«ՍԱՐԻԲԵԿ»Ը (քաղաքական ֆարս)
Յետպատերազմեան շրջանին ինչպէս շատեր, ես ալ տակաւին ներքին ապրումներուս եւ տուայտանքներուս գերին դարձած եմ եւ դեռ ուժը չեմ գտած բնական ընթացքին վերադառնալու (չնայած դժուար այլեւս 9 նոյեմբերէն առաջուան վիճակին վերադառնամ կամ գոնէ մօտենամ): Նոյն ապրումները ունեցած եմ եւ տակաւին կը շարունակեմ կրել 2012 սեպտեմբերի առաջին օրերերէն ի վեր… Ճիշդ է, որ կ՚ըսուի՝ «կեանքը կը շարունակուի», այդպէս ալ է, բայց կեանքի շարունակութիւնը իր նոր դէմքն ու պայմանները կը թելադրէ ինծի, քեզի, մեզմէ շատերուն, եւ շատ յաճախ ակամայ…
Այսպէս, երբ հերթական անգամ մօտ երկու շաբաթ առաջ աւագ զաւակս քոլէճ տարի Էջմիածին քաղաքի Մաչանենց Արքայական նախակրթարան, այնտեղ, զաւակիս մանկավարժին հետ՝ հրաշալի անձնաւորութիւն մը որպէս մարդ եւ մասնագէտ մանկավարժ, մէկ երկու բառ փոխանակեցինք երկրի ընդհանուր վիճակէն, եւ ան՝ ընկեր Սուսանան (Հայաստանի մէջ սովետական ժամանակներէն մնացած սովորութեամբ, մանկավարժներուն, ուսուցիչներուն, համալսարանի դասախօսներուն ընդհանրապէս այսպէս կը դիմեն) տեղեկացուց, թէ մօտակայ օրերուն Մաչանենց Տան թատրոնէն ներս կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահին՝ պրն. Գրիգոր Մաչանենց Բաբախանեանին հեղինակած «Սարիբեկ» վերնագրով ստեղծագործութեան թատերական ներկայացումը պիտի կատարուի: Պայմանաւորուեցանք, որ երբ օրը յստականայ իմացնէ… Այդպէս ալ եղաւ…
Ուրբաթ, 25 յունիս 2021-ի երեկոյեան կարենալ մէկ կողմ դնել տուայտանքներս ու ներքին յուզումնական աշխարհս, տիկնոջս եւ ընկերոջս հետ ներկայ գտնուեցանք «Սարիբեկ»ի ներկայացումին: Սարիբեկի պատմութիւնը հետեւեալն է. ան դեռ չծնած երեխայ մըն է, որուն հայրը մինչեւ իր լոյս աշխարհ գալը ինչ բանի մասին ըսէք կը մտածէ ու կը մտածէ՝ ինչպէս բոլոր երեխաներուն հայրերը: Հեղինակը այդ մտածումներուն մարմին տուած է մարդ արարածին կազմախօսութեամբ, այսինքն՝ մարմինի անդամներով: Մարդու կազմախօսութեան ընդհանուր վիճակը պատկերացնելով շատ տպաւորիչ կերպով զայն կապած է մեր ներկային, յատկապէս քաղաքական դաշտին, եւ մարդու մարմինի իւրաքանչիւր անդամի միջոցով, հեղինակը կարծէք ներկայացուցած ըլլայ այս կամ այն հայը, որ այս կամ այն կուսակցութեան, այս կամ այն շարժումին, այս կամ այն հոսանքին ենթակայ է: Իրականութիւն մը, որ մեզ բաժան-բաժան դարձուցած է: Ներկայացումն ալ ճիշդ այդ պատկերն էր, որ տուաւ հանդիսատեսին:
Ներկայացման բեմադրիչն էր Գրիշա Մոնյեանը, իսկ ներկայացումը խաղացողները խումբ մը երիտասարդներ, որոնք այնքան հրաշալի կերպով կը կատարէին իրենց վստահուած դերերը, որ հանդիսատեսին համար յստակ կը դառնար, որ խաղացողները ո՛չ թէ լոկ դեր մըն է, որ կը կատարեն, այլ՝ իրականութեան մէջ կ՚ապրին այդ պահը, իրենց արտասանած ամէն մէկ խօսքին, նախադասութեան, արտայայտութեան մէջ կեանք դնելով: Ներկայացումի սկիզբէն մինչեւ աւարտը մէկ ամբողջութիւն մըն էր, որ միտքերու եւ գաղափարներու կազմախօսական բեմականութեամբ, հանդիսատեսին մտածել կու տային մեր այսօրուան ցաւալի իրականութիւնը, որու մէջ յայտնուած ենք ազգովին:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող ներկայացումին, որուն մասնակցած էի՝ ինչպէս վերը նշած էի մէկ կողմ դնելով անձնական ապրումներս, առաջին հերթին եկաւ ա՛լ աւելի խորացնելու ներքին հոգեվիճակս, բայց միւս կողմէ ալ այդ երիտասարդներու ներկայացման ձեւը, որակը, կեանքով լեցուն խաղը մտածելու տեղիք տուին, որ ազգովի պէտք է դուրս գանք մեր ներքին տուայտանքներէն, մեր մէջքը ուղղենք եւ քաջութիւնն ու համարձակութիւնը գտնենք մեր մէջ վերագտնելու հայու տեսակը, ճանչնանք մենք մեզ, հասկնանք մենք մեզ, սերտելով ճանչնանք մեր անցեալը, որպէսզի կարենանք մեր ներկան արժեւորել եւ դէպի ապագայ գացող մեր ազգի պատմութեան կամուրջը երկարացնենք:
Ճիշդ է, դժուար ժամանակներ կ՚ապրինք, սակայն իրաւունք չունինք յուսահատելու, իրաւունք չունինք մեր պայքարի դրօշակը վար դնելու, հակառակ այն բոլոր ազդակներուն եւ այլանդակութիւններուն, որոնցմով աշխատանք ու փորձ կը կատարուի մեր տեսակը վերացնելու համար:
Այսօր մենք աւելի քան երբեք կարիքն ունինք ճանչնալու մենք մեզ, հասկնալու, թէ մենք, մեր ազգը, մեր ժողովուրդը ո՛վ ենք եւ ո՞ւր կ՚ուզենք հասնիլ: Այսօր, երբ աշխարհն ամբողջ համաշխարհայնացումի հզօր ալիքին տակ կ՚ապրի, մենք պէտք է մեր մէջ ուժ գտնենք մենք մեզ պաշտպանելու համար, որպէսզի մեր սերունդները որպէս հայ կարենան իրենց գոյութիւնը պահպանել ու շարունակել: Ներկայացման ընթացքին մարմնի անդամներէն մէկը այսպէս կ՚արտայայտուէր. «Ի՞նչ տարբերութիւն մարդ եկեղեցում է աղօթում, թէ մզկիթում, կամ էլ Պուտտայի գերեզմանի վրայ», ահաւասիկ մեր յետագայ գոյութեան կարեւորագոյն հարցադրումներէն մէկը… ո՞ւր կ՚ուզենք շարունակել աղօթել, իսկ աղօթքի մէջ կը կայանայ իւրաքանչիւր ժողովուրդի կամ ազգի պատմութիւնը, ամբողջ գոյութենական ընթացքը: Պատասխանը կը մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին, իսկ պատասխանի գործադրութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին կատարած ու կատարելիք գործին…
ՄԱՉԱՆԵՆՑ ՏՈՒՆ
(ՄԱՉԱՆԵՆՑ ԹՈՒՐԻԶՄ ԵՒ ԱՐԹ)
Մաչանենց թուրիզմ եւ արթի հիմնադիրն է Հայ Միասնութեան Խաչի (ՀՄԽ - հիմնադրուած 1987-ին) բարեգործական, մշակութային, հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր-նախագահ Գրիգոր Մաչանենց Բաբախանեանը: Մաչանենց թուրիզմ եւ արթը ընկերային նախաձեռնութիւն մըն է, որու նպատակն է ապահովել ՀՄԽ-ի ինքնաբաւութիւնը:
Մաչանենց անունին ծագումը Խոյի բարբառի մաչ-պաչ արմատէն կու գայ, որ թարգմանաբար համբոյր կը նշանակէ:
Մաչանենց թուրիզմ եւ արթը կը գործէ Վաղարշապատ քաղաքին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին հարեւանութեամբ, Շահումեան փողոց թիւ 26 հասցէին վրայ: Փողոցը նաեւ «Ուխտաւորի ճանապարհ» կը կոչուի, որովհետեւ սկիզբ կ՚առնէ Մայր Տաճարէն ու կ՚երկարի դէպի Խոր Վիրապ: Տեղացիները փողոցին կու տան նաեւ «բալենիներու փողոց» անուանումը, նկատի ունենալով փողոցի երկու մայթերուն վրայ տնկուած բալենիները, որոնք տեղացիներուն համար երջանկութեան խորհրդանիշ են:
Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ ձեռնարկութեան շնորհիւ ՀՄԽ-ի կազմակերպութենէն ներս բացուած են երկու մշակութային օճախներ՝ արուեստաց դպրոց եւ մանկական պատկերասրահ: Նոյն տարածքին մէջ նաեւ կը գործեն Ազգային խոհանոցի դպրոցը, Թատրոն-սթուտիա եւ իր նմանը չունեցող «Ինովացիոն էթնիք մարզային կեդրոն»ը, ուր մօտաւորապէս 250 սաներ կը սորվին, որոնց մէջ նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող, ծնողազուրկ եւ ընկերային անապահով ընտանիքներու երեխաներ: Այս բոլորի կողքին կը գործեն նաեւ արուսետագէտ եւ ձեռնարկութեան հիմնադիր-նախագահ՝ Գրիգոր Մաչանենցի, գեղանկարիչ Ընծայի եւ «Մաչանենց» միջազգային արուեստի պատկերասրահները, յուշանուէրներու սրահ, աշխարհի միակ «համաշխարհային պոետներու գինետուն»ն ու «սիրտի ձայներ»ու թանգարանը:
Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ ընկերութիւնը կը կազմակերպէ նաեւ հիւրընկալութիւններ, վարպետութեան դասեր զբօսաշրջիկներուն համար: Տարածքին մէջ նաեւ կան հիւրատուն, ուր հիւրերը իրենց անմոռանալի հանգիստը կրնան անցընել՝ թեմաթիք սենեակներէն որեւէ մէկը ընտրելով, ինչպէս նաեւ տեսնել հայկական կենցաղավարումի բազմաթիւ իրեր հնագիտական եւ ազգագրական թանգարաններէն ներս: Այդ թանգարաններն են «Մաչանենց հնագիտական թանգարանը» եւ «խեցեգործութեան թանգարանը», ուր 5 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական խեցեգործութեան նմոյշներու պատճէններ ներկայացուած են:
Ընկերութենէն ներս կարելի է նաեւ համտեսել հայկական աւանդական խոհանոցի բազմազան ճաշատեսակներ ու կերակուրներ, մասնակցիլ վարպետութեան դասերուն՝ տոլմայի, լաւաշի, աւանդական գաթայի, հալուայի, երշիկի եւ պանիրի: Տակաւին, այցելուները կրնան սորվիլ հայկական աւանդական կերակուրներու պատրաստութեան եղանակները, ականատես ըլլալ գինիի պատրաստութեան եւ լաւաշ թխելու արարողութեան:
Ընկերութենէն ներս նաեւ երեխաներուն կը դասաւանդուի կաւագործութիւն, նկարչութիւն, կարպետագործութիւն, գորգագործութիւն, բատիկա, թատրոն, դհոլ, երգ ու պար ու տարազի պատրաստութիւն: Իսկ վերջին երեք տարիներուն կը գործէ նաեւ Մաչանենց Արքայական նախակրթարանը, ուր դպրոց մուտք գործելու կը պատրաստուին 3-6 տարեկան երեխաներ:
Նոյն տարածքին մէջ կը գործէ նաեւ «Մաչանենց» թատրոնը, որ հիմնադրուած է 1989 թուականին: 1989-1991 թուականներուն թատրոնը նաեւ մանկական թատերախումբ ունեցած է: Արմաւիր մարզի միակ թատրոնը կը գործէ աւելի քան հարիւր տարուան հնութիւն ունեցող շէնքի մէջ: Դահլիճը նախատեսուած է եօթանասուն անձի համար:
Մաչանենց տան մասին տեղեկութիւնները քաղած ենք ընկերութեան կայքէն եւ դիմատետրի էջերէն, որոնց լինքերը ստորեւ կը տեղադրենք:
https://www.mta.am/
https://www.facebook.com/MachanentsTheatre/about/?ref=page_internal
https://www.facebook.com/machanentshouse/about/?ref=page_internal
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
28 յունիս 2021, Վաղարշապատ