ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵՆԷՆ` ԵՐԵՒԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ՕՓԵՐԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԻՐ ԲՆԱԳՐՈՎ՝ 155 ՏԱՐԻ ԱՆՑ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մշակութային կեանքին մէջ. պոլսահայ անուանի երգահան, խմբավար, մշակութային-հասարակական գործիչ, հայ ազգային օփերային արուեստի հիմնադիր անմահ Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.» օփերան, յօրինումէն 155 տարի անց, համերգային կատարումի տեսքով, ներկայացուեցաւ բնագիր լեզուով՝ իտալերէնով: Ծանօթ է, որ «Արշակ Բ.»ի երաժշտագրքոյկը (լիպրեթթոն) իտալերէնով գրած է պոլսահայ բանաստեղծ եւ թատերագիր Թովմաս Թէրզեան: Նոյն թէրզեանական բնագիրն ալ կեանքի կոչած են հայաստանցի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտները՝ տարիներու աշխատանքի արդիւնքին մէջտեղ բերելով այս համերգային կատարումը: Զայն իրականութիւն դարձաւ շնորհիւ տաղանդաւոր երաժիշտ Կարէն Տուրգարեանի, սփիւռքահայ երաժշտահան Ճոն Սարգսեանի եւ Փարիզի «Տիգրան Չուխաճեան» հիմնարկի տնօրէն Ժիրայր Բաբազեանի:
«Արշակ Բ.»ի համերգային կատարման մէջ ընդգրկուած էին Հայաստանի ազգային օփերային թատրոնի մեներգիչները՝ Առնոլտ Քոչարեանը (Արշակ Բ.), Լուսինէ Մակարեանը (Ողիմպիա), Նարինէ Անանիկեանը (Փառանձեմ), ֆրանսաբնակ Արտաւազդ Սարգսեանը (Վաղինակ), Հայկ Տիգրանեանը (Ներսէս), Յովհաննէս Անդրէասեանը (Գնել), Թամարա Տատոյեանը (Պոլիսենա), Սերկէյ Ստեփանեանը (Վարդան), թատրոնի նուագախումբն ու երգչախումբը, իսկ խմբավարական վահանակին քով Յարութիւն Արզումանեանն էր։ Իտալերէնի եւ դասական երաժշտութեան միաձուլումը հանդիսատեսը փոխադրեց բոլորովին ուրիշ աշխարհ մը: Դասական արուեստը կրկին ապացուցեց իր անգերազանցելի ըլլալը:
Անգամ մը եւս հաստատուեցաւ այն իրողութիւնը, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 155 տարի առաջ ձեւաւորուած մեր ազգային օփերային արուեստի աւանդոյթները իրենց կենսունակութիւնը չեն կորսնցուցած առ այսօր: Իբրեւ լրացում յայտարարուցաւ, որ «Արշակ Բ.»ն ոչ միայն երաժշտաթատերական արուեստի պատմութեան մէջ մեր առաջին դասական օփերան է, այլեւ առաջինն է արեւելեան երաժշտութեան պատմութեան մէջ: Պատմական հանգամանքներու բերումով այս օփերան իր բնագրով երբեք ամբողջական տարբերակով չէր ներկայացուած եւ ահաւասիկ, երեւանեան համերգային այս կատարումը լրացուց այդ բացը: Մասնագէտներ միանշանակ հաստատեցին, որ օփերայի երգերուն իտալերէնով կատարումը դասական արուեստի բոլոր կանոններուն կը համապատասխանէ, եւ իրաւունք ունի բարձրանալու եւրոպական բեմեր եւ օտար հանդիսատեսները նոյնպէս գրաւելու:
Թովմաս Թէրզեան «Արշակ Բ.»ի թատերատետրը աւարտին հասցուցած է 1868 թուականին՝ Պոլսոյ մէջ եւ Պոլսոյ մէջ ալ նոյն թուականին մասամբ միայն ներկայացուած է օփերան: Իտալերէն շարադրուած թատերախաղը Պոլսոյ մէջ հայերէնով լոյս կը տեսնէ 1871 թուականին:
