ՆԵՒՐՈՒԶԵԱՆ ՕՐԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Այս օրերուն ոչ միայն Երեւանի փողոցներուն, այլեւ Մեղրիէն Երեւան տանող ճանապարհներուն վրայ յայտնուած են երկլեզու ցուցապաստառներ, որոնք նախ հայերէնով, ապա պարսկերէնով կ՚ողջունեն Հայաստան ժամանած եւ յառաջիկայ օրերուն մեր երկիրը գալու պատրաստուող հազարաւոր իրանցիները: Երեւանի կեդրոնը տեղադրուած պաստառներէն մին կը շնորհաւորէ Նեւրուզը՝ իսլամական Նոր տարուան ու բնութեան զարթօնքի տօնը, որ իրանցիները, քիւրտերը եւ այլ ժողովուրդներ մեծ շուքով կը նշեն, սպասելով այդ տօնին ամբողջ տարի մը: Մեր դրացիները կը նշեն 1396 թուականը, որ Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդը հռչակած է «Դիմադրողական տնտեսութեան, արտադրութեան եւ զբաղուածութեան տարի»:
Իրանական կարգ մը օդափոխադրային ընկերութիւններ արդէն սկսած են եւ մինչեւ 4 Ապրիլ վաթսունեօթ կանոնաւոր եւ անկանոն չուերթներ կ՚իրականացնեն Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն դէպի Հայաստան: Այս ընթացքին, ինչպէս հաղորդած են պատկան մարմինները, Իրանէն Հայաստան շաբաթական միջին հաշուով նախատեսուած է իրականացնել քսաներկու չուերթ: Բացի այդ, բազմաթիւ իրանցիներ Հայաստան կը ժամանեն նաեւ ցամաքային ճամբով՝ հատելով հայ-իրանական սահմանը՝ Սիւնիքի մարզի Մեղրիի կողմէն եւ սեփական ինքնաշարժներով կամ վարձու հանրաշարժներով մուտք կը գործեն Հայաստան:
Հայաստանի մէջ անցեալ եւ գալիք շաբաթները իւրայատուկ զբօսաշրջային ու աշխոյժ շաբաթներ են. Երեւանի փողոցներուն, առեւտուրի վայրերուն, զուարճանքի կեդրոններուն մէջ նկատելի են իրանցիներու մեծ թիւով խումբեր, որոնք Հայաստան կու գան տօնելու Նեւրուզը՝ իրանական օրացոյցով Ամանորը եւ անոր յաջորդող աւանդական տօնակատարութիւնները: Տարուէ տարի Հայաստանի մէջ կ՚աւելնայ իրանցի զբօսաշրջիկներուն թիւը: 2016 թուականին Հայաստանի մէջ սկսած էր զբօսաշրջութեան աճ արձանագրուիլ, զբօսաշրջիկներուն 31 տոկոսը իրանցիք էին: Անոնց շնորհիւ է, որ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջային շրջանը կը սկսի ոչ թէ ամրան, այլ Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն: Եթէ 2015 թուականին Հայաստան այցելած է 144.160 իրանցի զբօսաշրջիկ, ապա արդէն 2016 թուականին այցելած է՝ 188.851:
Զբօսաշրջային այցերու աճին նպաստած է նաեւ այն, որ 2016 թուականի Յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր, որուն համաձայն երկու երկիրներու քաղաքացիները փոխադարձաբար կրնան այցելել առանց մուտքի թոյլտուութեան անցագրի եւ յուշագիրը ընթացիկ տարուընէ կիրարկութեան մէջ է:
Հայաստանի պատկան մարմինները ամէն ինչ կ՚ընեն, մանաւանդ տարուան այս շրջանը՝ Մարտի վերջաւորութենէն մինչեւ Ապրիլի սկիզբը դրացի ժողովուրդի զբօսաշրջիկները հիւրընկալ ու պատշաճ կերպով դիմաւորելու համար, քանի որ անոնք իրենց ամենէն սիրելի տօնական օրերը անցընելու համար ընտրած են Հայաստանը, նախ իբրեւ դրացի ու մօտիկ երկիր։ Երկիր մը, ուր հիւրընկալ ու սրտաբաց են եւ հայաստանեան գիներն ալ թերեւս յարմար են անոնց գրպանին: Միւս կողմէ ալ անոնց մէկ մասը Հայաստանէն կրնայ դիւրին կերպով քանի մը օր նաեւ Վրաստանի մէջ անցընել:
