ՎԱՀԱՆ ՄԱԼԷԶԵԱՆ (Դ.)

Այսօրուան մեր սիւնակով կու գանք աւարտել Վահան Մալէզեանի մասին մեր կատարած ուսումնասիրութիւնը:

Վահան Մալէզեանի գիրքերուն մէջ տեղ գտած են նաեւ նամակները այն անձնաւորութիւններուն, որոնց հետ նամակագրական կապ ունեցած է: Այդ նամակներուն ընդմէջէն երեւան կու գայ Մալէզեանի բազմակողմանի կապերը: Չմոռնանք, որ ան եղած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) գլխաւոր քարտուղարը, ինչ բանի հետեւանքով կարելի է ենթադրել իր ունեցած այդ կապերը, ըլլա՛յ հոգեւորական թէ՛ աշխարհական անձնաւորութիւններու հետ։

Այսօրուան մեր սիւնակով որոշ նամակներ պիտի ներկայացնենք, որպէսզի ընթերցողները որոշ կարծիք մը կազմեն Մալէզեանի ունեցած կապերուն, իր ապրած ժամանակաշրջանի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ իր հետաքրքրասիրութիւններուն մասին:

Այսպէս, Արփիար Արփիարեան 3 մարտ 1904-ին, ՄալէզեանինՎենետիկէն գրած է նամակ մը, որու մէջ յայտնած է իր դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին, անկէ խնդրած է «Բանբեր»ին համար ստեղծագործութիւն մը ղրկել, Կիլիկիոյ վիճակին մասին, յայտնած է Եգիպտոս գալու մտադրութեան մասին, եւ այլ նիւթերու մասին: Նամակը ամբողջութեամբ կը տեղադրենք այստեղ.

Սիրելիս Մալէզեան,

Վերջին նամակդ առած եմ: Պատասխանին յապաղմանը կը ներես անշուշտ, եթէ գիտնաս որ երկու ամսէ ի վեր մտաւորական տագնապի մը մէջ եմ, ըսել կ՚ուզեմ՝ մտատանջութեան: Պատճառը միշտ նիւթականն է: Ուրիշ նամակով մը գրած էի վիճակիս բարեփոխման հաւաստումը: Դժբաղդաբար ահա՛ երրորդ ամիսը մտանք, եւ տակաւին ինծի եւ ոչ իսկ ֆրանք մը ղրկուեցաւ այն գումարէն, որուն կը սպասէի, իբրեւ եղած, վերջացած աշխատութեան փոխարինութիւն: Գիտեմ թէ կը ղրկեն, բայց ես այստեղ դիմանալու կարողութիւն չունիմ. ամէն օր բօսթան երթալով գալով հոգիս ելաւ, ու այս մտածութեանց մէջ տառապելով, բան մը գրելու կարող չեղայ: Չեմ գիտեր երբ պիտի կատարուին ինծի եղած խոստումները, որոնք նուէր չեն, այլ՝ վեց ամսուան աշխատանքի վարձ: Չեմ ալ մեղադրեր: Անոնք ալ պէտք է հաւաքեն:

Լաւագոյն կը համարիմ մինչեւ սեպտեմբեր այստեղ մնալ, եւ այն ատեն գալ: Կը յուսամ թէ գրական աշխատութիւններս ալ ինծի դիւրացնեն քիչ մը ստակ ձեռք բերել, որով Եգիպտոս կարենամ առանց ո՛եւէ բարեկամի ձանձրոյթ տալու գոնէ ձմեռ մը անցընել, ինչ որ մեծ փափաքս է: Ուրեմն ցտեսութիւն յառաջիկայ աշնան:

«Բանբեր»ը պէտք ունի աշխատակիցներու. կրնա՞ք իրեն շուտ մը վիպակ մը հասցնել: Նորավէպ մը: Հոն բաւական ազատութիւն կայ: Կարելի է որ Կիլիկիոյ կեանքէն բան մը գրէք, ինչ որ աւելի հաճելի կ՚ըլլայ: Տէքատան գրականութիւնը սակայն շատ համ չի տար Ռուսիոյ հայոց: Սիրուն բանաստեղծութիւն մըն ալ եթէ պատրաստ ունիք (մէկ կամ աւելի) ղրկեցէք շուտով: Խմագիրն է Ադոնց:

