ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ՝ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ ԴԱՐՁԱՒ… ԼՔՈՒԱԾ ԵՒ ԱՄԱՅԻ
Դաժան այս օրերուն լրացաւ Ստեփանակերտի 100-ամեակը: Հնագոյն այդ բնակավայրը Ղարաբաղի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուելէ ետք ստացած է քաղաքի կարգավիճակ. 1923 թուականի աշնան Ղարաբաղի նորաստեղծ կառավարութիւնը Շուշիէն կը տեղափոխուի Խանքենթի կոչուող բնակավայր եւ զայն կը կոչէ Ստեփանակերտ անունով:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաքը այդ պաշտօնական անունը կը կրէր մինչեւ այսօր: Քաղաքը Ստեփանակերտ կոչած են խորհրդային նշանաւոր գործիչ Ստեփան Շահումեանի անունով, թէեւ խորհրդային դառն կարգերու կնիքը կայ քաղաքի անուանումին մէջ, սակայն այն շատ հարազատ էր հայութեան, մենք հայկական կը զգայինք քաղաքին անուանումը, արտասանութիւնը եւ այդպէս ալ զայն սիրելի մնաց… Ղարաբաղի հանրապետութիւնը լուծարուած է, լուծարուած են բոլոր պաշտօնական կառոյցները, անուանափոխուած են հայկական անունները, նաեւ Ստեփանակերտն ալ ատրպէյճանցիները կոչած են Խանքենթի: Բայց մենք քաղաքը միշտ պիտի յիշենք իբրեւ Ստեփանակերտ: Ստեփանակերտը մեր հոգիներու եւ սիրտերու մէջ կը մնայ յաւէտ: Արդեօք օր մը կրկին պիտի տեսնե՞նք… Արդեօք նորէն պիտի նայի՞նք անոր սարերուն եւ խմենք Ստեփանակերտի կենսատու աղբիւրներէն… Արդեօք վերստին պիտի նստի՞նք քաղաքի սրճարաններուն մէջ, ուր սուրճը միշտ ուրիշ համ ունէր եւ թէյը միշտ տունին մէջ թանձր եփած անուշով կը հիւրասիրէին: Անոր հրապարակներուն վրայ դիտած ենք ամենաուրախ համերգները, իսկ անոր պանդոկներուն մէջ վայելած ենք ամենաջերմ ընդունելութիւնը: Նայելով քաղաքի ներկայ գորշ լուսանկարներուն՝ դժուար է հաւատալ, որ հոն վերադարձ եւ ուրախութիւն պիտի ըլլայ…
Ստեփանակերտը այսօր նման է ուրուականներով լեցուն քաղաքի: Այնտեղ դատարկութիւն է, փողոցներուն մէջ հոս ու հոն նետուած իրեր են, աղբ թափուած է ամէնուրեք: Սրճարանները գոց են, անտէր մնացած ձիեր, կովուկներ եւ այլ կենդանիներ կը թափառին մայթերուն վրայ: Հատուկենտ հայեր մնացած են, որոնք նոյնպէս կը պատրաստուին լքել քաղաքը: Քաղաքի վրայ ծանր նստած է քարիւղի պահեստի պայթիւնի ծուխը եւ այդ պայթիւնէն զոհուած, անհետացած հարիւրաւոր հայորդիներու ճիչերը կարծես կը լսուին դատարկ քաղաքին մէջ: Ատրպէյճանի զինուժը արդէն զանազան մասերէ ներս մտած է... Օտար ոգի թառած է քաղաքին վրայ, բայց հայկական հետքերը ամէն տեղ են, անջնջելի… Լուսանկարներէն մէկուն մէջ հայերէնով կը կարդանք «Թումանեան սրճարան». ասիկա այն սրճարանն է, որ վերջին պատերազմի օրերուն անվճար սնունդ կը բաժնէր գիւղերէն Ստեփանակերտ հասած սարսափահար մարդոց: Հիմա ո՛չ մարդիկը կան, ո՛չ՝ սրճարանի տէրերը: Մէկ այլ լուսանկարի մէջ կը տեսնենք Հալէպէն Ստեփանակերտ փոխադրըուած եւ հաստատուած Յովիկի