ԲԱՐԵՒ՝ ԵՍ ԵՄ - ՀԻՒԱՆԴԱԳԻՆ ԿԵՆԴԱՆԱՍԷՐՍ
Այլեւս անկարող էի համբերել. տեսակ մը տագնապ կը զգայի: Կցկտուր պատասխանները զիս չէին բաւարարեր, կը հանէին հունէ: Երբ բոլոր սուտերը լմնցան՝ պայթեցաւ դառնագին ճշմարտութիւնը. Չալոն չկայ:
Երբ բօթը առի, ինքզինքս մեր խոհանոցի սալայատակին գտայ: Անդադար կու լայի ու կը պոռայի, իմ սիրտը չէր դիմանար այդ ուժգին ցաւին: Պատասխան կը պահանջէի բոլորէն. «Ինչո՞ւ իմ Չալոյին չկրցաք տիրութիւն ընել..., ինչո՞ւ...»:
Ի վերջոյ, պարզուեցաւ՝ օրեր առաջ իմ շունը մեր դրացիի ցանկապատի տակէն անցնելով՝ կը փորձէր երթալ իրենց շունի մօտ: Մեր դրացին այս տեսնելով փորձեց իմ Չալոն վախցնել՝ ետ ղրկել: Քարով մը խփեց: Այդ քարը դպչաւ իմ Չալոյի գլուխին եւ շունս անկենդանացաւ: Կը պատմեն, թէ շունը սատկելէ վերջ, մեր դրացին առաւ եւ զայն նետեց իրենց պարտէզի մէջ գտնուող արտաքնոցի մէջ:
Կտրականապէս որոշեցի՝ երբ մեծնամ, ես ալ զայն պիտի ղրկեմ իմ սիրելի շունի ետեւէն: Եւ սա անթաքոյց կը յայտարարէի բոլորին: Այդ օրուընէ մինչեւ այսօր դադրեցուցի իմ շփումը մեր ապիկար դրացիի եւ անոր ընտանիքի պարագաներուն հետ:
Տարիներ շարունակ կը սգայի Չալոյի կորուստի ցաւը: Իմ սիրասուն շունը կորսնցնելէ վերջ, հետզհետէ սկսայ պաղիլ կենդանիներէն: Դէ՜հ, ես էութեամբ միասէր եմ, անգամ մը կրնամ սիրել ու նուիրուիլ:
Երբ ինծի կը հարցնէին, թէ զո՞վ կը սիրեմ ամենէն շատ, իմ պատասխանը միշտ հետեւեալն էր. «Իմ տատիկը, պապիկը, Չալոն ու մայրիկը»: Բնականաբար իմ մայրիկը կը սրդողէր, որ շունը իրմէ շատ կը սիրեմ: Այսօր կը հասկնամ՝ իմ սէրը հերթականութիւն չունէր: Բոլորն ալ հաւասարաչափ կը սիրէի, ինչպէս նաեւ իմ եղբայրը: Պարզապէս իւրաքանչիւրի նկատմամբ իմ սէրը ինքնատիպ էր:
Տարիներ շարունակ Չալոն՝ իւր թախծոտ աչքերով կը յայտնուէր իմ երազներու մէջ: Ամէն անգամ ես կը փորձէի մօտենալ անոր, ամուր գրկել եւ չձգել, սակայն չէի յաջողեր:
Աստիճանաբար Չալոն սկսաւ լքել իմ երազները: Աստիճանաբար իմ ցաւը մեղմացաւ՝ տեղի տալով անտարբերութեան արմատաւորման իմ ներաշխարհի մէջ:
Կենդանիները միշտ եղած են իմ տկարութիւնը: Ես միշտ կը պտտէի իմ ձեռքերը կամ երեսը ճանկռտած. կատուներէս: Շատ կատուներ ունէինք: Մեծ մայրս նոյնպէս շատ կը սիրէր կատուները: Միշտ կը յիշեցնէր. «Կատուն Աստուծոյ թաշկինակն է»:
Օր մը Աստուած նստաւ ճաշի: Կը պատրաստուէր ուտելու, երբ յանկարծ մուկերը խուժեցին Տիրոջ պնակին մէջ: Աստուած փորձեց հեռացնել մուկերը, սակայն չկրցաւ: Այն ժամ Տէրը իր գրպանէն հանեց թաշկինակը: Զայն օդի մէջ թափահարեց: Թաշկինակը վերածուեցաւ կատուի եւ կերաւ բոլոր մուկերը»:
Մեր կատուներն ալ մեզ կը պաշտպանէին մուկերէն: Ի տարբերութիւն մեր դրացիներուն, մեր տունի մէջ երբեք մուկ չէ եղած: Ես այդ կատուները շատ կը սիրէի ու կը պաշտպանէի մեր փողոցի անխիղճ երեխաներէն, որոնք կը սիրէին տանջել կենդանիները: Իսկ երբ իմ կատուները կը հիւանդանային, ես կը փորձէի բուժել զանոնք: Սատկելու պարագային ալ կը թաղէի մեր պարտէզի մէջ՝ սալորենիի տակ. կօշիկի տուփի մը մէջ կը թաղէի, վրան ալ սալաքար մը կը դնէի ու թարմ ծաղիկներ: Ծաղիկները պարբերաբար կը թարմացնէի:
Իմ հասակակիցները կը ծաղրէին զիս. ես կու լայի, անոնք կը խնդային: Այլեւս բոլորը զիս կը ճանչնային որպէս հիւանդագին կենդանասէր: Այժմ ալ, երբ պատահաբար կը հանդիպիմ իմ քաղցրահամ անցեալէն մէկու մը, միշտ կը հարցնեն. «Արեւիկ, տակաւին շատ կը սիրե՞ս կենդանիները: Կը յիշես կատուներուդ թաղումը»: «Չալոն իր հետ տարաւ կենդանիներու հանդէպ ունեցած իմ անմոռաց սէրն ու հետքրքրութիւնը», կը պատասխանեմ ես:
Ահաւասիկ, իմ տառապանքը փորձ ունի: Զաւէնը նոյնպէս կը սիրէ կենդանիներ: Ան ալ կ՚ուզէ անուշիկ շունիկ մը ունենալ: Սակայն ես կը յապաղիմ. կը վախնամ իմ զաւակին փոխանցել իմ ապրումներն ու տառապանքը: Աւա՜ղ, կենդանիները, մասնաւորապէս շունիկներն ու կատուները չունին երկար կեանք: Օր մը ստիպուած պիտի ըլլանք բաժնուիլ անոնցմէ: Այդ իսկ պատճառաւ կը վախնամ Զաւէնիկին ցաւ պատճառելէ: Իսկ մեր սիրելի ընտանի կենդանիները ի վերջոյ կը դառնան մեր ընտանիքներու պարագաներէն մին եւ անոնց կորուստը խոր վիշտի մէջ կը ձգէ մեզ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շարունակելի...
Երեւան