վա­ծո­յի ա­ռա­ջին տաս­ներ­կու ճա­ռե­րը, ո­րոնց մէջ քննու­թեան կ՚առ­նուին Սուրբ Ծննդեան, Սուրբ Մկրտու­թեան եւ Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նե­րուն եւ ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ՝ հա­կաեր­կաբ­նա­կու­թեան դիր­քե­րէ։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017