ԲԱԽՏԱԳՈՒՇԱԿԸ
Ես գուշակ եմ մեր թաղին մէջ,
Սուրճ կը նայիմ տուներուն մէջ։
Մէկին կ՚ըսեմ «մատաղ ունիս»,
Մէկին ալ զի «մուրազ ունիս»,
Իսկ մէկին ալ՝ ցաւ ու տխրութիւն…
Քանի օրէ ի վեր, ինչ Նազենին անհամբեր կը սպասէր, որպէսզի բախտագուշակը հերթական անգամ երգելով անցնէր իրենց փողոցէն։ Ահաւասիկ ան՝ առտու կանուխ, «Գուշակի երգը» շուրթերուն նորէն կը պտըտէր փողոցէ փողոց։
-Բարի լոյս տիկին, մեզի եկուր միասին սուրճ մը ըմպենք։
-Աչքիս վրայ գեղեցկուհի,- ըսաւ գուշակն ու վեր բարձրացաւ։
Խելացի եւ ուշիմ Նազենին թէպէտ գիտէ, որ բախտագուշակութեամբ զբաղիլը, ապագան գուշակելը հակաքրիստոնէական է, նաեւ գովելի զբաղում մը չէ։ Այնուամենայնիւ, քսանամեայ երիտասարդուհիին վերջերս ապրած հոգեկան տաղտկալի վիճակը զինքը կուրացուցած է։ Եւ ինք այս անձութենէն դուրս գալու միակ հնարը կը տեսնէր բախտագուշակի մէջ։
Ընտանիքի պարագաները ճանապարհելով աշխատանքի, երրորդ օրն է, որ ան անհամբերութեամբ կը սպասէր իրեն ապագան կանխատեսողի ճամբան։
-Օ՜հ, աս որքան լուսաւոր բաժակ մըն է։ Սիրտդ քիչ մը նեղուած է, ի՞նչ ունիս,- հարցուց գուշակը։
-Իմ նեղութիւնը յստակ պատճառ մը չունի,- պատասխանեց Նազենին։
-Ապագադ լուսաւոր կ՚երեւի, կրնամ ըսել, թէ բախտաւոր աստղի մը տակ ծնած ես։ Շուտով քու կեանքին մէջ պիտի կատարուին էական փոփոխութիւններ։
-Ի՞նչ փոփոխութիւններ,- անակնկալի գալով շտապեց իմանալ Նազենին։
- Բաժակիդ մէջ կայ «ա» տառ մը, որ նոր գոյներ ու իմաստ պիտի հաղորդէ քու կեանքին։ Կը ճանչնա՞ս այդպիսի մէկը,- հարցուց գուշակը։
-Ո՛չ, չեմ ճանչնար։
-Բարձրահասակ, գրաւիչ եւ ուշիմ երիտասարդ մըն է, քեզմէ քանի մը տարի մեծ։ Կ՚երեւի, թէ լաւ ընտանիքի մը զաւակ է։ Մշտապէս պաշտօնական կը հագնի, կը զբաղեցնէ պետական պաշտօն։ Ան սիրահարուած է քեզի ու երկար ժամանակէ ի վեր ծածուկ կը հետապնդէ քեզ։
-Բնաւ գաղափար չունիմ, թէ խօսքը որո՞ւ մասին է։
-Հոգ մի՛ ըներ գեղեցկուհի, ան շուտով մէջտեղ կ՚ելլէ։ Այս երիտասարդը քեզ շատ կը սիրէ, օր ու գիշեր կը խորհի քու մասին։ Ան երբեք քեզ չի ցաւցներ կամ անյարմար իրաւիճակի մը չի մատներ. սիրտն ու միտքը մաքուր է զուլալ աղբիւրի պէս,- ըսաւ բախտագուշակը, քիչ մըն ալ ասկէ-անկէ գուշակութիւններ ըրաւ, իր դրամն առաւ ու հեռացաւ։
Նազենին կարծես կախարդուած ըլլար, գուշակի խօսքերը անդադար կը զբաղեցնէին վերջինիս միտքը մինչեւ այն օրը, երբ ան զգաց դէպի իրեն ուղղուած իրենց համալսարանի նախկին շրջանաւարտներէն մէկուն զմայլած հայեացքը։ Յիրաւի երիտասարդը գեղեցիկ էր ու առնական։ Նազենիի աչքերը շողացին, ան այլեւս կը սպասէր բախտագուշակի կանխատեսումներու իրականացման։
Երիտասարդը սկսաւ յաճախ երեւիլ Նազենիի շուրջը։ Քանի մը օր անց ալ, ան օգտագործելով յարմար առիթը ծանօթացաւ Նազենիին հետ։
-Ողջոյն, ես Արշակն եմ։
-Ողջոյն, ես ալ Նազենին։
-Նազենի, շատ ուրախ եմ ձեզի հետ ծանօթանալուս համար…
Հաճելի խօսակցութիւնը տեւեց բաւական երկար։ Նազենին կուրօրէն սիրահարուեցաւ Արշակին։ Անոնց ծանօթութիւնը դարձաւ սկիզբ՝ փոթորկալից սիրային պատմութեան մը։
Ամէնօրեայ գաղտնի հանդիպումներ, զբօսանքներ, սիրառատ հայեացքներ…
Նախապէս Արշակը բաւական ուշադիր էր Նազենիի նկատմամբ, սակայն օր ըստ օրէ կրճատուեցան հեռախօսազանգերը, հասնելով մինչեւ շաբաթը անգամ մը, երկու շաբաթը մին։ Հազուադէպ հանդիպումներն ալ տեղի կ՚ունենային ծածուկ տեղ մը, մարդկային աչքէ հեռու։ Ամէն անգամ Արշակ կը պատճառաբանէր. «Չեմ ուզեր, որ մենք դառնանք մարդոց անտեղի խօսակցութիւններու առարկայ». Նազենին ալ չէր առարկեր…
Ժամանակի ընթացքին այս սէրը սկսաւ խոր ցաւ պատճառել երիտասարդ ու անփորձ աղջկան. անքուն գիշերներ, տամուկ աչքեր ու անհանգիստ ներաշխարհ։ Սակայն այս բոլորը ի չիք կը դառնար Արշակէն հասած զանգով մը։ Երբ սիրելիին ձայնը լսէր, յանկարծ Նազենին կը սաւառնէր եօթներորդ երկինքին մէջ, եւ ամէն անգամ կը կատարէր ցաւոտ վայրէջք մը։
Գրեթէ ամիս մը Արշակէն լուր չկար։ Նազենին քանի մը անգամ հեռաձայնեց, սակայն ապարդիւն։ Օր մըն ալ առտու կանուխ զանգ մը եկաւ.
-Բարի լոյս Նազենի, երէկ լուր մը իմացայ, սակայն չհամարձակեցայ գիշերով քեզ անհանգստացնել։
-Ի՞նչ լուր Նունիկ։
-Ես որպէս քու մտերիմ ընկերուհին՝ քաջատեղեակ ըլլալով քու տառապանքներուն, չեմ կրնար այս չարաբաստիկ լուրը քեզմէ պահել։
-Այլեւս կը բարկանամ, ըսէ,- վրդովուեցաւ Նազենին։
-Արշակը անցեալ կիրակի ամուսնացեր է, անոր մտերիմներէն մին ինծի ըսաւ երէկ…
Ընկալուչը ինկաւ սիրոյ գերի դարձած աղջկայ ձեռքէն…
Քանի մը երկար տարիներ անցան, մինչեւ որ Նազենին իր սիրտէն մէկընդմիշտ սրբէ Արշակը։ Վստահելով բախտագուշակի խօսքին՝ ան լիայոյս էր, թէ հարսի զգեստով օր մը Արշակի հետ պիտի մտնէր եկեղեցի…
Աւա՜ղ, սա որոգայթ մըն էր…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