Թէրզեանի գրած թատերակը յօրինուած է հայոց արքայ Արշակ Բ.-ի, թագուհի Ողիմպիայի, իշխանուհի Փառանձեմի եւ իշխաններ Գնելի ու Տիրիթի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիայի փոխյարաբերութիւններու մասին Փաւստոս Բուզանդի եւ Մովսէս Խորենացիի հաղորդած վիպախառն տեղեկութիւններու հիման վրայ։ Օփերային թատերախաղին մէջ նկարագրուած գործողութիւնները կը կատարուին Արմաւիր, 365-367 թուականներուն։ Խորենացիի նկարագրած Արշակ Բ.-ը բռնակալ թագաւոր էր եւ իր նպատակին հասնելու համար կը դիմէ բազմաթիւ չարագործութիւններու: Թէրզեան հաւատարիմ մնացած է այս բնագրին եւ այդպէս ալ շարադրած, եւ ըստ այդ շարադրանքի, բիրտ բռնակալը կը կործանուի անոնց ձեռքով, որոնց ինք տառապանք եւ դաժանութիւններ պատճառած է:
Թէրզեանի այս գործը, ըստ ժանրի «քնարական-ողբերգութիւն» է։
Տիգրան Չուխաճեանը, գրելով երաժշտութիւնը, բռնած է Թէրզեանի դրած քնարական հիմնական գիծը եւ միաժամանակ ներդրած հերոսական, հայրենասիրական երանգներ, ստեղծած եւրոպական «մեծ օփերայի» աւանդոյթի լայնաշունչ ստեղծագործութիւն մը: Օփերայի երաժշտութիւնը գրելու ժամանակ Տիգրան Չուխաճեան նկատի առած է կատարողներու հսկայական կազմ՝ սիմֆոնիք նուագախումբ, երգչախումբ, մեներգիչներ եւ փողային նուագախումբ։ Սակայն Չուխաճեան իր կեանքի ընթացքին չէ տեսած այս օփերայի ամբողջական բեմադրութիւնը՝ նախ երգիչներու, դերասաններու, նուագախումբի եւ միւս մասնակիցներու՝ մեր իրականութեան մէջ եղած քչութեան պատճառով եւ նաեւ իր ապրած երկրին մէջ եղած սահմանափակումները չեն արտօնած պատմական նմանատիպ իրողութիւններ բեմ հանելու: Նոյնիսկ Չուխաճեան որոշ ժամանակ անց փոխած է «Արշակ Բ.» անունը եւ օփերան անուանած «Ողիմպիա», բայց միեւնոյն է՝ զայն ամբողջական չէ ներկայացուած:
Հատուածներ օփերայէն զանազան ժամանակներու ընթացքին կատարուած են ինչպէս Պոլիս, այնպէս ալ՝ Վենետիկ, Փարիզ, Վիեննա: Զարմանալի եւ տեղ մը նաեւ հերոսական ճանապարհ անցած է «Արշակ Բ.» օփերան: Չուխաճեանի մահէն ետք զայն կորսուած կը նկատուէր, եւ ի յայտ կու գայ խորհրդային տարիներուն, երբ Չուխաճեանի արխիւը Արշակ Չօպանեանի օժանդակութեամբ եւ Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէի միջոցով կը փոխադրուի Երեւան:
Եւ օփերայի կեանքը արդէն կը շարունակուի Խորհրդային Հայաստանի մէջ, սակայն թէ՛ Չուխաճեանի երաժշտութիւնը եւ թէ՛ Թէրզեանի բառերը հիմնովին կը խմբագրուին, կը համապատասխանեցուին երկրի իշխող կարգերուն: Խորհրդային հանդիսատեսին նորացուած տեսքով օփերան առաջին անգամ կը ներկայացուի 1945 թուականին, արդէն հայերէնով, Արմէն Գուլակեանի բեմադրութեամբ: Այդ ժամանակ այս ստեղծագործութիւնը կը դառնայ Երեւանի օփերայի թատրոնի խաղացանկի հիմնասիւներէն մին, հայաստանցիները «Արշակ Բ.»ին կը ծանօթանան հայերէնով, սակայն քիչեր կը գիտնան, որ զայն բաւական հեռացուած է իր բնագիրէն: Յետագայ տարիներուն հայերէնով ուրիշ բեմադրութիւններ նոյնպէս եղած են: 1956, 1986, 1991, 2007 թուականներուն «Արշակ Բ.»ն, բովանդակութեան զանազան փոփոխուած տարբերակներով բեմադրուած է Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ կատարուած են որոշ հատուածներ: Իւրաքանչիւր բեմադրիչ իր շեշտադրումները մտցուցած է օփերային մէջ՝ զայն աւելի ու աւելի օտարացնելով թէրզեանական եւ չուխաճեանական բնագիրէն: Յանուն ճշմարտութեան պէտք է նշել, որ հայրենի արուեստաբան Աննա Ասատրեանի առաջարկով, Տիգրան Չուխաճեանի ծննդեան 175-ամեայ յոբելեանի ծիրէն ներս, 2012 թուականին Կարէն Տուրգարեանի ղեկավարութեամբ Օփերային թատրոնի նուագախումբը կատարած է «Արշակ Բ.»ի Նախերգանքը, որուն պիտի յաջորդէր օփերայի ամբողջական բեմադրութիւնը՝ հեղինակային բնագրով: Սակայն Կարէն Տուրգարեան ինչ-ինչ հարցերու պատճառով ստիպուած էր հեռանալ Օփերային թատրոնէն, եւ որոշ ծրագիրներ, այդ կարգին՝ «Արշակ Բ.»ի բեմադրութիւնը մնացած են օդին մէջ: Շատ տարիներ անց Կարէն Տուրգարեան վերադարձած է Օփերային թատրոն, եւ անոր շնորհիւ նաեւ հնարաւոր դարձաւ «Արշակ Բ.»ի այս մուտքը՝ մեր օփերային բեմ, ճիշդ է՝ առայժմ համերգային կատարումով, բայց հարազատ՝ բնագրին:
ՈԳԵԿՈՉԵԼՈՎ ԹՈՎՄԱՍ ԹԷՐԶԵԱՆԸ
Երեւեանեան այս ձեռնարկը 1868 թուականի կատարումին առաւել քան մօտենալու նպատակ ունէր. կարիք կար կենդանացնելու մեր մեծերուն գործը եւ վերահաստատելու այն նոր էջը, որ 155 տարի առաջ բացուած էր հայոց ազգային երաժշտարուեստի պատմութեան մէջ։
Եւ իրաւ, Հայաստանի Ազգային օփերային թատրոնին մէջ համերգային այս կատարումը վերածուեցաւ տօնի, արուեստասէրը վայելեց գրեթէ նոյն իտալերէնը, ինչպէս շարադրած է Թէրզեանը՝ շուրջ երկու դար առաջ: Մասնագէտներ հաստատեցին, որ այսօրուան իտալերէնը հեռու է Թէրզեանի ժամանակուայ իտալերէնէն, բայց օփերայի կենդանացման վրայ ջանք գործադրողները ամէն ինչ ըրած են՝ մատուցելու 19-րդ դարու այն նոյն իտալերէնը, որ դրուած էր ստեղծագործութեան հիմքին մէջ: Թովմաս Թէրզեան ստացած էր իր ժամանակի լաւագոյն կրթութիւններէն մէկը, կը տիրապետէր իտալերէնի, յունարէնի, ֆրանսերէնի, թրքերէնի, հին յունարէնի, լատիներէնի եւ անգլերէնի: Ատկէ զատ, անոր մայրը իտալուհի էր, իսկ հայրը՝ յունախօս իզմիրցի:
Թէրզեան ծնած է Բերա՝ 1840-ին, յաճախած է Սագըզաղաճի (Բերա) Մխիթարեանց վարժարանը, ուր տարի մը մնալէն ետք մեկնած է Վենետիկ՝ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարան: 1858 թուականին վերադարձած է Պոլիս, աշխատած է որպէս հայերէնի եւ ֆրանսերէնի ուսուցիչ։ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի բացման առաջին տարիէն պաշտօնավարած է այնտեղ։ Թովմաս Թէրզեան մասնակցութիւն ունեցած է թատերական սկզբնական շարժումին՝ մասնաւորաբար Խասգիւղի մէջ, Պէշիկթաշլեանի եւ Հէքիմեանի կողքին։ 1870-1906 թուականներուն կը շարունակէ ուսուցչական իր պաշտօնը: Անոր աշակերտած են Եղիա Տէմիրճիպաշեանը, Գրիգոր Զօհրապը, Երուխանը, Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆը, Մինաս Չերազը եւ ուրիշներ։
1907-ին կաթուած կը ստանայ եւ երկու տարի ետք՝ 1909-ին կը մահանայ: Երկու հարիւրէ աւելի քերթուած ունի Թէրզեան։ Արշակ Չօպանեանի յառաջաբանով եւ խմբագրութեամբ, երկու հատորով իր գործերը հրատարակուած են Վենետիկի մէջ։ «Արշակ Բ.»էն զատ ուրիշ թատերական ներկայացումներու բառեր նոյնպէս գրած է, ինչպէս՝ «Սանդուխտ» ողբերգութեան, որ բազմիցս բեմադրուած եւ տպագրուած է: Թէրզեան կազմած է նաեւ ֆրանսերէնի դասագիրքեր, որոնցմէ քանի մը հատը տպագրուած են:
ՏԻԳՐԱՆ ՉՈՒԽԱՃԵԱՆ ԵՒ «ԱՐՇԱԿ Բ.»Ի ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ
«Արշակ Բ».ի երաժշտութեան հեղինակ Տիգրան Չուխաճեան նոյնպէս Բերա ծնած է (1837-ին)՝ արքունական ժամագործի ընտանիքի մէջ։ Հայրը՝ Գէորգը, արուեստի սիրահար եղած է եւ ամէն կերպով աջակցած է տաղանդաւոր որդիին երաժշտական կրթութեան։ 15-16 տարեկան հասակին, պատանի Չուխաճեան գրաւած է երաժշտական հասարակութեան ուշադրութիւնը իր դաշնամուրային կատարումներով։ Անոր երաժշտական ընդունակութիւններուն զարգացման օժանդակած է երգահան Գաբրիէլ Երանեան։ Մասնագիտական կրթութիւնը սկսած է իտալացի դաշնակահարի մը ղեկավարութեամբ, որուն քով Չուխաճեան դաշնակ եւ երաժշտութեան տեսութիւն սորված է։ Վերջինիս խորհուրդով մեկնելով Իտալիա՝ կրթութիւնը կատարելագործելու նպատակով, 1861-1864 թուականներուն ուսանած է Միլանոյի մէջ։ Այսպիսով, Չուխաճեան Եւրոպայի մէջ բարձրագոյն երաժշտական կրթութիւն ստացած առաջին հայ երգահաններէն մէկը դարձած է։ Եւրոպայէն վերադառնալէ որոշ ժամանակ անց, ամուսնացած է երգչուհի Արեւիկ Ապազեանի հետ։ Այս շրջանէն զբաղած է նաեւ մանկավարժական գործունէութեամբ։
Ի շարս այլ յառաջադէմ մտաւորականներու, պայքարած է յանուն հայ մշակոյթի զարգացման, մասնակցած է երաժշտական մամուլի, երգչախումբերու, երաժշտական թատրոններու ձեւաւորման աշխատանքներուն, կարդացած է դասախօսութիւններ։ Մասնագէտներ կը նկատեն, որ Չուխաճեան համադրած է արեւմտահայ քաղաքային երաժշտութեան եւ արեւմտեան դասական երաժշտութեան ձեւերը։ Հեղինակ է դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու, սենեկային եւ սիմֆոնիք գործերու, երաժշտութիւն գրած է նաեւ թատերական ներկայացումներու համար։ Մասնակցած է հայ երաժշտական միութիւններու կազմաւորման, մասնաւորապէս համագործակցելով «Հայկական քնար» կազմակերպութեան հետ՝ իր տեսակին մէջ եզակի Մերձաւոր Արեւելքի երաժշտական պատմութեան մէջ, եւ Գաբրիէլ Երանեանի հետ մասնակցած է «Հայկական քնար» ամսագրի հրատարակութեան (1861-1864)։ Չուխաճեան նաեւ մասնակցած է հանրամատչելի համերգներու կազմակերպման եւ ղեկավարած՝ Կոստանդուպոլսոյ Խասգիւղ շրջանի հայկական նուագախումբը։
Դառնալով հայկական երաժշտական թատրոնի հիմնադիրը, ան 1877 թուականին ղեկավարած է նաեւ երաժշտական թատերախումբը։ Հիմնադրած է «Օսմանեան օփերայի թատրոնը», զոր աւելի ուշ վերանուանուեցաւ «Թրքական օփերեթի հայկական թատերախումբ»։ Կը համագործակցէր այլ թատրոններու հետ, բայց ծանօթ է, որ ամենաբեղուն համագործակցութիւնը Յակոբ Վարդովեանի «Արեւելեան թատրոնի» հետ էր, որուն երաժշտական ղեկավարն էր տարիներ շարունակ։ 1891-1892 թուականներուն երգահանը կը մեկնի Փարիզ, ուր կը բեմադրուին անոր օփերեթները։ Ֆրանսական մամուլը գնահատականներ շռայլած է Օսմանեան կայսրութենէն գացած հայ երաժշտին մասին: 1896 թուականին՝ Չուխաճեան, հակահայկական