ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄԵՐ ԿՈՉՈՒՄԻՆ

Դարձեալ կը տօնախմբենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը: Իրողութիւն մը, որ մարդկութեան պատմութիւնը յեղաշրջեց: Եթէ մինչեւ Քրիստոսի ժամանակները որոշ մարդիկ կ՚ապրէին յարութեան յոյսով, այսինքն՝ կը հաւատային, թէ այս կեանքէն անդին, ուրիշ կեանք մը կայ, ապա Տէր Յիսուսի Յարութեամբ այդ յոյսը մէկ անգամ ընդ միշտ իրականութիւն դարձաւ, որով մարդուն բացարձակ համոզում տրուեցաւ այս կեանքէն անդին՝ ուրիշ կեանքի մը մասին:

Շատերու համար այս իրողութիւնը անարժէք է, որովհետեւ կը շարունակեն չհաւատալ յաւիտենականութեան, կը շարունակեն չհաւատալ ուրիշ կեանքի գոյութեան մասին: Այդպիսիներուն համար կեանքը պայմանաւորուած է այս աշխարհով, այս կեանքով, այսինքն մահուան ժամանակ ամէն ինչ կը վերջանայ:

Վերոնշեալ հազմոզումի տէր մարդիկ են, արդարեւ, որոնք կեանքը նիւթականացուցած են, զայն վերածելով հաճոյքներու եւ բարօրութեան անդաստանի մը: «Այս կեանք մէկ անգամ եկած եմ, հետեւաբար ուզածիս պէս ապրիմ: Կեանքս վայելեմ: Դրամ ունիմ, ունեցուածք ունիմ, ոչինչ կը պակսի ինծի»: Վստահաբար շատեր լսած են նմանատիպ արտայայտութիւններ: Բայց միթէ՞ այս է կեանքին իմաստը. այսինքն՝ դրամ ու հարստութիւն ունենալ, հանգիստ ու անտարբեր ապրիլ, կեանքը վայելել:

Ո՛չ ոք կ՚արգիլէ մեզ մեր կեանքը ապերլէ ու վայելելէ: Հարցումը սակայն, ի՞նչ հասկացողութեամբ, կամ տրամաբանութեամբ է որ կ՚ուզենք մեր կեանքը ապրիլ ու վայելել: Եթէ մեր մտածելակերպը աշխարհիկ է, ապա ունայնութիւն է մեր կեանքը, իսկ մեր վայելքը՝ խաբուսիկ: Իսկ եթէ մեր մտածելակերպը հոգուեր է, ապա լեցուն է մեր կեանքը եւ մեր վայելքը՝ իրական:

Մարդիկ կը հարցնեն. ինչպէ՞ս հասնիլ սակայն լեցուն կեանքի եւ իրական վայելքի: Դարձեալ մարդուն տրամադրութենէն կախում ունի այս հարցումին պատասխանը, այսինքն՝ եթէ աշխարհիկ է, պատասխանը ըստ աշխարհի մտայնութեան կ՚ըլլայ, իսկ եթէ հոգեւոր է, պատասխանը ըստ երկնաւոր մտայնութեան կ՚ըլլայ:

Լեցուն կեանք եւ իրական վայելք ունենալու համար, մարդ պարզապէս պէտք է՝

ա. ընդունի Տէր Յիսուսին որպէս Տէր եւ Փրկիչ:

բ. պէտք է դաւանի Տէր Յիսուսի Աստուածութիւնը եւ մարդուն՝ խաչով փրկութիւն պարգեւելը:

գ. պէտք է խոստովանի Տէր Յիսուսի հրաշափառ Յարութիւնը եւ մահուան վրայ յաղթանակը,

դ. սկզբունքներու, համոզումներու եւ արժէքներու տէր պէտք է ըլլայ, որոնցմով կարենայ հասնիլ Յարուցեալ Փրկիչին պարգեւած փրկութեան:

Ոմանք պիտի առարկեն ըսելով, ա., բ., եւ գ. կէտերը հասկցանք, դ. կէտը ի՞նչ առընչութիւն կրնայ ունենալ իր նախորդներուն հետ: Շատ սերտ առընչութիւն ունի անով, որ առանց այս՝ դ. կէտին, մարդ լիիրաւ կերպով չի՛ կրնար առաջին երեք կէտերը իրագործել՝ ճշմարտապէս իրագործել:

Ներկայ ժամանակը՝ նիւթի դարաշրջանը, մարդս դատարկած է արժէքներէ, համոզումներէ եւ սկզբունքներէ: Մարդուս ուշքն ու միտքը իր եսը, իր հաճոյքը, իր հանգիստը, իր յաջողութիւնը, իր, իր, իր…, մէկ խօսքով, այսօրուան մարդուն համար աշխարհը իր չորս կողմէ կը պտտի, իսկ իրմէ անդին ո՛չինչ կը տեսնէ կամ կը նկատէ: Բնականաբար, նման իրավիճակի մը մէջ, մարդ պիտի չկրնայ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն մշակելու համար պէտք եղած մթնոլորտն ու կարելիութիւնը ունենայ, որովհետեւ ԵՍը կը կուրցնէ մարդուն եւ զայն կը վերածէ անզգամ եւ անտարբեր էակի մը:

Ահա այստեղ է, որ մարդուն կեանքը կեանք դարձնող արժէքները, համոզումներն ու սկզբունքները մեծ դեր կը խաղան, մարդը ՄԱՐԴ պահելու եւ միշտ կարելիութիւն ընձեռելու անոր՝ իր կապը, յարաբերութիւնը չկտրելու Աստուծոյ հետ:

Տէր Յիսուս մարդ արարածէն չի՛ պահանջեր ամէն սկզբունք, արժէք ու համոզում ոտնահարել՝ Իրեն հասնելու համար: Ո՛չ: Մանաւանդ, երբ այդ իրողութիւնները մարդս ՄԱՐԴ կը դարձնեն: Ընդհակառակը, Տէր Յիսուս կ՚ուզէ, որ բոլորս արժէքներու, սկզբունքներու եւ համոզումի տէր ըլլանք: Առանց այս յատկութիւններուն մարդ պիտի դադրի մարդ ըլլալէ եւ վերածուի անբան էակի մը, որու կեանքը աննպատակ է…: Բայց վա՜յ ան մարդուն, որու կեանքը աննպատակ ըլլայ:

Այսօր աշխարհով մէկ պայքար կը մղուի մարդկային արժէնքերու, սկզբունքներու եւ համոզումներու դէմ, որ իրենց արմատներուն մէջ ունին աստուածային պատուիրանները եւ ուսուցումները: Աշխարհը իր արժէքներուն, սկզբունքներուն եւ համոզումներուն դէմ չի՛ պայքարիր, որովհետեւ ատոր կարիքը չունի, կը պայքարի երկնայիններուն դէմ, որովհետեւ անոնց մէջ իր անէացումին վտանգը կը տեսնէ: Մարդ պէտք է զգոյշ եւ զգաստ ըլլայ, որպէսզի կարենայ ճիշդ ընտրութիւն կատարել: Մեզմէ իւրաքանչիւրիս պարտաւարութիւնն է հաւատարիմ մնալ մեր մարդ կոչումին, հաւատարիմ մնալ մեր Արարիչին՝ Որու պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած ենք: Իսկ հաւատարամութիւն առանց արժէքներու, սկզբունքներու եւ համոզումներու տէր ըլլալու, նոյնիսկ կարելի չէ՛ երեւակայել: Հետեւաբար կառչի՛նք այդ յատկութիւններէն:

Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Յարութիւնը թող որ առիթ դառնայ մեզմէ շատերուն ա՛լ աւելի ամրանալու մեր ունեցած արժէքներուն, սկզբունքներուն եւ համոզումներուն, որպէսզի կարենանք մեր կոչումին հաւատարիմ մնալ եւ լաւագոյնս իրագործել զայն ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

(Վաղարշապատ, 2024)

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024