Հիւրընկալութեան առաջին քայլը կատարած է Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման պաշտօնական Armeniatravel կայքէջը, որ տեղեկատուութիւն տրամադրած է Նեւրուզը Հայաստանի մէջ անցընելու առթիւ տեղի ունենալիք տօնակատարութիւններուն մասին: Որպէսզի չըլլայ, որ իրանցիները Հայաստանի մէջ միայն առեւտուրի եւ զուարճանքի վայրերը այցելեն, Հայաստանը, իբրեւ հնագոյն մշակութային երկիր, եւ անոր բնակչութիւնը իբրեւ մշակոյթ քարոզող ժողովուրդ, մշակութային բազմագոյն միջոցառումներ նախատեսուած են Նեւրուզի տօնին առթիւ:
Հնագոյն ձեռագրերու Մատենադարանին մէջ բացուած է եւ կը գործէ պարսկահայ հայր եւ որդի նշանաւոր արուեստագէտներ՝ լուսանկարիչ Անթուան խան Սեւրուկինի (1851-1933) եւ իր որդիին՝ գեղանկարիչ Անտրէ (Տերուիշ) Սեւրուկեանի (1896-1997) աշխատանքներու ցուցադրութիւնը: Անոնց բացառիկ աշխատանքները՝ հարիւրէ աւելի արժէքաւոր գործեր Մատենադարանի նուիրատուութեան կարգով բոլորովին վերջերս յանձնած է արուեստագէտներու ժառանգորդը՝ Էմմանուէլ Սեւրուկեան: Նեւրուզի առթիւ Մատենադարանը հիւրերուն կ՚առաջարկէ նաեւ պարսկական եւ հին արեւելեան ձեռագրերու ցուցադրութիւն, որոնց միջոցաւ հիւրերը կրնան ծանօթանալ հնագոյն ժողովուրդներուն, այդ կարգին նաեւ՝ պարսկական ծագումով ժողովուրդներու այն ժառանգութեան, որ կը պահուի Մատենադարանէն ներս: Այդ ձեռագրերուն մեծամասնութիւնը կը դասուի վաղ միջնադարեան, ինչպէս նաեւ՝ 19-րդ դարու ժամանակաշրջանին: Ներկայացուած ցուցանմոյշներուն նիւթը բազմազան է՝ պարսկական բանաստեղծութիւններու ժողովածոներէն մինչեւ Իրանի պատմութիւն, ինչպէս նաեւ՝ հնագոյն քուրաններ, որոնք կը պահուին Մատենադարանէն ներս:
Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի հիմնարկին մէջ Նեւրուզի առթիւ բացուած է Մերձաւոր Արեւելքի արուեստը ներկայացնող ցուցահանդէս մը, ուր նոյնպէս այս օրերուն, իբրեւ մշակութային միջոցառում կրնան այցելել իրանցիները, ցուցահանդէսի ժամերուն մասին տեղեկանալով պարսկերէնով բաժնուած տեղեկագրերէն:
Այլ ցուցահանդէս մը, որ կը կրէ «Մշակոյթներու երկխօսութիւն» խորագիրը եւ կը գործէ Երեւանի Պատմութեան թանգարանէն ներս, կրկին թարմացուած է Նեւրուզի առթիւ:
«Երեւանի քաղաքային շրջայց» ծրագիրը ամէն օր Երեւանի Մաշտոցի պողոտայէն երկյարկանի հանրաշարժը զբօսաշըր-ջիկները կը պտըտեցնէ Երեւանով մէկ եւ այդ պտոյտի ընթացքին արդէն ձայնագրուած տեղեկութիւններ կը հաղորդուին իւրաքանչիւր կարեւոր եւ նշանակութիւն ունեցող կառոյցի, վայրի, փողոցի, արձանի մասին, որոնց քովէն կ՚անցնի հանրաշարժը: Մշակութային ձեռնարկներ նախատեսուած են նաեւ Հայաստանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան եւ դեսպանատան կից գործող մշակութային կեդրոններուն մէջ ու ամենէն կարեւորը՝ Կապոյտ մզկիթին մէջ, ուր իրենց աղօթքը կը մատուցեն իրանցիները եւ ներկայ կ՚ըլլան զանազան ձեռնարկներու: Կապոյտ մզկիթը ոչ միայն նեւրուզեան օրերուն, այլեւ ամբողջ տարին Հայաստան այցելող իրանցիներու եւ այլ ազգերու այցելութեան վայրերէն մին է: Այս օրերուն ալ Մաշտոցի պողոտային վրայ գտնուող մզկիթին մէջ եւ շուրջը անբնական եռուզեռ մը կայ, այստեղ օրուան զանազան ժամերուն կարելի է տեսնել իրանցիներու տասնեակ խումբեր:
Մշակութային պահը ապահովելէ առաջ պետական մակարդակով բացուած է հեռաձայնային 24 ժամ գործող թէժ գիծ, որու հեռաձայնային թիւերը զետեղուած են Մեղրիէն դէպի Երեւան ճանապարհին տեղադրուած եօթ ցուցապաստառներու վրայ։ Իրանցիները, Հայաստանի մէջ որեւէ խոչընդոտի, խնդրի կամ խտրական վերաբերմունքի հանդիպելու պարագային կրնան հեռաձայնել թէժ գիծ եւ յայտնել իրենց բողոքը կամ ալ պարզապէս տեղեկութիւններ ստանալ զիրենք հետաքրքրող հարցերուն մասին, սակայն սովորաբար թէժ գիծի գաղափարը Հայաստանի մէջ անելանելի թուող վիճակը շտկելու նպատակ ունի: Ի դէպ, այս թէժ գիծը կը գործէ պարսկերէն լեզուով:
Բացի այդ, նոյն պաստառներուն վրայ նշուած են տեղեկութիւններ ճանապարհին մօտ գտնուող տեսարժան վայրերուն մասին, ուր կրնան այցելել զբօսաշրջիկները: Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն ձեռք բերած է պայմանաւորուածութիւն Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Ոստիկանութեան հետ, որպէսզի ինքնաշարժներով Հայաստան ժամանող իրանցի զբօսաշրջիկներուն համար արտակարգ ձեւով աշխատին ճանապարհային ոստիկանութիւնն ու շտապօգնութեան ծառայութիւնները: Միեւնոյն ատեն հսկողութեան տակ են Մեղրիէն Երեւան տանող ճանապարհները, որպէսզի երեկոյեան եւ գիշերային ժամերուն լուսաւորուած ըլլան եւ ուշ ժամերուն ցամաքային ճամբով երկիր մտնող իրանցիները կարողանան ինքնաշարժները լուսաւորութեան տակ վարել:
Պարսկերէնով պատրաստուած են տեղեկատուական նիւթեր, որոնք հիւրերուն կը բաժնուին սահմանային անցակէտերու վրայ:
Հայաստանեան կողմը ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի այս օրերուն իրանցի զբօսաշըր-ջիկները Հայաստանի մէջ լաւ զգան, վայելեն իրենց հանգիստը եւ մեր երկրի մասին լաւագոյն տպաւորութիւններով եւ կրկին այցելելու ցանկութեամբ վերադառնան:
Նկատի առնելով նախորդ տարիներու փորձը, այս արտակարգ քայլերուն ձեռնարկուած են. սովորաբար Հայաստանի մէջ նաեւ իրանցիներու հետ առընչուող տհաճ միջադէպեր արձանագրուած են թաքսիներու գիներէն սկսեալ մինչեւ խանութներու, հանրային վայրերու մէջ անոնց հանդէպ ոչ պատշաճ ուշադրութիւն եւ վերաբերմունք: Նման հարցեր ամէն երկրի մէջ ալ կ՚ըլլան եւ պատկան մարմինները նախ իրանցիներուն կը տեղեկացնեն, որ իրազեկ ըլլան երկրի մը մասին, ուր կ՚այցելեն, ծանօթանան նուազագոյն եւ առաւելագոյն գիներուն, վարուելակերպի կանոններուն, երկրի սովորոյթներուն, որպէսզի խնդիրները կարելի եղածին չափ նուազին:
Հակառակ անոր որ բողոքները շատ են, թէ Հայաստանի մէջ խտրական վերաբերմունք կայ իրանցի զբօսաշրջիկներուն հանդէպ, սակայն դատելով Երեւանի գլխաւոր փողոցներու մէջ իրանցիներու պահուածքէն, մանաւանդ՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կարելի է ըսել, որ անոնք իրենք զիրենք շատ լաւ, ազատ եւ հոգեհարազատ կը զգան Հայաստանի մէջ: Հանրապետութեան հրապարակի վրայ նեւրուզեան տօնական այս օրերուն կարելի է ականատես ըլլալ, թէ ինչպէս իրանցիներ կը պարեն իրենց ազգային տօնի առթիւ: Որեւէ նուագ, մեղեդի երբ լսեն, երբեմն ալ իրենք կը միացնեն նուագը, իսկոյն կը պարեն, շուրջպար կը բռնեն կամ ալ խումբ մը կը պարէ, միւս խումբը կը ծափահարէ: Երեւանի համար քիչ մը անսովոր այս տեսարանը իբրեւ հանդիսական կը դիտեն երեւանցիները, որոնք հեռաձայններով կը նկարահանեն իրանցիներու խրախճանքը օր ցերեկով կամ ալ փնթփնթալով կ՚անցնին աղմուկին քովէն:
Պարերը կը շարունակուին գիշերային ակումբներու մէջ, որոնք այս օրերուն լեցուն են իրանցի երիտասարդներով, նոյնպէս իրանցիներով լեցուն են առեւտուրի կեդրոնները՝ մոլերը: Անցնող օրերուն զարմացած ականատես եղանք, որ հայաստանցի վաճառողներ կը խօսին պարսկերէն. կը տիրապետեն գոնէ պարզ հաղորդակցութեան նախադասութիւններուն, թիւերուն, ընդունելու, ճամբելու արտայայտութիւններուն: Պարսկերէն սորվիլը այս օրերուս նորաձեւ է նաեւ թաքսիի վարորդներուն համար, որոնք կը ջանան քանի մը նախադասութիւն սորվիլ՝ այցելուներուն հետ կապի մէջ մտնելու համար: Հրապարակին վրայ կեցող վարորդները եւս երթուղիներու ցանկ մը ճշդած են եւ պարսկերէնով փակցուցած են իրենց ինքնաշարժներուն վրայ՝ հիւրերուն առաջարկելով տանիլ Հայաստանի տեսարժան վայրերն ու զբօսաշրջային կեդրոնները: Դրացի երկրի սովորոյթները սերտուած են նաեւ սրճարաններուն, ճաշարաններուն մէջ. այս վայրերէն ներս սկսած են տիրապետել, թէ ինչ ուտելիքներ կը նախընտրեն իրանցիները. ի՞նչը, ինչի՞ն հետ կը սիրեն եւ ի՞նչն է անոնց համար առաջնայինը ուտեստեղէնի սեղանին վրայ… Ճաշարաններ կան, որոնք ուղղակի նախօրօք ամրագրուած են՝ Նեւրուզի գիշերուան համար: Մշակոյթներու, կենցաղի հետաքրքրական փոխանակում մը տեղի կ՚ունենայ, որ մէկ կողմէ դրացի երկիր ըլլալու հանգամանքը կը պարտադրէ, իսկ միւս կողմէ իրանցիներուն իրապէս մեծաթիւ խումբերով Հայաստան գալը, ինչ որ արդէն ամրացած իրողութիւն է:
Պարսկերէն կը լսենք նաեւ Հանրային ձայնասփիւռէն, որ երկու երկիրներու մշակութային փոխյարաբերութիւններու զար-գացման ծիրէն ներս առաւօտները պարսկերէն հաղորդումներ կը հեռարձակէ, իսկ իրանահայ երգիչ՝ Անտին այս օրերուն Երեւանի մէջ համերգ մը ունեցած է:
Մինչ տեղացիները կը զարմանան իրանցիներու զբօսաշրջային տրամադրութիւններուն վրայ, անդին իրանագէտներ, ազգագրագէտներ կը տեղեկացնեն, որ շրջագայութիւնը, բնակավայրէն հեռու զայն նշելը կը կազմէ Նեւրուզի բաղադրիչ մասերէն մին: Այս տօնի բնոյթը այնպիսին է, որ մարդիկ պէտք է զայն նշեն դուրսը, այդպէսով թէ՛ բնութեան զարթօնքի աւետիսը զգալով, թէ՛ ալ իրենց համար տօն մը պարգեւելով: Բացի Հայաստանէն, իրանցիները անշուշտ նաեւ այլ երկիրներ եւս կը ճամբորդեն, ինչպէս նաեւ ներքին ճամբորդութիւններ կ՚իրականացնեն Իրանի տարածքին: Հայաստան անոնց այցը մեծապէս կը նպաստէ մեր երկրի տնտեսական զարգացումին՝ բերելով դրական շարժ, որ նկատելի է գրեթէ ամիսէ մը ի վեր:
Միջին հաշուարկներով մէկ զբօսաշրջիկը մէկ շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ կը ծախսէ շուրջ 800-1000 տոլար, որ ահռելի գումար է մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու այցի պարագային: Հակառակ անոր որ իրանցիները պատժամիջոցներու պատճառաւ տակաւին հնարաւորութիւն չունին Visa եւ Mastercard քարտերու օգնութեամբ առցանց պանդոկներ ամրագրել Հայաստանի մէջ, բայց հիւրանոցները նոյնպէս լեցուն են իրանցիներով, որոնք այդ մէկը կ՚ընեն տեղւոյն վրայ կամ ալ ծանօթներու միջոցաւ: Երեւանի մէջ սուղցած են նաեւ օրավարձով բնակարաններուն գիները, քանի որ բազմաթիւ իրանցիներ, ընտանիքներով գալով Երեւան, կը նախընտրեն բնակիլ բնակարաններու մէջ:
Այս այցելութիւնները իրենց ազդեցութեան հետքը կը ձգեն նաեւ հայ-իրանական յարաբերութիւններուն վրայ. ինչպէս մշակութային, նոյնպէս ալ քաղաքական մակարդակներու վրայ:
Նեւրուզը իր բնոյթով այնքան ալ խորթ չէ հայերուն: Նեւրուզը հաւաքական տօն մըն է, որ տեղ մը կը յիշեցնէ հայերու ազգային տօներու համահաւաք տարբերակը: Ինչպէս կը վկայեն ազգագրագէտները, հայերը Տեառնընդառաջը կը տօնեն իբրեւ առանձին տօն, իսկ իրանցիները զայն կը տօնեն որպէս Նեւրուզի բաղադրիչ մասը: Տեառնընդառաջը (Տրնդէզը) իրանցիները կը կոչեն «Չահարշամբէ սուրի»։ Նեւրուզէն մէկ շաբաթ առաջ, տարուան վերջին Չորեքշաբթի օրը անոնք կը յիշատակեն Տեառնընդառաջի տօնին նմանող տօն մը, կրակ կը վառեն եւ կը ցատկեն անոր վրայէն: Ինչպէս մեր Տեառնընդառաջն է, որ կը պարունակէ գարնան գալստեան աւետման, ջերմութեան եւ բնութեան զարթօնքի խորհուրդը, այնպէս ալ անոնք նոյն խորհուրդը ունին Նեւրուզի օրերուն: Նեւրուզի աւանդական սեղանին իրանցիները կը դնեն ներկուած հաւկիթ, սակայն մենք նոյնը կ՚ընենք Յարութեան տօնին: Նեւրուզի առթիւ սեղանին պարտադիր է նաեւ ծաղիկներու եւ ճիւղերու գոյութիւնը, որ իր կարգին նոյնպէս կը յիշեցնէ մեր Ծաղկազարդը կամ Ծառզարդարը: Նեւրուզեան 13-օրեայ տօնակատարութեան մէջ կան նաեւ այլ բաղադրիչներ, որոնք խորթ չեն հայերուն:
Իրանագէտ՝ Գառնիկ Գէորգեան մամուլին ըսած է, որ Նեւրուզը իր քաղաքական ազդեցութիւնը ունի նաեւ հայերուս վրայ եւ զայն հետեւեալ կերպով կրնանք ընկալել. «Նեւրուզը կը նկատուի քաղաքակըր-թական միաւորիչ դեր ունեցող տօն: Իրանը բազմացեղ երկիր է, եւ Իրանի խայտաբղէտ հաւաքականութիւնը միաւորող բաղադրիչներէն մին Նեւրուզն է, բոլոր ցեղերը այս մէկը կ՚ընդունին եւ կը տօնեն: Այդ օրը նաեւ կը համարուի Իրանի հաւաքականութեան եւ միասնականութեան համար կարեւոր օրերէն մին: Իրանը նաեւ քաղաքական ենթաթեքստ կը տեսնէ ատոր մէջ, քանի որ պատմական Իրանէն զատուած մնացեալ երկիրները, որոնք եւս կը յիշատակեն այս տօնը, կը մտնեն իրանական քաղաքակրթական մեծ տարածքաշրջանի մշակութային ազդեցութեան ոլորտին մէջ, իսկ Իրանը կը փորձէ կարելի եղածին չափ սերտ կապեր հաստատել այդ երկիրներուն հետ, գոնէ մշակոյթի անուան տակ լուծելով քաղաքական կարգ մը հարցեր», ըսած է Գառնիկ Գէորգեան:
Նեւրուզի առթիւ լաւ նորութիւն մը՝ տօնին առթիւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղադրուած են «Երգող շատրուանները»: Շատրուաններու գոյնզգոյն, իրարու հետ հերթափոխուող ջուրերը եւ հաճելի երաժշտութիւնը կը վկայեն, որ ոչ միայն Նեւրուզը եկած է, այլ հաճելի ամառնային օրերը մօտ են եւ շուտով համայն հայութեան մայրաքաղաքը իր գիրկը կ՚առնէ աշխարհի զանազան երկիրներէն հայեր եւ այլ ազգերու զբօսաշրջիկներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