Օտեանը Հնդկաստան գացեր է եղեր: «Ազատ Բեմ»ն ալ ուրիշին յանձներ է: Կ՚երեւի թէ պարագաները կը հարկադրեն այդ տեղ որ թերթերը «քուռ» ընեն խաներու, պէյերու, փաշաներու. ադ ի՜նչ շռայլութիւն է Վսեմ.ի, Ազն.ի: Մենք Պոլիսէն սաստիկ բռնութեան ատեն ջնջեցինք այդ ամէնը: Բայց թուի թէ առանց այդ «տկարացման» կարելի պիտի չըլլայ որ թերթ մը այդ տեղ ապրի: Կը տեսնեմ թէ իմ գործս չէր հոդ շաբաթաթերթ հանելը:

…լսեցի որ Ամերիկայէն դաշնակցականներ Կիլիկիա անցեր են. ո՞վ է «Տոքթորը»: Հարցումիս պատասխան մը չէ որ կ՚ուզեմ, զի պէտք չունիմ, բայց դուք ձեզի համար իմացէք ստուգութիւնը, կամ անճշդութիւնը («Ճամբուս ծայրը» Բ. հատոր, Փարիզ, 1955 էջ 11-12):

9 օգոստոս 1908-ին, Վահան Թէքէեանը Կ. Պոլիսէն հետեւեալ նամակը գրած է Մալէզեանին, թերեւս Մալէզեանի հետաքրքրութիւնը բաւարարելու կամ ձեւով մը կարօտը մեղմելու Պոլիսի հանդէպ:

Սիրելի բարեկամս,

… Պոլիսը շատ քիչ փոխուած է, կամ բնաւ: Քաղաքը, փողոցները դէպի գէշը փոխուած են, կարծեմ. կը քալեմ պարելու պէս, ոտքիս ծայրերուն վրայ, եւ այսպէս անսահման ճամբաներ… Քաղաքը՝ շատ մեծ եւ շէնքերն ու մարդոց հասակները պզտիկ կ՚երեւան կոր աչքիս: Վոսփորի մէջ Գուզկունճուգէն անդին չգացի դեռ, բայց մինչեւ վեր, դարձդարձիկ, մխրճուն լոյծ-կապոյտ ճամբան նոյն մեր հրաշալի Վոսփորն է, որուն երկու կողմի բլուրներուն անպատում կանանչը ոչ մէկ կանանչի կը նմանի, այնչա՜փ անուշ է, հոտոտուելիք, ուտուելիք անուշութիւն մը ունի… Ուրիշ ի՞նչ ըսեմ ձեզի, «հիւրէյէթ»ը ամէնքին բերանն է եւ առջի օր թուրքերը հալածեր ու ձերբակալեր էին հօճա մը, որ քրիստոնէից հակառակ խօսեր է: Հին բարեկամներ, մէկիկ մէկիկ, անցեալին խորէն յարութիւն կ՚առնեն եւ ամէն ժամ կը ցցուին աչքիս դէմ. երկրորդ կեանք մը ապրելու պէս բան մըն է. ամէն բան փոխուած, մեծցած, հինցած, ծերացած, բայց յարութիւն առնողները անգթօրէն կը յիշեցնեն թէ ես ալ փոխուեր, ծերացեր եմ. քիչ ատենէն՝ իրարու պիտի վարժուինք անշուշտ. շղթայի օղակ մըն էի որ հեռուները գլորեր-գացեր էր եւ զոր հիմա գտեր ու վերադարձուցեր են ու պզտիկ ջանքով մը շղթային անցնել կը փորձեն կրկին. կը յուսամ թէ պիտի բռնէ. բայց շղթան, Պոլսոյ ու պոլսահայութեան շղթան, շատ աւելի խոշոր է, երկար է հոս եւ կորսուելու գլուխ-պտոյտն ալ կը զգամ կոր երբեմն:

Դուք ուրիշ տեղեկութիւններ կը սպասէք ինէ, մինչ հոգեկան վիճակ մը նկարած եղայ, տարտամ, տկար խօսքերով:

Սիրալիր բարեւներ եւ անեղծ յիշատակիս հաւաստիքը, առ այժմ («Ճամբուս ծայրը» Բ. հատոր, Փարիզ, 1955 էջ 13-14):

Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանը (Սսական), այդ օրերուն Հաճնոյ առաջնորդ, 3 մարտ 1909-ին Հաճինէն ուղարկած նամակին մէջ, խօսելէ ետք իր աշխատանքներուն մասին եւ ներկայացնելէ ետք իր կրած որոշ դժուարութիւնները, Հաճինի վիճակի մասին այսպէս կը գրէ.

Այցելուի պաշտօնէս 25 օրէ է որ վերադարձեր եմ. Հաճին հասնելուս ստացայ նամակնիդ: Սիրելիս, ահա քեզի կեանքէս ու գործերու ընթացքէն ամփոփ տեղեկութիւն մը: Հաճին սովն ու հիւանդութիւնը ձեռք ձեռքի տուած աւերներ կը գործեն. Պատրիարքարանէն թէեւ նպաստներ կը հասնին բայց վէրքը «լա՜յն» է: Սուրին չկրցածը սովը ընել կ՚ուզէ: Գիտեմ որ կը սիրէք. չըսե՛մ կը պաշտէք Կիլիկիան, օգնութեան աղաղակներ բարձրացուցէք ուր որ անկ է, ականջներէն դէպի սրտերու խորքը թափանցող: Ես «Մանզումէ»ին կուսակրօններու ըրած կոչին ի պատասխան հարստութեանս կէսը (20 ոսկի) տրամադրելի ըրի Կիլիկիոյ սովելոց: Ասի ժլատ կուսակրօն ոմն չար նախանձու հոգիովը հերքել փորձեր էր կարգ մը անճահ խօսքերով, նոյն իսկ իմ անբասիր կեանքս, անկեղծ զգացումներս դէպի իմ տառապող ժողովուրդս կասկածանքի տակ ձգել ուզելով:

Մարդու մը նկարագիրը իր կեանքի ընթացքին կը ճանչցուի. կեղծ է եղեր իմ բոլոր կեանքի տառապանքներս. արդեօք փառասիրութեա՞ն համար էր որ 7 ամիս Հալէպ բանտարկուեցայ, իբր Զէյթունի ապստամբութիւնը կազմակերպողներէն մէկը. Դամասկոսի եւ անկէ Պոլսի աքսորանքս կե՞ղծ էին արդեօք: Կիլիկեցիք կը ճանչնան զիս. կը ճանչնան թէ ո՞վ է կեղծ փառասէրը, Ատանայի ժլատ կուսակրօ՞նը [շատ հաւանաբար խօսքը Մուշեղ Սերովբեանի մասին է. վարդապետ ապա եպիսկոպոս] թէ որ Սսական Վարդապետը («Ճամբուս ծայրը» Բ. հատոր, Փարիզ, 1955 էջ 19-20):

Բաբգէն Կիւլէսէրեանը՝ յետագային Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 3/16 մարտ 1909-ին, Արմաշի դպրեվանքէն Մալէզեանի մէկ նամակին պատասխանելով, ազատութեան մասին եւ մեր ժողովուրդի այդ օրերու կացութեան մասին խօսելէ ետք, կ՚անդրադառնայ նաեւ կուսակցութիւններու գործունէութեան՝ մանրամասնութեամբ: Այսօրուան մեր իրականութենէն ներս կարծէք շատ բան չէ փոխուած: Ընթերցողը կարդալով Բաբգէն Աթոռակիցին տողերը, պիտի համոզուի, որ մեր իրականութենէն ներս ո՛չինչ փոխուած է, դժբախտաբար: Ահաւասիկ.

Սիրելի Բարեկամ,

…Կուսակցութիւնները զիրար գլելու համար կ՚աշխատին հիմայ, յետին գիւղի մը հանգիստը վրդոված է, եւ ազգին բոլոր կենսական գործերը լքուած են: Կուսակցութիւնները քաղաքական ծրագրով մը, ոչ, մեղա՜յ, ծրագիրներով կը զբաղին. վասն զի մենք անառակ ազգ մըն ենք որ մէկ ծրագիր չի բաւեր մեզի, ծրագիրներ կը բաւեն՝ մեր ապիկարութիւնները շեշտելու եւ ազգը իր բուն նպատակէն, տնտեսական կեանքի ամուր պայմաններէն, ազգային կեանքի քաջալերիչ բարգաւաճումէն եւ կրթական կեանք ազնուացուցիչ զարգացումէն շեղեցնելու համար: Թէեւ ամէնքն ալ կ՚ըսեն որ իրենք այդ բաներու համար կ՚աշխատին, ազգին այս նպատակով կը ծառայեն:

Ամէն կազմակերպութիւն իր ապրանքը կը գովէ: Տենդոտ բրոբականտ մը կայ իւրաքանչիւր կուսակցութեան կողմէ, այդ տենդը միայն եւ միայն իւրաքանչիւրին իր գաղափարն ու ծրագիրը մշակելու եւ ժողովրդականացնելու համար չէ, այդ չափով գոհ պիտի ըլլայինք, այլ նաեւ զիրար վարկաբեկելու, թէ՛ սկզբունքի եւ թէ՛ անձերու կողմէն: Այս տենդոտ, ըսեմ նաեւ կեղտոտ գործունէութեան հետեւանքով այսօր անբարոյացած է յետին գիւղացին իսկ եւ ազգին գործերը ամլութեան դատապարտուած են: Յաջողութեան յոյսը պիտի շողայ՝ երբ հայ կուսակցութիւնները միանան, միայն եւ միայն հայութեան եւ օսմանցիութեան համար օգտակար ծրագրի վրայ, եւ այս միութեան յաջողութիւնը սքանչելի պիտի ըլլայ: Ինչո՞ւ չենք ըներ այդ բանը՝ եթէ գործ տեսնել կ՚ուզենք, եթէ մեր աշխատութեան արդիւնքը մեր ձեռքով իսկ քաղել կ՚ուզենք, եթէ կ՚ուզենք տեսնել հայութիւնը սահմանադրական Թուրքիոյ մէջ այնպէս, ինչպէս որ կը փափաքինք: Մենք սակայն այս ուղիղ, այս կտրուկ, այս գործնական միջոցը մէկդի դրած ենք, նոր նոր գործի կը ձեռնարկենք, մինչ անդին հայրենիքի, ազգին գործը իր գլուխը առած կ՚երթայ: Միանանք ոեւէ կուսակցութեան ծրագրին վրայ եւ վերնան սա մեր խէրը անիծող բաժանումները, որոնք ազգասիրական այլեւայլ պատմուճաններու տակ մեր տունը կը քանդեն, ո՛չ, քանդուած տունը ցիրուցան կ՚ընեն: Ժամանակը թանկագին է: Բաժանումը գործ չի տեսներ:

Ահա իմ տեսութիւնս կուսակցութեանց մասին, սխա՞լ եմ արդեօք: Իրականութիւնը մէջտեղ է, եւ ես ուզեցի իրականութիւնը մատնանշել:

