ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Հին Թիֆլիզի հայոց Շամքորեցոց Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Մինաս եկեղեցիները (պատմութիւն եւ տարեգրութիւն)» խորագրեալ աշխատութիւնը, որու հեղինակն է Արմէն Ասատրեան։ Այս հրատարակութիւնը «Թիֆլիզի հայկական եկեղեցիները» շարքի երկրորդ գիրքն է՝ նուիրուած յիշեալ եկեղեցիներու պատմութեան։ Այս եկեղեցիները Թիֆլիզի հայ համայնքի պարծանքն էին, սրբացեալ աղօթատուներ, որոնց դռները շուրջ 200 տարի բաց եղած են հաւատացեալներու համար։ Այսօր, սակայն, անոնք խոնարհ-ւած են։ Հեղինակը անդրադարձած է նաեւ այդ եկեղեցիներու մէջ սպասաւորութիւն բերած հոգեւորականներու կեանքին ու գործունէութեան։
Գիրքը նախատեսուած է ընթերցողներու լայն շրջանակի համար։ Հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։
Թիֆլիզի հայկական եկեղեցիները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Վրաստանի հայկական ժառանգութեան տեսակէտէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ կատար-ւած հրատարակութիւնները այդ ժառանգութեան տէր կանգնելու առումով մեծ իմաստ ունին, որովհետեւ կը բովանդակեն պատմական անհերքելի փաստեր։ Այդ տուեալները մեծապէս օգտակար կ՚ըլլան, երբ մանաւանդ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցին կը ջանայ վիճարկել պատմական սրբավայրերու հայկական բնոյթը։