ԵՐԿՈՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄ, ԵՐԿՈՒ ՍԵՐՈՒՆԴ

Պատմութիւնը կը կրկնուի:

Մայր ու որդի՝ երկու սերունդ, ծնած Արցախի երկու պատերազմներու տարիներուն: Իննսունականներու ծնունդ եմ ես: Երբ ես ծնայ, Արցախը փոթորկած էր: Զէնքերը, հրանօթներն ու թնդանօթները տակաւին չէին կրակեր, սակայն օդի մէջ կը դառնար պատերազմի ուրուականը, որ շուտով պիտի սկսէր ու խլէր վեց հազար կեանքեր:

Մարտի դաշտի մէջ փառապանծ ինկողները անմահացան յանուն Արցախի պարզկայ երկինքի ու ապագայի: Մահն իմացեալ անմահութիւն է...

Զաւէնիկի ծննդեան օրուընէ սկսեալ անդադար զուգահեռներ կը գծէի իմ ու զաւկիս միջեւ: Երբեմն ալ նոյնիսկ կը նախանձէի: Ես ծնայ մռայլ ու գորշ պատերու մէջ: Երբ քաղաքիս վրայ բոցեղէն կարկուտ կը տեղար, մօրս կամ մեծ հօրս գիրկին մէջ կը տեղափոխուէի անասնագոմ: Մեր մեծերը իրենց մարմիններով կը պաշտպանէին մեզ այդ ճակատագրական օրերուն:

Յաղթական պատերազմին յաջորդեցին մութ ու ցուրտ, սովի, չքաւորութեան տարիները: Կը յիշեմ, իրիկնամուտին մեծ մայրս ճերմակ մաքուր կերպասով մը կը սկսէր մաքրել մեր տան կանթեղի յախճապակին, որ նախորդ գիշերուընէ քիչ մը սեւցած կ՚ըլլար: Այդպէս մեր գիշերները կ՚ացնէին առանց հեռատեսիլի, լոյսի: Իսկ որո՞ւն էր պէտք լոյս: Ոչ մէկը ունէր լոյսի կարիք: Յաղթանակէն բխած մեր ներքին լոյսը այնքան պայծառ էր, որ կը լուսաւորէր նոյնիսկ խաւար գիշերները: Իսկ այսօր, երբ ամէնուր լոյս է, վաղուց մոռցած ենք կանթեղներու մասին, մեր հոգիներուն մէջ բոյն դրած գիշերը՝ չի ձգեր որ վայելենք արեւածագերը: Մեր սեղանները աղքատիկ էին, իսկ այսօր անոնք այնքան լեցուն են, որ պնակ դնելու տեղ չի մնար… Սակայն որո՞ւն է պէտք լեցուն սեղանը, եթէ սիրտդ ցաւէն կը մղկտայ, եթէ կերածիդ համը չես զգար...

Իմ մանկութեան երազն էր գեղեցիկ կարասիներով տուն ու ննջասենեակ ունենալ: Ամենէն շատ ալ կ՚երազէի մեծ տիկնիկի մը մասին: Կ՚երազէի տեսակ-տեսակ համեղ ուտելիքներու, կարկանդակներու, տուրմերու ու պտուղներու մասին: Այսպէս երազելով մեծցայ...

Տէրը իմ բոլոր փափաքները խոշոր ու գեղեցիկ տուփի մը մէջ ծրարելով մատոյց իմ որդիին: Երբ այդ տուփը բացի՝ Արցախէն, յաղթանակէն զատ, անոր մէջ գտայ ամէն բան:

2017 թուականի ամրան Զաւէնիկը ծնաւ ոսկէ օրօրոցի մը մէջ: Անընդմէջ մարդիկ կ՚երթային ու կու գային մեր տուն: Ամէնքի ձեռքին տոպրակ մը՝ լիքը խալիքներով կամ գեղեցիկ հագուստներով: Մինչեւ այսօր իմ մանուկը՝ Աստուծոյ կամօք, ոչ մէկ բանի պակասութիւն ունեցած է: Տակաւին գետին չկոխած մկրտուեցաւ, արժանանալով Տիրոջ օրհնութեան: Աստուած մեր անդրանիկ զաւկին նուիրեց այն, ինչ աշխարհի երեսին անգին է՝ առողջութիւն, անհոգ մանկութիւն, ընտանիք, ծնողներ, մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր, շատ սիրելիներ: Այդ փոքրիկ օրհնեալ մանկիկը դարձաւ մեր բոլորի ուրախութիւնը, մեր աչքի լոյսը:

Սա բախտորոշ ու հեղձուցիչ օրերուն Զաւէնիկ ակամայ կը շարունակէ վայելել իր անհոգ ու գեղեցիկ մանկութիւնը, շրջապատուած սիրով ու հոգատարութեամբ: Պատերազմը Զաւէնիկի առօրեային մէջ քիչ բան փոխած է: Դաւաճանութենէ զատ, բոլոր փոփոխութիւնները մանուկի մը համար դրական են: Պատերազմի բերումով Զաւէնիկ այսօր, ամէն օր կը վայելէ իր մեծ մօր, մօրեղբօր, վերջինիս տիկնոջ՝ քեռկնոջ ներկայութիւնը, որոնք անյայտ ժամանակով ապաստանած են մեր յարկի տակ:

Մեր տան ճրագը սկսած է խօսելու, նոյնիսկ համառօտ նախադասութիւններ կազմելու: Ամբողջ պատերազմի հոլովոյթին կ՚աղաչէինք, որ ըսէ յաղթելու ենք: Սակայն օր մը չըսաւ: Զաւէնիկ բան մը գիտէր: Իսկ պատերազմէն վերջ սկսաւ Շուշի ըսելու:

-Մամա, սիկեսի կացի,- այսպէս թոթովելով Զաւէնիկ ինծի կ՚ըսէ՝ մայրիկ, եկեղեցի երթանք: Այլեւս երեքամեայ մանուկիս առօրեային անբաժան մաս կազմած է եկեղեցի յաճախելը, հաղորդութիւն ստանալը, խաչակնքուիլն ու աղօթելը:

-Զաւէնիկ, անունդ ի՞նչ է:

-Լաւի:

Առտունները աչքերը բացելուն պէս, երբ անկողինին մէջ իր հայրիկը չի գտնար, Զաւէնիկ կ՚ըսէ. «պապա, կոծի քացի՝ հայրիկը գնաց աշխատանքի»:

Իմ ու Զաւէնիկի երազները իրարմէ շատ կը տարբերին: Երբ ես երեք տարեկան էի, կ՚երազէի այն ամէնի մասին, ինչ որ այսօր իմ փոքրիկը ունի: Իսկ Զաւէնիկի մեծագոյն փափաքը կարծեմ Պոլիս ձգած Քաթիա եաեան ու Վաղարշակ տետին են, զորս միշտ կը յիշէ: Երբ Հայաստանի երկնակամարէն օդանաւ մը կ՚անցնի կա՛մ երբ մեր տան դրան զանգակը կը հնչէ, Զաւէնիկ անմիջապէս կը վազէ ու կը պոռայ. «Եաեա, տետի...»: Մեր բոլոր հարցումներուն Զաւէնիկ միայն մէկ պատասխան ունի՝ Զաւէն, ի՞նչ կ՚ուզես...  ո՞ւր երթանք... դուրսէն քեզի ի՞նչ բերենք... եաեա, տետի:

Զաւէնիկի օրերը կ՚անցնին իր մեծ հօր ու մեծ մօր կարօտով, մինչդեռ իմ մանկութիւնը անցաւ տատիկիս ու պապիկիս ծոցին մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2021