NOSTALJİ-Ի ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Բան­կալ­թիի Nostalji գրա­խա­նութ-սրճա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ շնոր­հան­դէս մը։ Այս­պէս, գրա­սէր­նե­րուն ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ «Կա­նայք միշտ կա­յին. Թուր­քիոյ ձա­խէն կա­նա­նց դի­ման­կար­ներ» ա­նուն գիր­քը, որ լոյս տե­սած է «Տիփ­նոթ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն։ Գոր­ծը հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տած է Ֆե­րեալ Սայ­կը­լը­կիլ, որ Շա­բաթ օ­րուան գի­նե­ձօ­նի հա­ւա­քոյ­թին հա­ղոր­դա­վարն էր միեւ­նոյն ժա­մա­նակ։

Գիր­քին մէջ ներ­կա­յա­ցուած են 12 կա­յանք, ո­րոնց մէջ կան նաեւ հա­յեր։ Գիր­քին մէջ ծա­նօ­թա­ցուած ի­գա­կան սե­ռէ այդ 12 կեր­պար­ներն են՝ Մա­րի Պէյ­լէ­րեան, Զա­պէլ Ե­սա­յեան, Եա­շար Նե­զի­հէ, Սա­պի­հա Սեր­թէլ, Սուատ Տեր­վիշ, Ֆաթ­մա Նու­տի­յէ Եալ­չը, Զեհ­րա Քո­սո­վա, Սե­ւիմ Պել­լի, Սեւ­կի Սոյ­սալ, Լէյ­լա Էր­պիլ, Շի­րին Ճեմ­կիլ եւ Ա­թի­նա Կիա­թա­նու Ճիան­նի։

Nostalji գրա­խա­նութ-սրճա­րա­նի տնօ­րէն Սիւ­հա Հա­մամ­ճըի հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թը տե­ւեց շուրջ երե­քուկէս ժամ։ Ա­սու­լի­սի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ կազ­մա­կեր­պուած էր ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­տե­նա­խօս­նե­րը ծա­նօ­թա­ցու­ցին գիր­քին մէջ ընդգր­կուած կեր­պար­նե­րէն ո­մանք։ Գա­յուշ Կավ­րի­լօֆ խօ­սե­ցաւ Մա­րի Պէյ­լէ­րեա­նի մա­սին։ Ա­ւե­լի վերջ յա­ջոր­դա­բար ար­տա­յայ­տուե­ցան Հա­զալ Հա­լա­վութ (Եա­շար Նե­զի­հէ), Ճա­նան Էօզ­ճան (Ֆաթ­մա Նու­տիյէ Եալ­չը), Ֆե­րեալ Սայ­կը­լը­կիլ (Սուատ Տեր­վիշ), Նա­րին Պաղ­տաթ­լը (Սեւ­կի Սոյ­սալ), Է­սէն Էօզ­տե­միր (Սե­ւիմ Պել­լի) եւ Նեճ­լա Աք­կէօք­չէ (Շի­րին Ճեմ­կիլ)։

Շնոր­հան­դէ­սի ա­ւար­տին օ­րուան յայ­տագ­րի մաս­նա­կից­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Սիւ­հա Հա­մամ­ճըին։ Այս գիր­քը հա­ւա­նա­բար ար­ժա­նա­նայ հե­տաքր­քիր գրա­սէր­նե­րու ու­շադ­րու­թեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017