ԵՐԵՒԱՆԻ ԳՐՉՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆՁԵՐԷՆ

Վերջերս նոր ու գեղեցիկ աւանդութիւն մը ձեւաւորուած է Հայաստանի մէջ՝ տօնական օրերուն, թանգարաններէն կամ Մատենադարանէն կը հանուին տուեալ տօնին առընչուող մասունքներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ մօտէն ծանօթանալու օրուան խորհրդանիշ մասունքներուն հետ:

Օրեր առաջ, Սուրբ Սարգիսի տօնին առթիւ, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Հնագոյն ձեռագիրներու Մատենադարանէն դուրս հանուեցաւ եւ Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ դրուեցաւ 8785 թիւին տակ պահուող ձեռագիրը, որ Աւետարան մըն է:

Հայերէն ձեռագիրներու ստեղծման մէջ իր բաժինը ունի նաեւ քաղաքամայր Երեւանը, եւ ահաւասիկ, Մատենադարանէն դուրս տարուած եւ եկեղեցւոյ մէջ դրուած ձեռագիրը Երեւանի մէջ 1693 թուականին, Աւետիս Երէցի կողմէ ընդօրինակուած Աւետարանն է, որ Երեւան քաղաքի մէջ ստեղծուած այն բարձրարժէք գործերէն է, որ պահպանուած եւ հասած է մինչեւ մեր օրերը:

Աւետիս Երէց՝ 17-րդ դարու երկրորդ կիսուն, Երեւանի մէջ գրչութիւն կատարած ամենէն յայտնի եւ արգասաւոր գրիչներէն մին էր, ունեցած է գրչութեան արուեստի երկարատեւ՝ մօտ երեսուն տարուան գործունէութիւն, երբ ստեղծած է քանի մը ձեռագիրներ, որոնց մէջ ձգած է իր յիշատակարանները: Իր այս ձեռագիրը գրուած է թուղթի վրայ՝ գեղեցիկ եւ համաչափ բոլորգիրով: Ըստ ուսումնասիրողներուն, թե-րեւս Աւետիս Երէցն ալ, ձեռագիրի գրչութիւնը աւարտելէ ետք, նկարազարդած է զայն:

Աւետարանը, որուն հաղորդակից եղաւ հաւատացեալ ու բարեպաշտ ժողովուրդը, Նահապետ Ա. Եդեսիացի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրով ստեղծուած է: Անոր մասին ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մանրամասնութիւններ հաղորդեց Մատենադարանի գիտաշխատող Արսէն Յարութիւնեան, որ ըսաւ, թէ բաւական բեղուն եւ յայտնի գրիչ եղած է Աւետիս Երէց, որմէ մեզի հասած են մեծ թիւով ձեռագիրներ՝ շուրջ տասը ձեռագիր, որոնց մեծ մասը այսօր կը պահուի Մատենադարանէն ներս:

Աւետիս Երէց իր կարգ մը ձեռագիրներուն մէջ ինքզինք կը կոչէ Երեւանցի՝ Աւետիս Երեւանցի: Ձեռագրի գրչութեան ժամանակի Յիշատակարանին համաձայն, ան գրուած է «ընդ հովանեաւ Սուրբ Կաթողիկէ, Սուրբ Սարգիս Զօրավարի, Սուրբ Երկուերեսուն եւ Սուրբ Յակոբի եկեղեցիներու ներքոյ»: Կաթողիկէ եկեղեցին, ինչպէս նշեց Արսէն Յարութիւնեան, բոլորիս քաջ ծանօթ, ներկայիս Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցական համալիրն է, ուր պահպանուած է Կաթողիկէ անունով եկեղեցին: Սուրբ Սարգիս Զօրավարը այժմու Սուրբ Սարգիս եկեղեցին է, որ կառուցուած է 1690-ական թուականներուն, նոյնիքն Նահապետ Եդեսիացիի օրով, այսինքն եկեղեցւոյ կառուցման սկզբնական շրջանին ձեռագիրը այդ եկեղեցւոյ հովանիին տակ ալ գրուած է: Միւս յիշատակուող եկեղեցին՝ Երկուերեսունը, խնդրայարոյց է իր գտնուած տեղին համար, անոր ո՛ւր գտնուած ըլլալը մասնագէտները կը դժուարանան ճշդել ցայսօր, հակառակ անոր, որ ընդունուած տեսակէտ մը կայ, թէ Երկուերեսունը նոյնինքն Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին է, որ գտնուած է ներկայիս Մոսկուա շարժանկարային սրահին տեղը եւ քանդուած է 1930-ականներուն: Իսկ Սուրբ Յակոբն ալ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մերձակայքը գտնուող եկեղեցին եղած է: Հոն եղած է Ձորագիւղի անապատը, որուն եկեղեցիներէն մին, ինչպէս եղած է Սուրբ Սարգիսը, այնպէս ալ եղած է Սուրբ Յակոբը, նաեւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին գտնուած է հոն, որոնցմէ, ինչպէս ծանօթ է, այսօր պահպանուած է միայն Սուրբ Սարգիսը, յուրախութիւն հաւատաւոր ժողովուրդին:

Մատենադարանի գիտաշխատող Արսէն Յարութիւնեան մեկնաբանեց, որ Աւետարանը ճոխ նկարազարդում ունի, մանրանկարները բաւական լաւ են, վարպետ ձեռքերով կատարուած, սակայն ցաւ ի սիրտ, ծաղկողին անունը անյայտ է, ան համեստօրէն չէ նշած իր անունը: Արսէն Յարութիւնեան մէջբերեց արուեստաբան Աստղիկ Գէորգեանի ուսումնասիրութիւնը, որ կը նշէ, թէ ձեռագիրը շատ վարպետօրէն նկարազարդուած է եւ հաւանաբար եւրոպական մանրանկարչութեան ազդեցութեամբ կատարուած գործ մըն է:

«1690-ականներուն, երբ ստեղծուած է այս Աւետարանը, Հայաստանի համար շատ բարդ եւ շատ լուսաւորեալ ժամանակաշրջան մըն էր: Ինչպէս ծանօթ է՝ 1679 թուականին Երեւանը մեծ երկրաշարժ ապրեցաւ, Գառնին էր երկրաշարժին կեդրոնը, բայց աւերուեցաւ նաեւ Երեւանը, աւերը հասաւ մինչեւ Վաղարշապատ, Խոր Վիրապ, Այրիվանք… Այդ մասին ձեռագիրներու եւ պատմական սկզբնաղբիւրներու մէջ կան բազմաթիւ յիշատակարաններ, աւերուեցան շատ եկեղեցիներ, բայց, յուրախութիւն մեզի, ինչպէս եւ այդ մասին կը նշէ Գրիգոր Երեւանցին, կանգուն մնացին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Հռիփսիմէ եւ Սուրբ Գայիանէ վանքերը: Բազմաթիւ եկեղեցիներու կարգին աւերուած են նաեւ Երեւանի յուշարձանները, բացառութիւն են Երեւանի կաթողիկէ եկեղեցին՝ այն փոքր յուշարձանը, ինչ որ այսօր մենք կը տեսնենք: Ահաւասիկ, Նահապետ Եդեսիացի Կաթողիկոսը, որ գահակալած է 1691-1705 թուականներուն, մեծ զարկ տուած է եկեղեցաշինութեան, իրապէս, զայն կրնանք նկատել եկեղեցաշէն կաթողիկոս, որուն օրօք, փաստօրէն, ոչ միայն վերականգնուեցան եկեղեցիները, որոնք աւերուած էին երկրաշարժի ընթացքին, այլ նաեւ կառուցուեցան նորերը: Այդ եկեղեցիներէն մէկը Երեւանի Սուրբ Սարգիսն է, որ 1690-ականներուն կառուցուեցաւ եւ կանգուն է ցայսօր:

«Մեր եկեղեցիները նաեւ եղած են գրչութեան կեդրոններ, բազմաթիւ վանական համալիրներու եւ եկեղեցիներու մէջ գործած են նաեւ վանական դպրոցներ, ուր մեծ զարգացում ապրած է նաեւ գրչարուեստը: Հոգեւորականները մեծ թիւով գրիչներ կերտած են, որպէսզի անոնք գրչութեան գործը զարգացնեն: Այն ժամանակուան ձեռագիրները կարելի է նմանեցնել այսօրուան գիրքերուն: Այդ ձեռագիրները հիմնականօրէն ծիսական բնոյթ կը կրեն, որովհետեւ գործածուած են եկեղեցական արարողութիւններու ժամանակ: Աւետարանները, Մաշտոցները, Ժամագիրքը, տօնացոյցը ունէին նաեւ կիրառելի նշանակութիւն եւ յետագային է, որ սրբութեան նշանակութիւն ձեռք բերած են», ըսաւ Արսէն Յարութիւնեան:

Ան գեղեցիկ աւանդոյթ մը նկատեց այն, որ Մատենադարանի տնօրէնութիւնը, ընդառաջելով եկեղեցականներու եւ հաւատացեալներու փափաքին, երբեմն կ՚արտօնէ Մատենադարանէն դուրս հանել մեր ժողովուրդին ստեղծած գանձերէն եւ անոնց խորհուրդը նաեւ այս ձեւով փոխանցել:

Մասունքակիր աջը՝ նոյնպէս

Ոչ միայն Մատենադարանէն, այլ նաեւ եկեղեցիներէն, տօներուն առթիւ դուրս տարուող գանձերուն նոյնպէս կը սպասէ հաւատացեալ ժողովուրդը:

Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ դրուած էր նաեւ Սուրբ Սարգիս Զօրավարի մասունքակիր աջը, որուն առջեւ առտուէն մինչեւ ուշ երեկոյ խոնարհեցան տօնին օրը եկեղեցի այցելող հաւատացեալները եւ ստացան սուրբին բարեխօսութիւնը:

Սուրբ Սարգիսի մասունքներուն վրայ հիմնուած առաջին եկեղեցին Հայաստանի մէջ 5-րդ դարու վանական համալիրն է, որ կը գտնուի Արագածոտնի թեմի Ուշի գիւղին մէջ: Վանքը յայտնաբերուած է պեղումներու ընթացքին՝ հողին 5 մեթր խորութեան շերտին տակէն: Տասը տարիներէ աւելի է, որ ոչ միայն հայ ուխտաւորներ, այլեւ օտար զբօսաշրջիկներ կ՚այցելեն համալիրը, սակայն վանքը տեսնել հնարաւոր է միայն ամրան եւ միայն՝ ոչ անձրեւոտ օրերուն: Մնացած պարագաներուն ճանապարհը դժուարանցանելի է:

Ըստ «Յասմաւուրք»ի հին աւանդութեան՝ 5-րդ դարուն վախճանեալ Մեսրոպ Մաշտոցը Պարսկաստանի Դաղման (Համիա) քաղաքէն, ուր նահատակուած էր Սուրբ Սարգիսը, անոր մասունքները տեղափոխած է Արագածոտնի Ուշի գիւղը եւ ամփոփելով բարձունքի մը վրայ, այդ տեղը կառուցած է Սուրբ Սարգիսի անունը կրող առաջին մատուռ-վկայարանը: Զօրավարին մասունքները Ուշի փոխադրելով՝ Մաշտոց ձգտած է ոչ միայն քրիստոնէական նոր կեդրոն մը հիմնել, այլ կրթութեան նոր օճախ մը՝ հայագիր դպրոց մը հիմնել: Ուշին Հայաստանի հին բնակավայրերէն մին է, ան առաջին անգամ կը յիշատակուի Ուրարտական սեպագիրներուն մէջ: Պատմական Ուշին գտնուած է ներկայ գիւղի հարաւ-արեւմտեան մասը՝ փոքրիկ բարձունքի մը վրայ: 13-րդ դարուն, Զաքարեաններու տիրապետութեան ընթացքին, երբ զաւթիչներէն ազատագրուած է Արարատեան երկիրը, Արագածոտնի կուսակալ Վաչուտեան իշխանները տեղւոյն վրայ նոր եկեղեցիներ հիմնած են, հինը վերանորոգած են եւ զայն վերածած՝ խոշոր վանական համալիրի: Այդ նշանաւոր համալիրը իր մէջ կը ներառնէ Սուրբ Սարգիսի մատուռ-դամբարանը, գլխաւոր եկեղեցին, գաւիթը, պարիսպը, վանական, բնակելի, տնտեսական եւ արտադրական շինութիւնները: Ուշիի վանքը, մանաւանդ 13-րդ դարուն, հանդիսացած է մշակութային մեծ կեդրոն: Հոս գրուած եւ ընդօրինակուած են բազմաթիւ ձեռագիրներ, որոնք պարունակած են պատմական, աշխարհագրական, բնագիտական, փիլիսոփայական, աստուածաբանական երկեր: Ուշիի վանքը սերտ փոխյարաբերութիւններ ունեցած է շրջակայ վանական ընդարձակ համալիրներու՝ Յովհաննայ վանքի, Սաղմոսավանքի եւ Մուղնիի հետ: Փոխանակուած, ընդօրինակուած ու նուիրաբերուած են բազմաթիւ ձեռագիր գիրքեր, որոնց շնորհիւ ստեղծուած է հարուստ մատենադարան մը: Ուշիի վանքը կրկին ծաղկած է 17-րդ դարու երկրորդ կէսին՝ հանրայայտ Ոսկան Վարդապետ Երեւանցիի շնորհիւ: Ան վանքը առաջնորդած է 1654-1662 թուականներուն: 1662 թուին Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ Ոսկան Երեւանցին Ուշիէն մեկնած է Եւրոպա՝ Աստուածաշունչը հայերէնով հրատարակելու համար: Ան իր եղբօր՝ Աւետիսին միջոցաւ, որ ծանօթ վաճառական մը եղած եւ գործած է Ամսթերտամի մէջ, ստանձնած է տեղւոյն Սուրբ Էջմիածինի եւ Սուրբ Սարգիսի անուան (որ անուանուած է Ուշիի մեծահռչակ վանքին անունով) տպարանի տնօրինութիւնը (որ հիմնադրած էր Մատթէոս Ծառեցին) եւ 1668 թուականին աւարտած է Աստուածաշունչի տպագրութիւնը: Յատկանշական է, որ ստացուելիք եկամուտը պէտք էր, որ բաժ-նըւէր Էջմիածինին, Երուսաղէմին եւ Ուշիի վանքերուն: Ուշիի վանքը գոյատեւած է մինչեւ 18-րդ դարու կէսերը եւ աստիճանաբար լքուած ու ամայացած է, թալան-ւած են անոր գանձերը: 1735 թուին ան տակաւին կը գործէր, երբ այնտեղ այցելած է Աբրահամ Կրետացի Կաթողիկոսը: Կարեւոր է նաեւ այն փաստը, որ Յովհնանայ վանքի Զաքարիա դպիրը եկած է Ուշիի Սուրբ Սարգիս եւ այնտեղ շարունակած է գրել իր պատմագիրքերը:

1827 թուին վանքը ենթարկուած է ահեղ երկրաշարժի, երբ հիմնայատակ կործանած են համալիրին շինութիւնները: 1912 թուականին հնագէտ Խաչիկ Դադեան միջոցներու ձեռնարկած է վանքը վերանորոգելու համար, սակայն անոր ջանքերը ապարդիւն մնացած են:

Ըստ տեղւոյն վրայ յայտնաբերուած արձանագրութիւններուն, վանքը ունեցած է նաեւ այգիներ, ջրաղացքներ, ձիթհանքեր, այդ մասին Սիմոն Երեւանցին յիշատակած է իր Դիւանագիրքին մէջ: Վանքին շրջակայ շինութիւններէն յայտնաբերուած են բազմաթիւ հնագիտական նիւթեր՝ խեցեղէն, ապակեայ առարկաներ, երկաթեայ գործիքներ, դրամներ եւ այլ իրեր: Կաւէ անօթներու բեկորներուն վրայ կը կարդացուի «Սուրբ Սարգիս» անունը, որ կը կրկնուի վիմագիրներուն մէջ եւս:

Սուրբ Սարգիսը Հայաստանի խոնարհած եկեղեցիներէն է: Աւելի քան մէկուկէս դար առաջ խոնարհուած այս վանական համալիրը այսօր ալ կը գտնուի հնագէտներու, հոգեւորականներու ուշադրութեան կեդրոնին: Անոնք հաւատացած են, որ այս համալիրը իր պատմութեամբ եւ արժէքով կը տարբերի այլ եկեղեցիներէն եւ անոր շուրջ հիւսուած պատմութիւններն ալ առասպելական չեն:

Ան ուխտատեղի է նաեւ Սարգիս անունը կրողներուն համար, եւ հակառակ խոնարհուած ըլլալուն, ան կենդանի, ապրող վայր մըն է, ուր կ՚այցելեն շրջակայ գիւղերէն եւ աւելի հեռաւոր վայրերէն, ոչ միայն Սուրբ Սարգիսի տօնին, այլ պարզ օրերուն եւս: Այստեղ կու գան ամուսնացողներ, մայրանալ փափաքողներ, իրենց սիրտին մէջ իղձ ունեցողներ՝ խնդրելու Սուրբ Սարգիսի բարեխօսութիւնը:

Ծանօթ է, որ Սուրբ Սարգիս Զօրավարը երիտասարդներուն արագահաս բարեխօսն է, իր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՚ունենան: Եւ հայ հաւատացեալները ոչ միայն այս վանքին մէջ, այլ ամբողջ պատմական Հայաստանի տարածքին գտնուող Սուրբ Սարգիսի անունով սրբավայրեր, եկեղեցիներ, մատուռներ կ՚այցելեն:

Սուրբ Սարգիսը համաժողովրդականութիւն ունի հայերուս մէջ, բան մը, որ կը վկայեն անոր անունով կառուցուած մօտ 220 սրբավայրերը՝ վանքերը (Տերսիմի, Վասպուրականի հայոց ձորի, Արցախի, Այրարատի, Տուրուբերանի, Կիլիկիոյ մէջ եւ այլուր), եկեղեցիները, մատուռները (Լոռիի մէջ): Հայոց աշխարհի տարածքին ամէնուրեք հիմնադրուած են սրբավայրեր Սուրբ Սարգիսի անունով: Հայաստանի մէջ նոյնիսկ ուխտագնացութեան համար Սուրբ Սարգիս լեռը կը բարձրանան: Սուրբին անունով մեզի ծանօթ են նաեւ բերդեր (Տերսիմի, Նախիջեւանի եւ Շապինգարահիսարի մէջ), գիւղեր (Ծոփքի, Աղձնիքի, Տայքի, Բարձր Հայքի, Այրարատի, Արցախի մէջ եւ այլուր), լեռներ (Կիլիկիոյ, Ծոփքի, Վասպուրականի, Լոռիի մէջ), գետեր (Օլթի գետի աւազանին մէջ), աղբիւրներ (Գուգարքի մէջ), թաղամասեր (Ծոփքի մէջ), բլրակներ (Գուգարքի մէջ), ձմերանոցներ (կրկին՝ Գուգարքի մէջ), մենաստաններ (Բարձր Հայքի մէջ) եւ այլն: Պատահական չէ մեծ հաւատքը այս սուրբին հանդէպ, քանի որ Սուրբ Սարգիս նահատակուելէն առաջ աղօթած է.

«Ո՜վ Տէր, Քրիստոս Աստուած իմ, անոնք, որոնք կը յիշեն իմ անունս իրենց նեղութեան մէջ եւ կը կատարեն իմ նահատակութեանս յիշատակը ուխտով եւ Պատարագով, ինչ որ ուզեն Քեզմէ, լսէ անոնց եւ շնորհէ անոնց խնդրանքը»:

Ըստ աւանդութեան, այն ատեն երկինքէն ձայն մը կու գայ եւ կ՚ըսէ. «Պիտի տամ քու խնդրածդ եւ պիտի կատարեմ աղաչանքդ. իսկ դուն եկուր վայելէ քեզի համար պատրաստուած բարիքները»:

Ճիշդ է, որ Սուրբ Սագիսը հայ չէ, սակայն քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակուած այն վկան է, որուն անունը կը կապուի Հայոց աշխարհին հետ: Քրիստոնէական հաւատքի մեկնիչը, իր ապրած կեանքով սիրելի դարձաւ ողջ քրիստոնեայ Արեւելքին, այդ կարգին՝ Հայաստանի մէջ:

*

Նշուած սրբավայրերէն եւ տեղանուններէն ամենէն ուշագրաւը անշուշտ, Ուշիի Սուրբ Սարգիս համալիրն է, ուր կարելի է տեսնել սկզբնական եկեղեցւոյ քարերը, պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած խաչքարերու բեկորները, որոնք հնագէտներու կողմէ դարսուած, թուագրուած են եւ վերականգնման համար լիովին գործածելի են: Պեղումները իրականացուած են 1990-ական թուականներուն՝ Տ. Շահէ Արք. Աճէմեանի հոգածութեամբ եւ Հայաստանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի արշաւախումբին գլխաւորութեամբ: Պեղումներու ղեկավարը՝ Ֆրինա Պապայեանն ալ իր «Ուշիի Սուրբ Սարգիս վանքը» գիրքին մէջ նշած է, որ պեղումներու հետեւանքով հաւաստուած է Սուրբ Սարգիսի աճիւնին Ուշի բերուելու եւ 5-րդ դարուն այնտեղ մատուռ-վկայարան մը կառուցելուն փաստը:

Այդ եկեղեցւոյ խորանին տակն էր, որ յայտնաբերուած է Սուրբ Սարգիսի մասունքը, որուն ալ, Աւետարանին հետ, օրեր առաջ Երեւանի մէջ, հաղորդակից եղան հաւատացեալները:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԱՅԼ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐ

Երեւանի գրչական կեանքի առաջին վկայութիւնները կու գան Նորքէն: Այսօր քանդուած է Սուրբ Ստեփանոսի անունը կրող երբեմնի վեհաշուք եկեղեցի։ Անոր տեղը միայն խաչքար մը կանգուն մնացած է: Մինչդեռ, այս եկեղեցւոյ կից գործող գրչութեան կեդրոնին մէջ, 13-րդ դարուն Սարգիս Քահանան ձեռագիրներ ընդօրինակած է, որոնցմէ է 1297 թուականի Տօնապատճառը (Մատենադարան, ձեռագիր թիւ 522):

Երեւան մայրաքաղաքէն մեզի հասած միւս ձեռագիրները 15-րդ եւ աւելի ուշ դարերու ընդօրինակութիւններ են: Երեւանի եկեղեցիներու եւ վանքերու մէջ Սուրբ Անանիա առաքեալի անապատին մէջ, Կաթողիկէ, Երկուերես, Սուրբ Սարգիս, Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եւ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիներուն մէջ այդ ժամանակաշրջանին ընդօրինակուած, նկարազար-դըւած եւ կազմուած են բազմաթիւ մատեաններ: Ձեռագիրներ ստեղծուած են նաեւ այսօր մայրաքաղաքի կազմին մէջ մտնող Նորքի, Նորագիւղի, Նորագաւիթի, Քանաքեռի եկեղեցիներուն մէջ: Այս ձեռագիրներուն յիշատակարանները կարեւոր աղբիւրներ են Երեւան քաղաքի պատմագրութեան համար։ 15-18-րդ դարերուն Երեւանը հայ գրչութեան մեծ կեդրոն էր եւ բազմաթիւ յիշատակութիւններ կան նաեւ նշուած դարերու ընթացքին Երեւանի եկեղեցիներուն զանազան ձեռագիրներ նուիրելու եւ այդ վայրերուն մէջ ձեռագիրներ պահելու մասին։ Մեզի հասած են Երկուերես եկեղեցւոյ մէջ պահուած Վիշապկենց Աւետարանը, որ հռչակուած էր բժշկելու զօրութեամբ եւ կոչուած էր «Զօրաւոր»: Ան յետագային տեղափոխուած է Սուրբ Անանիա առաքեալի անապատը, իսկ այնտեղէն՝ Մատենադարան (Մատենադարան, ձեռագիր 4060):

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018