ՀԲԸՄ-Ի 110-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ Կ՚ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած յոբելենական գործունէութիւններու շարքին եզրափակիչ փուլը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։
Հինգշաբթի երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի գործընկերներուն համար նախատեսուած մեծարանքի հաւաքոյթէն վերջ, երէկ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ատենախօսներն էին Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ ու Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եաքուպեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ ու Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր Երուանդ Զօրեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մասնաճիւղի գործադիր տնօրէն Դալար Գազանճեան։
Բաց աստի, ՀԲԸՄ-ի 110-ամեակին առթիւ, Երեւանի Օփերայէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որ շատ փայլուն անցաւ։ Այս ծրագիրը մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած էր նաեւ Նիւ Եորքի մէջ։ «Հոգիս» խորագրեալ այս համերգին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայաստանի պետական աւագանիէն բարձրաստիճան դէմքեր եւ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան կողմէ ներկայացուցիչներ։
Այսօր «ՀԲԸՄ զրոյցներ»ու ծիրէն ներս, 110-ամեակին առթիւ ելոյթով մը հանդէս կու գայ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան։