ԱՐՑԱԽ
Թերեւս ամէն հայու ականջին հասած է այս նախադասութիւնը. «Եթէ կորսնցնենք Արցախը, կը գոցենք հայոց պատմութեան վերջին էջը»: Ստեղծուած ծանր կացութիւնը կու գայ ապացուցելու, թէ շատեր թերահաւատօրէն մօտեցած են այս պնդումին:
Տասնամեակներ շարունակ մեզի կը թուէր, թէ Հայաստան կը պահէ, հոգ կը տանի Արցախին: Այնինչ պարզուեցաւ հակառակը: Վիրաւոր, հոգեվարքի մէջ ծանր տնքացող Արցախը եկաւ մեզի ապացուցելու, որ այդ ափ մը հողն էր հայոց պետականութեան լինելիութեան գրաւականը:
Ոչ թէ Հայաստանն էր Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը, այլ ընդհակառակն՝ Արցախն էր Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորն ու պահապանը:
Պատմութեան հոլովոյթին գրեթէ միշտ ազատ ու անկախ եղած Արցախը Մեծ Հայքի տասներորդ նահանգն է՝ Հայաստանի անբաժանելի մասը:
Արցախը Հայաստանի արեւելեան դարպասն էր, որն այսօր փլած է, փոշիացած:
Արցախը, իր Քարվաճառի շրջանով, Հայաստանի ջրային պաշարներու ակունքն ու աւազանն էր, ուրկէ սկիզբ կ՚առնեն Թարթառ, Խաչեն, Արփա, Որոտան գետերը: Արցախի Հանրապետութեան ջրամատակարարումը 85 տոկոսով կ՚ապահովուէր այս շրջանէն: Արցախս կը դասուէր ջրային պաշարներով ամենաապահովուած երկիրներու շարքին մէջ: Քարվաճառի շրջանը արցախցիի համար պատմական հայրենիք ըլլալէ զատ, ունէր նաեւ ռազմական մեծ նշանակութիւն:
Այդ նոյն Արցախն է հայոց այբուբենի ստեղծման օրրանը:
Իմ երկիր դրախտավայրը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցիի, հայոց հաւատի յենասիւներէն մին է:
Արցախ՝ հերոսածին հող, շաղախուած հերոսներու արեամբ ու փառքով:
Ափ մը հող՝ տուած նշանաւոր հայ գիտնականներ ու մշակութային, ռազմական գործիչներ:
Արցախս հայութիւնը միաւորող, հայրենիք հասկացութիւնը ամբողջացնող, հայը հայ պահող, ուժ ու եռանդ տուող, դրական լիցքերու անսպառ աղբիւր հանդիսացող գեղեցկագոյն հողակտոր մըն է:
Թերեւս այսպէս պէտք է սկսէին, սկսին մեր պատմութեան, գրականութեան դասագիրքերը, որպէսզի Արցախիս իրական արժէքը դաջուած մնար, մնայ մեր սերունդներու գիտակցութեան, արժեհամակարգի ու յիշողութեան մէջ:
Մտովի երկար ու բարակ դեգերումներու վերջնակէտին հասկցայ, որ իմ կեանքի մէջ, իմ բոլոր ուրախութիւններն ու թախիծները մէկ հատիկ անուն մը ունին՝ Հայաստան:
Հուսկ, կ՚ուզեմ բաժնեկցիլ ծնունդով շուշեցի, արցախցի բանաստեղծ Միքայէլ Յարութիւնեանի գեղեցիկ բանաստեղծական տողերը.
Ինչ-որ լաւ է այս աշխարհում՝
Բոլորն էլ կայ Ղարաբաղում,
Բոլորն էլ կայ եւ աւելին,
Սար չի հասնի մեր սարերին...
Ինչպէս մայրն իմ ողջ աշխարհի
Մայրերից էլ լաւն է, բարի:
Այդպէս էլ հողն իմ Ղարաբաղի
Քաղցր է, եւ թող Աստուած պահի:
Եւ կը պահի, մի՛ կասկածիր,
Աստուած էլ է ղարաբաղցի:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան