ՆՈՐ ԺԱՀՐ, ՆՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ…
25 յունուարին, Չինաստանի մէջ չինական Նոր տարին սկսաւ, սակայն տօնական ձեռնարկներուն մեծ մասը չեղեալ յայտարարուեցան երկրին մէջ առկայ արտակարգ իրավիճակին՝ քորոնա ժահրի տարածման վտանգին պատճառով: Միւս կողմէ, Նոր տարին չինացիներուն ամենասիրած տօներէն է եւ շատեր չդիմացան հանրային վայրեր ելլելու եւ տօնելու գայթակղութեան: Չինացիները կը հաւատան, որ ուրախութեամբ պէտք է դիմաւորեն տարուան սկիզբը, որպէսզի տարին լաւ ու յաջող ընթանայ: Հինէն եկած աւանդոյթներ կան. ժողովրդական շքերթներ, հրավառութիւններ, չար ոգիները փախցնելու եւ բարի ոգիները ողջունելու խնկավառութիւններ, որոնք սովորաբար անխախտ են: Չինական Նոր տարին կամ Գարնան տօնը Չինաստանի ամենաերկարատեւ տօնն է, որ տասնհինգ օր երկարող ձեռնարկներով կ՚աւարտի:
Չինացիները մէկ կողմէ կը «փաղաքշեն» տարուան խորհրդանիշ առնէտը (մուկը), միւս կողմէ մեծ պայքարի սկսած են քորոնա ժահրին դէմ: Երկրին մէջ շաբաթ օրուընէ սկսեալ տասնհինգ օր պիտի շարունակուի Լուսնային նոր տարուան դիմաւորումը, տասնհինգ օրերէն ամէն մէկը աւանդաբար ունի մէկ օրակարգ, որոնցմէ է նաեւ այցելութիւնները՝ հարազատներուն, բարեկամներուն: Ինչպէս յայտնի է, Չինաստանի մէջ այս օրերուն խիստ սահմանափակուած են մանաւանդ իրարու այցելութիւնները, բացառաբար խիստ անհրաժեշտ դէպքերուն: Երկրին ղեկավարները կոչերով հանդէս եկած են, իրավիճակը դժուար համարած եւ յորդորած են խիստ կերպով հետեւիլ բոլոր ցուցմունքերուն:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը բաւարար նկատած է Չինաստանի պայքարը քորոնա ժահրին դէմ, եւ մոլորակի վրայ արտակարգ դրութիւն չէ յայտարարած. հակառակ անոր որ, անցնող օրերուն, շատ խօսուեցաւ այս ժահրին պատճառով արտակարգ դրութիւն յայտարարելու անհրաժեշտութեան մասին:
Վերջին տուեալներով՝ չինական Ուհան քաղաքին մէջ, յայտնաբերման պահէն ի վեր, նոր քորոնա ժահրը տասնեակ մարդու մահուան պատճառ դարձած է եւ ախտահարումներն ու մահերը տակաւին կը շարունակուին: Ժահրը հասած է նաեւ Եւրոպա եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներ: Միջազգային օդակայաններէն կատարուած տեսագրութիւններուն մէջ կարելի է տեսնել դիմակներ դրած հազարաւոր ճամբորդներ ու աշխատակիցներ, որոնք միշտ չէ, որ յօժարակամ կ՚անցնին քաղաքներուն միջեւ կապ հանդիսացող օդակայաններէն, բայց երբեմն ստիպուած կ՚ըլլան: Իսկ օդակայանները նկատուած են ժահրի փոխանցման վայրերէն, նկատի ունենալով որ զանազան երկիրներէ միլիոնաւոր մարդիկ, օր ու գիշեր, կ՚անցնին այդ տարածութենէն եւ կը շնչեն օդակայաններու ապականած օդը: Կանխարգելման գլխաւոր ձեռնարկները օդակայաններուն մէջ են, ուր յատուկ սարքերու եւ ջերմաչափերու միջոցաւ կը յայտնաբերուին եւ կը մեկուսացուին կասկածելի տաքութիւն ունեցող մարդիկ: Վախ կը ներշնչէ մանաւանդ քորոնա ժահրին յարուցած թոքաբորբը, որով տառապողներուն թիւը աշխարհի մէջ վեց հազարի հասած է, նոյնքան՝ վարակուածներուն թիւը:
Հիւանդութեան դէպքերուն մեծ մասն ու մահերուն հիմնական թիւը, անշուշտ, Չինաստանի մէջ է, սակայն վախ կը ներշնչեն նաեւ դրացի երկիրները եւ մանաւանդ այն երկիրները, ուր Չինաստանէն ուղեւորներու հոսք կայ: Քիչ չէ նաեւ օտարներու թիւը Չինաստանի մէջ, ուստի վարակի տարածման ծայրը բռնելը առայժմ անկարելի է: Միւս կողմէն, կան տեսակէտներ, թէ չի բացառուիր, որ քորոնա ժահրը քաղաքական շահերու կը ծառայեցուի եւ Չինաստանի պէս տնտեսութիւն ունեցող երկրի մը վնաս հասցնելու նպատակներ կան:
Ժահրի օճախ նկատուած Ուհանի մէջ, անշուշտ, քարանթինա՝ քառասնօրեայ մաքրանոց յայտարարուած է, իսկ մայրաքաղաք Փեքինի մէջ գոցուած են կարեւոր մշակութային կեդրոնները: Շաբաթ օրուընէ գոցուեցաւ նաեւ Քուքուն թանգարանը՝ արգիլուած քաղաք տարածքին մէջ: Այդ մէկը երկրի գլխաւոր այցելութեան վայրերէն է, որ շատ զբօսաշրջիկներ կը գրաւէ: Երկրին տասներկու քաղաքները յայտարարած են նաեւ երթեւեկութեան ժամանակաւոր դադարին մասին:
Սոսկում տածող այս ժահրը, սակայն նոր չէ. սուր անակնկալ շնչառական համախտանիշներ, որոնք կ՚ուղեկցին նեարդային եւ աղիք-ստամոքսային խանգարումներով, զանազան ժամանակներ ի յայտ եկած են եւ կը յարուցանեն ժահրին որոշ մէկ տեսակին վարակումով:
Սփիւռքահայ բժիշկ-յօդուածագիր Կարպիս Հարպոյեան յօրինած է քորոնայի հայերէն անունը՝ թագաժահր. նկատի ունենալով, որ ժահրին մանրէները ունին թագի կերպարանք եւ անոր corona անուանումը եղած է այդ իմաստով: Հիւանդութիւնն ալ ան կոչած է թագաժահրի հիւանդութիւն կամ թագաժահրախտ:
Քորոնա ժահրին առաջին յիշատակումները կը վերաբերին անցեալ դարուն, առաջին անգամ յայտնաբերած են 1965 թուականին սուր քթաբորբով հիւանդի մը մօտ: Այս տարուան տուեալներով՝ քորոնա ժահրերը 39 տեսակ ընդգրկող ժահրերու ընտանիք մըն է, որ կ՚ախտահարէ մարդը, կատուները, թռչունները, շուները, մեծ եղջերաւորները, խոզերը, նապաստակները, իսկ Չինաստանէն տարածուածին մասին ըսուեցաւ, որ ծովամթերքէն ու օձամթերքէն փոխանցուած է մարդոց եւ նոր տեսակը արդէն մարդէ մարդ կը փոխանցուի:
Հակառակ որ ժահրին մասին յիշատակումները հին են, բայց ժահրին ուսումնասիրութիւնները նոր սկսած են եւ քորոնան տակաւին հետազօտութեան փուլի մէջ է: Հոնկ Քոնկի համալսարանի գիտնական Քվոկ Եուն Էն նշած է, որ քորոնայի նոր տեսակը կրնայ ընթանալ նաեւ առանց ախտանիշներու եւ ուշ փուլերու մէջ միայն ի յայտ գան ախտանիշները: Չին գիտնականին կարծիքով՝ եթէ ախտանշաններու բացակայութեամբ հաստատուի վարակին հաւանականութիւնը, համաճարակին դէմ պայքարիլը աւելի բարդ կ՚ըլլայ եւ կախեալ կ՚ըլլայ այն բանէն, թէ արդեօք կարելի կ՚ըլլա՞յ արդիւնաւէտօրէն մեկուսացնել հիւանդներն ու անոնց հետ շփում ունեցող մարդիկը:
Այս ժահրին արագ տարածումին լուրերը մտահոգութեան մղած են բազմաթիւ երկիրներ: Հայաստանը նոյնպէս մտահոգուածներու կարգին է: Վերջին շրջանին բազմաթիւ հայաստանցիներու համար Չինաստանը դարձած է երկիր մը, ուր աշխատելու կ՚երթան: Այս տարուան սկիզբէն ի վեր վերացաւ Հայաստանէն Չինաստան անցագիրը եւ ելումուտը շատ աւելի դիւրացաւ: Մեծ է մանաւանդ Հայաստանէն Չինաստան գացող անգլերէն լեզուի մասնագէտներուն, ուսուցիչներուն պահանջարկը: Սովորաբար անոնք երիտասարդներ են, որոնք լաւ կամ շատ լաւ կը տիրապետեն անգլերէնին եւ պահանջուած են չինական զանազան կրթական կեդրոններէն ներս:
Չինաստանի մէջ բազմաթիւ են պետական, մասնաւոր դպրոցները, մանկական խնամքի կեդրոնները, քոլէճները, աշխատանոցները, դպրոցական ծրագիրներէն դուրս կրթական վայրերը, ուստի այդ կեդրոններուն մէջ աշխատող մասնագէտներու պահանջք միշտ ալ կայ: Պահանջարկ ունին նոյնիսկ տարրական անգլերէնի տիրապետողները, որոնք կը գործուղուին չինական հեռաւոր բնակավայրեր եւ ապրուստի որոշ դիւրութիւններ ստանալով կ՚աշխատին:
Քորոնա ժահրի յարուցած վախին պատճառով, այս օրերուն կը տեսնենք, որ Չինաստանէն հայաստանցիները արագ-արագ կը վերադառնան: Իսկ ով որ տակաւին հոն է, ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներ կը կատարէ, թէ «բանտարկուած» է տունին մէջ եւ նոյնիսկ ուտելիքը յատուկ զինուորներու միջոցով տուներ կ՚առաքուի: Տուներ կ՚առաքուին նաեւ պաշտպանութեան շնչադիմակները: Յայտարարուած է նաեւ, որ նոր բացայայտուած ժահրը Փեքինի դեղարաններուն մէջ դիմակներու տագնապ ստեղծած է: Այս ու այլեւայլ անյարմարութիւններէն խուսափելու համար շատերու հետ նաեւ հայաստանցիները կը լքեն երկիրը:
Չինաստանէն Հայաստան վերադարձողները անմիջապէս առողջապահական համակարգի մասնագէտներու հսկողութեան տակ կ՚առնուին եւ որոշ փորձաքննութիւններէ ետք միայն կը վերադառնան բնականոն կեանքի: Կանխելու համար դէպքերու ներածումը Հայաստան, Հայաստանի առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմինը կարգ մը քայլերու ձեռնարկած է։ Տեսչական մարմինի սահմանային բժշկա-առողջապահական հսկիչ կէտերը մշտական հսկողութիւն կը կատարեն Հայաստան ժամանողներուն՝ ոչ միայն Չինաստանէն, այլ նաեւ օդային եւ ցամաքային սահմանը հատող բոլոր անձերուն հան-դէպ անխտիր կ՚իրականացուին գործիքային ջերմաչափում եւ արտաքին զննում։
Այս կառոյցը նաեւ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան հետ ձեռնարկած է իրազեկման կարգ մը միջոցառումներ։ Սահմանային վայրերուն մէջ զետեղուած են տեղեկատուական պաստառներ, որոնց միջոցով կը տեղեկացուի նախ ժահրին մասին, ապա՝ ատով չվարակուելու քայլերուն եւ զայն Հայաստան փոխադրելը կանխելու մասին: Մասնաւորապէս միջազգային ուղեւորութիւններ ծրագրելու ընթացքին կը յորդորեն՝ նկատի առնել տուեալ երկրի համաճարակային իրավիճակը, հարբուխի նման երեւոյթներու առկայութեան պարագային դիմել բժիշկի, մանաւանդ չզբաղիլ ինքնաբուժմամբ եւ ժողովրդական բժշկութեան գործադրմամբ:
Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութենէն քորոնա ժահրին մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն կանխելու նպատակով Հայաստանի սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմնի ղեկավարին հրամանով՝ 26 յունուար 2020 թուականէն ի վեր արգիլուած է Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութենէն, ինչպէս նաեւ չինական ծագում ունեցող հումքով ուրիշ երկիրներու մէջ արտադրուած կենդանական մթերքի եւ հումքի ներմուծումը Հայաստանի տարածք:
Չինական մեկուսացած Ուհան քաղաքին մէջ կայ երեք հայ, որոնց հետ անմիջական կապի մէջ է Չինաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը ոչ միայն այս տարի, այլ ընդհանրապէս կը յորդորէ պատուաստուիլ կրիփի դէմ՝ այդ հիւանդութենէն եւ շնչառական հիւանդութիւններէ զերծ մնալու կամ վարակուելու պարագային թեթեւ տանելու համար:
Մանաւանդ կարեւոր կը նկատէ յղի կիներու պատուաստումը՝ անկախ թէ յղութեան ո՞ր ամսուան մէջ են անոնք:
Ցուցմունքներ եւ յորդորներ կան նաեւ կրիփի դէմ պատուաստել վեց ամսականէն մինչեւ հինգ տարեկան երեխաները, տարեցները, մնայուն եւ յամրընթաց հիւանդութիւններ ունեցող մարդիկն ու առողջապահութեան համակարգի աշխատակիցները: Վերջիններս մանաւանդ միշտ հիւանդներու հետ հաղորդակցութեան մէջ են եւ կրնան վարակուիլ ախտանիշ չունեցող, բայց ժահրը կրող հիւանդներէ: Ինչ կը վերաբերի պատուաստումէն յետոյ յառաջացած անյարմարութեան զգացումին ու մարմնի ջերմաստիճանի բարձրանալուն, ապա մասնագէտները այդ մէկը բնական կը նկատեն եւ կը յիշեցնեն, որ մէկ-երկու օրէն կ՚անցնի: Հարբուխի, կրիփի, շնչառական վարակներու, քիթէն հոսելու եւ այլ եղանակային տենդերու պարագային ամենակարեւոր կանխարգելիչ քայլերէն են.
- Լուալ ձեռքերը յաճախակիօրէն: Ձեռքերը լուալը ոչ միայն այս ժահրէն, բազմաթիւ այլ հիւանդութիւններէ եւ վարակներէ ալ կը պաշտպանէ մարդը: Շատ կարեւոր է ձեռքերը լուալու պարագային հոսող մաքուր ջուրը եւ օճառը:
- Ձեռքերը անհրաժեշտ է լուալ մէկ վայրկեանէն ոչ պակաս ժամանակամիջոցին եւ այդ մէկը կրկնել պարբերաբար:
- Լուալ վարակուած անհատին հագուստները, սաւանը, անձեռոցը, կերակուրի սպասները, խնամքի իրերը՝ օճառով, հականեխիչներով եւ տաք ջուրով։
- Պարբերաբար օդափոխել սենեակը, աշխատասենեակը. գոց տարածքներու մէջ ըլլալու պարագային յաճախ դուրս ելլել եւ մաքուր օդ շնչել՝ տաք հագած եւ եղանակին յարմար:
- Առողջապահական եւ մարմնի դիմադրողականութիւնը լաւացնող սնունդ ընդունիլ. շատ հեղուկ խմել, պայմանով, որ անոնց մէջ բացակային մշակուած շաքարն ու գունանիւթերը: Ոգելից ըմպելիք երբեք չգործածել. այն թիւր կարծիքը, թէ այս ըմպելիները կը սպաննեն յարուցիչը, սխալ է. հակառակը՝ ալքոհոլն ու սուրճը մարմինէն կը հեռացնեն հեղուկը:
- Չընդունիլ հակամանրէական դեղամիջոցներ, քանի որ, ըստ բժիշկներուն, անոնք կրնան բարդութիւններ յառաջացնել:
- Շատ տկար զգալու պարագային անկողինին մէջ մնալ. աղմուկէն եւ ծանրաբեռնուած առօրեայէն խուսափիլ, ստիպողաբար չուտել:
- Հազալու եւ փռնգտալու միջոցին փակել քիթը եւ բերանը. վարակուած եղած ժամանակ խուսափիլ հանրային վայրերու մէջ գտնուելէ, իսկ եթէ այդ մէկը անհրաժեշտ է, լաւապէս պաշտպանուիլ, չհազալ, մարդոց չմօտենալ:
- Վարակուած անձէն հեռու մնալ եւ չգործածել անոր կերակուրի սպասները, իրեղէնները, հագուստը եւ անձեռոցը:
- Ձեռքերով չդպնալ աչքերուն, քիթին, բերնին. քանի որ աչքերը, քիթն ու բերանը վարակի յարուցիչները մարմին թափանցելու ամենա«յուսալի» ճանապարհն են։
- Գործածել թուղթէ թաշկինակ եւ անմիջապէս նետել. երբեք չգործածել կտորէ թաշկինակ կամ լաթ, որոնց վրայ յարուցիչը կրնայ կուտակուիլ:
- Հիւանդին ապաքինումէն 10-15 օր ետք միայն սկսիլ յարաբերութիւն ունենալ անոր հետ:
- Համաճարակ ունեցող երկիր չայցելել։
- Համաճարակ ունեցող երկիրէն շատ զգուշութեամբ դուրս ելլել։
- Եւ ամենակարեւորը՝ չվախնալ եւ գործել քաջօրէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024