տրամադրութիւններու ուժեղացման հետեւանքով, մայրաքաղաքէն կը տեղափոխուի Իզմիր։ Անկէ շատ չանցած՝ 61 տարեկանին, կը մահանայ քաղցկեղէն։ Արագահաս հիւանդութեան եւ մահուան պատճառով, անոր վերջին երաժշտական-թատերական ստեղծագործութիւնները կը մնան անաւարտ։ Կեանքի վերջին տարիները, ինչպէս կը վկայէ ժամանակի մամուլը, անցուցած է ծայրայեղ աղքատութեան մէջ։ Մեծ երգահանին թաղումը կազմակերպուած է «Կարիքաւորներու միութեան» կողմէն։ Անոր մահուան մասին «Մշակ» հայկական թերթը ցաւով գրած է. «Մահ աղքատութեան մէջ եւ փառահեղ թաղում»։
Եւ կրկին մէջբերելով հայրենի արուեստաբան, Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ արուեստի կաճառի տնօրէն Աննա Ասատրեանը, յաւելենք, որ Չուխաճեան, 1865-ին Միլանոյէն Պոլիս վերադառնալով իր հետ կը բերէ գրեթէ աւարտած «Արշակ Բ.» օփերան, բացառութեամբ Նախերգանքի, որ կը յօրինէ Պոլսոյ մէջ՝ բաւական արտասովոր պայմաններու ներքոյ: Արուեստաբանը կը նկատէ, որ Չուխաճեան Նախերգանքը գրած է Գէորգ Ապտուլլահ նշանաւոր լուսանկարիչի պահանջով: Այսինքն վերջինս ուղղակի պահանջած է, որ երգահանը աւարտէ Նախերգանքը: Չուխաճեանը կը խոստանայ աւարտել, բայց ամէն անգամ կը յետաձգէ, խոստումը կը դրժէ: Անգամ մը Ապտուլլահ կը պահէ անոր իրենց լուսանկարչատան մէջ, սենեակ, նախաճաշ, ճաշ կը յատկացնէ, դուռը կը կղպէ եւ կը ստիպէ ի վերջոյ աւարտել այդ գործը: Այսպիսով կը գրուի այդ անմեռ ստեղծագործութիւնը:
Չուխաճեան Նախերգանքը կը ձօնէ պոլսահայ յայտնի ճարտարապետ, գեղարուեստասէր Յակոբ Պալեանին. անոր ապարանքին մէջ ալ 1868-ի վերջերուն առաջին անգամ կը հնչէ «Արշակ Բ».ի Նախերգանքը՝ իտալական լարային քառեակի կատարմամբ, Չուխաճեանի ղեկավարութեամբ: Նուագահանդէսին ներկայ կ՚ըլլան ժամանակի հասարակութեան բարձր դասին պատկանող աւելի քան 100 ընտանիք:
Անջնջելի տպաւորութիւն ձգելով ունկնդիրներուն վրայ, Նախերգանքը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ՝ հնչելով նաեւ կայսրութեան այլ վայրերու մէջ, նաեւ արտասահման՝ տարածելով հայ երաժիշտին անունը: Կրկին մէջբերելով Աննա Ասատրեանի յօդուածէն, նշենք, որ «Արշակ Բ.» օփերայի Նախերգանքը արտասովոր ճակատագիր ունեցաւ: Երաժիշտի մահէն ետք Չուխաճեանի սան, արեւմտահայ ջութակահար, խմբավար, երգահան Յարութիւն Սինանեան (1872-1930) 1900-ին Նախերգանքը կը վերածէ երգեցողութեան եւ դաշնամուրի համար գրուած ստեղծագործութեան եւ իր անձնական միջոցներով կը տպագրէ 700 օրինակ:
Վաճառքէն ստացուած հասոյթով Իզմիրի գերեզմանատան Չուխաճեանի շիրիմին կը կանգնեցուի մեծ վարպետին մահարձանը. մարմարի վրայ կը փորագրուի պոլսահայ բանաստեղծ Աղեքսանտր Փանոսեանի հետեւեալ քառատողը.
«Մեծ երգահան, պարծանք ազգին որ տարագիր՝
Իզմիրի մէջ կնքեցիր կեանքդ անշըքօրէն,
Ցուրտ ու լըռին դամբանիդ տակ խաղաղ հանգի՛ր,
Որ երկնից մէջ անուշ երգերդ հոգիդ օրրեն»:
Ահաւասիկ այսպիսի պատմական ճանապարհ անցած օփերան՝ Օսմանեան կայսրութենէն հասած է մինչեւ Երեւան եւ ճանապարհ բռնած դէպի համաշխարհային բեմեր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան