ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԴՊՐՈՑԷՆ ԴՈՒՐՍ…
Շահնազար Քէօթահեան ծնած է 1902 թուականին՝ Շապին Գարահիսարի Թամզարա աւանը։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Արամեան Ազգային վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ու բարձրագոյն ուսումը՝ Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանին եւ Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ 1934 թուականին աւարտած է կրօնական դաստիարակութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղերը:
Շահնազար Քէօթահեան վարած է ուսուցչական եւ տեսչական պաշտօններ՝ Սեբաստիոյ Արամեան Ազգային, ամերիկեան որբանոց-դպրոցներուն, Քերքիրայի եւ Աթէնքի (Յունաստան) ազգային եւ յարանուանական վարժարաններուն մէջ։
Ան պաշտօնավարած է Աթէնքի շրջանի ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի որբանոցներէն արձակուած հայ աշխատող եւ չափահաս որբերու իբրեւ ընդհանուր վերահսկիչ-խորհրդատու, 1924-1930 թուականներու միջեւ:
Քսանհինգ տարի Շահնազար Քէօթահեան ծառայած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Յունասանի կեդրոնին, իբրեւ վարիչ-քարտուղար։ Ստանձած է կրթական քննիչի պաշտօնը՝ միութեան կողմէ հովանաւորուած ազգային եւ յարանուանական դպրոցներուն եւ կազմակերպած է ուսուցիչներու յատուկ դասախօսական ժողովներ։
Լոս Անճելըսի մէջ Շահնազար Քէօթահեան եւս կամաւորապէս ստանձնած է ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի ատենադպրութեան պաշտօնը, ինն տարի:
Ան նաեւ քսանհինգ տարի ծառայած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի (Լոս Անճելըս) առաջնորդարանին մէջ, որպէս դիւանապետ-քարտուղար։
Աթէնքի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հրաւէրին ընդառաջելով, ան ստանձնած է, առանց հովիւի մնացած թեմին ամբողջական պատասխանատուութիւնը, աւելի քան երեք տարի։
Պատանի հասակէն (1920) սկսեալ Շահնազար Քէօթահեան աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին, ստորագրելով եկեղեցական, ազգային, հայրենակցական, դաստիարակչական եւ այլ նիւթերու շուրջ արձակ եւ չափածոյ գրութիւններ։ Իր կարգ մը բանաստեղծութիւնները ձայնագրուած են երգահաններու կողմէ։
Իր գիրքերէն մէկ մասը հրատարակած է անձնական միջոցներով, որոնց մէջ են հայ ծնողներուն եւ մանուկներուն ուղղուած գիրքեր: «Մանուկները դպրոցէն դուրս կամ ծնողները ինչպէս դաստիարակելու են իրենց զաւակները (Մանկական կեանքէ առնուած զուարճալիքներով)» խորագրով անոր գիրքը լոյս տեսած է 1934 թուականին՝ Աթէնքի մէջ: Քէօթահեան յառաջաբանին մէջ կը գրէ.
Աւելորդ է ըսել, թէ ներկայ աշխատութիւնը մանուկներու ընտանեկան դաստիարակութեան նման խիստ կենսական հարցի մը մի քանի երեւոյթները միայն կը ներկայացնէ եւ հետեւաբար հեռու է լիակատար եւ ամբողջական ուսումնասիրութիւն մը ըլլալէ: Այսու ամենայնիւ, կը սիրենք յուսալ, թէ ծնողներ եւ չափահասներ, մասնաւորաբար մայրեր, պիտի ուզեն հոս տրուած խոնարհ թելադրութիւնները գործնականապէս կիրարկել իրենց զաւակներուն հետ ունեցած առօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ, այսպէսով պատրաստելով զանոնք հոգիով եւ սրտով մեծ եւ նկարագրով առողջ կառուցուածքի տէր անհատներ: Մեր կարծիքով, իսկական դաստիարակութիւնը, իր հոգեւոր, բարոյական, մտաւոր եւ ֆիզիքական առումով, կը սկսի տունէն, հոն է, որ մանուկը հիմը կը դնէ իր նկարագրին, ծնունդ կու տայ իր գաղափարներուն եւ իտէալներուն, ու զինք շրջապատող իրերուն ու անձերուն թողած տպաւորութիւններուն եւ ազդեցութիւններուն համաձայն կը պատրաստուի վաղուայ ՏԻՊԱՐ ՄԱՐԴԸ՝ ըլլալու փափուկ պարտականութեան համար:
Ստորագծեցինք «տիպար մարդ»ը, քանզի կը հաւատանք, թէ մարդկային ընկերութիւնը եւ մասնաւորաբար մեր բազմաչարչար ժողովուրդը շատ մը բաներէ աւելի պէտք ունին իսկական մարդոց, վստահելի պարկեշտ, շրջահայեաց, յարատեւող եւ գործունեայ անձերու, որոնք կարողանան ապրիլ ժամանակի պահանջներուն համաձայն, եւ ոչ միայն յարմարիլ իրենց միջավայրին, այլեւ ազնուացնել ու բարձրացնել այն համայնքը, որուն անդամները ըլլալու սահմանուած են: Այս բոլորին մէջ պատասխանատուութեան մեծագոյն բաժինը կ՚իյնայ ծնողներու եւ չափահասներու վրայ, քանզի անոնք են, որ իրենց առօրեայ կենցաղով, խօսքերով, գաղափարներով ու նիստ ու կացով պիտի տպաւորեն փոքրիկները, ուղղութիւն տան անոնց շարժումներուն ու հակումներուն եւ առաջնորդեն զանոնք օգտակար կամ վնասակար ճամբով: Առհասարակ, մանուկներ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար հակամէտ են ընդօրինակելու իրենց մեծերուն, մասնաւորաբար ծնողներուն շարժումները, խօսքերն ու ընդհանուր վարուելակերպը:
…Գիտենք, թէ տրուած պայմաններով շատ դժուար է մեր մանուկներուն պէտք եղած խնամքն ու հոգածութիւնը ընձեռնել, սակայն շատ բաներ կան, որոնք կրնանք ընել, եթէ ուզենք, կամենանք եւ մեր փոքրիկներուն առողջ աճման եւ զարգացման նախանձախնդիր ոգի մը ցոյց տանք:
Շահնազար Քէօթեահանի սոյն գիրքէն կը ներկայացնենք հատուածներ։
Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՆ ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԱՄԱՌՈՒԱՆ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ
Ամավերջի փայլուն եւ բազմազան հանդիսութիւնները սկիզբը կը դնեն դպրոցական ամառնային արձակուրդներուն: Ահաւասիկ մանուկները անգամ մը եւս կը յանձնուին ծնողներու ամբողջական խնամքին ու բարոյական պաշտպանութեան: Նկատի ունենալով գաղթակայաններու խճողուած ու հակառողջապահիկ պայմանները, նաեւ այն տեսակ մը անբարոյիկ մթնոլորտը, որով շնչել ստիպուած են մեր մանուկները, կը հարցնենք՝ ի՞նչ պիտի ընեն մեր հարիւրաւոր աշակերտները երեք ամիսներու ընթացքին, ինչո՞վ պիտի զբաղին, ի՞նչ ազդեցութիւններու ենթակայ պիտի ըլլան, ի՞նչ հակումներ ու փափաքներ պիտի կազմեն եւ ո՞ր աստիճանի իմացական, բարոյական ու ֆիզիքական վերելքներ պիտի ունենան:
Անշուշտ, երջանիկ են այն քիչերը, որոնք բախտ պիտի ունենան գիւղագնացութեան երթալու իրենց ծնողներուն հետ, եւ այսպէսով քիչ թէ շատ զերծ մնալու գաղթակայաններու վատ ու ճնշիչ ազդեցութիւններէն:
Ուրիշներ թերեւս լուրջ ու դաստիարակուած ծնողներու խնամքին տակ եւ վայելուչ բնակարաններու մէջ մնալով կարող պիտի ըլլան պաշտպանուիլ ապականիչ ազդակներու դէմ: Սակայն ինչ որ ալ ըլլայ, մեր մանուկներուն մեծ մասը ստիպուած պիտի ըլլայ արձակուրդը անցընել գաղթակայաններու փոշոտ փողոցներուն ու նեղլիկ խրճիթներուն մէջ:
Այս կը նշանակէ, թէ մեր դպրոցականները պիտի մնան ծնողներու անմիջական հսկողութեան եւ պատասխանատուութեան տակ, թէ գիտակից հայրերու եւ մայրերու պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հսկել իրենց զաւակներու վրայ, որպէսզի անոնք ամառուայ արձակուրդներու ընթացքին զերծ մնան վտանգներէ, չար ու մոլորեցուցիչ ընկերներու ազդեցութենէն եւ այսպէսով պահեն այն բոլոր շինիչ եւ օգտակար գաղափարները, բարի յատկութիւններն ու զգացումները, որոնք կը ստանան դպրոցէն:
Լուրջ ու միանգամայն դժուարին խնդիր մըն է այս եւ պատշաճ է, որ ծնողներ ու չափահասներ խորհին այս մասին: Ահաւասիկ բաւական երկար ժամանակամիջոց մը, զորս պէտք է լաւագոյնս օգտագործել: Երբ մանուկները զբաղած են դպրոցին մէջ իրենց դասերով եւ այլ պարտականութիւններով, վախնալու պատճառ մը չունինք, սակայն երբ անոնք բոլորովին պարապ կը մնան առանց ուղղութեան եւ հսկողութեան, այն ատեն է, որ վտանգը զանազան մոլութիւններու եւ յոռի բարքերու դիմակին տակ, կը սպառնայ անոնց մատաղ հոգին ու սիրտը եղծանել:
Հսկենք մեր զաւակներուն վրայ իրենց պարապոյ ժամերուն մէջ եւ այն ատեն մասամբ մը փրկած կ՚ըլլանք զանոնք:
Կ՚ընդունինք, թէ տրուած պայմաններով դժուար է գոհացուցիչ արդիւնքներ սպասել: Գիտենք հայ ծնողքին նիւթական ու բարոյական դժուարութիւնները, եւ սակայն ի խնդիր մեր մանուկներու առողջ դաստիրակութեան եւ բարոյական կառուցուածքին, պարտաւոր ենք մեր կարելի ուժերը ի սպաս դնել որպէսզի հայ դպրոցականները ամառուայ ընթացքին, ինչպէս նաեւ ուրիշ ատեններ, մտքով, սրտով ու հոգիով բարձր, առողջ եւ ազնիւ նկարագրի տէր անհատներ մնան:
Ի՞նչ կրնանք ընել այս ուղղութեամբ:
Մի քանի համեստ թելադրութիւններ ահա, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ մանուկները տան մէջ հսկելու առաջնորդելու գործին մէջ:
Ա.- Մանուկները ի բնէ անհանդարտ, աշխոյժ ու գործունեայ են, կ՚ուզեն շարժիլ, խաղալ, գործել, բան մը ընել, գործ մը արտադրել, եւ ճիշդ այդ պատճառով անոնք ամէնուրեք շարժման մէջ պիտի ըլլան: Մեր ծնողներէն շատեր անտեսելով այդ պարագան, կ՚ուզեն անբնական եւ ոչ մանկավարժական միջոցներով հանդարտութեան հրաւիրել իրենց զաւակները: Սակայն պէտք է գիտնալ, որ բոլոր զսպողական միջոցները, սպառնալիքները, վախ, ծեծ եւ այլն, գոհացուցիչ արդիւնքներ չտալէ զատ մանուկները կ՚ընեն անհնազանդ, ըմբոստ, դիւրագրգիռ եւ կեանքի պահանջքներուն դիմագրաւելու անկարող անհատներ:
Փոխանակ մանուկները անշարժութեան դատապարտելու ջանալու, ինչ որ անկարելի է, օգտագործենք անոնց մէջ գտնուող թաքուն կարելիութիւնները, գործ, աշխատանք, զբաղում, պարտականութիւններ տանք անոնց: Կան այնպիսի փոքր ծառայութիւններ, նոյնիսկ տան մէջ, զոր մանուկներ սիրայօժար պիտի կատարեն եթէ մենք կարենանք զիրենք ուղիղ հասկնալ եւ ըստ այնմ գոհացնել: Շատ փոքր մանուկներու համար հայթայթենք խաղալիքներ փայտերէ, տուփերէ եւ ուրիշ առարկաներէ բաղկացեալ, տանք անոնց անկիւն մը տան մէջ եւ թող անոնք ընկերներով խաղան ու զուարճանան:
Բ.- Այն հայրերը, որոնք արհեստաւորներ կամ առեւտրական են եւ ունին իրենց սեփական խանութները, կրնան իրենց զաւակները միասին տանիլ եւ զանոնք վարժեցնել գործնական կեանքի, միշտ խոհեմ եւ զգոյշ միջոցներով: Այն պարագային երբ կարելի չըլլայ այս առաջադրութիւնը այս ձեւով իրագործել, ծնողներ կրնան իրենց զաւակները յանձնել վստահելի արհեստաւոր բարեկամներու կամ ազգականներու:
Գ.- Կարելի է նաեւ մանուկները յանձնել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող մարզական եւ այլ պատանեկան միութիւններու, պայմանաւ որ այս կազմակերպութեանց վարիչները գիտնան պատանիները լաւագոյնս առաջնորդել, զարգացնելով անոնց մէջ ձեռներէցութեան եւ ծառայութեան ոգին: Երբեք թելադրելի չէ, որ ամառուան այս տաք օրերուն մանուկները իյնան այնպիսի խաղերու ետեւէ, որոնք կրնան իրենց ֆիզիքականը քայքայել: Չափաւորութիւն ու ընտրութիւն՝ նոյնիսկ խաղերու մէջ, անհրաժեշտ են:
Դ.- Նկատելով, որ գործի բերմամբ հայրեր առհասարակ բացակայ կ՚ըլլան տունէն, պարտականութեան մեծագոյն բաժինը կ՚իյնայ մայրերուն վրայ, որոնք լաւ կ՚ընեն տնական խել մը աշխատանքները կրճատելով եւ զանց ընելով, նուիրուելու համար իրենց զաւակներուն հսկողութեան կարեւոր գործին: Կարելի է մանուկները զբաղեցնել զանազան պատմութիւններով, երգերով, խաղերով եւ երբեմն ալ իրենց իսկ գիտցածները կրկնել տալով: Անհրաժեշտ է նաեւ, որ մայրեր հսկեն իրենց զաւակներուն մաքրութեան, ճաշերու կանոնաւորութեան եւ կանխեն անպատեհութիւնները եւ վտանգները, որոնք յաճախադէպ են գաղթակայաններու մէջ:
Ե.- Օգտուիլ զանազան կազմակերպութեանց կողմէ հաստատուած ամառնային վարժարաններու ընձեռնած բարիքներէն: Հոն մանուկները պիտի ստանան ըստ բաւականի առողջ դաստիարակութիւն, պիտի ըլլան հսկողութեան տակ, եւ փողոցներու փոշիէն եւ հակառողջապահիկ կեանքէն զերծ մնալէն զատ, պիտի սորվին նաեւ խաղեր, երգեր, պատմութիւններ եւ ուրիշ օգտակար գիտելիքներ:
Զ.- Օգտագործել թաղին աղջիկներն ու տղաքները, երբեմն յանձնելով անոնց խնամքին փոքր թուով մանուկներ, որպէսզի միասին խաղան, գործեն ու զբօսնուն: Ապահովաբար, շատ մը չափահաս դպրոցականներ ուրախ պիտի ըլլան՝ այս կերպով օգնելով իրենց թաղի փոքրիկներուն, առաջնորդելով զանոնք ուղիղ ճամբով եւ ներշնչելով անոնց բարձր, վսեմ եւ ազնիւ գաղափարներ:
Այսօրինակ ուրիշ միջոցներ ծնողներ իրենք ալ կրնան խորհիլ եւ օգտագործել: Կարեւորը աչալուրջ, խոհեմ եւ ծնողական պարտականութեան լիովին գիտակից ըլլալն է: Քիչ մը աւելի զոհողութիւն, քիչ մը աւելի ճիգ ու խոհեմութիւն, եւ ահա մեր մանուկներուն առողջ աճման եւ զարգացման մեծապէս սատարած պիտի ըլլանք:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ ԱՆՀԱՆԴԱՐՏ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՀԵՏ
Անցեալ օր ականատես եղայ պարզ միջադէպի մը, որը կ՚արժէ հոս ներկայացնել: Մայր մը իր երեք տարեկան զաւակը հանդարտեցնելու եւ լռեցնելու համար իր ձեռքը գտնուած գաւազանով կը սպառնար եւ պոռալով կ՚ուզէր խեղճ պզտիկը անհոգի, անշարժ էակի մը վերածել: Փոքրիկը սոսկումէն ու ձայներու ժխորէն ազդուած՝ բոլորովին սմքած, կծկտած էր անկիւն մը եւ չէր համարձակեր որեւէ շարժում ընել կամ ձայն մը հանել: Կը հարցնենք. արդա՞ր է, որ մայր մը այս ձեւով վարուի իր զաւկին հետ, եւ յետոյ, ա՞յս է մանուկները մեծցնելու եւ անոնց ուղղութիւն ու դաստիարակութիւն տալու կերպը:
Դժբախտաբար դեռ կան մայրեր ու հայրեր, որոնք կ՚անգիտանան մանուկներու հոգեբանութիւնը, անոնց աճման ու զարգացման պարագաները եւ ըստ իրենց՝ անոնց անհանդարտ եւ չար ըլլալուն հիմնական պատճառները, եւ կը դիմեն այնպիսի միջոցներու, որոնք սահմանուած են ապարդիւն մնալու եւ մանուկները վախկոտ ու կեանքի պայքարը յաջողութեամբ տանելու անկարող էակներ դարձնելու:
Շատ անգամներ մանուկներու հետ մեր ունեցած յարաբերութեանց մէջ կ՚ակնկալենք, որ անոնք մեզի պէս խորհին, մեզի պէս զգան, մեզի պէս դատեն ու մեզի պէս գործեն: Կ՚ուզենք, որ անոնք հասկնան մեր ցաւերը, նեղութիւնները ու մասնակից ըլլան մեր հոգեկան, իմացական ու ֆիզիքական վերիվայրումներուն: Ահաւասիկ աններելի սխալ մը, զոր պէտք է դարմանել ի շահ մեր մանուկներուն ապագային եւ անոնց առողջ աճման եւ ուղիղ դաստիարակութեան:
Ամէն ոք կ՚ընդունի, թէ կան մասնաւոր աճման շրջաններ, որոնց մէջէն բոլորս ալ կ՚անցնինք մանկութենէն մինչեւ չափահասութիւն: Արդ, մանկական շրջանի ամենացայտուն յատկանիշներէն մէկն է ֆիզիքական շարժումը: Մանուկը կ՚ուզէ իր ձեռքերն ու ոտքերը միշտ զբաղած պահել, իրերը շօշափել, բռնել, վազել, բան մը ընել: Միմիայն տեսնելով ու լսելով չի գոհանար. կարծես զգայարանքներու միջոցաւ ստացած բոլոր տպաւորութիւնները իր մկաններէն դուրս կ՚արտահանուին:
Ֆիզիքական շարժումները դիպուածի մը արդիւնք չեն. բնութիւնն է, որ կը գործէ մանուկին մէջ եւ թոյլ կու տայ, որ ան այս կերպով մտաւորապէս եւ ֆիզիքապէս զարգանայ: Ֆիզիքական շարժումներն ու գործունէութիւնները առաջին վեց տարիներուն եւ անկէ վերջն ալ մանուկին էական պահանջներէն մին կը կազմեն: Այս շրջանին աճումը կ՚ըլլայ արագ, մանուկը մարմնով ու հասակով կը զարգանայ եւ իր նկարագրին հիմերը կը դնէ: Նոր փորձառութիւններ եւ ծանօթութիւններ կը հաւաքէ եւ իր շրջապատի իրերուն աստիճանաբար նշանակութիւն եւ իմաստ տալ կը սկսի: Մանուկին ֆիզիքական շարժումներուն պատճառները պէտք է փնտռել բուն իսկ իր բնական կառուցուածքին մէջ:
Մանուկը ստիպուած է շարժիլ ու գործել, որովհետեւ իր մէջ ունի ուժ, կենսունակութիւն, եւ այս ուժն ու կենսունակութիւնը կ՚ուզեն ազատ արձակուիլ, ոեւէ ելք մը գտնել, եւ միակ բնական միջոցը ֆիզիքական շարժումներն են:
Նոյնպէս մանուկը ստիպուած է շարժման մէջ ըլլալ, որովհետեւ շրջապատուած է առարկաներով, ձայներով, զանազան տպաւորութիւններով եւ բնականաբար, իր զգայարանքներուն միջոցաւ պիտի պատասխանէ արտաքին ազդեցութիւններուն, տեսած առարկան պիտի բռնէ կամ պիտի շօշափէ, պիտի դառնայ այն կողմը, ուրկէ ձայն մը կը լսէ, եւ պիտի խաղայ իր շօշափած առարկաներուն հետ:
Մանկան բնազդները, որոնք որոշ ձեւերով զգալու եւ գործելու բնածին յատկութիւններ են, ինչպէս նաեւ իր գաղափարներն ու խորհուրդները, որոնք մանուկին համար շարժում կը նշանակեն, կը մղեն զինքը գործունէութեան եւ շարժման:
Այսպէս ուրեմն կը տեսնենք, թէ մանուկին հոգեկան, մտաւոր ու բարոյական զարգացման համար իր ֆիզիքական շարժումները որքա՜ն անհրաժեշտ են, եւ երբ մենք կը փորձենք զսպողական միջոցներով զրկել մանուկը իր ամենատարրական իրաւունքէն՝ որն է շարժման միջոցաւ աճիլ ու զարգանալ, սխալ ու վնասաբեր ուղղութեան մը հետեւած կ՚ըլլանք:
Մանուկը միշտ շարժման մէջ պիտի ըլլայ. այս չի նշանակեր սակայն թէ անոր գործունէութիւնը ու շարժումները առանց հակակշռի եւ առանց ուղղութեան պէտք է մնան: Մեր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ոչ թէ արգիլել մանուկը շարժելէ եւ սեղմումներու ենթարկել զայն, այլ ուղղութիւն եւ առաջնորդութիւն տալ անոր հակումներուն, շարժումներուն եւ գործերուն: Ցոյց տալ միջոց մը, որով ան կարենայ իր մէջ գտնուող ուժին ու կենսունակութեան ուղիղ ելք մը գտնել:
«Մի ըներ» ըսելը կացութիւնը չի փրկեր: Եթէ կ՚ուզենք, որ մանուկը սխալ եւ վնասաբեր արարքի մը մէջ չգտնուի, ցոյց տանք անոր այնպիսի գործ մը, այնպիսի զբաղում մը, որ աւելի օգտակար եւ դաստիարակիչ ըլլայ: Մանուկին իրաւունքն է շարժիլ, խաղալ, ցատկել, զբօսնուլ, գործել, մեզի կը մնայ առաջնորդել զինքը, որպէսզի ան ընտրէ օգտակարը, լաւագոյնը եւ ուղիղը:
Դրական կերպով մօտենանք մանուկին, ծեծը, սպառնալիքը եւ պոռչտուքը մէկդի ձգելով ջանանք զինքը այնպէս մը ուղղութեան բերել, որ բնաւ չզգացուի, չի վիրաւորուի եւ վախի ազդեցութենէն զերծ մնայ: Վայրկեանի տպաւորութեան տակ չմնանք, տեսնենք մանուկին կեանքը իր ամբողջութեանը մէջ եւ ըստ այնմ շարժինք:
Ենթադրենք, թէ տղայ մը ցեխերուն մէջ վրան գլուխը կ՚աղտոտէ. Փոխանակ անոր պոռալու. «Ինչո՞ւ ցեխին հետ կը խաղաս», «Ինչո՞ւ վրադ կ՚աղտոտես», «Հիմակ քեզ պիտի ծեծեմ», «Մի՛ ըներ» եւ այլն, նոյն պահուն խորհիլ ուրիշ օգտակար բանի մը վրայ եւ ըսել. «Տղաս, զաւակս, եկուր քեզի հետ պտոյտի երթանք» կամ «Քեզի թուղթ մատիտ տամ պատկերներ գծէ» կամ «Սա ամանը տամ ինծի քիչ մը ջուր բեր աղբիւրէն» եւ այլն:
Ահաւասիկ տղայ մը, որը քար կը նետէ պատուհանի ապակիներուն. զինքը այս վնասաբեր արարքէն ետ կեցնելու լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ թելադրել հաճելի խաղ մը, օգտակար եւ հրապուրիչ պարտականութիւն մը: Մայրը նոյն պահուն կրնայ ըսել. «Եկուր քեզի մուրճ մը եւ գամ մը տամ սա պատուհանին ինկած փայտը գամէ»:
Ինչպէս ըսինք, մեր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մանուկին շարժումներուն եւ գործերուն ուղղութիւն տալ եւ ոչ թէ արգիլել մանուկը գործելէ, շարժելէ կամ խաղալէ:
Ծնողներ համոզուելու են, թէ երբեք չեն կրնար մանուկը անշարժութեան դատապարտել, քանի որ անշարժ մնալը տղուն համար տառապիլ պիտի նշանակէր: Մեծ հեղինակ մը կ՚ըսէ. «Մի արգիլեր այն բանը, որ չես կրնար արգիլել»: Մեր մշտատեւ «մի ըներ»ները, տղուն մէջ կը ստեղծեն ապստամբ եւ անհնազանդ բնաւորութիւն մը: Ընդհակառակը, երբ մանուկին շարժումներն ու գործերը կը թելադրուին ծնողքին կողմէ, անգիտակցաբար հնազանդութեան ոգի մը կը ստեղծեն անոր մէջ:
«Մի ըներ»ի տեղ դնենք «Ըրէ՛ կամ ընե՛նք»: Ծեծին, արգելքին եւ սպառնալիքին տեղ օգտակար գործ, զբաղում եւ առաջնորդութիւն: Տա՛նք մանուկներուն յարմար միջավայր մը, եւ կանխենք այն բոլոր դժուարութիւնները, մեր իմաստով «վատ արարքները», «չարութիւնները», որոնց կրնայ հանդիպիլ մանուկը:
Մանուկը նկատենք ոչ թէ պարզ առարկայ մը, անշունչ իր մը, այլ մարդ մը, անձ մը, անհատականութիւն մը, աճելու եւ զարգանալու անսահման կարելիութիւններով օժտուած, եւ ըստ այնմ վարուինք անոր հետ:
(1934)
ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ԱՌՆՈՒԱԾ ԶՈՒԱՐՃԱԼԻՔՆԵՐ
Մայրը. «Յիշէ՛ առածը, թէ ով որ շատ կը սիրէ՝ շատ կը պատժէ»:
Տղան. «Մայրիկ, դուն չե՞ս կրնար քիչ մը պակաս սիրել զիս»:
***
-Տղաս, 100 փարայի պօնպօն կ՚ուզես, բայց տուած դրամդ չ՚անցնիր, անգլիական է:
-Դուն ալ անգլիակա՛ն պօնպօն տուր ինծի…
***
Մայրը. «Քաղաքավարի մարդիկ չեն յօրանջեր, սիրելի՛ս»:
Տղան. «Բայց աւելի քաղաքավարի մարդիկ ուշադրութեան չեն առներ, մայրիկ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան