ԳԻՏԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած հայագիտական գիտաժողովը մասնակիցները անուանեցին այս տարուան ամենէն մեծ հայագիտական գիտաժողովը, որ իրադարձութեան վերածուեցաւ գիտական աշխարհին մէջ: Գիտաժողովին մասնակցելու համար զանազան երկիրներէ Հայաստան ժամանած էին տասնեակ գիտնականներ, որոնք ներկայացուցին շուրջ եօթանասուն զեկոյց: Գիտաժողովը նուիրուած էր Մատենադարանի հիմնադիր տնօրէն Լեւոն Խաչիկեանի 100-ամեայ յոբելեանին: Ճիշդ է, որ Մատենադարանի ստեղծումը կ՚առնչուի աւելի վաղջնական ժամանակներու հետ, սակայն Էջմիածինէն Երեւանի նախ Հանրային գրադարան, ապա ներկայ շէնք տեղափոխուելէն ետք՝ 1954 թուականին, Մատենադարանի առաջին ղեկավարը ակադեմիկոս Լեւոն Խաչիկեանն էր, որուն ջանքերով հաստատութիւնը լիարժէքօրէն կայացած է որպէս գիտահետազօտական կեդրոն՝ կարճ ժամանակի ընթացքին արժանանալով միջազգային ճանաչումի:

Մինչ Մատենադարանի տնօրէն ըլլալը՝ Լեւոն Խաչիկեան գիտնականի սահուն ճանապարհ մը անցած է: Ան ծնած է 1918 թուականին՝ Երեւանի մէջ։ Խաչիկեանի հայրը, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան տարիներուն, պատասխանատու պաշտօն մը զբաղեցուցած է, ուստի Խորհրդային կարգերու հաստատուելէն ետք բանտարկուած է եւ ազատութիւն ստացած՝ Փետրուարեան յեղաշրջումէն ետք։ Այնուհետեւ ան անցած է Իրան, ապա համաներումէն ետք վերադարձած է Երեւան։ Ծանօթ է, որ ժամանակին նման մարդոց եւ անոնց զաւակներուն առջեւ կը ստեղծուէին արհեստական մեծ ու փոքր արգելքներ։ Սակայն, անկախ այդ խոչընդոտներէն, Լեւոն Խաչիկեան 1940 թուականին, Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան բաժինը աւարտելէ ետք, գիտական թեկնածու եղած է Մատենադարանին մէջ, որ արդէն տեղափոխուած էր Երեւան եւ անոր կից ստեղծուած էր գիտական թեկնածուական բաժին մը: Լեւոն Խաչիկեան եղած է այդ բաժնի առաջին թեկնածուներէն եւ 1940-1944 թուականներուն, որպէս մատենագէտ, աշխատանքի անցնած է Մատենադարանէն ներս։

1944 թուականին դարձած է ձեռագրատան վարիչ։ 1945 թուականին պաշտպանած է իր ատենախօսութիւնը եւ ստացած՝ Պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան։ Ան աշխատած է նաեւ Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկին մէջ, իսկ 1954 թուականին՝ 36 տարեկանին, դարձած է Մատենադարանի տնօրէն եւ մինչեւ իր կեանքին վերջը ղեկավարած է հայագիտական եզակի այդ հիմնարկը:

Խաչիկեանի տնօրէնութեան ընթացքին Մատենադարանի կեանքին մէջ տեղի կ՚ունենան հսկայական փոփոխութիւններ։ Մատենադարանը գրադարանային հաստատութենէն կը վերածուի գիտահետազօտական հիմնարկի, կը տեղափոխուի ճարտարապետ Մարկ Գրիգորեանի նախագծած նոր շինութիւն, կը ստեղծուին գիտական բաժիններ, կ՚աւելնայ գիտաշխատողներուն թիւը։ Լեւոն Խաչիկեանի գաղափարն էր Մատենադարանը վերածել գիտահետազօտական հիմնարկի մը, որուն նմանը չկար Հայաստանի մէջ եւ ան, դժուարութեամբ ոգեշնչելով նաեւ ժամանակի գիտական եւ քաղաքական պատասխանատուները, իր գաղափարը իրականացած տեսած է իր կեանքի ընթացքին:

Անշուշտ, այդ տարիներուն համար դժուար էր կրօնազերծ գաղափարախօսութեամբ երկրի մը մէջ ստեղծել հիմնարկ մը, ուր կը ցուցադրուին եւ կ՚ուսումնասիրուին կրօնական բովանդակութեամբ ձեռագիրներ եւ գիրքեր, որոնց հեղինակները հոգեւորականներ էին:

Լեւոն Խաչիկեան դժուարութիւն ունեցած է նաեւ Մատենադարանի աշխատողները ընտրելու հարցին մէջ: Այդ ժամանակ եզակի էին գրաբարին եւ միջնադարեան մատենագրութեան տիրապետողները. Լեւոն Խաչիկեան համարձակութիւն ունեցած էր աշխատանքի ընդունիլ աքսորէն վերադարձողները, Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանը աւարտողները, հայրենադարձները, որոնք եզակի մասնագէտներ էին, եւ այդ պատճառաւ ալ ստիպուած է հարուածներուն դիմանալ:

Իբրեւ հայագէտ, աղբիւրագէտ Լեւոն Խաչիկեան ինք նոյնպէս կրթած է հայագէտներու ամբողջ սերունդ մը:

«Լեւոն Խաչիկեան կարծես աշխարհական վարդապետ մըն էր, որ կը գործէր Մատենադարանին մէջ եւ միշտ եզակի սիրով կապուած եղած է Սուրբ Էջմածինի հետ», այսպէս ըսաւ մեծ հայագէտին մասին Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան:

Լեւոն Խաչիկեանի մահէն ետք՝ 1982 թուականին, Մատենադարանի տնօրէն կը նշանակուի Սեն Արեւշատեան, ապա Հրաչեայ Թամրազեան: Ներկայ տնօրէնը Վահան Տէր-Ղեւոնդեանն է, որ բացումը կատարեց Լեւոն Խաչիկեանին նուիրուած հայագիտական գիտաժողովին:

Ան ըսաւ. «Մաշտոցեան Մատենադարանը իր հիմնադրումէն մինչ օրս կը նկատ-ւի բացառիկ կառոյց մը: Ան թէ՛ ձեռագրատուն է, թէ՛ գրադարան, թէ՛ գիտահետազօտական հիմնարկ եւ թէ թանգարան: Այս իւրայատուկ միացումը աննախընթաց էր եւ որեւէ օրինակի վրայ հիմնուած չէր: Մեր հռչակաւոր վանքերը թէ՛ գրչութեան կեդրոն էին, թէ՛ մատենադարան եւ թէ դպրոց: Միջնադարեան աւանդոյթներուն հետ այս միաձուլման ու ազգային աղբիւրներէն սնունդ առած այս իւրայատուկ, նմանը չունեցող կառոյցին համար, առաջին հերթին պարտական ենք Լեւոն Խաչիկեանին»: Մատենադարանը ներկայ շէնքը տեղափոխուած է 1959 թուականին: Շուտով նաեւ Մատենադարանին, իբրեւ գիտահետազօտական հիմնարկի, 60-ամեակը կը նշուի եւ այսօր ալ, անոր խնդիրները նոյնն են՝ հին ձեռագիրներու պահպանումն ու վերականգնումը, պատճէնահանումն ու թուայնացումը, ձեռագիր յուշարձաններու հաւաքումը, հայերէն ձեռագիրներու մայր ցուցակի կազմումը, միջնադարեան տարաբնոյթ բնագիրներու, ինչպէս նաեւ հայկական մանրանկարչութեան յուշարձաններու ուսումնասիրութիւնն ու հրապարակումը, միջնադարեան հայկական աղբիւրները օտար լեզուներով թարգմանելն ու հրատարակելը, գիտահանրամատչելի գրքոյկներու միջոցով հայ ժողովուրդի ձեռագրական մշակոյթի տարածումը եւ այլն։

Մատենադարանին մէջ մինչ գիտաժողովը, ցուցահանդէս մը բացուած էր՝ նուիրուած Լեւոն Խաչիկեանի 100-ամեակին: Ցուցադրուած են մեծ գիտնականին ուսումնասիրութիւնները, ձեռագիրները, նամակները, նաեւ անձական իրերէն որոշ բաներ. ինչպէս՝ ջութակը, որով նուագած է, անձնական գրասեղանը, որուն վրայ իր հայրը աշխատած է եւ որ ժառանգ հասած է Լեւոն Խաչիկեանին:

Ցուցահանդէսը բազմաթիւ այցելուներ ունեցած է: Մաշտոցի Մատենադարան այցելած եւ Լեւոն Խաչիկեանին նուիրուած ցուցադրութեան ծանօթացած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որ շատերուն պէս, իբրեւ գիտնական, Մատենադարանին մէջ աշխատած է նաեւ Լեւոն Խաչիկեանի օրով:

Հայագիտական գիտաժողովը Մատենադարանին մէջ, տնօրէնին ողջոյնի խօսքէն ետք, բացուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութեան գիրով, որ գիտաժողովի մասնակիցներուն փոխանցեց Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան:

Գիտաժողովի մասնակիցներուն ողջոյնի խօսք յղեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան նախագահ, իտալացի հայագէտ Վալենթինա Քալցոլարի, ապա լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին, Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ Լեւոն Խաչիկեան յեղափոխական մտածողութեամբ մարդ մը եղած է եւ այսօր, անոր 100-ամեակին առթիւ, անհրաժեշտ է մատնանշել, որ մեր գիտութիւնը այսօր ալ, այդպիսի յեղափոխականներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը ունի:

Շարունակուելով երեք օր, հայագիտական այս գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուած աւելի քան եօթանասուն զեկուցումները կը վերաբերէին հայագիտութեան զանազան ուղղութիւններուն՝ աղբիւրագիտութիւն, ձեռագրագիտութիւն, բանասիրութիւն, արուեստ, փիլիսոփայութիւն, պատմութիւն, աստուածաբանութիւն եւ այլն:

Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Ռուսաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Զուիցերիայէն, Յունաստանէն, Ուքրայնայէն ժամանած գիտնականները հայրենի գիտնականներուն հետ ներկայացուցին զանազան նիւթերով զեկուցումներ՝ որոնցմէ էին.

«Լեւոն Խաչիկեանի սկզբունքները եւ Մատենադարանի հայերէն ձեռագիրներու Մայր ցուցակին պատրաստման ընթացքն ու հրապարակումը» (Գէորգ Տէր-Վարդանեան, Հայաստան)

«Մատենադարանի ձեռագիրներուն կարեւորութիւնը քրիստոնէական անկանոն գրականութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններուն համար» (Վալենթինա Քալցոլարի, Ժընեւի համալսարան)

«Հայերը Քարբաթեան Եւրոպայի մէջ ու իրենց ձեռագիրները» (Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան, Փարիզի համալսարան)

«Մատենադարանի թիւ 142 ձեռագիրը (Հռոմ, 1269) եւ անոր յիշատակարանը» (Աննա Շիրինեան, Պոլոնիոյ համալսարան)

«Ստեփանոս Մոկացի» (Վանօ Եղիազարեան, Վանաձորի համալսարան)

«Հայկական մանրանկարչութիւնը եւ 13-րդ դարու իտալական գեղանկարչութիւնը» (Մարիա Ռաֆաելլա Մեննա, Տուշիոյ համալսարան)

«Որդան կարմիր» (Սթելլա Վարդանեան, Հայաստան, Մատենադարան)

«Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի ժապաւէնաձեւ հմայիլներու հաւաքածոն» (Դաւիթ Ղազարեան, Մատենադարան)

«Վաղ վանականութիւնը Հայաստանի մէջ. բնագիրներն ու անոնց պատմական համաթեքստը» (Աբրահամ Տէրեան, ԱՄՆ-ի ազգային հումանիտար գիտութիւններու կեդրոն)

«Կնոջ իրաւական կարգավիճակը Կիլիկեան Հայաստանի իրաւական աղբիւրներուն մէջ» (Զօհրապ Գէորգեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկ)

«Պերլինի Պետական գրադարանի հայերէն Մանրուսմունքը (14-րդ դար)» (Լուսինէ Սարգսեան, Երեւանի Պետական համալսարան)

«Քիւրտերու կողմէն հայերուն տրուող «ֆըլլա» անուանումը պատմաժամանակային հոլովոյթին մէջ» (Գոռ Երանեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկ)

«Հայ հոռոմներու ազգային ինքնութեան խնդրին շուրջ» (Գէորգ Ղազարեան, Աթէնքի ազգային համալսարան)

«Երեմիա Քէօմուրճեան. հպատակի պատմագրական ինքնութիւնը» (Գայիանէ Այվազեան Մատենադարան):

Ասոնք ընդամէնը մաս մըն են եօթ տասնեակ զեկուցումներէն, որոնք լսուեցան հետաքրքրուած եւ շահագրգիռ միջավայրի մը մէջ եւ որոնք քննարկուեցան նաեւ գիտաժողովի նիստերէն դուրս:

Գիտաժողովին ներկայ էին նաեւ Լեւոն Խաչիկեանի դուստրերը՝ արեւելագէտ Մարգարիտ Խաչիկեանն ու հայագէտ Շուշանիկ Խաչիկեանը: Վերջինս շրջան մը եղած է Մատենադարանի փոխ-տնօրէնը եւ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ան ըսաւ, որ Լեւոն Խաչիկեան ոչ միայն հայր եղած է իրենց համար, այլ նաեւ՝ հիանալի ընկեր։ «Լուսաւոր մարդ մըն էր, եւ ես մինչեւ հիմա տակաւին չեմ հաշտուիր այն միտքին հետ, որ 64-ը չբոլորած ան իր մահկանացուն կնքեց, եւ ատիկա մեծ կորուստ էր թէ՛ Մատենադարանին, թէ՛ ընտանիքին, թէ՛ բոլոր անոնց համար, որոնք իրենք զիրենք Լեւոն Խաչիկեանին աշակերտը կը նկատէին: Շատեր կ՚ըսէին, որ Լեւոն Խաչիկեան ուղղորդած է զիրենք գիտական աշխարհ՝ առաջին քայլերէն մինչեւ գիտական յօդուածները կարդալով, խորհուրդներ տալով, եւ ան ատիկա կ՚ընէր մեծ սիրով», ըսաւ Շուշանիկ Խաչիկեան:

Միւս դուստրը՝ արեւելագէտ Մարգարիտ Խաչիկեան իր հայրը բնորոշեց իբրեւ արտակարգ բարի անձնաւորութիւն մը եւ ժողովրդավար՝ ամենէն լայն իմաստով։ «Ան ժողովրդավար էր թէ՛ տան մէջ, թէ՛ տունէն դուրս: Մեղմ ու համեստ էր բոլորին հետ՝ անկախ իր զբաղեցուցած դիրքէն», հօր մասին յուզմունքով յիշեց գիտնական դուստրը:

Գիտաժողովին զուգահեռ բացուած ցուցահանդէսին ներկայացուած փաստաթուղթերը եւ գիրքերը կը պատմէին ոչ միայն Մատենադարանի տնօրէն Լեւոն Խաչիկեանին մասին, այլ կը հաղորդէին, թէ ինչպէս ան դարձած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ, քաղաքային երեսփոխան, կարգ մը գիտական հիմնարկներու անդամ:

Հակառակ Մատենադարանի իր պաշտօնին պահանջած վարչական ծանր պատասխանատուութեան, Լեւոն Խաչիկեան հետեւողականօրէն շարունակած է գիտահետազօտական իր աշխատանքը: Իբրեւ խմբագրական կազմի անդամ «Պատմա-Բանասիրական Հանդէս»ին (1958 թուականին, առաջին համարէն սկսեալ), «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն»ի ակադեմական ութհատորեակին (եւ պատասխանատու խմբագիրը Դ. հատորին), «Հայկական խորհրդային հանրագիտարան»ին (աշխատանքին ծրագրումի առաջին օրէն), «Արեւելեան մատենագրութեան յուշարձաններ»ուն (միութենական կարգի), ան իր բարեխիղճ ու բծախնդիր մասնակցութիւնը բերած է իրմէ պահանջուած բոլոր աշխատանքներուն: Ան նաեւ անդամ եղած է Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիոյ Հնագրական յանձնախումբին եւ նախագահ «Դիւան հայոց պատմութեան» մատենաշարի խմբագրական մարմնին: Այս բոլորին զուգահեռ, Լեւոն Խաչիկեան 1956 թուականէն սկսեալ, վարած է պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը «Բանբեր Մատենադարան»ին, որուն տասնմէկ հատորները՝ 3-13 (1956-1980 թուականներուն) լոյս տեսած են իր անմիջական հսկողութեամբ:

Տակաւին հասարակական կարգով՝ Լեւոն Խաչիկեան նախագահը եղած է Խորհրդային Միութիւն-Իրան բարեկամական ընկերութեան Հայկական բաժանմունքին, անդամ՝ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի վարչութեան եւ Արտասահմանեան երկիրներուն հետ մշակութային կապի հայկական ընկերութեան նախագահութեան, Երեւանի Քաղաքային խորհուրդի երեսփոխան եւ խորհուրդի Գործադիր կոմիտէի անդամ:

Գիտահետազօտական, խմբագրական, վարչական ու հասարական իր ծաւալուն գործունէութեան համար Լեւոն Խաչիկեան 1968 թուականին արժանացած է Հայաստանի Գիտութիւններու վաստակաւոր գործիչի կոչումին, 1969 թուականին ան կ՚ըլլայ առաջին դափնեկիրը Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ բարձրագոյն գնահատանքին՝ «Մեսրոպ Մաշտոց»ի մրցանակին, իսկ 1978 թուականին անոր կը շնորհուի «Ժողովուրդներու բարեկամութեան շքանշան»ը:

Գիտաժողովին վերջին օրը՝ 30 յունիսին, տեղի ունեցաւ կարգ մը գիրքերու շնորհանդէսներ: Այդ գիրքերը հայագիտութեան առընչուող բացառիկ աշխատութիւններ են:

Գիրքերէն մին «Հայերէն ձեռագրերու յիշատակարաններ, ԺԴ. դար, Հատոր Ա.»ն է (Կազմողներ՝ Լ. Խաչիկեան, Ա. Մատթէոսեան, Ա. Ղազարոսեան: «Նայիրի» հրատարակչութիւն, 2018): Ժողովածոն կ՚ընդգրկէ 1301-1325 թուականներուն գրուած հայերէն ձեռագրերու յիշատակարանները, որոնց մէկ մասը հրատարակած է Լեւոն Խաչիկեան իր «ԺԴ. դարու հայերէն ձեռագրերու յիշատակարաններ» գիրքին մէջ (1950), միւս մասը լրացուցած են Ա. Մատթէոսեանը եւ Ա. Ղազարոսեանը:

Այս հրատարակուած յիշատակարանները կարեւոր աղբիւր են հայ ժողովուրդի պատմութեան, ինչպէս նաեւ՝ բանասիրական ուսումնասիրութիւններուն համար:

Հայերէն յիշատակարաններուն վերջին հրատարակութիւնը՝ «Նիւթեր հայ ժողովուրդի պատմութեան» մատենաշարով, իրականացուած է Մատենադարանին մէջ՝ երեսուն տարի առաջ:

Շնորհանդէսին միւս գիրքը Մշակոյթի փոխ-նախարար Նազենի Ղարիբեանի եւ Անի Սահակեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած «Ոսկանեան Աստուածաշունչի պատկերագրութիւնը. Եւրոպական արուեստի զուգահեռներով» գիրքն է, որ «Անտարէս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է: Հայերէն եւ անգլերէն երկլեզու ալպոմ-գիրք մըն է, որ նուիրուած է Ոսկան Երեւանցիի հրատարակած հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի նկարազարդումներուն: Առաջին անգամ բարձրորակ վերատպութեամբ ներկայացուած բոլոր 160 թեմաթիք փորագրանկարները կ՚ուղեկցուին յօրինուածքին համար նախօրինակ ծառայող պատկերներով, ինչպէս նաեւ պատմական ու արուեստաբանական լիարժէք վերլուծութեամբ: Շնորհանդէսին գիրքը ներկայացուց Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող, Մշակոյթի նորանշանակ փոխ-նախարար Նազենի Ղարիբեան:

Գիրքերու շնորհանդէսին ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու նաեւ «Մատենադարանի երիտասարդ գիտաշխատողներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան կազմակերպած «Երիտասարդական 3-րդ գիտաժողով»ի զեկուցումներու ընտրանիին հետ, որ «Արմաւ» հրատարակչութեան կողմէ լոյս տեսած է: Այս ժողովածոյին մէջ հրատարակուած նիւթերը կ՚առընչուին հայագիտական զանազան ոլորտներու՝ աղբիւրագիտութեան, ձեռագրագիտութեան, պատմագիտութեան, արուեստաբանութեան, լեզուաբանութեան, աստուածաբանութեան եւ այլն:

Ահաւասիկ, գրական, գիտական այս մթնոլորտին մէջ վերջ գտաւ ակադեմիկոս Լեւոն Խաչիկեանին նուիրուած հայագիտական հերթական գիտաժողովը: Այսպիսի գիտաժողովներ կազմակերպուած են նաեւ մեծ գիտնականի նախորդ յոբելեաններու առթիւ: Այս գիտաժողովի երեք օրերը հայագիտութեան նուաճումներուն, երիտասարդ ու աւագ գիտնականներու նորագոյն ուսումնասիրութիւններուն ծանօթանալու եւ Լեւոն Խաչիկեանի կեանքը վերարժեւորելու լիարժէք օրեր դարձան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018