ՏԱՏԵՐԱԶՄ

Վարսենիկը ամսուայ մը շօշափելի երջանկութիւն ունէր Սիսակի հետ բառի իսկական իմաստով՝ ընկերներու մասին պատմութիւնները լսելով, ամուսինի երկար լռութեանը ձայնակցելով, դիրքերու նորութիւններուն անոր հետ ձայնակցելով, երեխաները քնացած ամուսինի թեւատակէն նուրբ քաշել-հանելով, որ հանգիստ քնանայ, յանկարծ ուսը չցաւցնէ: Ամուսնացած ատեն երդում տուած էին, որ միասին պիտի ըլլան՝ աղի ճաշի պարագային, բարձր ջերմութեան ժամանակ, թխած գաթայի վերջին կտորի համար կռիւ ըրած ատեն նոյնիսկ: Այնուհետեւ անոնց տունէն ներս մտաւ պատերազմը, կրունկը դէմ տուաւ դուռին ու չէր ձգեր՝ ո՛չ դուռը գոցել իր վրայ, ո՛չ ալ կարգին բանալ-լուծել: Վարսենիկը երբեմն կը կարծէր, թէ արդէն ինքնին մահն է պատերազմը, որ եկած է բաժնելու: Սակայն եթէ մահն է ու կը բաժնէ, որո՞ւ դէմքի ածելիի վախէն կը քրտնի լոգասենեակի հայելին: Եթէ մահն է ու եկած է բաժնելու, որո՞ւ ուսի անկիւնին մէջ կը կծկուի տաքուկ: Մահէ առաջ ասանկ սիրուն զաւակներ չեն ունենար ու չեն ունենար համբոյրներ գոց դռներու ու վարագոյրներու միջակայքին մէջ, այդ բաժնելու նշան մը չէ: Սակայն այդ պարագային ինչո՞ւ ամուսնական երդմնակալութեան մէջ չկայ յաւելում մը. «...Մինչեւ մահը չբաժնէ ձեզ, եւ եթէ յանկարծ չըլլայ պատերազմ»: Չկայ, քանզի ի սկզբանէ մարդոց հաշուարկներու մէջ պատերազմ չկայ: Կենսակերպ չէ, կարիք չէ, պահանջ չէ: Այդ պարագային ինչո՞ւ կը պատերազմին:

Վարսենիկ երկար կը փնտռէր պատերազմի բնորոշումը, չէր գտներ: Ի վերջոյ գտաւ. պատերազմը ժամանակաշրջան մըն է, երբ աւելի շատ կ՚ապրիս ապագային մէջ, քան՝ ներկայի: Բոլոր այն մարդիկ, որոնք մտովի աւելի շատ իրենց յօրինած ապագայի մէջ կ՚ապրին, պատերազմի մէջ են, ֆիզիքական կամ մտովի: Իսկ եթէ թէ՛ մտովի, թէ՛ ֆիզիքապէս, ուրեմն ոչ թէ պատերազմի, այլ ազատամարտի մէջ են: Արցախի ազատամարտի: Պարզապէս այժմ ուսը վիրաւոր է, ամբողջ ամիս մը տունը պիտի ըլլայ, ցերեկները երեխաները պիտի ազատագրէր՝ ի սկզբանէ անոնց յատկացուցած տնային աշխատանքներէն, գիշերները պիտի գրաւէր սիրելի տիկնոջ մարմինի ամէն մէկ շրջան, ու յետոյ Վարսենիկը կցկտուր պիտի համբուրէ վիրաւոր ուսի վիրակապը:

-Վեր ետ կեաս, հինչըս օզում քըզ հետի սարքիմ,- վէրքը սպիանալէ վերջ հարցուց Վարսենիկ՝ շոյելով Սիսակի ճակատը ու նայելով՝ ինչպէս ամուսինի կերած ծիրանի հիւթը կը վազէ ծնօտի վրայէն:

-Ա տէ հի՞նչ պիտի օզիմ,- գլուխը խոկալով քերեց Սիսակ,- ժենգեալով հաց, փորը սարքած հաւ, մընկել... խոխայ:

-Իփեա՞ծ,- Վարսենիկը լայն ժպտաց:

-Ա չէ է, սուեժի:

-Տայ առանց քեզ կարալ չում:

-Հենց տրայ հետի էլ ես կիլեանըմ:

-Որ խոխայ ու ժենգեալով հաց սարքի՞նք:

-Չէ, որովհետեւ տու առանց ինձ կարալ չըս: Ու ես էլ առանց քեզ չըմ կարալ:

Յետոյ Սիսակ վերադարձաւ պատերազմ եւ խախտուեցաւ Վարսենիկի երջանկութեան հրադադարը: Վարսենիկն ու երեխաները օգնեցին, որպէսզի Սիսակի եւ անոր զինուոր ընկերոջ ինքնաշարժը աշխատցնեն «խոտի գցեն»: Վերջն ալ շուարած իրարու կը նայէին, տունն ու տնեցիները՝ Սիսակին, Սիսակն ու տռտռացող ինքնաշարժը՝ անոնց: Չէր գիտեր՝ ինչ ըսէր, ատոր համար ալ գլուխը քերեց. «Դէ, Վարսիկ, կիւմէն տոռնը փակ կպահիք, անասունը փախճի վեչ, ես էլ դէ... կիլեան ըմ»:

Ինքնաշարժը դանդաղ, մէկ ակէն միւսին յենուելով կ՚իջնէր փողոցով ու ո՛ր տունին կը մօտենար՝ լոյսը կը վառէր: Վանուշ աքան ջուր թափեց անոնց ետեւէն, Նարինէն իր տունին քովը կեցուց ինքնաշարժը ու կերպասի մը մէջ փաթթած գաթաներ փոխանցեց: Ակուփ տային թափահարեց իր ձեռնափայտը օդին մէջ, երեխաները՝ ի նշան յարգանքի, ոտքով անմիջապէս քանդեցին իրենց «քարկտիկը», որ ինքնաշարժը անարգել երթայ: Սիսակ ժպտաց երեխաներուն ու խորհեցաւ. պատերազմն ալ «քարկտիկ» մը դարձած է՝ իր ճանապարհը, թէկուզ անհաստատ, մէկ ակէն միւսի վրայ յենուող, դժուար «խոտի ընկնող», բայց եւ այնպէս՝ քալող երկրի համար: Մէկը չկայ, որ քանդէ-վերացնէ, կը ստիպեն՝ իր վրայով ճանապարհդ երթաս:

Վարսենիկը համր քայլերով կ՚երթար ինքնաշարժի ետեւէն, գլուխով կը բարեւէր դրացիներուն, կ՚ուղղէր ուսերուն վրայ գցած շալն ու հոգոց կը հանէր: Քալեց այնքան, մինչեւ մութը փռուեցաւ գիւղին վրայ, յիշեց՝ լոպին պիտի փռէ բակին մէջ, այնուհետեւ պիտի փռէ երեխաներուն անկողինը, դարձաւ, որպէսզի վերադառնայ, տեսաւ, որ անկիւնը սեւ շուն մը նստած է՝ փայլուն աչքերով: Իրենց գամփռը շուրջ երկու ամիսէ ի վեր սատկած էր, երեխաները կը կարօտնային, խորհեցաւ՝ տուն տանի, տղաքը անտրամադիր են, գոնէ շունի հետ կը զբաղին: Ետեւէն ձայնեց, շունը պոչը թափահարելով մօտեցաւ: Երեխաները իրենց սէրը արտայայտեցին՝ ճաշի մէջ եղող հողկիթները չուտելով ու շանը բաժին հանելով: Որպէս աղանդեր ալ պտուղ առաջարկեցին: Շունն ալ քչակեր ու քաղաքավար գտնուեցաւ՝ ծիրաններէն համեստաբար հրաժարեցաւ: Անունի մասին երկար չխորհեցան, ինքը այլեւս կը յուշէր իր անունը. Սեւօ:

Սիսակը գնաց, Սեւոն եկաւ. Վարսենիկը ուրախ էր, որ տղաքը ունին զբաղում մը: Շունը անմիջապէս ընտելացաւ. երեխաներուն հետ կը վազվզէր բակով, թութ թափած ատեն կը հաջէր՝ մեծ սաւանէն դուրս ինկած ամէն մէկ թութի հատիկի համար:

Ապա օր մը Նարինէի տունի հաւերէն մէկը գտան խեղդուած: Այդպիսի բան մը վաղուց չէր պատահած: Մօտակայքին աղուէս չկար՝ տարակուսեցաւ Վանուշ աքան, երբ իր տունին մէջ հաւի հետ կապուած հրաւիրած էր արտահերթ ժողով մը: «Վարսիկ ճան, նղանաս վեչ»,- ափով սփռոցը շտկեց Վանուշ աքան,- «բայց սա աչքիս քո շոնն ա ըրալ, տու կապում չըս, տհենց ա, նի ա մըտալ Նարինանց տոնը, հաւին խեղդալ»:

«Իմ շոնը սաղ գիշեր էն ա իլալ հըջելիս, մեր ակուշկին տակն ար, տա հնարա՛ւոր չի»,- պատասխանեց Վարսենիկը, փորձեց վերյիշել, սակայն նորէն համազուեցաւ. հաստա՛տ, շունը հաստատ բակի մէջ էր:

-Է, դէ հին կիտամ, սեւ շոն ա, սեւ ցաւ ա, կիտալ չըս՝ հետը հինչ ա պիրալ, մեր թաղի շներան չի:

Խելունք շոն ա, խոխեքը շատ ըն սիրում, Վանուշ աքա, երեւի աղուէս ա իլեալ:

-Երեւի, տեսնենք:

ՍԻՒՆԷ ՍԵՒԱՏԱ

Արեւելահայերէնէ վերածեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շար. 2

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2020