ՀՐԱՇԱՄԱՆՈՒԿԻ ՄԸ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

18-րդ դարու սկիզբին, Գերմանիոյ հիւսիսին փոքրիկ քաղաքի մը մէջ, որ կը կոչուի Լիւպեկ, 1721 թուականի փետրուարի 6-ին ծնած էր երեխայ մը։ Անոր կեանքը կարճ եղաւ, սակայն չափազանց կենսուրախ էր։ Քրիստիան Հենրիխ Հէյնըկեն ծնած էր հասարակ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Անոր հայրը ոչ  այնքան յաջողակ ճարտարապետ ու նկարիչ մըն էր, իսկ մայրը՝ վաճառականուհի։ Սակայն այդ ամոլը լոյս աշխարհ բերաւ մարդկութեան պատմութեան ամենահանճարեղ երեխան։

Երբ Քրիստիան տակաւին վեց ամսու էր, ան այլեւս կը կրկնէր բառեր ու քիչ թէ շատ կը խօսէր։ Գլխաւոր գիրքը, որ այն ժամանակ կը կարդային բոլոր երեխաները, Սուրբ Գիրքն էր։ Մէկ տարեկան Քրիստիան ինքնուրոյն ո՛չ միայն կրցաւ կարդալ Սուրբ Գիրքը, այլեւ անկէ կը մէջբերէր միտքեր։

Յետագային ան ուզեց ուսումնասիրել աւելի շատ լեզուներ։ Երկու տարեկանին հրաշամանուկը սորվեցաւ լատիներէն, այնուհետեւ անցաւ ֆրանսերէնի։ Իւր կարճատեւ կեանքի ընթացքին ան հասցուց սորվիլ չորս լեզու։ Քրիստիան կը սիրէր ընթերցել պատմութեան, բժշկութեան, բնագիտութեան վերաբերեալ գիրքեր։ Անոր սեղանի գիրքն էր չեխ լուսաւորիչ Եան Ամոս Քամենսքիի «Աշխարհի զգացմունքային պատկերը» հանրագիտարանը։ Երեխան անգիր գիտէր գիրքէն որոշ հատուածներ։

Ան կրնար սպունգի պէս կլանել զինք շրջապատող բոլոր տեղեկութիւնները։ Անոր յիշողութիւնը կարելի էր իսկապէս համարել իւրօրինակ։ Հրաշամանուկի բանականութիւնը կը զարգանար բոլոր ուղղութիւններով։ Զոր օրինակ, Քրիտիան կրնար շատ բան պատմել խաղողի տեսակներու եւ Արեգակնային դրութեան մասին։

Երեք տարեկանին ան կարդացած էր իր առաջին դասախօսութիւնը համալսարանի մը մէջ՝ դասախօսներու եւ ուսանողներու ներկայութեան։ Ըստ ականատեսներու՝ ունկնդիրները ապշեցան, երբ հրաշամանուկը խօսելու սկսաւ։ Անոր պատմութիւնը սկսած էր Հռովմի եւ Գերմանիոյ հնագոյն կայսրերու կեանքի նկարագրութենէն, այնուհետեւ սահուն կերպով անցած՝ աստուածաշնչեան արքաներուն։ Դասախօսութիւնը աւարտեցաւ խօսելով ժամանակի բժշկական հիմնախնդիրներու մասին։

Երեխայի մասին զրոյցները հասած էին հարեւան երկիրներ, այդ կարգին՝ Ֆրետերիք Դ. Դանիոյ արքային։ Վերջինս ուզեց հանդիպիլ եւ խօսիլ օրհնեալ երեխային հետ։ Քրիստիան իր խելքով իսկապէս հիացուց Դանիոյ արքունական պալատի բոլոր անդամները։ Փաստերու, թիւերու, իրադարձութիւններու այնքան մեծ պաշար մը ունէր փոքրիկ հրաշամանուկը, որ նախանձը կը գրգռէր բոլոր մասնագէտներու։ Արքան որոշեց երեխան անուանել Միրակուլիւմ, որ թարգմանաբար կը նշանակէ հրաշք-երեխայ։

Հանճարներու մեծամասնութիւնը առհասարակ մարդամօտ չ՚ըլլար։ Անոնք, որպէս կանոն, կը փորձեն հեռու մնալ հասարակութենէ։ Հասարակութիւնն ալ, իր հերթին, միշտ չ՚ընդունիր զանոնք։ Սակայն Քրիստիանի պարագային ամէն բան տարբեր էր։ Ան կը սիրէր շփուիլ եւ հաճոյք կը ստանար ուշադրութեան կեդրոնի մէջ գտնուելէ։ Ան հանրութեան առջեւ յաճախ կ՚ունենար ելոյթներ, կը բանավիճէր գիտնականներու հետ։

Հէյնըկեն կը սիրէր ազատ ժամանակներուն զբաղիլ ընթերցանութեամբ։ Ան չափազանց քիչ ժամանակ կը յատկացնէր իր քունին եւ սնունդին։ Ի վերջոյ, երեխայի մարմինը չդիմացաւ նման լարուածութեան։ Անոր ծնողները զինքը ճիշդ չէին կերակրէր։ Հրաշամանուկի մօտ յայտնաբերած էին ստամոքսի հիւանդութիւն մը եւ անոր նշանակած էին խիստ սննդականոն։ Ծնողները լուրջ չվերաբերուեցան իրենց զաւկի հիւանդութեան նկատմամբ եւ շարունակեցին զայն կերակրել միայն հացահատիկներով։ Այդ տարիներուն ոչ մէկը ծանօթ էր սինձ՝ ազնիւ ցորենէ խմոր (կլիւթեն)  ընդունելու անկարողութեան մասին։ Իբր այդ ալ կը տառապէր փոքրիկն Քրիստիան։

Երեխան հիւանդացաւ։ Անոր վիճակը օր ըստ օրէ կը վատթարանար։ Ծնողները փոխանակ իրեն օգնելու ու բուժելու հանճարեղ երեխան, կը շտապէին շահագործել զայն, քանի դեռ Քրիստիան չէր մահացած։

Հրաշամանուկը ապրեցաւ ընդամէնը չորսուկէս տարի եւ մահացաւ 1725 թուականի յունիսի 27-ին։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020