ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ՈԳԵՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին ձեռնարկեց 2016-2017 շրջանի աշխատանքներուն։ Նոր եղանակի բացման առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան։ Ներկայ էին նաեւ գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, ինչպէս նաեւ պարուսոյցներ Իրիս Չափքան եւ Սարեմ Շէշէթեան։ Հարկ է նշել, որ այս նոր եղանակին կը զուգադիպի նաեւ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը։
«Մարալ» համոյթը նոր եղանակին ալ շաբաթավերջերուն երկու փորձեր կ՚իրականացնէ։ Կիրակի օրերը Էսաեան սանուց միութեան մէջ կ՚աշխատի գլխաւոր կազմը, իսկ Շաբաթ օրերը՝ մանկապատանեկանը։ Նոր եղանակի բացումը մանկապատանեկանի առաջին փորձով կատարուեցաւ։ Այս առթիւ միութեան հաւաքատեղիին մէջ համախմբուած էին նաեւ տղոց ծնողները։ Իր խօսքին մէջ Մարիամ Տրամէրեան յորդորներ ուղղեց մեր լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման, անոնց անպայման հաղորդ մնալու ուղղութեամբ։ Ան ըսաւ, որ պար բռնելու նման ձեռք ձեռքի տուած նոր սերունդը պէտք է պահպանէ մեր լեզուն ու մշակոյթը։ Տրամէրեան ընդգծեց նաեւ ընտանեկան յարկերէ ներս հայախօսութեան խրախուսման կարեւորութիւնը։ Ան մաղթեց նաեւ յաջողութիւններ՝ նոր եղանակի աշխատանքներուն համար։