ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԻԱՅՆ ԱՍՏՈՒԾՄՈՎ ՊԱՐԾԵՆԱԼ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները առնուած են Եսայիի մարգարէութենէն (Ես 3.16-4.1), Պօղոս Առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն (Ա. Կր 1.25-30) եւ Մատթէոսի Աւետարանէն (Մտ 18.10-14):

Պօղոս Առաքեալ Կորնաթացիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ կը գրէ.

«Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինութիւնը, որ յոյները յիմարութիւն կ՚որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային որեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ հրեաները տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն:

Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց: Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով: Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար. եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները: Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ Աստուած Ի՛նքն էր որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը» (Ա. Կր 1.25-30):

• Աստուծոյ տնօրինութիւնը իմաստնագոյն է քան մարդկային որեւէ իմաստութիւն. անցեալին յոյները Աստուծոյ տնօրինութիւնը անկարեւոր կը համարէին, նոյնիսկ կը համարձակէին զայն յիմարութիւն որակել, որովհետեւ մարդկային բանականութեան հետ համեմատած, տկարութիւն եւ խեղճութիւն կը քարոզէր: Այսօր եւս կան մարդիկ, որոնք նոյն մտածելակերպը ունին, նոյն համարձակութիւնը ունին, ըսելու թէ Աստուծոյ տնօրինութիւնը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ այսօրուան մարդուն համար, որովհետեւ այսօրուան մարդը նուաճած է գիտութեան բարձր ոլորտներ եւ բազմաթիւ յաջողութիւններու հասած է, եւ Աստուծոյ տնօրինութիւնը այս բոլորին չի՛ համապատասխաներ, քանի որ այսօրուան մարդուն պահանջնքները տարբեր են, այսօրուան մարդը աւելի խելացի է եւ նման այլ պատճառաբանութիւններ: Այդպիսիները կը մոռնան սակայն, որ մարդ ինչ որ է՝ Ա՛ստուծմով է, առանց Աստուծոյ պարզապէս ոչնչութիւն է մարդը, որ այսօր կայ՝ վաղը չկայ, որ այսօր կայ՝ վաղը փոշիի նման պիտի անհետանայ: Ասկէ մեկնելով, պէտք է գիտակցինք, թէ մերժել կամ ուրանալ Աստուծոյ տնօրինութիւնը, աւելին՝ զայն յիմարութիւն համարել, պարզապէս անձի կործանումի գրաւականն է, որ կը ստանանք՝ ուրիշ ոչինչ, հակառակ մեր ձեռք բերած յաջողութիւններուն կամ ունեցած նուաճումներուն: Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանը կը գրէ. «Մարդը չէ՛ ստեղծուած առանձին ըլլալու եւ ինքնանպատակ ապրելու համար, այլ՝ ստեղծուած է աշխարհի մէջ ու մարդոց պէս ապրելու եւ Աստուծոյ համա՛ր ըլլալու նպատակով: Այն մարդը, որ իր հայեացքը Աստուծմէ կը կտրէ եւ միայն ինքզինքին կը նայի, անիկա կը մոռնայ զԱստուած, կը մոռնայ Աստուծոյ պատկեր ըլլալը, կը տեսնէ միայն ինքզինք եւ իր մէջ բոյն դրած մեղքի՛ն պատկերը»: Հետեւաբար, մարդ ստեղծուած է մարդոց պէս ապրելու եւ Աստուծոյ համա՛ր ըլլալու նպատակով: Աստուծոյ համար ինչպէ՞ս կարելի է ըլլալ, երբ մարդ կ՚անարգէ ու կը մերժէ Անոր տնօրինութիւնը: Մարդու կոչումն է, արդարեւ, մարդոց պէս ապրիլ եւ Աստուծոյ համար ըլլալ, այսինքն՝ զԱստուած փառաբանէ, զԱստուած օրհներգէ, Աստուծոյ կամքը կատարէ, հետեւի Աստուծոյ պատուիրաններուն, որով Աստուծոյ իմաստնագոյն տնօրինութեան անբաժան մէկ մասնիկը կը դառնայ:

• Աստուծոյ խաչը, որ հրեաները տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն. հրեաները իրենց կամաւոր կուրութեան եւ անձնական շահը գերադասելով, փորձեցին խամրեցնել աստուածային Լոյսը՝ զՔրիստոս, սակայն չէին գիտեր, որ իրենց ընտրած միջոցը՝ խաչ, որ այդ ժամանակներուն անարգանքի, արհամարհանքի ու նուաստացումի միջոց էր, պիտի դառնար զիրենք դատապարտելու գործիք, իսկ խաչին յուսացողներուն համար՝ փրկութեան կամուրջ: Կամուրջ մը, որ ո՛չ մէկ փոթորիկ կամ հեղեղ կրնայ խախտել կամ սասանել, ո՛չ մէկ մարդկային տրամաբանութիւն կրնայ քանդել կամ թուլցնել, որովհետեւ Աստուծոյ խաչը աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն: Այն ատենուան հրեաները եւ այսօրուան հրեանման մարդիկը կ՚անգիտանան թէ Աստուծոյ խաչը յաղթութիւն է, որով կարելի է յաղթահարել ամէն տեսակի փորձութիւն եւ նեղութիւն, սակայն տառապանք կը դառնայ երբ մարդ անգիտանայ կամ մերժէ ընդունիլ անոր զօրութիւնը:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այսպէս կը թելադրէ. «Եղբայր, մի՛ ամչնար խաչի նշանէն, որովհետեւ ան զօրութեան եւ օրհնութիւններու աղբիւրն է, որու մէջ կ՚ապրինք ստեղծուած նոր ստեղծագործութեամբ մը՝ Քրիստոսի մէջ…: Հագուէ՛ զայն եւ հպարտացիր անով որպէս թագ»: Իսկ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գրէ. «Խաչին զօրութիւնը մշտնջենական է եւ անոր փառքը՝ Աստուած է»:  

Առաքեալը ապա կու տայ հարցադրում մը կորնթացիներուն, որն ուղղուած է սակայն բոլոր ժամանակներու մարդոց: Հարցումը հետեւեալն է. դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց: Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով: Այո՛, մեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ է կամ էր՝ մարդկային չափանիշներով, երբ Աստուած զինք կանչեց: Կրնայ ըլլալ շատերը, բայց…, Առաքեալին յաջորդող նախադասութիւնը շատերու համար կրնայ անտրամաբանական թուիլ, սակայն մարդուն համար անտըրամաբանական կամ անկարելի թուացածը, Աստուծոյ համար տրամաբանական եւ կարելի է: Առաքեալը կը պատասխանէ վերը տուած իր հարցումին. բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար. եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները: Այստեղ քամահրանք պէ՛տք չէ տեսնել կամ նշմարել. ըսուածը պարզ ու յստակ է. այս աշխարհի չափանիշներով յիմար, արհամարհուած, տկար, անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն նկատուածներուն միջոցով Աստուած Իր մեծութիւնն ու ամենակարողութիւնը ցոյց կու տայ, մարդուն յիշեցնելու համար միշտ, որ ինք՝ իր ունեցած բոլոր իմաստութեամբ, զօրութեամբ եւ կարողութեամբ, ոչինչ է, եթէ այդ բոլորին մէջ չկա՛յ Աստուծոյ ներկայութիւնը, այլ խօսքով՝ եթէ մարդ չէ՛ ընդունած Աստուծոյ Տէր եւ Թագաւոր ըլլալը իր կեանքին եւ ընդհանուրի կեանքին մէջ:

Շնորհք Վարդապետ [ապա եպիսկոպս, պատրիարք] Գալուստեանը այսպէս կը մեկնէ այս հատուածը. «“Զյիմարս, զտկարս, զանտոհմս…”. այս համարին մէջ յառաջ կը բերէ նախորդ հատուածին մէջ յիշուած “իմաստունք”ի, “հզօրք”ի եւ “ազնուականք”ի հակառակ դասակարգի մարդիկը՝ փոխանակ իմաստուններու “յիմարներ”ը ընտրեց Աստուած իբրեւ անդամ եկեղեցիի. այսինքն տգէտ, անուսում մարդիկ՝ արհամարհելի՝ “իմաստուն”ներէն: Այսպիսիները ընտրեց Աստուած, որպէսզի ցոյց տայ աշխարհի իմաստութեան անմիտ ըլլալը: Փոխանակ հզօրներու, “տկարները” ընտրեց, այսինքն ռամիկ, աղքատ մարդիկը, որոնցմով Աստուած գործեց այնպիսի զօրութիւններ որոնց առջեւ սքանչացած են իրենք զիրենք հզօր կարծողները: “Զանտոհմս աշխարհի”, այսինքն աշխարհի առջեւ “արհամարհելի, աշխարհի առջեւ արհամարհելի, անարժէք նկատուած մարդիկը”» (Շնորհք Վրդ. Գալուստեան, «Մեկնութիւն Թղթոյն Առ Կորնթացիս Առաջին», Ստանպուլ 2014, էջ 170):

Առաքեալը կը շարունակէ. Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ Աստուած Ի՛նքն էր որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը: Այսինքն, Աստուած յիմարները, արհամարհուածները, անարժէքներն ու տգէտները ընտրելով, կ՚ուզէ մարդոց՝ իրենք զիրենք իմաստուն, հզօր, խելացի եւ գիտուն կարծողներուն, ընդ որում նաեւ նոյն այդ յիմարներուն, արհամարհուածներուն, անարժէքներուն եւ տգէտներուն ցոյց տալ, թէ ո՛չ ոք իրաւունք ունի կամ համարձակութիւն պէտք է ունենայ պարծենալու Աստուծոյ առջեւ, քանի որ մարդ ինքն իրմէ ո՛չինչ կրնայ ըլլալ, եթէ չըլլայ Աստուծոյ միջամտութիւնն ու օգնութիւնը: Այլ խօսքով, մարդ ինչ որ ալ ընէ առանց Աստուծոյ, անօգուտ եւ անարդիւնք է: Մանաւանդ հոգեւոր կեանքի մէջ, մանաւանդ Աստուծոյ որդեգրութեան գործին մէջ, Աստուած Ի՛նք էր որ Տէր Յիսուսին տուաւ, որպէսզի մարդոց եւ Աստուծոյ միջեւ փրկութեան Միջնորդ ըլլայ, մարդուն՝ Աստուծոյ որդեգիրը ըլլալու գրաւականը ըլլայ, մարդուն՝ սատանային եւ անոր արբանեակներուն վրայ յաղթութեան զօրութիւնն ու իմաստութիւնը ըլլայ: Գիտակցելէ ետք այս ճշմարտութեան, մարդիկ համարձակութիւն պէտք չէ ունենան պարծենալու, որպէսզի «չըսեն թէ իրե՛նց կարողութեամբ հասած են այն վիճակին որուն բարձրացուցած է զիրենք Աստուծոյ զօրութիւնը, որպէսզի Աստուծոյ փառքին յափշտակիչները չըլլային, որովհետեւ որեւիցէ պարծանք որ կ՚ըլլայ ի նպաստ անձին որեւիցէ կարողութեան կոպտումն է Աստուածային փառքին: Աստուա՛ծ է միայն աղբիւրը ամէն ձիրքի եւ ամէն յաջողութեան, հետեւաբար Ան միայն պէտք է փառաւորուի որեւիցէ պարգեւի կամ յաջող գործի մը համար» (Շնորհք Վրդ. Գալուստեան, «Մեկնութիւն Թղթոյն Առ Կորնթացիս Առաջին», Ստանպուլ 2014, էջ 170): 

Աւելին, Առաքեալին բառերով, մարդ Քրիստոսով գտաւ իր արդարութիւնը, սրբութիւնն ու փրկութիւնը:

«“Արդարութիւն” հոս կը նշանակէ “արդարացում”, մեղաց թողութիւն եւ քաւութիւն: “Քրիստոս մեր արդարութիւնը եղաւ” կը նշանակէ Քրիստոս մեր մեղքերուն քաւիչը եղաւ, Անոր շնորհիւ մեր մեղքերը քաւուեցան: Արդարացումը բարոյական վիճակ մըն է, որ հիմնուած է հաւատքի վրայ եւ յառաջ կու գայ հաւատքով. “Քանզի Արդարութիւնն Աստուծոյ ի հաւատոց անտի Յիսուսի Քրիստոսի” (Հռ 3.42). “զի սրտիւ հաւատայք յարդարութիւն եւ բերանով խոստովանիք ի փրկութիւն” (Հռ 10.10): Այստեղ իմացուած արդարութիւնը պէտք է զանազանել Աստուծոյ արդարութենէն (Հռ 3.26, 1.17):

• Այն արդարութենէն, որ յառաջ կու գայ մարդոց միջեւ ուղիղ յարաբերութենէն:

• Դատական արդարութենէն:

• Եւ վերջապէս բարոյական այն գերազանց յատկութենէն որ առաքինութիւն մըն է, որուն մէջ չկայ կրօնական հարց, եւ զոր անհաւատ մը կամ հեթանոս մըն ալ [կրնայ] ունենալ. օր. “արդարն Արիսդիտես”:

“Սրբութիւնը” արդարութեան հոգեկան վիճակին դէպի կատարելութիւն յառաջընթացութիւնն է, անոր աւելի բարգաւաճած ձեւն է:

“Փրկութիւն” հոգեկան կատարելութեան յառաջընթացութեան վերջնական վիճակն է» (Շնորհք Վրդ. Գալուստեան, «Մեկնութիւն Թղթոյն Առ Կորնթացիս Առաջին», Ստանպուլ 2014, էջ 172):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

23 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2022