ճաշարանը: Այս ճաշարանը նոյնպէս ձրի ճաշ կու տար թէ՛ նախորդ պատերազմի, թէ՛ այս պատերազմի ժամանակ: Հալէպահայ տէրերը նոյնպէս լքած են իրենց արցախեան հաստատութիւնը: Անոնք Ստեփանակերտ հասած էին Սուրիոյ պատերազմէն հազարաւոր քիլօմեթրեր հեռու փախչելով, հանգրուանած էին Արցախի այս անկիւնը եւ ահա պատերազմը կրկնակոխ հետեւած է անոնց… Ասիկա անպատկերացնելի ցաւ մըն է հայ մարդուն համար: Ուրիշ սուրիահայեր ալ կային, որոնք իրենց երկրի պատերազմէն ետք Արցախի մէջ հանգրուանած էին… ո՞ւր են արդեօք հիմա անոնք: Հոն կային սփիւռքահայ բժիշկներ, գործարարներ, ուրիշ մասնագէտներ, որոնք այնքա՜ն երջանիկ էին հայկական Արցախին մէջ:
Ստեփանակերտը անկանոն, թափթած եւ անկառավարելի քաղաք դարձած է հիմա: Քաղաքի ներկայ թափթփուածութիւնը ոչ մէկ կապ ունի մեր գիտցած Ստեփանակերտի մաքրութեան հետ: Մենք քաղաքը միշտ մաքուր տեսած ենք: Ընդհանրապէս, Ստեփանակերտը նշանաւոր էր իր մաքրութեամբ, կոկիկութեամբ, խնամուած այգիներով, ծաղկաշատ բակերով, գեղեցիկ փռուած լուացքներով: Ամէն բակի մէջ տեսանելի էին լուացքի ձիգ կախուած պարաններ, որոնց վրայ հաւասար, մաքուր շարուած էր օրուան լուացքը: Նոյնիսկ շրջափակման օրերուն արցախցին չէր խախտեր իր լուացքին կանոնաւորութիւնը եւ կ՚ուզէր պահել նաեւ ա՛յդ սովորոյթը: Օտար լուսանկարիչներ ալ նկատած են կենցաղային այդ աւանդոյթը եւ միշտ կը լուսանկարէին Ստեփանակերտի լուացքի պարանները, ըսելով, որ նման բան աշխարհի ուրիշ որեւէ մէկ քաղաքի մէջ չկայ:
Ստեփանակերտի 100-ամեակը առանց տօնի է, առանց յիշատակումներու, նոյնիսկ կրնայ ըլլալ շատեր մոռցած են իրենց սիրելի քաղաքին այս երկար սպասուած յոբելեանի մասին: Արցախցին հիմա ուրիշ, բոլորովին ուրիշ հոգերով է, ան հիմա ուրիշ աշխարհի մէջ է…
Ստեփանակերտի 100-ամեակը լրացաւ իբրեւ քաղաք հռչակուելու եւ անուանակոչուելու, բայց բնակավայրը, անշուշտ, շատ աւելի հին է, հնադարեան պատմութիւն ունի։ Ժամանակակից Ստեփանակերտը իր մէջ կը ներառէ նախկին Ներքին Շէն, Սողոմոնի Շէն, Հին եւ Նոր Արմէնաւան, Կրկժան, Փահլուլ (Վարդուտ), Մալիբէկու գիւղերու տարածքները: Ըստ պատմաբան Վահրամ Պալայեանի ուսումնասիրութեան, Ստեփանակերտէն եւ անոր շրջակայքէն յայտնաբերուած հնագիտական նիւթերը կը վկայեն, որ մարդը հոս բնակութիւն հաստատած է անյիշելի ժամանակներէն: Այդ նիւթերը թանգարաններու մէջ էին, հպարտօրէն կը ցուցադրէին: Հնագիտական բոլոր պեղածոները մնացին Ղարաբաղի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին մէջ: Ստեփանակերտի բոլոր թանգարաններու ցուցանմոյշները, շատ մը մշակութային արժէքներու կարգին չփրկուեցան, ինչպէս անցեալ պատերազմին չփրկուեցան Շուշիի եւ միւս տեղերու մշակութային արժէքները:
Մարդիկ չկրցան տարհանել այդպիսի բաներ, եւ իրենց բնակավայրերը լքեցին միայն քանի մը կապոցներով, որոնց մէջ առաջին անհրաժեշտութեան իրեր հաւաքած էին միայն: Կային ընտանիքներ, որոնք նոյնիսկ այդ կապոցներն ալ չհասցուցին պատրաստել եւ դատարկաձեռն, աղի արցունք թափելով հեռացան պատմական Ստեփանակերտէն:
Ստեփանակերտի պատմական անունը Վարարակն է, որ կիրառուած է մինչեւ 19-րդ դարը:
Բնակավայրի հիմնադրումը կը կապուի հայոց թագաւոր Վաչագան Բարեպաշտի անուան հետ: Արեւելից կողմանք Հայոց (որ հիմնականը կ՚ընդգրկէր Արցախը եւ Ուտիքը) պետութեան հայազգի թագաւոր եղած է Վաչագան Բարեպաշտը՝ 480-ական թուականներու վերջէն: Անոր մասին կը գրեն հայ պատմագիրներ Մովսէս Կաղանկատուացին եւ Ստեփանոս Օրբելեանը, այս թագաւորի մասին կը յիշատակեն նաեւ ժողովրդական աւանդոյթները։ Ծանօթ է մանաւանդ ժողովրդական հեքիաթ մը Վաչագան թագաւորի մասին, որու հիման վրայ գրող Ղազարոս Աղայեան գրած է «Անահիտ» հեքիաթը։ Մենք դպրոցին մէջ այս հեքիաթը անցնելու ատեն միշտ կ՚ըսէինք, որ Անահիտը արցախցի է եւ կը պատկերացնէինք զայն արցախցիի կարմրաթուշ երեսով, երկար հագուստով… Հեքիաթին մէջ Անահիտի եւ Վաչագանի սիրոյ պատմութիւնն է. այդ սէրը գորգագործութեան արհեստի ուժով պայքարեցաւ չարի, տգիտութեան դէմ՝ արարելով խաղաղութիւն, բարեկեցութիւն եւ սէր ամէնուր: Չքնաղ Անահիտի սկզբունքային, աշխատասէր կերպարը իր մէջ կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին՝ իր տոկուն պայքարով յանուն ազատութեան, սիրոյ ու մշակոյթի… Միշտ չէ սակայն, որ այդ պայքարը իր պտուղները տուած է… Պատմութեան դառն դասերը մենք կը քաղենք նաեւ այսօր:
Ըստ պատմական աղբիւրներու, տակաւին 1841 թուականին Վարարակնը ունէր 31 տուն՝ 133 շունչ, 74 արական, 59 իգական բնակիչով, զայն կը յիշուի որպէս առանձին գիւղ:
1890-ական թուականներուն գիւղին մէջ կար 61 տուն, 405 բնակիչ: Այդտեղ կառուցուած էր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Վարարակնը հայաբնակ եղած է, եւ խորհրդային տարիներուն այդտեղ սկսած են հաստատուիլ ատրպէյճանցիներ: Եւ մինչեւ 1991 թուականը քաղաքին մէջ կային մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ, որոնք լքեցին քաղաքը առաջին Արցախի պատերազմին: Այսօր անոնք կը սպասեն վերադարձի, ըսելով, թէ իրենց տունն է Ստեփանակերտ-Խանքենթին…
Պատմական աղբիւրները կը վկայեն, որ 18-րդ դարու վերջին այժմեան քաղաքի հիւսիս-արեւելեան կողմը հիմնուած է Շուշուայ խանի ձմեռանոցը՝ Խանեն պաղը (Խանի այգի): Տարածքը դարձած է խանի «անձնական» սեփականութիւնը, եւ ան իր տիրապետութեան տակ առած է նաեւ Վարարակն գիւղը, որ անուանափոխած եւ կոչած է Խանքենթի՝ խանապատկան գիւղ: Ատոր հիման վրայ ալ ատրպէյճանցիները քաղաքը միշտ կոչած են Խանքենթի՝ հրաժարելով հայկական Ստեփանակերտ անունէն:
Հայերը առաջին եկեղեցիները հոս հիմնած են տակաւին 1800-ական թուականներուն: Շատ եկեղեցիներ քանդուած են խորհրդային տարիներուն եւ անոնց տեղը ուրիշ շէնքեր շինուած են: 1991 թուականէն ի վեր Ստեփանակերտի մէջ կառուցուեցան եկեղեցիներ, որոնք մինչեւ վերջին պատերազմը հոգեւոր ապաստարաններ էին տեղի հայութեան համար:
Կիրակի օր՝ հոկտեմբերի 1-ին, Արցախի համար համազգային աղօթքի օրը, Ստեփանակերտի Մայր տաճարին մէջ Հրայր Սարկաւագը միայնակ կատարեց վերջին պատարագը եւ լքեց քաղաքը… Հաւանաբար լքեց, որովհետեւ պաշտօնեաները կիրակի յայտարարեցին, որ վերջին փոխադրակառքը Ստեփանակերտէն Հայաստան տարած է վերջին 15 հոգին… Հայերու տարհանումը Արցախէն աւարտած է: Տխուր եւ այս ծանր վերջաբանով գոցուեցաւ 100-ամեայ Ստեփանակերտի հայկական էջը…
ԿԱՐՄԻՐ ՊՏՈՒՂՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԸ
Մենք Ստեփանակերտէն պիտի յիշենք միայն ամենալաւը: Ես չեմ ուզեր տեսնել այսօրուան Ստեփանակերտը, եւ լալ անոր անմխիթար վիճակին վրայ: Այդ քաղաքը ինծի համար միշտ պիտի մնայ շէն ու գեղեցիկ աշխարհ, ուր ես զանազան տարիներու ապրած եմ գեղեցիկ օրեր: Եթէ ինծի ըսեն, որ նկարագրեմ Ստեփանակերտը խորհրդանշական պատկերով մը, ապա ես կը նկարեմ կարմիր, մանր պտուղներ՝ մեծ սկուտեղի մէջ: Տարուան ո՛ր եղանակին Ստեփանակերտ գացած եմ՝ միշտ կարմիր ու կարմրաթոյր պտուղներ ճաշակած եմ Ստեփանակերտի շուկաներուն, սրճարաններուն, հիւրասէր տուներուն մէջ: Արցախի անտառները, Ստեփանակերտի շրջակայքի այգիները լեցուն են այդպիսի պտուղներով: Հանրայայտ է այնտեղի կարմիր եւ քաղցրահամ նուռը: Արցախցիները նուռէն ամէն ինչ կը պատրաստեն՝ գինի, հիւթ, օշարակ. նուռը կ՚ամբարեն, կը պահեն ամբողջ տարին եւ Ստեփանակերտի շուկային մէջ տարուան ամէն եղանակին կլոր համեղ եւ հիւթալի նուռ կ՚ըլլայ: Սրճարաններուն մէջ, իբրեւ տեղական ինքնատիպ խմիչք, կը հրամցնէին նուռի հիւթ: Արցախի հոնենիները կը զարդարէին Ստեփանակերտի լանջերը: Աշնան այս օրերուն կարմիր բնապատկերը անպակաս էր՝ հոնենու կարմիր պտուղը նոյնպէս կը դառնար գինի, հիւթ, մուրաբայ, չիր… Պտուղը կը կաթէր թուփերէն, թուփին տակը կը թափէին հասուն կորիզաւոր պտուղները, այնքան շատ էին, որ արցախցիները միշտ չէին հասցներ հաւաքել այս անմահական պտուղը: Հոնենու պտուղէն պաստեղ ալ կը շինէին, իսկ անոր չոր տեսակէն պատրաստուած ապուրը հիւանդներու համար բուժիչ ճաշ էր… Վայրի ծառատեսակներու ու թուփերու պտուղները արցախցին հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր թարմ կամ չորցուած ձեւով կը գործածէր ոչ միայն որպէս պտուղ, այլ նաեւ՝ դեղամիջոց:
Արցախեան խոհանոցին մէջ հոնենու պտուղը, մասուրը, ալոճը, ալոսը, մառամոշը, մորմենին եւ բազում կարմիր պտուղներ կ՚ամբողջացնէին արցախեան պատկեր մը… Ստեփանակերտի նշանաւոր շուկան նոյնպէս ինծի կարմիր գոյնով կը պատկերանայ… Հոն ամէն ինչ կարելի էր գտնել եւ ուրիշ համ ունէին արցախեան բարիքները:
Սիրուն, հայկական Ստեփանակերտ… Ինչքա՜ն շատ են քու պատմութիւններդ: Պատմութիւն մը միշտ կը յիշեմ, իսկ այս դառն ու դժնդակ օրերուն աւելի սուր կը դառնան յիշողութիւնները: Նկարահանող խումբին հետ մեկնած էինք Ստեփանակերտ: Ամէն քայլափոխի գաթայ, շերտանուշ, կանաչեղէնով հաց կը թխէին արցախցի կիներ… Բան մը կը գնէիր, բան մըն ալ նուէր կու ՝տային եւ կ՚օրհնէին ճանապարհդ անցախեան բարբառով, որու ամէն մէկ հնչիւնը այնքա՜ն իսկական էր: Շուշի-Ստեփանակերտ ճանապարհին մեր ինքնաշարժը փճացաւ: Ուշ երեկոյ էր՝ քաշուած էինք ճամբուն մէկ եզրը եւ տասը րոպէի մէջ երկու ինքնաշարժ կեցաւ, վարորդները դուրս ելան, սկսան տնտղել եւ գտան փճացած մասը: Նոյնիսկ մէկը իր ինքնաշարժով գնաց եւ երկաթեայ մասնիկ մը բերաւ մօտ տեղէ մը: Յետոյ իրենց ինքնաշարժէն հանեցին ընկոյզ, թուզ, լաւաշ, ոչխարի կաթէ շինուած պանիր եւ հիւրասիրեցին: Միշտ օգնող, արագահաս արցախցին այսօր ինք ունի օգնութեան կարիք: Եւ մենք այսօր ինչ ալ ընենք իրենց համար՝ քիչ է… Այս մարդիկը միշտ իրենց գիրկը բացած են բոլոր հայերուն առջեւ:
Կը կարդամ, որ Արցախի Խնձրստան հայկական պատմական գիւղի դպրոցի հայերէնի ուսուցչուհին՝ Գայիանէ Դանիէլեանը իր ամուսինին եւ երկու աղջիկներուն հետ Խնձրստանէն Հայաստան գալու ճանապարհին դժուարութիւններու հանդիպած է, Ստեփանակերտ չհասած, անոնց ինքնաշարժը փճացած է, անոր մէջ տեղաւորած էին իրենց երկյարկանի լեցուն տունէն փրկուած քիչ թէ շատ իրեր: Այդպէս ձգած են ինքնաշարժը, բանալին ալ՝ վրան եւ ձեւով մը հասած են Ստեփանակերտ: Ամբողջ ճանապարհին վախի մէջ էին, թէ արդեօք ատրպէյճանցի զինուորներ կա՞ն տարածքին մէջ: Կինը կը պատմէ, որ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, երբ տեսած է Հայաստանէն գացած հանրաշարժները, հասկցած է, որ փրկուած են եւ այլեւս սպաննուելու վտանգ չկայ: Ինը ամիս շրջափակումի մէջ ապրած այս ընտանիքն ալ նոյն զրկանքները կրած է, ինչպէս՝ բոլոր արցախցիները: Գիւղէն դուրս գալէն առաջ բացած են իրենց ընտանի կենդանիներուն գոմերը, հաւաբուներուն դռները, որպէսզի խեղճ անասունները, հաւերը, աքլորները, հնդկահաւերը, սագերն ու բադերը փակուած չմնան առանց տէրերու: Լրագրողի հետ զրոյցի ընթացքին հայերէնի ուսուցչուհի Գայիանէ Դանիէելան կ՚արտասանէ հայ բանաստեղծ Գէորգ Տոտոխեանի «Ծիծեռնակ» բանաստեղծութենէն հատուած մը.
«Ինձ համար ցերեկը
Մութ է շրջում արեգը,
Գիշերը թաց աչքիս
Քունը մօտ չի գալիս»:
Այս բանաստեղծութեան հերոսը կը զրուցէ ծիծեռնակին հետ եւ թռչունին կ՚ըսէ, թէ թռիր եւ հասիր իմ ծննդավայրս եւ հարազատներուս լուր տուր իմ կարօտի եւ պանդխտութեան մասին: 1854 թուականին հայ բանաստեղծի գրած այս անտունի ժանրի երգը որքա՜ն արդիական է այսօր, միայն մէկ տարբերութեամբ, որ արցախցիներու ծննդավայրին մէջ այլեւս հարազատներ չմնացին՝ ընտանիքները պանդուխտ դարձած են միասնաբար: Նոր անտունիներ պիտի գրուին այսօր՝ հայը կրկին պանդուխտ է, անտուն եւ վշտահար…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան