ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՈՒՍԱՆՈՂ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻՆ
Ինչպէս ծանօթ է արեւմտահայ անմահ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութենէն՝ 1905 թուականին բանաստեղծը կը մեկնի Պելժիա եւ կ՚ընդունուի Կանտի համալսարանը, որ պատմական համալսարան է Պելժիոյ հոլանտախօս հիւսիսը գտնուող Կանտ քաղաքին մէջ: 1905-1909 թուականներուն Վարուժան կ՚ուսանի այդ համալսարանին մէջ: Համալսարանական տարիները դժուար եղած են գրողին համար. անոնք եղած են նիւթական ծանր տարիներ, որոնք Վարուժանը յաղթահարած է օժանդակութիւններով, որոնք միշտ չէ, որ ժամանակին տեղ հասած են, ինչ որ աւելի տագնապի մատնած է անոր՝ առանց այն ալ ծանր հոգեվիճակը: Իր այս բոլոր ապրումները կ՚արտայայտուին մանաւանդ նամակներուն մէջ, որոնց մէջ Վարուժան տեւաբար կ՚անդրադառնայ նիւթական ծախսերուն եւ կրթական նպաստին, կը նկարագրէ այդ ուշացումներուն պատճառով ստեղծուած անելանելի վիճակը:
Զանազան մարդոց ուղղուած նամակներուն մէջ Վարուժան կը նշէ նաեւ, որ հօրմէն զգուշաւոր է դրամ ուզելու, քանի որ կը մեղքանայ հօրը, որ քրիտինք թափելով հազիւ ընտանիքը կ՚ապրեցնէ: Եւ կրկին դառնալով զինք հովանաւորողներուն՝ կը խոստանայ ստացած ամէն մէկ գրոշը ծառայեցնել նպատակին եւ հաշիւ ներկայացնել:
Հիմնական նիւթական օգնութիւնը եղած է Մուրատ-Ռափայէլեան հիմնադրամի կրթական օժանդակութիւնը եւ մանաւանդ պատասխանատուներուն ուղղուած նամակներուն մէջ ան կը նշէ յապաղումներուն մասին, որոնք կը վշտացնեն զինք:
Նամակներուն մէկ մասը ուղղուած է հայ բնագէտ, մշակութային գործիչ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ՝ Ստեփան Վարդապետ Սարեանին: Սակայն պահ մը եկած է, սրուած են Վարուժանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան յարաբերութիւնները, եւ ատոր պատճառներէն մէկն ալ գրողի գիրքերէն մէկուն տպագրութիւնն էր վանքի տպարանին մէջ, որմէ հեղինակին տրուած էր մէկ մասը միայն՝ միւս պահը պահելով իբր թուղթի եւ տպագրութեան ծախսք: Վարուժանի եւ Մխիթարեան հայրերու յարաբերութիւններու լարման ուրիշ պատճառներ ալ եղած են: Այնուամենայնիւ, պարզ է, որ Մխիթարեան միաբանութեան նպաստը մեծ եղած է անոր ուսման մէջ: Կանտի մէջ Վարուժանին հետ ուսանած է նաեւ Գրիգոր անունով հայ մը, որ սենեկակից եղած է Վարուժանին եւ բաժնած է անոր տագնապները:
Ինչպէս ճշդեցինք՝ Վարուժանի նամակներուն մէջ յիշատակուած Գրիգորը եղած է Գրիգոր Խանպէկեանը (Խամպէկոֆ), որ նախ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին, ապա Կանտի մէջ եղած է գրողին ընկերը, յետագային ալ աշխատած է իբրեւ տնտեսագէտ:
Կը ներկայացնենք Հայր Ստեփան Սարեանին գրուած նամակներէն հատուածներ:
*
5-7 յունուար, 1906, Կանտ
Վերապատուելի մեծ Հայր,
Ձեր նամակին հետ ստացայ չէքը. առաջինը սրտիս ժպտեցաւ, երկրորդը` կացութեանս։ Ձեր ուղարկած 200 ֆրանքին կէսը ինծի կը յատկացնէք, այս անակնկալի մէջ միանգամայն կը գտնեմ Ձեր տեսչութենէն աւելի Ձեր հայրութիւնը։ Շնորհակալութեան համբոյրներս, որք այս անգամ Ձեզմէ օրհնութիւն խնդրելու տեղ իրենք զՁեզ կ՚օրհնեն որդիական մաղթանքներով։ Այլեւս բարեկեցիկ պիտի ապրիմ եւ հօրս քրտինքին արդիւնքը առանց կտրատելու իրեն պիտի թողում։ Որքան ուրախ, երախտապարտ պիտի ըլլամ եւ դիւրին պիտի գտնեմ զարգացման ամէն պայմանները։
Կը փափաքիմ Ձեր նամակին երկարաւունին, որ մեծ աշխարհին մէջ քաջալերիչ եւ յուռթի պիտի ըլլայ։
Մեծ ցաւով կ՚ըսեմ, սիրելի Հայր, թէ Վանքը քերթուածներուս հրատարակութիւնն այլանդակեց. վերջերս տպարանապետէն նամակ մը ստացայ, նամակ՝ այնքան ջլատիչ, որ կարող էր ամէն բանաստեղծութիւն բանազեղծութեան փոխել. միայն քանի մը քերթուած («Գեղունիի» մէջ հրատարակածները) առանձին գիրք ըրեր են, որ հազիւ 50 էջ կ՚ըլլայ, արդէն պիտի ընեն 500 օրինակ, որուն 200-ը իրենք պիտի ծախեն իբր վարձք թուղթի եւ 300 օրինակը ինծի պիտի ղրկեն, եւ նամակագիրը երկուքը մէյ մը կը կրկնէ, որ շնորհք մըն է, եւ խոժոռ խնդիրը, որ այդ նամակին պարունակութիւնը կը կազմէ կարճ եւ խոժոռ, ինչպէս ամէն (պատճառական) նամակներ։
Այս մասին խիստ սիրտս այրած է, եւ եթէ զայրանալու կէտ մը կայ, այն է, թէ կը յարձակուին ըսել, թէ շնորհք մըն է ըրածնին։
Տպագրութեան մէջէն ըրած իրենց աւելորդ թուղթի ծախքը կ՚առնէին առաւելաւն հանդերձ եւ արդէն ոտանաւորներուն մէկ քառորդը կ՚ընդունին, եւ դարձեալ շնորհք է եղեր։ Ես այս աճպարարութենէն բան չեմ հասկնար։ Բայց եղածը եղած է. եթէ մէկ ուրիշ մեծ ցաւ մըն ալ ունիմ, այն է, որ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին այդպէս փոքր եւ տժգոյն հատոր մը նուիրուեցաւ։
Ինչ որ է. այն բաց սրտով Ձեզ կ՚ըսեմ։ Այս ամէն բանի լաւ հատորի մը համար հոդ Ձեր տենչանքը այնքան ներդաշնակ կ՚ընկալուիր իմինիս, եւ միակ վկան էք այնքան տարիներու երազներուս եւ յոյսերուս։
Կը համբուրեմ Ձեր սուրբ աջը եւ կրկին շնորհակալութեամբ կը մնամ՝ մաղթանքով Ձեզ երկար կեանք եւ տոկունութիւն Ձեր ծանրագոյն աշխատանքին։
