ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՊՐԻԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՃԵԼԻ ԿԵԱՆՔՈՎ

Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Եսայիի մարգարէութենէն 36.22-37.11:

Պօղոս առաքեալին Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած առաջին նամակէն 4.1-11:

Ղուկասի Աւետարանէն 13.1-9:

Թեսաղոնիկեցիներուն գրած իր նամակին մէջ Սրբազան Պօղոս առաքեալը այսպէս կը գրէ.

«Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, մենք ձեզի սորվեցուցինք, թէ ի՛նչպէս պէտք է ապրիլ Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար: Թէպէտ այդպէս կ՚ապրիք արդէն, սակայն կը խնդրենք եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կը թելադրենք՝ որ շարունակէք յառաջանալ ներկայ ձեր ընթացքին մէջ: Գիտէք, թէ ի՛նչ պատուէրներ տուինք ձեզի Տէր Յիսուսի անունով, որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է՝ որ դուք սրբուիք եւ ամենեւին հեռու մնաք պոռնկութենէ: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ: Կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր մի՛ ըլլաք հեթանոսներուն պէս, որոնք զԱստուած չեն ճանչնար. կամ չըլլա՛յ որ մէկը եղբօր մը դէմ մեղանչէ՝ անոր կինը յափշտակելով, որովհետեւ այդ բոլորին համար Տէրը Իր դատաստանին մէջ անողոք պիտի ըլլայ, ինչպէս սկիզբէն ըսինք ձեզի եւ ազդարարեցինք: Միթէ Աստուած մեր պղծալից կեանքը շարունակելո՞ւ հրաւիրեց մեզ, թէ՝ սրբութեամբ ապրելու: Անշուշտ թէ սրբութեամբ ապրելու: Հետեւաբար, ով որ սրբութեան այս պատուէրը կ՚արհամարհէ՝ մարդ մը անարգած չ՚ըլլար, այլ՝ նոյնինքն զԱստուած, որ Իր Սուրբ Հոգին կու տայ մեզի:

Գալով եղբայրասիրութեան, մեր գրելուն պէտք չունիք, որովհետեւ ինքնին դուք Աստուծմէ սորված էք իրար սիրել, ինչպէս արդէն գործնապէս այդ սէրը ցոյց կու տաք ամբողջ Մակեդոնիայի բոլոր եղբայրներուն նկատմամբ: Բայց դարձեալ, եղբայրնե՛ր, կը խնդրենք, որ աւելի առատանք ձեր սիրոյն մէջ, ջանաք հանդարտ կեանք մը վարել, միայն ձեր գործին նայիլ եւ ձեր աշխատանքի վաստակով ապրիլ, ինչպէս որ պատուիրեցինք ձեզի, որպէսզի ձեր պարկեշտ ընթացքով յարգուիք չհաւատացողներէն եւ ոեւէ մէկուն կարօտ չմնաք»:

Փորձենք մի քանի կէտեր վերցնել այս հատուածէն եւ խօսիլ անոնց մասին:

ա. Աստուծոյ կամքն է, որ մարդ սրբուի, մաքրուի եւ հեռո՛ւ մնայ պոռնկութենէ, սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ:

բ. Կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր չըլլալ:

գ. Եղբօր կինը չյափշտակել:

դ. Աստուած մեզ հրաւիրած է սրբութեամբ ապրելու, եւ ո՛չ թէ պղծութեամբ:

ե. Գործնական եղբայրասիրութիւն:

զ. Պարկեշտ ու հանդարտ կեանք մը ապրիլ:

ա. Աստուծոյ կամքն է, որ մարդ սրբուի, մաքրուի եւ հեռո՛ւ մնայ պոռնկութենէ, սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ. Այսօրուան ընկերութիւնը, դժբախտաբար, կարծէք մոռցած է, աւելի ճիշդ կ՚անգիտանայ, ուշադրութիւն չի՛ դարձներ Աստուծոյ կամքին, եւ կը փորձէ իր կեանքը ապրիլ առանց նկատի ունենալու Աստուծոյ կամքը:

Այսօրուան ընկերութիւնը, արդարեւ, յատկապէս ամուսնութեան մասին շատ ազատամիտ եւ շատ յարաբերական մօտեցում ու ընկալում ունի: Արեւմուտքի մէջ, ինչպէս նաեւ կամաց-կամաց Արեւելքի մէջ ամուսնութիւնը կրօնական օրհնութիւն մը, նուիրական եւ սուրբ միութիւն մը ըլլալէ դադրած է եւ սկսած է վերածուիլ պայմանական դաշինքի մը, ուր երկու կողմերը իրենց պայմանները կը ներկայացնեն, համաձայնելու պարագային որոշ ժամկէտով դաշինք մը կը կնքեն, եւ միայն:

Այսօրուան մարդուն համար՝ որ դատարկուած է ամէն տեսակի սկզբունքներէ եւ արժէքներէ, կրնայ այս երեւոյթը բնական երեւիլ, սակայն, ԻՐԱԿԱՆ մարդուն համար՝ անկախ կրօնական պատկանելիութենէն, այս երեւոյթը անբնական է եւ հակառակ մարդկային ամէն տեսակի ընկալումի: Մարդը, արդարեւ, գործիք չէ, կամ աշխատանք չէ, որ զինք ձեռք ձգելու համար պայմանագիր կամ դաշինք կնքուի իր հետ, որոշ ժամանակ մը միատեղ ապրելու, իրարու կիրքերը գոհացնելու, եւ ետքէն, երբ արդէն աւելի նպաստաւոր պայմաններով «գործիք» մը յայտնուի, հինը վերադարձնել, կամ պարզապէս մէկ կողմ շպրտել, եւ նոր մը առնել՝ ի գործածութիւն:

Պսակի-ամուսնութեան խորհուրդը-միութիւնը Աստուծոյ կողմէ հաստատուած խորհուրդ-միութիւն մըն է, որով երկու տարբեր անձեր ի մի կու գան՝ ընտանիք կը կազմեն, միասնաբար ապրելու համար: Պսակի խորհուրդով մարդը գործակից կը դառնայ Աստուծոյ արարչագործութեան, որովհետեւ իր վրայ պարտաւորութիւն կը վերցնէ սերնդագործելու՝ մարդ արարելու, եւ այդպիսով Աստուծոյ սկսած գործը շարունակելու: Հետեւաբար, Պսակը-ամուսնութիւնը մարդուն համար պէտք է նուիրական խորհուրդ մը ըլլայ, եւ մարդ այս խորհուրդին պէտք է շատ ուշադրութեամբ մօտենայ եւ ո՛չ թէ ի միջի այլոց, կամ զուտ որպէս դաշինք մը՝ որոշ ժամանակուան մը համար:

Որեւէ ամուսնական դաշինք կամ պայմանագիր, որ զուրկ է աստուածային օրհնութենէ (այստեղ դարձեալ կը շեշտենք՝ առանց կրօնական պատկանելիութեան խտրութեան) պոռնկութիւն-շնութիւն է, այլ խօսքով՝ պղծութիւն է, եւ բոլոր անոնք որոնք այդ ճամբով կ՚ընթանան, ուրիշ բան չեն եթէ ոչ պոռնիկներ ու պղծասէրներ, որոնք Աստուծոյ կամքին հակառակելով, իրենց մարմինին, այլ խօսքով՝ բնազդին է, որ յագեցում կու տան, եւ ո՛չ աւելին:

բ. Կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր չըլլալ. Առաքեալը կը թելադրէ Թեսաղոնիկեցիներուն, որպէսզի կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր չըլլան: Այս կէտը առաջին կէտին ամբողջացումը կարելի է համարել: «Ամուսնական» դաշինքները որ այսօր կը կնքուին, ուրիշ բան կարրելի չէ նկատել, եթէ ոչ կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր ըլլալ:

Այսօրուան երիտասարդութեան համար ցանկութիւնները վերածուած են «բնական» պահանջքներու, որով երբ ցանկութիւնը գլուխ բարձրացնէ, պատճառաբանելով մարդու իրաւունքը կամ ազատ ըլլալու հանգամանքը, տուեալ անձը անմիջապէս կը լծուի յագեցնելու այդ ցանկութիւնը, ինքզինք անբնական ու կրքոտ ցանկութիւններու գերի դարձնելով: Այսօրուան երիտասարդին-երիտասարդուհիին համար կուսութիւնը վերածուած է ՔԱՐԱՑԱԾ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ, որովհետեւ ան ինքն իրեն կը փորձէ համոզել, թէ մինչեւ պսակ անպայման պէտք է փորձ մը կատարեմ, հասկնամ ի՛նչը ինչպէս, թերեւս չի՛ հաւնեցայ, աւելի լաւ է նախապէս փորձեմ, քան թէ պսակուելէ ետք ափսոսամ, թէ ինչո՞ւ առանց փորձելու ինքզինքս այսպիսի «փորձանքի» մը մէջ նետեցի: Բնականաբար նման մտածողութիւն մը ո՛չ թէ ազատամտութեան հետեւանք է, այլ՝ տգիտութեան եւ իր ՄԱՐԴ տեսակի կոչումին անգիտութեան: Եթէ նման ձեւով պիտի մօտենանք այս հարցին, ապա ո՛չ մէկ բանով կը տարբերինք անասուններէն, որոնք իրենց բնազդը լռեցնելու համար անմիջապէս գործի կը դիմեն, բայց ի տարբերութիւն մարդուն, անոնք բնական կերպով իրենց բնազդին յագեցում կու տան, մինչ մարդը այս կէտին մէջ շատոնց շրջանցած է անասունները…:

Մարդ պէտք է ինքզինք հեռո՛ւ պահէ ո՛չ միայն կրքոտ ցանկութիւններէ, այլեւ ընդհանրապէս ամէն տեսակի ցանկութիւններէն մարդ պէտք է հեռու մնայ, որովհետեւ «սարդի նման, սնոտի ոստայն կը շինեն անոնք որոնք իրենց մարմինին ցանկութիւններուն կը ծառայեն» կ՚ըսէ Ներսէս Լամբրոնացին, իսկ նախորդ կէտի բացատրութեան մէջ նշեցինք, որ մարդ կոչուած է Աստուծոյ գործակից դառնալու, եւ ո՛չ թէ անասուններուն:

գ. Եղբօր կինը չյափշտակել. Տասնաբանեայ պատուիրաններուն վերջինը այսպէս կը պատուիրէ. «Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ որեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար» (Ելք 20.17): Այսօրուան մեր ապրած ընկերութեան մէջ ուրիշին ունեցածին տիրանալը, ուրիշին ունեցածը յափշտակելը՝ ըլլա՛յ ունեցուածք, ինչք կամ կին, վերածուած է մոլուցքի մը, առանց որու մարդուն կեանքը կարծէք բնականոն չի՛ կրնար ընթանալ: Օրինակի համար, այսօր եթէ որեւէ հաստատութենէ ներս կարելի է հանդիպիլ գործընկերներու, որոնք հակառակ այն իրողութեան ունին իրենց սեփական ընտանիքը, զաւակները, սակայն աշխատավայրէն ներս սիրեկան կամ սիրուհի կը պահեն, եւ այս բոլորը «բնական» սկսած է համարուիլ… Նոյն երեւոյթին երբեմն կարելի է հանդիպիլ արենակից եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ: Այս բոլորը արդիւնք են Աստուծմէ հեռանալուն, Աստուածաշունչ չկարդալուն, եկեղեցի չյաճախելուն, մենքի փոխարէն՝ ԵՍին ուշադրութիւն դարձնելու եւ ԵՍին կարեւորութիւն տալու:

Եղբօր կինը, դրացիին կինը, ուրիշին ունեցածը չյափշտակել կը թելադրէ մեզի Աստուածաշունչը իր Հին ու Նոր կտակարաններով: Պետրոս Շանշեանց խօսելով 10-րդ պատուիրանին մասին, այսպէս կը գրէ. «Ընկերոջ ունեցածին ցանկալը կարծածէն աւելի յանցանք է.

1) Բարեպաշտութեան եւ խոնարհութեան հակառակ է, որ պարտաւոր ենք Նախախնամութեան հանդէպ ունենալ. հակառակ է իրաւունքներուն եւ Աստուծոյ դէմ տրտունջքներ կը բարձրացնէ. հակառակ է երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան ոգին կը թուլցնէ եւ կ՚ոչնչացնէ, որ մեր ընդունած բարիքներուն համար պարտաւոր ենք Աստուծոյ հանդէպ ունենալ:

2) Մարդասիրութեան հակառակ է, որ սիրտի ուրախութեամբ կը պահանջէ նայիլ մեր ընկերոջ բախտաւորութեան վրայ, անոր երջանկութեան մասնակցիլ, անոր ուրախութեամբ ուրախանալ:

3) Արդարութեան հակառակ է, որ կ՚արգիլէ ցանկալ ամէն բանի, ինչ որ կարող չենք օրինաւոր ճանապարհով ստանալ. կ՚արգիլէ իւրաքանչիւր մտածմունք, որով կը ձգտինք մեր ընկերոջ ունեցուածքը մեզի իւրացնելու:

4) Հասարակաց երջանկութեան հակառակ է, որոհետեւ մեծամեծ անկարգութիւններու պատճառ կը դառնայ եւ աղմուկ, կռիւ, շփոթութիւն եւ ամէն տեսակի անիրաւութիւն կը ծնի: «Ուրկէ՞ յառաջ կու գան ձեր հակամարտութիւններն ու կռիւները. արդեօք ձեր ցանկութիւններէն չէ՞, որոնք ձեր մարմինին մէջ կռիւ կը մղեն: Շատ մը բաներու կը ցանկաք, բայց չէք կրնար ունենալ, ուստի կը սպաննէք: Կը նախանձիք, բայց չէք կրնար ձեռք անցընել, եւ ահա կը կռուիք ու կը պայքարիք: Ձեր ուզածը չէք ունենար, որովհետեւ Աստուծմէ չէք խնդրեր» (Յկ 4.1-2): Ընկերոջ ունեցածին ցանկալու զարհուրելի օրինակը կը տեսնենք Դաւիթ մարգարէին արարքներուն մէջ, որ Ուրիա Քետացին սպաննել կու տայ, անոր կինը յափշտակելու համար, սակայն ետքը կը ստիպուի դառն արտասուքներով եւ հեծեծանքներով իր յանցանքը ապաշխարել:

Տասներորդ պատուիրանով արգիլուած նախանձի կիրքը մեզմէ հեռացնելու համար, պարտաւոր ենք.

ա) Արթուն ըլլալ, որ չար ցանկութիւններ չյղացուին մեր սիրտին մէջ, իսկ եթէ յղացուած են, ջանալ հեռացնել ու մեր սիրտը հաստատուն եւ բարի բաղձանքներով լեցնելով՝ մեր կամքը միացնել Աստուծոյ կամքին հետ:

բ) Ամէն բանէ հեռանալ, ինչ որ կրնայ մեր մէջ չար ցանկութիւն զարթնեցնել կամ զօրացնել:

գ) Աշխարհի բոլոր արտօնութիւններուն եւ վայելքներուն քրիստոնէական աչքով նայիլ ու ջանալ մեր հոգին դէպի լաւագոյնը, հոգեւոր եւ անմահ բարութիւնը բարձրացնել:

դ) Միշտ առ Աստուած աղօթել, որպէսզի մեզ զերծ պահէ իւրաքանչիւր չար եւ ապօրինի ցանկութիւններէ, Դաւիթ մարգարէին հետ կրկնելով. «Ըրէ՛ այնպէս՝ որ սիրտս պատուիրաններուդ փափաքի, քան անձնական հարստութիւն կուտակելու» (Սղ 119.36). «Մաքուր սի՛րտ մը հաստատէ մէջս, ո՜վ Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի՛ դիր իմ ներսիդիս» (Սղ 51.10):

Տասներորդ պատուիրանը մեզի կը պարտաւորեցնէ, ո՛չ միայն չցանկալ ու չնախանձիլ մեր ընկերոջ ունեցածին վրայ, այլ՝ ընդհակառակը, խնդակցիլ անոր հետ եւ անոր երջանկութիւնը փափաքիլ: Կը պարտաւորեցնէ գոհ ըլլալ Աստուծմէ՝ մեզի պարգեւուած տուրքով, առանց չար աչքով նայելու ուրիշներու ունեցածին, համոզուելով, որ Նախախնամութիւնը մեզմէ աւելի լաւ գիտէ, թէ ի՞նչն է մեզի պատշաճ ու վայելուչ: Ի վերջոյ, կը պարտաւորեցնէ մեր ցանկութիւնը ամփոփել աւելի գովելի, օգտակար եւ արդար բաներու մէջ ու մեր վիճակը ազնիւ ու օրինաւոր ճանապարհով բարւոքել»:

դ. Աստուած մեզ հրաւիրած է սրբութեամբ ապրելու, եւ ո՛չ թէ պղծութեամբ. Մենք որպէս Աստուածաստեղ արարածներ կոչուած ենք նմանելու մեր Արարիչին, որովհետեւ կը կրենք Անոր նմանութիւնն ու պատկերը (տե՛ս Ծն 1.26-28): Աւելին, մենք կոչուած ենք սրբութեամբ-մաքրութեամբ ապրելու, հեռու ամէն տեսակի պղծութենէ, որովհետեւ մեր կոչումն է սուրբ ըլլալ, կատարեալ ըլլալ ինչպէս որ է մեր Արարիչը (տե՛ս Մտ 5.48): Հետեւաբար, մարդը ո՛չ թէ անձնատուր ըլլալով տեսակ-տեսակի ցանկութիւններու ինքզինք պղծէ, այլ՝ Աստուածասիրութեամբ ու մարդասիրութեամբ ինքզինք մաքրէ ու սրբէ եւ առաքինութեամբ ու սրբութեամբ ապրի:

ե. Գործնական եղբայրասիրութիւն. Այսօրուան մարդը, ընդ որում եւ հաւատացեալ մարդը, իր բոլոր երեսակներով վերածուած է լեզուով ապրող ու գործող էակի մը, որ իր կատարած գործերէն աւելի կարեւորութիւն կու տայ իր լեզուին, ո՛չ միայն կարեւորութիւն կու տայ, այլ ամէն ջանք կը թափէ, որպէսզի իր լեզուն պերճացնէ… Հաւատքի կեանքը, Աստուածասիրութեան ու մարդասիրութեան կեանքը վերածուած է մեծ ցուցահանդէսի մը, ուր դերակատարները մոռցած են, եւ կամ գիտակցաբար կ՚անգիտանան, որ կեանքին մէջ կրնան իրենց նմանները խաբել, բայց Ամենատես Աստուածը չե՛ն կրնար խաբել, որ տեսնելէ բացի մարդոց գործած արարքները, գիտէ նաեւ անոնց ներսիդին, անոնց մտածումներն ու ներաշխարհը, հետեւաբար ի տես մարդոց կողմէ կատարուած որեւէ արարք, որ իրենց գործակից չունի գործնական հաւատքը՝ փուճ է եւ ի զուր կատարուած արարք: Սուրբ Յակոբոս առաքեալը կը գրէ. «Եղբայրնե՛րս, ի՞նչ օգուտ այն մարդուն՝ որ կ՚ըսէ թէ հաւատք ունի, երբ որ հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործեր չունի: Միթէ այդպիսի հաւատքը կրնա՞յ զայն փրկել: Ենթադրենք, որ կիսամերկ եւ օրուան հացին կարօտ եղբայր մը կամ քոյր մը ձեզի դիմեց: Եթէ ձեզմէ ոեւէ մէկը անոնց ըսէ՝ «գացէ՛ք, Աստուած ձեզի հետ ըլլայ, տաքցէք եւ կշտացէք», եւ անոր մարմինին համար պէտք եղած զգեստը կամ ուտելիքը չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի: Նոյնպէս ալ հաւատքը առանձինն՝ առանց գործերու՝ մեռած է:

Թերեւս մէկը առարկէ, ըսելով. «Մարդ կայ՝ որ հաւատք ունի, մարդ ալ կայ՝ որ գործերը ունի»: Այնպիսիին կը պատասխանեմ. «Եթէ կրնաս՝ ցո՛յց տուր հաւատքդ, առանց գործերու: Սակայն ես կրնամ գործերուս ընդմէջէն քեզի ցոյց տալ իմ հաւատքս»: Դուն կը հաւատաս թէ մէկ Աստուած կայ, չէ՞. շատ լաւ կ՚ընես: Բայց դեւերն ալ նոյն բանին կը հաւատան, եւ կը սարսափին: Հետեւաբար հասկցի՛ր, անմի՛տ մարդ, որ առանց գործերու՝ հաւատքը անօգուտ է» (Յկ 2.14-20):

զ. Պարկեշտ ու հանդարտ կեանք մը ապրիլ. Ի վերջոյ Սրբազան Առաքեալը կը թելադրէ Թեսաղոնիկեցիներուն եւ անոնց միջոցով բոլոր ժամանակներու մարդոց պարկեշտ ու հանդարտ կեանք մը ապրիլ: Մարդ որպէսզի պարկեշտ ու հանդարտ ապրի, առաջին հերթին պէտք է հեռու մնայ մեղքի կեանքէն եւ կառչի Աստուծոյ, ամուր բռնէ Անոր պատուիրանները եւ իր կեանքը ըստ այնմ դասաւորէ, որով հակառակ դուրսէն՝ աշխարհէն եկած նեղութիւններուն ու յարձակումներուն, ներքնապէս հանդարտ ու խաղաղ կ՚ըլլայ, եւ այդ հանդարտութեամբ ու խաղաղութեամբ կը վարակէ իր շրջապատը: Իսկ ներքին խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն ունեցող մարդը պարկեշտ կ՚ըլլայ, որովհետեւ խաղաղութիւնն ու հանդարտութիւնը կը սիրեն պարկեշտութիւնը, եւ զայն իրենց համար որպէս զարդ եւ միաժամանակ որպէս վահան կը զգենուն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

28 նոյեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2022