ՇԻՐԱԿԻ ԹԵՄԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ

2020 թուականին լրացաւ Շիրակի թեմի հիմնադրման 100-ամեակը: Իբր այդ, 2020 թուականի նոյեմբերին Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը եւ պատերազմական օրերու դժնդակ իրադարձութիւններուն պատճառով տեսակ մը ստուերի մէջ մնաց այդ նշանակալից յոբելեանը: Պատերազմը իր հուժկու ալիքին տակ առաւ հոգեւոր, մշակութային, գիտական բազմաթիւ իրադարձութիւններ: Այսօր, երբ տակաւին կ՚ապրինք յետպատերազմեան վէրքերը, կեանքին ուրիշ հայեացքով նայելու եւ հոգեւորին անդրադառնալու խիստ կարիքը ունինք:

Շիրակի թեմի 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին նիւթերը յետագային ամփոփուեցան «Հոգեւոր Շիրակ. պատմական ուղի եւ արդիականութիւն» խորագրով ժողովածոյին մէջ: Այսօր, հրատարակուած ժողովածուն թերթելով, Շիրակ աշխարհի հոգեւոր պատկերը վեր կը խոյանայ մեր աչքին առջեւ: Ժողովածոյին մէջ ներկայացուած է Շիրակի պատմագրութենէն, ազգագրութենէն դրուագներ, յօդուածներ՝ նուիրուած Շիրակի մամուլին, ճարտարապետութեան, աւանդոյթներուն, վիմագիր արձանագրութիւններուն, եկեղեցիներուն, կաթողիկէ համայնքին, գաղթականական պատմութեան, բանահիւսութեան, Շիրակի մէջ ստեղծուած հոգեւոր երաժշտութեան եւ բազմազան այլ նիւթերու: Անջատ յօդուած մը կ՚անդրադառնայ Կ.Պոլսոյ Հայոց Ազգային ժողովին մէջ (1877-1878) հայկական հարցի քննարկումներուն (հեղինակ՝ Մանիա Նաջարեան):

Կը ներկայացնենք Շիրակի 100-ամեայ թեմի պատմութենէն կարեւորագոյն դրուագներ:

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմը ստեղծուած է Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով՝ 4 սեպտեմբեր 1920 թուականին՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրով: Նորաստեղծ թեմը կ՚ընդգրկէր այժմեան Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի մարզերը, ինչպէս նաեւ Արագածոտնի մարզի Թալինի եւ Արագածի շրջանները: Նոյն թուականի նոյեմբերի 5-ին Գէորգ Ե. Վեհափառ Հայրապետը իբրեւ Ալեքսանդրապոլի փոխանորդ պաշտօնավարած Տ. Արտակ Վարդապետ Սմբատեանը կը նշանակէ Շիրակի թեմի առաջին առաջնորդ:

Դժբախտաբար Շիրակի թեմին չէր վիճակուած կայանալ, քանի որ անոր հիմնադրումէն քիչ անց հաստատուած խորհրդային կարգերու բացայայտ եկեղեցահալած քաղաքականութիւնը ոչ միայն հնարաւորութիւն չտուաւ զարգանալու, այլեւ ի սպառ բնաջնջեց գոյութիւն ունեցող բոլոր եկեղեցական կառոյցները:

Յաջորդաբար թեմի առաջնորդութիւնը վարած Արտակ Եպիսկոպոս Սմբատեանը, Աշոտ Եպիսկոպոս Շախեանը եւ Իսահակ Եպիսկոպոս Տէր-Միքայէլեանը ականատես եղան իրենց վստահուած թեմի քայքայման, քահանայից դասի բնաջնջման եւ իրենք եւս զոհ գացին այդ նոյն քաղաքականութեան:

1938 թուականին Շիրակի թեմին մէջ բաց էր միայն առաջնորդանիստ Ս. Եօթվէրք եկեղեցին, որ առաջնորդ չունէր, այլ կը սպասարկուէր մի քանի ծերունի քահանաներու կողմէ: 1945 թուականին, Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան Կաթողիկոսի գահակալութենէն յետոյ, Շիրակի թեմը դանդաղ քայլերով փորձեց ոտքի կանգնիլ: Քսան տարուան ընդմիջումէ ետք, թեմը վերջապէս ունեցաւ իր եպիսկոպոս առաջնորդը ի դէմս Սուրէն Եպիսկոպոս Թորոսեանին, սակայն վերջինս երկար չկարողացաւ պաշտօնավարել եւ թեմի ղեկավարութիւնը շարունակեցին առաջնորդական տեղապահները:

Վազգէն Ա. Վեհափառի օրով վերաբացուեցան Վանաձորի եւ Ստեփանաւանի եկեղեցիները, որով գործող եկեղեցիներուն թիւը հասաւ երեքի: Այս շրջանին թեմի առաջնորդներ եղան Տ. Մաշտոց Եպիսկոպոս Թաջիրեան եւ Տ. Նարեկ Եպիսկոպոս Շաքարեան, եւ ըստ Շիրակի թեմի պատմութիւնը վաւերագրողներուն, անոնք առաւելագոյնը ըրած են՝ ընձեռուած նուազագոյն հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ:

1988 թուականի դեկտեմբերեան աղէտը մարդկային բազմում կեանքեր խլելէ ետք հողին հաւասարեցուց Շիրակի թեմին մէջ պահպանուած եկեղեցական շինութիւններուն մեծ մասը: Հակառակ անոր որ Խորհրդային կայսրութեան փլուզումն ու ազգային պետականութեան վերականգնումը վերացուցին բոլոր սահմանափակումներն ու արգելքները, սակայն Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեանին վիճակուած էր յաղթահարել երկրաշարժին հասցուցած աւերն ու անոր անմիջապէս յաջորդող տնտեսական ճգնաժամը:

1990 թուականին Շիրակի թեմէն զատուեցան թեմին մէջ մտնող Տաւուշի մարզն ու Լոռիի մարզին մէկ հատուածը սպասարկող հոգեւոր կառոյցները, իսկ 1996 թուականն Շիրակի թեմը պարփակուեցաւ լոկ մարզի տարածքին մէջ: Այդ տարիներուն կառուցուեցաւ Կիւմրիի Ս. Հռիփսիմէ մատուռը, վերանորոգուեցան եւ վերաբացուեցան Սառնաղբիւրի Ս. Թադէոս եւ Ազատանիի Ս. Յարութիւն եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ Հառիճավանքը:

1992 թուականին սկսած է գործել Շիրակի դպրանոցը: 1999 թուականին, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութենէն անմիջապէս ետք, առաջնորդական տեղապահ նշանակուեցաւ Տ. Միքայէլ Ծ. Վրդ. Աջապահեան, որ 2001 թուականին ձեռնադրուեցաւ եպիսկոպոս եւ հաստատուեցաւ որպէս Շիրակի թեմի առաջնորդ: Նորանշանակ առաջնորդը թեմի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ընդամէնը հինգ քահանայով (որոնցմէ մէկը շուտով հանգստեան կոչուած է), հինգ գործող եկեղեցիներով (որոնցմէ միայն առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մնայուն կերպով պատարագ կը մատուցուէր) եւ ընդամէնը չորս շիրակցի ուսանող ունեցող դպրանոցով: Չկային առաջնորդարան, գրասենեակ, քարտուղարութիւն, չկային կապի միջոցներ, թեմը չունէր նոյնիսկ մէկ համակարգիչ:

Հայթայթուած միջոցներով անմիջապէս գործածելի վիճակի բերուած է նախապէս Տ. Գրիգորիս Սրբազանի կողմէ ձեռք բերուած նախկին գրադարանին շէնքը, որ ապահովուած է կապի միջոցներով, համակարգչային գոյքով, կահաւորուած են առաջնորդին ընդունարանն ու աշխատասենեակը, քարտուղարութիւնը, ստեղծուած են գանձատրական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային բաժիններ:

Թեմէն ներս հիմնուած է ընկերային-կրթական կեդրոնը, որ մասնաճիւղ ունի նաեւ Ամասիա քաղաքին մէջ: Թեմը հանգստեան ճամբար կը կազմակերպէ մանուկներուն համար, կը տպագրէ «Սբ. Եօթվէրք» ամսաթերթը, տեղական հեռատեսիլային ընկերութեամբ հոգեւոր հաղորդաշար մը կը հեռարձակէ: Նոր հիմքերու վրայ դրուած է նաեւ դպրանոցը, որուն ուսանողներէն իբրեւ քահանաներ կը ծառայեն Շիրակի եւ այլ թեմերու մէջ:

Շիրակի թեմի 105 համայնքներուն մէջ ալ առաջնորդ սրբազանը Ս. Պատարագ մատուցած եւ իր պատգամը յղած է հաւատացելոց: Եկեղեցաշինութեան առումով թեմի տարածքին կառուցուած են Կիւմրիի Ս. Յակոբ եկեղեցին (Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ եւ Սարգիս Յակոբեանի բարերարութեամբ), Սպանդարեանի Ս. Ամենափրկիչ (բարերար՝ Ա. Սանոյեան), Լեռնակերտի Ս. Վարդանանց (բարերար՝ Գ. Յովհաննիսեան), Ղարիբջանեան գիւղի Ս. Հոգի (բարերար՝ Ս. Տօնոյեան), Կիւմրիի Ս. Սարգիս (բարերար՝ Ա. Սարգսեան), Հայկաւանի Ս. Խաչ (բարերարներ՝ Ա. եւ Ս. Խաչատրեաններ), Եղնաջուրի Ս. Սարգիս եւ Կաքաւասարի Ս. Նարեկ եկեղեցիներն ու մատուռները, ընթացքի մէջ է այլ կառոյցներու շինարարութիւնը: Վերակառուցումէն կամ վերանորոգութենէն յետոյ վերաբացուած են Կիւմրիի Ս. Նշան (բարերար՝ Վ. Ղուկասեան), Աշոցքի Ս. Ղեւոնդեանց (բարերար՝ Տ. Գառնիկ Քհնյ. Հալաճեան), Փոքրաշէնի Ս. Աստուածածին, Մայիսեանի Տիրանաւոր Ս. Աստուածածին, Ախուրեանի Ս. Աստուածածին (բարերար՝ Ս. Պալասանեան), Արեւշատի Ս. Աստուածածին (գիւղապետ Վ. Ալեքսանեանի ջանքերով), Մեծ Մանթաշի Ս. Աստուածածին (բարերարներ՝ Աւագեան եղբայրներ), Փոքր Մանթաշի Ս. Մատթէոս (բարերար՝ Ժ. Մաթոսեան), Լեռնակերտի Ս. Յովհաննէս (բարերար՝ Գ. Խաչատուրեան) եկեղեցիները եւ Մարմաշէնի վանքը ամբողջովին ամրացուած եւ վերանորոգուած է: Այժմ թեմէն ներս կայ աւելի քան երեսուն եկեղեցիներ, որոնց կէսին մէջ ամէն կիրակի Ս. Պատարագ կը մատուցուի:

ԹԵՄԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

Շիրակի թեմը ղեկավարած են նշանաւոր հոգեւորականներ: Թեմի հիմնադրումէն շատ առաջ Տ. Գէորգ Սուրէնեանց 1878 թուականին նշանակուած է Ալեքսանդրապոլի առաջնորդական փոխանորդ եւ պաշտօնավարած՝ մինչեւ 1881 թուականը: Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան 1934 թուականին Շիրակի թեմին մէջ եղած է հայրապետական պատուիրակ: 1922-1924 թուականներուն թեմին առաջնորդը եղած է Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Շախեան, 1924-1928 թուականներուն՝ Տ. Իսահակ Եպիսկոպոս Տէր-Միքայէլեան: Տ. Արսէն Արք. Ղլտճեան Շիրակի թեմը ղեկավարած է 1941-1943 թուականներու միջեւ: Մանկավարժ, բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ հրապարակախօս Տ. Ռուբէն Արքեպիսկոպոս Դրամբեան առաջնորդ եղած է 1945 թուականին:

Տ. Գարեգին Ծ. Վարդապետ Յակոբեան թեմի առաջնորդ եղած է երկու շրջան՝ 1946-1948 եւ 1950-1952 թուականներուն: 1948-1950 թուականներուն Շիրակի թեմի առաջնորդն էր Տ. Սուրէն Եպիսկոպոս Թորոսեան, 1955-1957 թուականներուն՝ Տ. Կոմիտաս Վարդապետ Տէր-Ստեփանեան:

Տ. Հայրիկ Վարդապետ Աւետիսեան Շիրակի թեմի առաջնորդ եղած է 1957-1959 թուականներուն: Տ. Եղիշէ Վարդապետ Սարգսեան թեմը ղեկավարած է 1959-1960-ականներուն, Տ. Մաշտոց Եպիսկոպոս Թաջիրեան՝ 1960-1971 թուականներուն: Տ. Նարեկ Եպիսկոպոս Շաքարեան Շիրակի թեմի առաջնորդն էր 1971-1990 թուականներուն, իսկ Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն թեմը ղեկավարած է Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեան՝ 1990-1997 թուականներու միջեւ: Ատկէ ետք՝ երկու տարի, 1997-1999 թուականներուն Շիրակի թեմի առաջնորդն էր Տ. Փառէն Եպիսկոպոս Աւետիքեան: Տ. Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեան Շիրակի թեմի առաջնորդն է 2001 թուականի սեպտեմբեր 30-էն ի վեր:

ԱՌԱՋԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Տ. Արտակ Եպիսկոպոս Սմբատեանց թեմը ղեկավարած է երկու անգամ՝ 1920-1922 եւ 1928-1930 թուականներուն: Նորակազմ թեմի առաջին առաջնորդը ըլլալով՝ ան եղերական վախճան մը ունեցած է:

Աւազանի անունով Ղազար Սմբատեանց ծնած է 1876 թուականին՝ Հայաստանի Տաւուշ գիւղին մէջ: Գերազանցութեամբ աւարտած է Թիֆլիզի Ներսիսեան հոգեւոր դպրոցը: 1895 թուականին ընդունուած է Մայր Աթոռի միաբաններու շարքը, իսկ 14 յունիս 1896 թուականին ձեռնադրուած է սարկաւագ:

1897 թուականին աւարտած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը եւ յաջորդ տարի դասաւանդած՝ նոյն կրթարանին մէջ: 1899-1902 թուականներուն Թորպատի համալսարանին մէջ հետեւած է դասընթացքներու, որպէս ազատ ունկնդիր:

1902 թուականին Ղազար սարկաւագ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ՝ վերանուանուելով Արտակ: 1903 թուականին Տ. Արտակ Աբեղայ Սմբատեանց ստացած է վարդապետական մասնաւոր չորս աստիճան եւ գաւազան կրելու իրաւունք: Նոյն թուականին Արտակ Աբեղան կը ստանձնէ Մայր Աթոռի տպարանի պատասխանատուի պաշտօնը, իսկ յաջորդ տարի կը նշանակուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ուսումնական մնայուն յանձնախումբի անդամ։

1904 թուականէն սկսեալ աշխատակցած է «Արարատ» ամսագրին, ուր հանդէս եկած է ինքնուրոյն քարոզներով, ուսումնասիրութիւններով եւ ռուսերէնէ ու գերմաներէն կատարած կրօնական, քարոզչական, դաւանաբանական գործերու թարգմանութիւններով:

Ան գրած է «Համառօտ պատմութիւն Տաթեւի վանքի» պատկերազարդ աշխատութիւնը, որ առաջին անգամ 1930 թուականին տպագրուած է Հալէպ, «Տաթեւ» տարեգիրքին մէջ: 1934 թուականին աւարտած է «Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան գրական-կրթական գործունէութիւնը եւ Մայր Աթոռի տպարանը (1512-չորս հարիւրամեակ հայ տպագրութեան- 1912)» աշխատասիրութիւնը, որ տպագրուած է «Էջմիածին» ամսագրին մէջ: Հոս տպագրուած է նաեւ «Գրացուցակ Էջմիածնի տպարանէն լոյս տեսած գործերուն» աշխատասիրութիւնը: Գրած է նաեւ Կիւմրիի չորս եկեղեցիներու կառուցման համառօտ պատմութիւնը, որ անտիպ է:

Տ. Արտակ Եպիսկոպոս Սմբատեանց, զանազան տարիներ, եղած է Գեղարքունիքի, Ծաղկաձորի, Պաքուի համայնքներու ներկայացուցիչ, Նոր Նախիջեւանի եւ Պեսարապիայի թեմի ժողովատեղիներու անդամ, Մայր Աթոռի մէջ վարած է զանազան պաշտօններ՝ եղած է կարգ մը յանձնախումբերու անդամ:

1914 թուականին ան նշանակուած է Ալեքսանդրապոլի մէջ վիճակի փոխանորդ: Հոս աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է Առաջին աշխարհամարտի պատճառով գաղթական դարձած հայերուն օժանդակելու ուղղութեամբ:

31 օգոստոս 1920 թուականին Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Ալեքսանդրապոլի վիճակը առանձնացուցած է Երեւանի թեմէն եւ ստեղծած է Շիրակի թեմը, որ Տ. Արտակ Վրդ. Սմբատեանց ղեկավարած է մինչեւ 9 սեպտեմբեր 1921 թուականը: Այդ շրջանը մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենախառնաշփոթ ժամանակաշրջաններէն էր. մէկ կողմէ Առաջին Հանրապետութիւնը կարծես կ՚ամրապնդուէր, Սեւրի մէջ կնքուած խաղաղութեան պայմանագիրը մեծ յոյսեր կը ներշնչէր, միւս կողմէ՝ մայիսեան ու փետրուարեան ապստամբութիւնները, այնուհետեւ աստուածամերժներու իշխանութիւնը:

Ան այնքան սիրուած էր ժողովուրդին կողմէ, որ 1922-1927 թուականներուն Սիւնեաց թեմը ղեկավարող Արտակ Սրբազանին Շիրակի թեմական երեսփոխանական ժողովը միաձայնութեամբ կրկին ընտրած է թեմակալ առաջնորդ եւ զայն վերադարձուցած:

Իսկ 10-14 դեկտեմբեր 1929 թուականին Թիֆլիզի մէջ գումարուած Վիրահայոց թեմական երեսփոխանական ժողովը թեմակալ առաջնորդի պաշտօնով Թիֆլիզ հրաւիրած է զայն:

1932-1935 թուականներուն Տ. Արտակ Եպսկ. Սմբատեանց պաշտօնավարած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, իսկ 1935 թուականի սկիզբներուն նշանակուած է Երեւանի թեմի հայրապետական լիազօր ներկայացուցիչ:

Սակայն 13 ապրիլ 1937 թուականին Երեւանի առաջնորդարանին մէջ Ներքին գործերու ժողովրդական կոմիտէի պետական անվտանգութեան վարչութեան աշխատակիցները ձերբակալած են Տ. Արտակ Եպսկ. Սմբատեանցը, նոյն թուականի օգոստոսի 31-ին անհիմն մեղադրանքով որոշուած է զայն գնդակահարել, որն ալ ի կատար ածուած է 2 սեպտեմբեր 1937 թուականի լոյս 2-ի գիշերը:

5 նոյեմբեր 1957 թուականին Տ. Արտակ Եպսկ. Սմբատեանցին առաջադրուած մեղադրանքը չեղեալ նկատուած է: Կիւմրիի կեդրոնական փողոցներէն մէկը կը կրէ անոր անունը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021