Դանիէլ Վարուժան
*
29 յունուար, 1906, Կանտ
Վերապատուելի մեծ Հայր,
Ձեր քարտն ընդունեցայ, ան սիրելի եղաւ ինծի եւ օգտակար։ Ձեր խրատները կը կատարեմ. պիտի ջանամ այս օրերս հանդարտօրէն պատասխանել այն նամակին։ Բայց կարծեմ քանի մը նուրբ անդրադարձումներ անօգուտ չեն ըլլար ըմբռնել տալու համար, թէ յարաբերութեանց մէջ ազնուական եւ աւելի ուղղամիտ գործելակերպ մը կայ, քան իրենցը, այնքան անպատշաճօրէն (այս բառին մեղմութիւնը շնորհք մըն է իրենց)։ Ձեզ այնքան յուզուած եւ անողոք գրելուս շարժառիթը այն էր, որ մերձաւոր եւ հայրական զգացումներուս առջեւ կը գտնուէի։
Կը գրէք. «Այս կողմերը արձագանգներ կը հասնին»։ Չեմ կարծեր, հետեւցնելով մեր այստեղի լռութենէն։ Թերեւս հոդ ուրիշներէ արձագանգներ յղացուին սաղմնաւորուած եօթնալեզուեան բամբասանքներէն եւ միականիին էնթրիկներէն։ Ցաւալի է, եւ ես կարծեմ թէ՛ զՁեզ եւ թէ մեզ նեղելէն եւ վրդովելէն զատ ազդեցութիւն չունին ատոնք…
…Գրիգորէն խորին յարգանքներ. մենք միասին կ՚աշխատինք. ջանադիր ենք, որ Ձեր ջանքերը ի դերեւ չելլեն։ Իմ աշխատութիւններու տեսակը այնքան սիրելի կը դարձնին իրենց նիւթը, որ խիստ դժուար պիտի ըլլայ պարապ ժամեր վատնել։
Ամսահաշիւս կու տամ։
Յունուարի հաշիւ
սենեակ, ճաշ ու փեթրոլ- 75
գիրք եւ տեստինս- 7.50
լուացք- 2.20
տետր եւ օրացոյց մը- 0.85
թղթատարի- 0.85
թատրոն- 1
կօշիկի նորոգման- 5
մանր-մունր- 0.65
Ընդհանուր՝ 93
Կ՚աւելնայ 7 ֆրանք, զոր պիտի ջանամ անձեռնամխելի պահել՝ ըլլայ զգեստեղէնի համար, ըլլայ ո՛վ գիտէ յանկարծապէս հիւանդութեան օրերու համար։
Մէկ խօսքով գոհ եմ եւ խորապէս շնորհակալ։ Եղած բարիքը երբեք մոռացում պիտի չվերցնէ…
Կը համբուրեմ սուրբ աջերնիդ եւ կը մնամ սիրալիր մաղթանքներով խոնարհ սան
Ձեր՝ Դանիէլ Վարուժան
*
15-20 փետրուար, 1906, Կանտ
Սիրելի մեծ Հայր,
Ձեր քարտը (դրամին հետ) ժամանակին ստացած եմ, որ միասին հօրս նամակին ամբողջ ամիս մը սրտիս հմայքը կազմեցին։
Կը ներէք նամակիս ուշանալուն, Գրիգորը արդէն Ձեզի գրած ըլլալուն՝ այնքան հոգ չըրի շատ։
Այս օրերուս մէջ քիչ մըն ալ զբաղուած էի՝ բացի դասերէս հրատարակութեան խնդիրներով. բայց ահա 4-5 օր արձակուրդ ունինք, եւ ես քիչ մը ազատ եմ դուրսէ դուրս բաներով զբաղուելու։
«Սարսուռներու» տպագրութիւնը վերջապէս լրացաւ։ Տպագրութեան վերատեսուչը ամբողջ օրինակները ուղարկեց ինձ պայման դնելով, որ 60 ֆրանք վճարեմ. ես խնդրեցի իրմէ, որ սպասէ մինչեւ որ 60 օրինակ ծախուի, որպէսզի կարող ըլլամ հատուցանելու։
Համաձայն է։
Այս օրերուս մէջ քանի մը հատ արդէն վարժարան կը ղրկեմ. անոնք այդ սիրելի յարկին տակ աւելի զուարթ թռիչ պիտի բանան, քանի որ հոդ ծնան եւ հոդ մեծցան գիր առ գիր եւ շեշտ առ շեշտ։ Բայց այդ չնչին հատորը կիսկատար եղաւ, ահա բոլոր ցաւս։
Ամսահաշիւս
սենեակ, ճաշ, փեթրոլ- 75
գրեղէն- 7
լուացք- 2.10
նամակ- 1.50
ոտքի փոխադրութեանց- 8
թատրոն- 1.70
օճառ, մազ, մանր-մունր- 0.80
Ընդհանուր՝ 96.10
Երախտագէտ շնորհակալութիւն։
Յովսէփին գալը ուրախութեամբ իմացայ, քարտ մը ղրկած էր, գուցէ օր մը զիրար կը տեսնանք. Անվերս քանի մը ժամու ճանապարհ է։
Եւ մաղթելով յաջողութիւն, կը մնամ խոնարհ որդի Ձեր՝
Դ. Վարուժան
*
22-24 ապրիլ, 1906, Կանտ
Սիրելի մեծ Հայր,
Մեծ հաճոյքով քարտներիդ ստացայ. հայրական պատուէրնիդ յանձնած եմ Գրիգորին, որմէ ջերմ յարգանքներ։
Զատկական արձակուրդնիս լրացաւ։ Ունիմ մեծ վաքանս, յունիսի վերջին շաբթուն կը սկսուի եւ կը լրանայ հոկտեմբերի կէսերին։
Կու տամ ամսահաշիւս.
սենեակ, ճաշ, քարիւղ- 75
գիրք- 8.50
նամակ, քարտ- 2.50
լուացք- 2.10
թուղթ, մելան- 0.50
կօշիկի նորոգում- 9
թատրոն- 1
մանր-մունր- 1
Ընդհանուր՝ 99.60
*
9 յունիս, 1906, Կանտ
Սիրելի մեծ Հայր,
Դրամը ժամանակին ստացած եմ, երեքշաբթի երեկոյ կամ չորեքշաբթի առտու, շնորհակալութեամբ։ Հսկողը կ՚իմացնէր, թէ ինձ պիտի գրէք։
Բաւական սպասեցի Ձեր նամակին։ Բայց հոգ չէ, որտեղ որ է դրամը կը բաւէ. թուականէս երկու երեք օր վերջը ճամբայ կ՚ելլամ, թէպէտեւ դասերէս մէկ-երկու հատը դեռ պէտք էի քանի մ՚օր շարունակել. հոգ չէ, վարժապետներու հաւանութեամբը կը մեկնիմ։ Ըլլայ գրքիս ծախէն, ըլլայ ամսավճարէս քիչ մը իրարու վրայ դրած էի զգեստի համար։ Կ՚ուզէի շէնք շնորհք գալ հոդ, բայց ներկայ ամսուան հոս անցուցած 12 օրուան պատճառաւ ստիպուած եմ այս փոքր գումարն ալ ճանապարհածախքի սահմանել, աճապարելու պատճառ մը։
Յուսամ մնացածը կը կարգադրուի։ Հոդ գալս ես դեռ ոչ ոքի գրած եմ, եթէ Դուք ալ աշակերտաց ըսած չէք, յանկարծադէպ մը կ՚ըլլայ։ Ուղեւորութեանս համար խնդրելով Ձեր օրհնութիւնը՝ կը մնամ տեսութեան քաղցրութեամբ
Խոնարհ սան Ձեր՝
Դ. Վարուժան
*
Սիրելի մեծ Հայր,
Նոյեմբերի վերջը գրած նամակս կ՚երկրորդեմ. այս ամսուան դրամը չեմ ստացած դեռ եւ ոչ ալ 40-50 ֆրանքի կանխիկ գումար մը համալսարանին համար։
Ես կը հաւատամ, որ Ձեր կամքին հակառակ արգելք մը ունեցած պիտի ըլլաք։ Բայց սաստիկ կը խնդրեմ՝ յամենայն դէպս ջանայիք ուղարկել։ Ամբողջ 15 օր է անհամբեր կը սպասեմ, բայց ի զուր. աչքիս մէջ մազ բուսաւ, եւ ես դրամը չստացայ։
Վերապատուելի Հայր. անծանօթ երկիր ըլլալուն՝ չէ կարելի ապառիկով ապրիլ. պարոն Գրիգորէն քիչ մը փոխ ըրած եմ. բայց ան ալ ինծի պէս ամիսը ամսուան ապրող մէկն է։ Կը խնդրեմ վերջ դնէիք տարտամ վիճակիս եւ մտատանջութիւններուս։
Ձերդ խոնարհ՝ Վարուժան
*
23-25 նոյեմբեր, 1906, Կանտ
Սիրելի մեծ Հայր,
Ամսոյս 20-ին գրած Ձեր պատուական նամակը ստացայ։ Կ՚ըսէք, թէ ըստ բաւականի ապաքինած էք. կը մաղթեմ կատարեալ առողջութիւն։
Կը ցաւիմ, որ Ձեր կարողութիւնը գլխու վրայ չի թոյլատրեր համալսարանի ծախքին վճարման. հոգ չէ, քանի որ Ձեր քով բարի կամեցողութիւնը չի պակսիր եւ անոնց քով՝ համբերութիւնը։ Կարելի է յետաձգել, բայց ոչ ամբողջովին. առաջուց հարկ է փոքր, պզտիկ գումար մը վճարել 40-50 ֆրանք։ Վստահ եմ, թէ այս փոքր կանխիկ հատուցումը երբեք արգելքի մը պիտի չհանդիպի՝ Ձեր նիւթական վիճակը ինչ որ ալ ըլլայ։ Մնացեալը վերջը, շատ-շատ քանի մը ամիս յետոյ դարձեալ 50 ֆրանք, եւ այսպէս յաջորդաբար՝ մինչեւ որ փակուի 250 ֆրանքի հաշիւը։ Եթէ այս Ձեզ դիւրութիւն մ՚է՝ ինձ համար ուրախութիւն մը կ՚ըլլայ, որուն համար երախտապարտ եմ եւ շնորհակալ անվերապահօրէն եւ ճշմարտապէս։
Փոխարէնը։ Ամէն ջանք կ՚ընեմ՝ ըլլալ պարծանք դաստիարակներուս, եւ օգտակար ազգին. ահա՛ պարտքս. գիտակցօրէն կ՚ըսեմ եւ այս կը նկատեմ պարտքը բոլոր հայ երիտասարդութեան, մանաւանդ անոնց, որոնց ծնողքը գրեթէ ոչինչ ըրած են, բայց եթէ ազգը, որուն անդամներովը զարգացած են եւ նիւթականովը սնած։
Դասերուս կը յաճախեմ. քանի կը յառաջանանք՝ այնքան հմայք մը կը ստանան անոնք. արդէն վարժարանին մէջ ծնած ուսման կորիզը օրէ օր ներսս առողջ զարգացում մը կը ստանայ։ Սորվելու, ուսումնասիրելու եւ ստեղծելու մղում մը յիս կը գոյանայ, ճիշդ է, տակաւին տարտամ, տակաւին տժգոյն, բայց առողջ եւ յարաճուն։ Օր մը, երբ անոնք աւելի զօրեղնան եւ աւելի բեղնաւորին՝ գուցէ երեւակայութիւնս զանոնք իր ինքնուրոյն սերմին հետ շաղուէ եւ արտադրէ։ Դեռ ինքզինքս հունտ մը կը զգամ, գրեթէ փոշի մը՝ խնամարկու ձեռքերէ նետուած ջերմ արեգակին եւ մայիսի անձրեւի տակ. անոր միջի սերմնատակը մաքուր է եւ զօրեղ. պիտի չվիժի ան, ո՛չ, պիտի չուզեմ, որ վիժի, ահա այն ատեն ես իմ նպատակիս կը հասնիմ, երբ օգտակար ըլլամ ազգիս եւ խինդ՝ մշակներուս։
Գրիգորը բոլորովին առողջացած է. ինչ որ առողջանալիք չունի, այն ալ տեղուոյս խոնաւ եւ մշուշոտ կլիման է, որ միշտ ամէն կազմութիւն տրամադիր կ՚ընէ հիւանդանալու։ Բայց Գրիգորը բոլորովին անցուցած է տկարութիւնը, արդ մանաւանդ զգուշաւորութեամբ աւելի կը կազդուրուի։