Քիչ մըն ալ հոգեբանօրէն քննենք խնդիրը: Ես կը կարծեմ որ կուսակցութեանց մէջ անձեր մեծ դեր կը խաղան եւ այս է պատճառը որ միութիւնը չի յաջողիր: Քիչ շատ կարդացինք եւ կը կարդանք կոր սա դէմ ու թեր լուտանքները՝ որ կը ժայթքեն կուսակցական օրկաններէ: Ի՞նչ կ՚ապացուցանեն ասոնք.- միակ իրողութիւն մը, այսինքն կուսակցութեան կազմակերպիչներ ու անձեր բարի չեն, նուիրուած չեն նպատակին, իբր հանրային գործիչ իրենց եսը չեն կրնար նուիրել հայրենիքին, ազգի «մեծ եսին». զիրար չեն քաշեր, նոյն իսկ մէկ օճախը քիչ ատենէն կը պառակտի ինքն իր մէջ, ուխտեալները կ՚ուրանան զիրար եւ կը սկսին իրենց աղտոտութեանց հիւսուածքով ազգը զբաղեցնել, հասկցնելու համար, որ ես աղէկ եմ, ան գէշ է, ես հաւատարիմ եմ, ան դաւաճան է, մենք ազգը կը սիրենք, անոնք չեն սիրեր, եւն…: Ցոյց տուէք ինծի 20-30 տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող կուսակցութեանց ոեւէ մէկ յայտնի գործը, որ հայութեան համար նշանակութիւն ունեցած ըլլայ. անոր պատմական կեանքին եւ ներկայ կեանքին համար անհրաժեշտութիւն մը եղած ըլլայ այդ կուսակցութեան գործը: Ցոյց տուէք, մի՛ վարանիք: Սխալ չհասկցուիմ, ես չեմ ուրանար փառաւոր նուիրումներու գոյութիւնը, բայց ասոնք պարզ, հաւատարիմ գործիքներ էին: Ես սքանչացած եմ Սասնոյ հերոսներուն վրայ. ինծի ըսին որ անոնց մէջ 20-30 տարուան հաւատարիմ ֆէտայիներ կային, զինուորներ աննկուն: Այս մարդոց ըսուած էր որ հայրենիքը պիտի փրկուի, ձեր ուժին պէտք կայ. անոնք այս համոզումով նուիրուած էին գործին, բայց չէին գիտեր թէ որո՞նք են այս ըսողները, ի՞նչ կ՚ընեն ատոնք, ի՞նչպէս կ՚ապրին, ի՞նչպէս կը խաղան ազգին ճակատագրին հետ: Ես այդ զինուորներուն պէս՝ կը հաւատամ որ՝ պէտք է ըլլան գործիչ վարիչները, այսինքն անձնուէր անպայման կերպով, եւ կ՚երդնում որ անձնուիրութիւն չկայ մեր կուսակցական կազմակերպիչներու մէջ. վասնզի եթէ անձնուիրութիւն ըլլար՝ ատոնք շատ դիւրութեամբ պիտի միանային: Ֆէտային զէնքով դէմ կը դնէ թշնամիին եւ կը պահպանէ անիրաւութենէ իր գտնուած միջավայրը: Գաղափարի ֆէտայիները, կազմակերպիչները, զիրար կը բզքտեն, զինուորին չափ քաջութիւն չունին՝ իրենց եսերը, նոյնիսկ երբեմն իրենց իրական շահերը զոհելու միութեան համար: Ու երբեք յոյս չունիմ ասանկ փոքրիկ մարմնի մը վրայ ամէն օր բուսնող նոր նոր գլուխներէն: Հրաշալի ծաղրանկար մըն է եղաւ մեր ազգին կեանքը:

Ամենէն հին ծրագիրներէն մէկն է Ազգ. Սահմանադրութիւնը. ի՞նչ ըրած ենք անի արդիւնաւորելու համար, ունենալով հանդերձ ամէն դիւրութիւն: Սանկ օրինակի համար յիշեցի ասիկա: Չե՞նք նմանիր տղաքներու կամ ջղագարներու, որոնք տեղ, գործ փոխել կ՚ուզեն միշտ, եւ գոհ չեն երբեք, եւ օրէ օր ամէն բան կը մոռնան:

Տեսէ՛ք, որչափ համարձակութեամբ գրեցի, սիրելի Մալէզեան, յոռետես եմ ես արդի պայմաններու մէջ: Պաշտօնական կեանքիս փորձառութիւնը, ազգին հետ շփումներս մօտէն եւ շատ մօտէն, եւ մեր այսօրուան ազգային կեանքը այսպէս խորհիլ կու տան ինծի: Ես բացարձակ ու անպայման միութեան կուսակից եմ ոեւէ ծրագրի վրայ՝ եւ այս սկզբունքով կուսակից եմ ներկայ ծրագիրներու միութեան կէտերուն, այսինքն այն պայմաններուն որոնք իրարու համաձայն են բոլոր ծրագիրներու մէջ ալ:

Հոգեխօսական տեսութիւնս ամբողջացնելու համար պէտք է շեշտեմ անձի կարեւորութիւնը: Ես ձեր մասին, զոր օրինակ, վստահ եմ. ձեզ կը ճանչնամ բարի, անշահախնդիր եւ ձեր կազմուածքով, ձեր կերտուածքով անձ մը ուրիշ կերպ չի կրնար ըլլալ: Արդ՝ պէտք է որ այսպիսի գործի մը գլուխ գտնուողները բացարձակ վստահութիւն ներշնչեն ազգին իրենց գիտակցութեամբ եւ մարդասիրութեամբ: Պէտք չէ խաբել եւ խաբուիլ: Շրջանակը մաքուր պէտք է ըլլայ, եւ մա՛նաւանդ մաքրուածներէ պէտք է կազմուի («Ճամբուս ծայրը» Բ. հատոր, Փարիզ, 1955 էջ 22-25):

Արշակ Չօպանեանը 22 մարտ 1891-ին գրած մէկ նամակին մէջ, ի շարս այլ բաներու, այսպէս կը գրէ Մալէզեանին.

…Ա՜խ, բարեկամս, հաւատա՛, եթէ կայ բան մը որ զիս ամենէն աւելի կը յուսահատեցնէ երբեմն, մեր հասարակութիւնն է որ այսչափ լաւ կը հասկնայ գրականութենէ: Բացառութիւններն անշուշտ կը յարգեմ, եւ ապահով էի որ դուք մին պիտի ըլլայիք այդ բացառութիւններէն:

Ինչ որ ալ ըսեն, ես պիտի յամառիմ միշտ շարունակելու այն ուղւոյն մէջ զոր ինձ գծած եմ, որչափ ալ մութ ըլլայ այն, որչափ ալ լի փուշերով, ցեխով, գանկերով, կմախքներով, բուերով:

Հեռու պահանջելէ որ ատեմ արցունքը -արցո՜ւնքը, կեանքին թերեւս գերագո՜յն հաճոյքը, որ թօթվեմ տրտմութիւնս ու ժպտիմ, ու նոյն իսկ կոկորդալիր խնդամ գրութեանցս մէջ, ինչպէս կ՚ուզեն շատեր (որպէս թէ խնդացողներն արդէն շատ չեն, եւ թէ լա՜ցն այդչափ անախորժ, այդչափ գարշելի բան է), հեռու, կ՚ըսեմ, պահանջելէ այսպէս բաներ, դու կ՚արդարացնես զիս իմ ձգտումներուս մէջ, եւ սրտիս թաքուն խորշերը զննելով կ՚ըսես՝ «իրաւունք ունիս դու տրտմելու»: Շնորհակալ եմ, եւ ուրախ եմ, մեծապէս ուրախ, որ գէթ քեզ պէս բարեկամներ ունիմ, որ յօդուածի մը անշունչ տառերուն մէջէն գրողին հոգի՜ն կը տեսնեն: Մեծագոյն մխիթարանքը այս է ինձ համար («Ճամբուս վրայ (Յուշագեղ)», Փարիզ, 1950, էջ 239-240):

Սուրէն Պարթեւեանը Իզմիրէն, 27 հոկտեմբեր 1909-ին, այսպէս կը գրէ Մալէզեանին.

«Դաշինք»ին ղրկած աղուոր էջերուդ համար սրտիս խորունկէն շնորհակալ եմ քեզի, եւ ինծի հետ մէկտեղ շնորհակալ են այս ափերուն վրայ ապրող այնպիսի գեղեցիկ հոգիներ, զորս եթէ ճանչնայիր՝ ո՛չ միայն գրչիդ մելանը, այլ երակներուդ արիւնն իսկ պիտի վատնէիր, անոնց շռայլելու համար վայելքը զգայնիկ ու սարսռագին բանիդ…:

Ֆրանսերէնէ թարգմանուած քերթուածներդ ալ շատ սիրուն են եւ անյագօրէն կ՚ըմբոշխնուին մեր ընթերցողներուն եւ մանաւանդ ընթերցողուհիներուն կողմէն: Բայց «Տարագրի մը յուշատետրը» «պիժու»ներու շարք մըն է, եւ որքան պիտի փափաքէի որ քիչ մը աւելի առատաձեռնօրէն ղրկէիր ատկէ։

Եղբայրական սիրալիր զգացումներով («Ճամբուս վրայ (Յուշագեղ)», Փարիզ, 1950, էջ 275):

Սահակ Վարդապետ Օտապաշեանը Սամսոնէն 22 հոկտեմբեր 1908-ին, պատասխանելով Մալէզեանի մէկ նամակին, կը գրէ Մալէզեան բանաստեղծի արժանիքներուն եւ Սամսոնի մէջ իր գործուէնութեան մասին, այսպէս.

Սիրելի Պուէտ,

Հաճելի անակնկալ մ՚ըրիք ձեր 11 հոկտ. թիւ գրով:

Սկիզբէն ի վեր սիրահար մ՚եղած ձեր քերթողական խանդին, ուսանողութեանս շրջանէն ի վեր փնտռած եմ զձեզ հայ մամուլին մէջ ու անյագօրէն լափած մարգարտաշար տողերնիդ:

Զանազան առիթներով ունեցած ճամբորդութիւններուս միջոցին յուսացած եմ տեսնել զձեզ Սամսոն ու ամէն անգամ յուսավրէպ եղած: Կը ճանչնամ ձեր հոգին բանաստեղծի՝ իւր իտէական վերացումներուն ու անզուսպ խոյանքներուն մէջ մաքուր, յեղափոխական փոթորկումներուն մէջ անզուսպ ազգանուէր, գաղափարական երկունքներու մէջ տրամաբանութեան հետախուզութիւնովը պտղաբեր: Կը ճանչնայի տասնեւմէկ տարիներ առաջ Տիկին Մսրեան ձեր աննման քոյրը, Պոլիս եւ հոս ճանչցած եմ ձեր հայրը, հայ բժշկական դասուն նահապետը, եւ բոլոր այս անցած յիշատակները, խուսափուկ պատկերներ, կ՚սկսին շար ի շար անցնիլ հոգիիս տեսողութեան առջեւէն, երբ անգամ մըն ալ կը կարդամ առաջին նամակնիդ:

Չեմ գիտեր թէ դուք ալ առիթն ունեցա՞ծ էք հեռուէն ճանչնալու ձեզ այնքան ճանչցող մենասէրը. եթէ այո՛, պիտի ըսեմ թէ հեռաւորութիւնը արգելք պիտի չկարենայ ըլլալ երկու գիտակից ու հալումաշ հոգիներու եղբայրագրումին ու առաջին ողջագուրանքին…

Ձեր շնորհաւորումի խօսքերէն գո՛հ եմ, բայց կը ցաւիմ ըսելու թէ Սամսոնը անհրապոյր միջավայր մ'եղաւ հայրենանուէր հոգիիս: Մինչ ներքին գաւառները աւելի կը կարօտին գործօն ու թարմ ուժերու, տեսակ մը խղճահարութիւն կ՚ունենամ Ճանիկի փոքրաթիւ հայերու անհաշիւ եւ երկպառակ տարրերուն միաձուլումին ժամավաճառ ըլլալուս համար: Մանաւանդ Սամսոնը, գիտէք, բազմախառն բնակչութիւն մը կազմէ, մեծամտութեան շոշոկանքին տակ պահուըտած փոքրոգութեան խաժամուժ մը որ միշտ գռեհիկէն կ՚ախորժի առաջնորդուելով խամսզութեան բնազդէ մը: Բնաւ պիտի չուզէի ընդունիլ Առաջնորդութիւն մը որուն շրջանակին մէջ ամէն ոք իր հաշիւը կ՚ուզէ կարգադրել, եթէ «միաձայնութեամբ» ընտրուած ըլլալս համերաշխութեան գեղեցիկ յոյսը չարթնցնէր ներսս («Ճամբուս վրայ (Յուշագեղ)», Փարիզ, 1950, էջ 265-266):

Մալէզեանի մասին մեր ուսումնասիրութիւնը կ՚աւարտենք Կոմիտաս Վարդապետին անոր ուղղած մէկ նամակով, 24 փետրուար 1912-ին, Կ. Պոլիսէն:

Մեծ Վարդապետը կը գրէ.

Սիրելի բարեկամ,

Հազիւ կրցայ տեղաւորուիլ, թէեւ արդէն գործն սկսած էի՝ մէկ ամիսէն ի վեր. ուստի ներող եղիր, եթէ խոստումս քիչ մը ուշացուցի:

Կազմակերպուեցաւ Հայ Երաժշտանոցիկին Մասնախումբիկը, որու նախագահը ընտրուեցաւ Աստուածատուր Հարենց, գանձապահ Եդուարդ Գարակէօզեան եւ քարտուղար Սիսակ Աշճեան:

Արդ, տուն-տեղ ունիմ եւ ապրուստ. կ՚աշխատիմ խումբովս, մասնաւոր դասերովս եւ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւններովս: Մինչեւ կէսօր՝ ինձ համար. կէսօրէն ետք աշակերտներուս: Ունիմ 12 հոգիէ բաղկացած երիտասարդներու խումբ մը, ներդաշնակութեան եւ խմբավարութեան դասերը կ՚ուսանին, որ կարենան խումբեր կազմել ու վարել, որք կ՚ուսանին ձրիաբար. ունիմ խումբ մը, ընտիր այրերէն բաղկացած եւ հասուն անձերէն ընտրուած՝ 160 հոգի. ընտրութիւնը խիստ եւ զգուշաւոր կատարեցի, զի խումբը մնայուն է, մշտական եւ ձրիաբար ուսանող. ներփակ կ՚ուղարկեմ մէկ օրինակ երգչական խմբին անդամակցելու պայմանագրէն, որ տեղեկութիւն ունենաս: Արդէն մարզելու վրայ եմ եւ անդրանիկ համերգը տեղի պիտի ունենայ Նոր Կիւրակիին՝ յօգուտ Երաժշտանոցի եւ երկրորդը մի քանի շաբաթ յետոյ՝ յօգուտ Ազգային Հիւանդանոցին: Ընտիր ձայներ եւ ընդունակութիւններ երեւան եկան. օր աւուր կը հետեւիմ, տեսնելով մեծ յառաջդիմութիւն: Այս անգամուան համերգները համախմբուած են թէ ազգային, թէ գեղջուկ եւ թէ օտար կտորներով, որպէսզի մենք մերինը ծանօթացնենք եւ օտարներու երաժշտութեան ծանօթանանք: Երէկ այցելութեան եկաւ Սուլթանի արարողապետ Իսմայիլ Ճէնանի պէյը, որ շատ լաւ ճաշակ եւ նուրբ ըմբռնողութիւն ունի, թէ՛ եւրոպական եւ թէ՛ օտար-արեւելեան երաժշտութեան մասին. շատ գոհ մնաց:

Այժմ Եգիպտահայերու պատուական հիւրն է ընտիր երգիչ Շահմուրատեանը, որու ունեցած աննախընթաց յաջողութիւններն ինձ անչափ ուրախացուցին եւ կը պարծիմ իրաւամբ, երբ օտարները մեր մասին գիտութեան եւ գեղարուեստի միջոցաւ է որ լաւ գաղափար կը կազմեն եւ այսպիսի գործունէութիւնն անջինջ ու քաղաքակրթիչ դեր ունի: Շահ-Մուրատը, որ հայ հողին սերմն է, հայ ջրովը սնուած եւ հայ արնով կիզուած, ունի ընտիր, պայծառ ու եռանդուն ձայն. Հայերուս համար որքա՜ն պարծենալիքներ պիտի առթէ տակաւին նա, որ իր գործունէութեան գարնան շէմքին վրայ է կայնած. օտարները նախանձեցան եւ դաւեցին, բայց մենք պարտինք փայփայել եւ ջամբել («Ճամբուս վրայ (Յուշագեղ)», Փարիզ, 1950, էջ 293-294):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•վերջ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2024