ԻԶԱՊԵԼԼԱ ՄԵԾ ՄԱՅՐՍ

Երկար տարիներ առաջ գողտրիկ Արցախ աշխարհի Քարին տակ գիւղին մէջ համեստ ու ազնիւ ընտանիք մը կ՚ապրէր։ Սա օրինակելի հայկական աւանդական ընտանիք մըն էր, ուր կը տիրէր ջերմ ու տաքուկ մթնոլորտ։

1930 թուականի մարտի 10-ին Աբրահամեան ընտանիքին կտուրին տակ մանուկ մը ծնաւ, որ յետագային պիտի մեծնար ու իւր փխրուն կանացի ուսերուն վրայ շալկէր ընտանիքի ծանր բեռը։ Մատղաշ տարիքին՝ ինքը դեռատի, սեփական ճակտի քրտինքով պիտի կրթէր, դաստիարակէր իւր եղբայրներն ու քոյրերը։ Տարիներ յետոյ պիտի դառնայ անկրկնելի մայր՝ օրինակելի մեծ մայր։

Միքայէլ ու Նուրվարդ Աբրահամեան ամոլին ամուսնական կապը ա՛լ աւելի ամրապնդուեցաւ Աստուծոյ կողմէ ընծայեալ մանկան բարեբաստիկ ծնունդով։ Ընտանիքը առջինեկը կոչեց Իզապելլա։

Փոքրիկն Իզապելլան անհոգ ու երանելի մանկութիւն ունեցած էր։ Միշտ սիրով, քիչ մըն ալ ափսոսանքով կը յիշէր մանկութեան քաղցր յուշեր թողած անվերադարձ օրերը։ Այդ երանելի օրերը անոր հաւատարիմ բարեկամը դարձան կեանքի մայրամուտին՝ խոր ծերութեան շրջանին, որ յաճախ մտովի կը հիւրընկալէին Իզապելլան ու քանի մը վայրկեանով զայն կը տեղափոխէին հեռու անցելաներ։ Անոր քաղցրահամ մանկութեան, պատանեկութեան, ինչպէս նաեւ հոգսառատ կեանքի հաւատարիմ ունկնդիրն էի ես։ Քաղցր յուշերը վերապրելու վայրը անփոփոխ էր՝ տատիկիս ու պապիկիս ննջասենեակը։ Ես յարմարաւէտ կը տեղաւորուէի մեծ մօրս անկողինին մէջ, ան ալ կը նստէր անկողնին ծայրը ու կը պատմէր անցած-գացած ջերմ ու բարի օրերուն մասին։ Անոր մանկութեան ամենէն վառ յուշերը կապուած էին իր մեծ հօր ու մեծ մօր հետ։ Այժմ, աղօտ կը յիշեմ մեծ մօրս պատմութիւնները։ Տատիկս կը պատմէր, թէ ինք մեծցած էր ծոցին մէջ իր մեծ մօր՝ Մարգարիտին, զոր կը կոչէր «այա»։ Մեծ մօրմէն անոր պոկուիլը գրեթէ անհնարին էր։ Բաց աստի, շատ կը սիրէր մեծ հօր հետ գիւղէ գիւղ պտըտիլ։ Մեծ հայրը՝ Արտեմ ապպան, կիրավաճառ էր։ Արտեմ ապպան ձիով գիւղէ գիւղ կը պտըտէր ու ձեռքին տակ եղած ապրանքը կը վաճառէր, երբեմն ալ՝ զանազան ուտելիքներով կը փոխանակէր։ Ան միշտ տատիկիս համար ա-ռատ շաքարներ, չիր ու չամիչ կը բերէր։

Երկրորդ վառ յուշը կապուած էր պատանեկութեան տարիներուն հետ։ Համաշխարհային Բ. աշխարհամարտի դաժան, մութ ու ցուրտ տարիներն էին։ Մառաններն ու ամբարները դատարկուած. ցամաք հաց գտնելն անգամ դիւրին չէր։ Ամէնուր աղքատութիւն ու սով կը տիրէր։ Շատ սիրելի Արտեմ ապպան ու Մարգարիտ այան այլեւս ոչ եւս էին։ Մեծ մայրս որպէս ընտանիքի առջինեկ, կամաւորապէս ձգեց ուսումը։ Թէպէտ ուսման մէջ գերազանց յառաջդիմութիւն կ՚արձանագրէր, սակայն եօթներորդ դասարանը աւարտելուն պէս աշխատանքի ձեռնարկեց։ Կատարած աշխատանքի փոխարէն՝ օրուան աւարտին կը վարձատրուէր ընդամէնը 400 կամ 500 կրամ կշռող սեւ հացով մը։ Ամէն անգամ աչքերը յառած անցեալին, մեծ մայրիկս կը պատմէր, թէ ինչպէս ուղղանկիւն-քառանկիւն ձեւ ունեցող սեւ հացը քանի մը թուղթի մէջ կը փաթթէր, որպէսզի անոր անուշաբոյր հոտը չառնէ։ Ինք անօթի, ամառ թէ ձմեռ, քայլելով 5-6 քիլօմեթր հատելով տան ճամբան, այդ կտոր մը սեւ հացը կը հասցնէր բազմանդամ ընտանիքի պարագաներուն։ Չէ՞ որ տունը անօթի փորով իրեն կը սպասէին թիւով վեց քոյր ու եղբայրները՝ Շահէնը, Էրնեստը, Վովան, Ռոզան, փոքրիկն Արեգն ու Վեներան։ Տուն հասնելուն պէս, հացը վեցի կը բաժնէր, մօրը հաւաստիացնելով, թէ ինք աշխատատեղիին մէջ բաներ մը կերած է։ Շատ յաճախ ստիպուած կ՚ըլլար քաղցը չափով մը յագեցնել փշրանքներով։ Կ՚ըսէր. «Ախր ես որչափ ալ անօթի ըլլայի, ինչպէս կրնայի այդ հացէն ուտել, երբ տունը ինձմէ փոքրերը անօթի փորով, աչքերնին ջուր կտրած ճամբաս կը սպասէին։ Անոնք կերած ատեն ես կը կշտանայի։ Ես բարեբախտաբար լաւ մանկութիւն ունեցայ։ Աչքս բանի մը կարօտ չմնաց։ Եղբայներուս ու քոյրերուս պարագան այլ էր։ Պատերազմը անոնցմէ շատ բան խլեց։ Այդ իսկ պատճառով, ես ուղղակի պարտաւոր էի հոգ տանիլ անոնց մասին։ Այդ դժուար տարիներուն ինչոր չափով կը փորձէի սատար կանգնել ընտանիքիս՝ հօրս ու մօրս։ Ըրածս մեծ բան մը չէր»։

Սա վերջին պարզ նախադասութիւնը միմիայն մեծ մօրս անկեղծ կարծիքն էր, թէ իր ըրածը մեծ բան մը չէ։ Անոր քոյրերն ու եղբայրները մեծցան ու գնահատեցին ժամանակին իրենց աւագ քրոջ կատարած զոհողութիւնը։ Անոնցմէ ամէն մէկը յետագային զանազան բնագաւառներու մէջ նշանակալի յաջողութիւններու հասաւ։ Կեանքի ընծայած փառքն ու պատիւը, շռայլութիւնները երբեւէ չխանգարեցին զանոնք պահպանելու իրենց մարդկային բարձր արժանիքներն ու յատկութիւնները։ Բաց աստի, իրենց քոյրը մեծարեցին ու սրբացուցին, արժանացնելով մեծ փառք ու պատուի, որու համար ես՝ որպէս Իզապելլայի թոռնուհին անսահման երախտապարտ եմ անոնց։ Երբեմն կը խորհիմ, ինչպէս կրցաւ անցեալ դարու սկզբներուն գիւղացի անուս կին մը եօթ զաւակ ունենալ, մէկը միւսէն խելացի, քաղաքավար ու ազնուաբարոյ։

Ինչեւէ… տարիները անցան… ժամանակները փոխուեցան…

Երբեմնի քաղցրահամ կեանքը հետզհետէ սկսաւ իր հակառակ երեսակը ցուցնել՝ շաղախուած գորշ ու մռայլ գոյներով։ Անոնցմէ շատերը սկսան կարգով, երբեմն կարգազանց ընդմիշտ լքել մեզ, պարգեւելով անդառնալի վիշտ ու ցաւ։ Անոնց կարգին է նաեւ մեծ մայրս, որ տարի մը առաջ՝ յունուարի 27-ին, 87 տարեկան հասակին լքեց մեզ։ Մինչ մահը՝ ան քանի մը տարի շարունակ կը տառապէր բազում հիւանդութիւններէ։ Լուռումունջ, առանց տրտնջալու կը տանէր իր բոլոր ցաւերը. երբ վեց տարի առաջ չարաբաստիկ օր մը սկսաւ ի յայտ գալ յիշողութեան կորուստի անդարմանելի նշանները։ Օրէ օր յիշողութիւնը կը վատթարանար։ Նախ երբեմնի ոսկի ձեռքեր ունեցող, անմահական ճաշեր պատրաստող մեծ մայրս սկսաւ մոռնալ ճաշերու բաղադրատոմսերը։ Այնուհետեւ աստիճանաբար սկսաւ զաւակները, թոռները, ծոռները մոռնալ։ Ամէն օր քանի մը անգամ կը ներկայանայինք անոր։ Կը պատմէինք, թէ մենք ո՛վ ենք, քանի մը վայրկեան կ՚ուրախանար, կը յիշէր, սակայն քիչ ետք նորէն կը մոռնար ու կը հարցնէր. «Դուն ո՞վ ես»։

Բոլոր սիրելիները մոռցաւ, ամէն ինչ սրբեց, բայց երբեք չմոռցաւ իր հայրենի գիւղը, իրենց գիւղի տունը ու եղբայրը՝ Շահէնը։ Տեւական կը պահանջէր. «Զիս մեր տուն տարէ՛ք։ Իմ տունը «Քարին տակ» է, հոս իմ տունը չէ։ Ես այստեղ հիւր եմ»։ Ինչպէս բոլորը մոռցաւ, ինքզինքն ալ մոռցաւ։

Այո՛, ճիշդ է, մեծ մայրս ինքզինքը մոռցաւ, սակայն ես՝ ոչ, քանզի հնարաւոր չէ զայն մոռնալը։

Ահաւասիկ այսպիսին էր մեծ մայրս՝ Իզապելլան… Միշտ հեզ ու խոնարհ, ազնուազարմ, բարեկիրթ ու բարեհամբոյր։

Ինքը մի բուռ… սակայն սիրտն ու հոգին ովկիանոս։ Ովկիանոս, ո՛չ թէ հասարակ, այլ խաղաղ։ Անոր հոգւոյն մէջ կը տիրէր ծով հանգստութիւն ու մշտնջենական խաղաղութիւն։ Հակառակ իր ազնուաբարոյ կեցուածքին, նիստուկացին, վարք ու բարքին, մարդոց հանդէպ դրսեւորած բարեացակամ վերաբերմունքին՝ մեծ մայրս բազմաչարչար ու անհանգիստ կեանք մը ապրեցաւ։ Կարծր սառի եւ կամ ժայռի մը կը նմանէր տատիկս։ Հազար ցաւ ու վիշտ տեսած, շատ յաճախ՝ գլխիկոր, կեանքի ապտակները համտեսած, բայց եւ այնպէս անկոտրուն ու անսասան։ Իր «ես»ը երբեւէ չկորսնցուցած։ Անոր կեանքի զանազան փուլերը լի էին հողմերով ու մրրիկներով։ Ոտքերուն վրայ ամուր կենալու համար անդադար պայքարի մէջ էր։ Ամէնուն հետ կը խնդար, ամէնուն ցաւով կ՚ապրէր։ Ամէնուն առջեւ իր դուռը կը բանար։ Հիւր ընդունած ատեն մեծ մօրս պարզ ճակատին կարծես ականաւոր բանաստեղծ Համօ Սահեանի բանաստեղծական հետեւեալ տողերը կը փայլատակէին.

Որ ժամին ձեր սիրտը ուզի
Իմ դուռը բաց է։
Մի նայէ՛ք, որ պատուհանիս
Լոյսը հանգած է։
Քուն ու արթուն մի՛ հարցրէք,
Ներս եկէ՛ք, տուն է։
Մինչեւ անգամ յոյսն էլ քնի,
Հոգսը արթուն է։

Մեծ մայրս հատած էր կատարելութեան գագաթնակէտը։ Ի շնորհիւ ցուցաբերած մարդկային բարձր արժանիքներու՝ ակնածանքի, մեծարանքի, բիւր յարգանքի արժանացած էր շուրջիններուն կողմէ։ Մինչեւ այսօր կը շուարիմ անոր մարդկային բարձր տեսակին վրայ։ Ճակատագրի բերումով իրեն բաժին հասած ոչ նախանձելի կեանքէն օր մը չգանգատեցաւ։ Հակառակ տարատեսակ հողմերու, օր մը չփոթորկեցաւ։ Ինքզինքը դիմացինէն վեր չդասեց։ Թէեւ մասնագիտութեամբ հոգեբան չէր, սակայն բնատուր հոգեբանի դեր ստանձնած էր։ Ամէն մարդ կը փութար իր գաղտնիքը, ուրախութիւնն ու տխրութիւնը անոր հետ կիսելու։ Դիմացինը ժամերով մտիկ կ՚ընէր, իմաստուն ու օգտակար խրատներ կու տար։ Մեծ մայրս իմաստուն կին էր, անփառունակ վախճանով։

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ՛ տատի։

Լոյսերու մէջ պառկիս։ 

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019