ԽՈՐՀԵԼՈՒ ԱՌԻԹ ՄԸ

Գաւաթ մը թէյի կամ սուրճի շուրջ ինչե՜ր ըսես, որ չեն խօսուիր, չեն արարուիր։ Ի՜նչ հանճարեղ մտքեր կը փայլատակեն. ինչպէս որ ժամանակին մեծանուն, աշխարհահռչակ գրողներն ու արուեստագէտները իրենց լաւագոյն ստեղծագործութիւնները կերտեցին օդի մէջ ի չիք դարձող ծխախոտի ծուխի գալարաձեւ օղակներու ներքեւ։

Իսկ ես՝ ո՛չ կը սիրեմ ծխել, ոչ ալ ըմպել սուրճ։ Թէեւ ներդաշնակ ու տրամադրող միջավայրի մը մէջ թէյելէ չեմ հրաժարիր…

Օրերս արտասահմանէն մեզի այցելեցին բարեկամուհիս ու իր խօսեցեալը։

Իմ բարեկամուհին գրեթէ տարի մը Հայաստան չէր այցելած ու խենթի պէս կարօտցած էր իր հայրենիքը։ Կ՚ըսէր, թէ հողը, ջուրը, օդն անգամ կարօտցեր է։ Մինչ այդ ալ ճաշասեղանի շուրջ նստած կը լիանար մեր հայկական լաւաշի, «մատնաքաշ» հացի բոյրով։

Մինչեւ ճաշակելը տնական հաւկիթը, զոր ամէն շաբաթ մայրիկս կը ղրկէ մեզի Արցախէն, պանիրը, մեղրն ու կարագը, մեր պարտէզներուն մէջ աճող կանաչեղէնը, ան վայելքներու մէջ ինքնըստինքեան կը գոցէր աչքերը, կարօտագին մինչեւ թոքերը ներդաշնակօրէն կ՚իջեցնէր անարատ ուտելիքներուն բոյրը ու անշտապ կ՚արտաշնչէր։ Աչքերը կը բանար դանդաղ ու գոհունակութեամբ կ՚արտասանէր. «Մերն ուրիշ է։ Աշխարհի մէջ ոչ մէկ տեղ կրնաս գտնել սա համն ու հոտը»։

Մեր փորիկները կշտացնելէ վերջ, Պոլիսէն որդեգրած գեղեցիկ սովորոյթի համաձայն՝ միասնաբար ժողվեցինք սեղանը։ Այնուհետեւ յարմարաւէտ տեղաւորուեցանք մեր տան ամենաջերմ ու տաքուկ անկիւնին գտնուող բազմոցներուն վրայ։

Գաւաթ մը թէյի շուրջ մեր միտքը սկսաւ թեւածելու. կը զրուցէինք զանազան նիւթերու ու երեւոյթներու մասին։

Երբ քննարկեցինք աշխարհի վրայ տեղի ունեցող ցաւալի եւ ուրախալի զարգացումները, ինքնաբերաբար խօսակցութիւն ծաւալուեցաւ հայաստանցի աղջիկներու ու մանչերու շուրջ։

-Վերջերս մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեմ հայ աղջիկներու արտաքին տեսքին ու գեղեցկութեան։ Իրարմէ գեղեցիկ, հմայիչ ու կոկիկ են։ Վստահաբար կրնամ ըսել, թէ հայ երիտասարդուհիներուն ութսուն տոկոսը օժտուած է բնատուր գեղեցկութեամբ։ Փողոցը քալած ատեն կը զմայլիմ, ինչպէս նաեւ կը պարծենամ անոնց գեղեցկութեամբ։ Անցեալները Արցախն էի, համանման հիացում մըն ալ ապրեցայ ծննդավայրիս մէջ։ Մեր ազգը հետզհետէ կը ծաղկի։

Սակայն նոյն կարծիքը չեմ կրնար կիսել մեր հայաստանցի երիտասարդ տղամարդոց վերաբերեալ։ Վերջիններս բնաւ աչքի չեն իյնար իրենց արտաքին տուեալներով։ Թաւ յօնքերով, թուխ մաշկով, միջահասակ հայ տղամարդիկ՝ յամառօրէն կը հրաժարին համընթաց քայլել ժամանակին հետ։ Բաց աստի, կը հագուին գրեթէ միանման. միշտ գոց ու մռայլ գոյներով։ Նոյնիսկ անոնց սանրուածքները իրարու կը նմանին։ Սակայն անոնց բոլորին դէմքին կայ առկայծող խաղաղութիւն մը։ Ակամայ սարսափելի թուացող խոժոռ յօնքերուն տակ պահուած են համարձակ ու խիզախ, բարի աչքերը։ Չնչին տոկոսն է, որ վայելուչ ու յաղթանդամ տեսք ունի ու կը գրաւէ դիմացինին ուշադրութիւնը՝ պատճառելով գեղագիտական հաճոյք մը,- իմ մտածումները յայտնեցի։

-Ճիշդ ես Արեւիկ։ Բաց աստի, ուշադրութիւն ըրէ, որ Հայաստանի մէջ, հայ ընտանիքներէ ներս առանձնակի ուշադրութիւն կը դարձնեն մանչ զաւակներուն։ Մանչ զաւակը ընտանիքի փառքն է ու պատիւը։ Ծնողները իրենց բոլոր ուժերը կը կեդրոնացնեն արական սեռի երեխայի ուղղութեամբ, ձեւով մը ստուերի տակ թողնելով դուստրերը։

Ծնունդէն ի վեր մանչերը լաւագոյնս կ՚օգտուին բոլոր արտօնութիւններէն ու առաւելութիւններէն։ Թէպէտ օրէնքով՝ անկախ սեռէ, ժառանգութիւնը հաւասարաչափ կը բաժնուի երեխաներուն միջեւ, սակայն ընտանիքները մանչ զաւակի մը ծնունդէն սկսեալ անոր ականջները կը լցնեն հետեւեալ միտքով. «Որդիս, մեր տունը, մեր բոլոր ունեցած-չունեցածի տէրը դուն ես։ Երբ մեծնաս դուն պիտի պահես մեզ ու վայելես այն ամէնը, ինչ որ մենք կուտակեցինք մեր կեանքի հոլովոյթին»։

Իսկ աղջիկ երեխաներուն, պզտիկութենէն սկսեալ կը հաւաստիացնէն, թէ ինք կը պատկանի ուրիշին։ Ուրիշի մը տանտիրուհին պիտի դառնայ, իսկ հայրական տունէն միայն օժիտ պիտի տանի։ Ինչպէս նաեւ դուստրերուն կը սորվեցնեն ըլլալ զուսպ եւ ուշիմ, մեծերը յարգող, հնազանդ՝ ընտանիքին, եղբօրը, շուրջիներուն, այնուհետեւ ալ՝ ամուսնոյն, կէսուրին ու կէսրայրին։ Մինչդեռ որդիներուն կը յիշեցնեն. «Դուն մեր պատիւն ես, մեր գերդաստանի ժառանգորդը։ Դուն միայն հրամայէ քու սրտի փափաքը եւ մենք անմիջապէս ի կատար կածենք զայն։ Մանչը պէտք չէ ըլլայ ամաչկոտ, նեղացկոտ, լալկան…։ Պէտք է ըլլաս քրոջդ պահապան հրեշտակը, ինչպէս նաեւ աչքդ անոր վրայ պահես. թոյլ չտաս, որ ան գործէ սխալներ կամ մէկը համարձակի անոր սրդողիլ…»։

Արդիւնքը շշմեցուցիչ է։ Որդիները կը մեծնան սահմանափակ ուղեղով։ Աշխարհը կ՚ընկալեն իրենց չափաւոր ուղեղի ծալքերուն մէջ։ Որպէս իրենց կեանքի անբաժան ուղեկից կ՚ընտրեն ծխախոտը՝ թունաւորելով իրենց մարմինը եւ ուրիշ վատ սովորութիւններ։ Մէկ խօսքով, մեծաւմասամբ մանչերը կը դառնան անյաջողակ։

Իսկ ճնշուած ու սահմանափակ արտօնութիւններով հասակ առնող աղջիկ երեխաները կը հասուննան գեղեցիկ, ուշիմ, զարգացած ու յաջողակ։

Համեստութիւնն ու խոհեմութիւնը ականջի օղ ըրած այս գեղեցկուհիները միախառնուելով ժամանակին՝ կը նորոգեն ոչ միայն իրենց մտածելակերպը, այլեւ աշխարհընկալումը։ Յաճախ կը գրանցեն յաջողութիւնը յաջողութեան ետեւէն։ Արդիւնքին իրենք ի փոխարէն իրենց եղբայրներու՝ հոգ կը տանին իրենց ծնողքի մասին,- ըսաւ բարեկամուհիս։

-Հետաքրքրական է, երբեւէ չէի խորհած։ Ահաւասիկ մտածելու առիթ մը,- ոգեւորուեցայ ես։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2020