Կ՚ողջունէ զձեզ, համբուրելով սուրբ աջերնիդ՝ մաղթելով ինծի հետ առողջութիւն Ձեզ։
Յարգանքներով՝
Դ. Վարուժան
Ամսահաշիւ
ճաշ, սենեակ, քարիւղ- 75
լուացք- 2.50
թղթատարի- 2.10
դասագիրք- 8
հերաթափութիւն, դեղ- 2.25
մանր-մունր- 1.20
Ընդհանուր՝ 91
*
25-26 դեկտեմբեր, 1906, Կանտ
Սիրելի մեծ Հայր,
Հայր Քերոբէ Վարդապետի քարտն Ձեր կողմանէ ստացած եմ. շնորհակալութիւն։ Անորոշ վիճակիս յոյս կը ներշնչէ. չեմ տարակուսիր, թէ կարելի եղածին չափ փութով կը մարմնաւորէք զայն (ինչպէս ըսած եմ ալ) կէս մը պարտքով եւ կէս մը ապառիկով անցուցի այս ամիսը։ Ովսաննա՜։
Համբուրելով Ձեր սուրբ աջը կը մնամ խոնարհ՝
Դ. Վարուժան
***
ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՐԵԱՆ
Ծնած է 1865 թուականին, Կ. Պոլսոյ Գաղատիա թաղամասին մէջ։ 1880 թուականին միացած է Մխիթարեան միաբանութեան (Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի)։ 1887 թուականին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ 1890 թուականին աւարտած է Հռոմի համալսարանի աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէն եւ ստացած՝ աստուածաբանութեան ու փիլիսոփայութեան տոքթորի տիտղոս։ 1890 թուականին, վերադարձած է Ս. Ղազարի վանք։ 1891-93 թուականներուն աշխատած է որպէս Ս. Ղազար վանքի դպրոցի ուսուցիչ եւ տեսուչի օգնական։ 1898-99 թուականներուն, միաժամանակ եղած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան «Բազմավէպ» հանդէսի խմբագիրը եւ տպարանի տեսուչը, բնագիտական յօդուածներով աշխատակցած՝ հանդէսին։
1899-1901 թուականներուն «Բազմավէպ»ի թիւերուն մէջ լոյս տեսած են անոր «Մագնիսական քուն» վերնագիրը կրող յօդուածները՝ նուիրուած հիպնոսի առեղծուածներուն։ 1902-1905 թուականներուն գրած է հայ իրականութեան մէջ առաջին երկը տարուինականութեան եւ տեսակներու ծագման մասին։
1902-1906 թուականներուն եղած է Մխիթարեաններու՝ Փարիզի, Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի տեսուչ։ 1906-1910 թուականներուն, Եղիսաբեթուպոլսոյ մէջ եղած է առաքելական քարոզիչ։ Այնուհետեւ, որոշ ժամանակ, ուսուցչութեան պաշտօն վարած է իր ծննդավայր՝ Պոլսոյ Գաղատիա թաղամասէն ներս։ 1910 թուականին տեղափոխուած է Տրապիզոն եւ վարած՝ տեղի հայ կաթոլիկներու վարժարաններուն տեսուչի, ապա՝ հոգեւոր հովիւի պաշտօնները։ Զոհ գացած է 1915-ին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