ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ

Մամուլը գուժեց Արեթա Ֆրանքլինին մահը: Լէյտի Սոուլը մահացաւ Տիթրոյթի մէջ՝ շրջապատուած հարազատներով: Աշխարհի բոլոր ծայրերէն մարդիկ սգացին աստղին մահը՝ մինչ այդ աղօթքներ մրմնջելով մահամերձ վիճակին մէջ գտնուող երգչուհիին համար:

Ժամանակաշրջանի ամենէն յայտնի սեւամորթ երգչուհին մահացաւ 76 տարեկանին, երկարատեւ հիւանդութեան դէմ պայքարելով: Տարի մը առաջ յայտարարած էր հանգստեան կոչուելու մասին: Բժիշկները արգիլած էին բեմ ելլել: Հինգուկէս տասնամեակ բեմին վրայ փայլած եւ անվերջ երգած երգչուհին իրապէս հանգիստի կարիք կը զգար, եւ միայն հիւանդութիւնը չէր պատճառը: 2010 թուականէն ի վեր, Արեթա Ֆրանքլին կը տառապէր քաղցկեղով, աւելի երիտասարդ տարիքին պայքար մղած է գիրութեան դէմ եւ միշտ հարցեր ունեցած է ծխախոտի եւ խմիչքի իր վարժութեան պատճառով… Տխուր մանկութիւնը խոր հետք ձգած է երգչուհիին հոգեկան աշխարհին վրայ: Անոր մայրը ձգած է ընտանիքը, երբ Արեթան վեց տարեկան էր, ծնողքին ամուսնալուծութեան պատճառը Արեթային հօր անհաւատարմութիւնն էր: Երեխաները մեծցած են հօր խնամքին տակ եւ եկեղեցւոյ մէջ մխիթարութիւն գտնելով: Եկեղեցական երգերը յետագային մեծ ազդեցութիւն ունեցած են երգչուհիին արուեստին վրայ: Ան փոքր տարիքէն ծանօթութիւններ հաստատած էր տղոց հետ եւ արդէն իսկ տասներեք տարեկանին մայր դարձած:

Արեթա Ֆրանքլին ունեցած է չորս երեխայ: Առաջին զաւկին ծնունդէն երկու տարի ետք ունեցած է իր երկրորդ որդին: Երրորդ որդին աշխարհ բերած է ամուսնանալէն ետք, իսկ չորրորդ տղան ծնած է 1970 թուականին, իր երաժշտական արտադրիչին հետ կապին հետեւանքով:

1987 թուականի յունուարին Արեթա Ֆրանքլին դարձաւ առաջին կինը, որուն անունը գրուեցաւ «Rock and roll»ի փառքի սրահին մէջ: 2008 թուականի նոյեմբերին «Rolling Stones» ամսագիրը Ֆրանքլինը կոչած է պատմութեան մեծագոյն երգչուհին:

Ան եղած է լաւագոյն կատարողներէն բոլոր այն ժանրերուն, որոնք ձեւաւորուած են ափրօ-ամերիկեան եւ ճերմակներու երաժշտութեան ելեւէջներուն համադրումէն: Իսկ սոուլ ժանրը, որուն թագուհին հռչակուած էր, կրելով Լէյտի Սոուլ անունը, զուտ ափրօ-ամերիկեան ծագում ունի եւ որուն բնորոշ է զգացմունքայնութիւնը, զմայլուածութիւնը, յուզականութիւնը: Այս ժանրը կը ծագի աւանդական հոգեւոր օրհ-ներգներէն եւ աւետարաններէն, ինչպէս նաեւ ճազային յանկարծաստեղծումներէ:

Ինքը՝ Ֆրանքլին, քոյրերուն հետ պզտիկ տարիքէն երգած է եկեղեցական երգչախումբին մէջ եւ քանի մը տարի անց դարձած՝ աւետիսի (gospel) երաժշտութեան իրական բներեւոյթը: Հայրը քահանայ եղած է, եւ այդ էր պատճառը եկեղեցական երաժշտութեան այդքան մօտ ըլլալուն: Տանսչորս տարեկանին ձայնագրուած են երգչուհիին առաջին ստեղծագործութիւնները։ Երիտասարդ տաղանդով հետաքրքրուած է Տիթրոյթի մէջ գործող «Motown» սթիւտիոն, սակայն շնորհիւ տաղանդներ յայտնաբերող Ճոն Հեմընտին, Արեթա Ֆրանքլին պայմանագիր կնքած է «Columbia Records»ի հետ։ Անոր շնորհիւ սոուլ ժանրը մեծ յառաջխաղացում ապրած է, մէկը միւսին ետեւէն ձայնագրուած են երգչուհիին երգերը, թողարկուած են ալպոմները: Համերգային շրջագայութիւնները, ողջ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարածքին, յաջորդած են իրարու՝ համաշխարհային փառք բերելով անյայտ քահանային դստեր, որ կ՚երգէր ինքնամոռաց, երգերուն հետ արտայայտելով հազարաւոր յոյզեր եւ խօսելով միլիոնաւոր մարդոց սրտերուն: Երգած է փոփ երաժըշ-տութեան այլ ժանրի երգեր եւս: Արեթա Ֆրանքլին մեծ յաջողութիւններու հասած է մանաւանդ 1960-ական թուականներու կէսին եւ 1970-ական թուականներուն: 20-րդ դարու մեծագոյն ձայներէն մին նկատուող Ֆրանքլին հարիւրաւոր երգիչ-երաժիշտներու ուղենիշն ու երաժշտական կուռքը դարձած է, զայն կը մեծարէին եւ իրմէ կը սորվէին հին ու նոր աստղերը: Անոր մեծութեան առջեւ խոնարհած են իր ժամանակի առասպելները եւս: Եթէ Արեթան կը կոչէին Սոուլի թագուհի, ապա իր ժամանակներուն ուրիշ առասպել մը՝ Օթիս Ռետինկ կոչուած է Սուոլի արքայ: Ռետինկի աշխարհահռչակ «Respect» երգը Արեթան պայթեցուց ողջ աշխարհի մէջ, իսկ այդ կատարման մասին երգին հեղինակը ըսաւ. «Ան ինձմէ տարաւ իմ երգս»: «Respect» երգի ֆրանքլինեան մեկնաբանութիւնը կիներու շարժման հիմնաքարը դարձած է, եւ երգչուհիին մէկ անգամէն երկու «Կրեմմի» մրցանակ նուիրած է 1968 թուականին:

Երգիչ Պոպ Տիլըն Ֆրանքլինին բանաստեղծութիւն մը ձօնած է, բազմաթիւ աստղեր նոյնպէս խոնարհած են Արեթա Ֆրանքլինի տաղանդին առջեւ՝ փորձելով գտնել այն գաղտնիքը, թէ ինչպէ՛ս ան նուաճած է աշխարհը: Իսկ գաղտնիքը պահուած չէր, ակնյայտ էր, որ Ֆրանքլին կ՚երգէր ամենայն անկեղծութեամբ՝ առանց ձեւականութիւններու, ի ցոյց դնելով սեւամորթ կնոջ մը ամբողջ զգացումներն ու ապրումները: Ի ծնէ ժառանգած ձայնը ան ակադեմական մշակումներու չէր ենթարկեր եւ կը ճչար ողջ ուժով:

Երգչուհիին կրքոտ կատարումները արագօրէն կը դառնան իգականութեան հիմներ, կը քարոզեն սեռերու հաւասարութիւն, կիներու իրաւունք, կը նպաստեն բռնութեան, ճնշուածութեան դէմ բողոքներուն:

Երգչուհիին ծանօթ երգերէն են. «Chain of Soul, (You Make Me Feel Like)», «A Natural Woman», «Respect», «Baby I Love You», «I Say a Little Prayer», «I Never Loved a Man (The Way I Love You)», «Spanish Harlem», «I՚m in Love»…

Ալպոմները կ՚ապահովեն մեծ վաճառքներ, 75 միլիոնի հասնող ձայնագրութիւն ունեցած են անոր երգերը, իսկ 1968 թուականին Արեթա Ֆրանքլին կը ստանայ իր առաջին «Կրեմմի» մրցանակը։

Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին երգչուհին ստացած է 18 «Կրեմմի», իսկ եթէ նկատենք նաեւ «Կրեմմի»ի ժամանակ ստացած յատուկ մրցանակները, ապա անոնց թիւը քսանէն աւելի կ՚ըլլայ: Անոր նաեւ յատուկ մրցանակի արժանացուցած է Մարթին Լութեր Քինկ՝ բողոքական եկեղեցւոյ ամերիկացի հետեւորդ, հոգեւորական եւ աքթիւիստ, որ կը մեծարէր Արեթան եւ որուն յետագային նուիրեց «Սիրելի Աստուած» աղօթքին սրտառուչ մէկ տարբերակը: 2005 թուականին երգչուհին ստացած է Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն պարգեւը՝ «Ազատութիւն» նախագահական շքանշանը: Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Ճիմի Քարթըր, Պիլ Քլինթըն եւ Պարաք Օպամա նախընտրած են նախագահական երդումը տալ երգչուհիին աստուածային ձայնին միջոցաւ՝ միշտ համարելով, որ Արեթան Աստուծոյ պարգեւն է Ամերիկայի համար:

Երգչուհին, իրարու համադրելով սոուլ եւ կոսփըլ ժանրերը, կը դառնայ Ամերիկայի սեւ դէմքը եւ կը պայքարի քաղաքացիական իրաւունքներուն համար։ Արեթան նաեւ իր արտաքինին համարձակ փոփոխութիւններուն, ակնառու դիմայարդարման, զարդերուն եւ սեւու անմշակ ճաշակին քարոզման միջոցով դարձած է սեռական յեղափոխութեան դէմքերէն մին: Անոր վստահ եւ սուր ձայնը, նորարարական գործիքաւորումներուն մէջ, նկատուած է դասական սոուլի չափանիշ։ Իր կարգ մը ձայնագրութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ համերգներուն ընթացքին, երգչուհին ինք կը նուագէ ստեղնաշարային գործիքներ եւ ճանչցուած է նաեւ իբրեւ դաշնակահար:

Սոուլի թագուհիին համար ամենամեծ խնդիրը եղած է սեփական երգացանկ մը ունենալը։ Իր մշտական երգահանին բացակայութեան ժամանակ Արեթան կատարած է ուրիշ երաժիշտներու երգերը:

1978-1984 թուականներուն Արեթան ամուսնացած է յայտնի դերասան Կլին Թորմընին հետ, իսկ 1961-1969 թուականներուն՝ Թէտ Ուայթին հետ: Սակայն զանազան տարիներու ան ունեցած է կապեր տղամարդոց հետ, որոնց հետեւանքով խոր հիասթափութիւն ապրած է եւ ինկած ընկճախտի մէջ: Ընկճուածութիւնը ան յաղթահարած է ալքոլի միջոցաւ եւ այդ առումով միշտ գտնուած է մամուլի ուշադրութեան կեդրոնը: Մամուլը կը գրէր այդ մասին, եւ Արեթան միշտ դատական վէճերու մէջ էր թերթերուն հետ, որոնք կը համարձակէին գրել իրականութեան մասին: Մամուլը կը գրէր այն համերգներուն մասին, որոնք նախօրօք յայտարարուած էին, սակայն հանդիսատեսը երկար կը սպասէր դահլիճին մէջ, եւ երգչուհին բեմ չէր ելլեր: Ատիկա կ՚ապացուցէր, որ ան յաճախ պատշաճ վիճակի մէջ չէ եղած, եւ անոր արտադրիչները համերգէն առաջ փաստի առջեւ կը կենային: Բայց, հակառակ այդ բոլորին, եթէ անհրաժեշտ էր, ապա Արեթա Ֆրանքլին կրնար նաեւ հրապարակային աղմկայոյզ յաջողութիւններ ունենալ: Օրինակ, ան հիանալիօրէն հանդէս եկաւ 1998 թուականի «Կրեմմի»ի մրցանակաբաշխութեան, վերջին պահուն փոխարինելով Լուչիանօ Փաւարոթթիին եւ աներեւակայելի կերպով կատարելով օփերային մեներգը, որուն պատրաստուեցաւ ընդամէնը ութ վայրկեանի ընթացքին։ «Ես ուղղակի իմ գործս կ՚ընեմ: Երգչուհին պէտք է կարենայ կատարել ամէն ինչ», մրցանակաբաշխութենէն ետք ըսաւ ան լրագրողներուն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճիմի Քարթըրի երդման արարողութեան ան փայլուն կերպով երգեց եւ մտաւ ԱՄՆ-ի նախագահական արարողութիւններուն պատմութեան մէջ: Ան ցանկալի հիւր էր կարեւոր հանդիսաւոր արարողութիւններուն, երգած է փոխ-նախագահ Ալ Կորի դստեր հարսանիքին, հակառակ անոր որ այդ մէկը, երկրպագուներուն գնահատմամբ, յարիր չէր աստղին:

Արեթա Ֆրանքլինի կենսագրութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ 1980 թուականին, երբ ան նկարահանուեցաւ յայտնի «The Blues Brothers» շարժապատկերին մէջ: Այդ ժապաւէնին մէջ կը հնչէ անոր «Think» խորագրով երգը:

Հօրը մահը ծանր ազդեցութիւն թողած է երգչուհիին վրայ, քանի որ հայրը սպաննած էին աւազակները՝ ներխուժելով տուն: Ծանր կորուստի այս պահուն Արեթան հերոսաբար ոտքի կեցած եւ նոր երգեր ձայնագրած է՝ երգեր նուիրելով նաեւ իր հօր յիշատակին:

Տակաւին իր ողջութեան ընթացքին Արեթա Ֆրանքլինին անունով փողոց մը կոչ-ւած է Տիթրոյթի մէջ, եւ Ֆրանքլին ներկայ եղած է այդ արարողութեան:

Իսկ մահէն անմիջապէս ետք Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութիւնը՝ ՆԱՍԱ-ն, Արեթա Ֆրանքլինի պատուին աստղակերպ մը անուանակոչած է։ «Մենք տխուր ենք, որ Արեթա Ֆրանքլինը այլեւս մեզի հետ չէ։ Թիւ 249516 աստղակերպը անուանակոչուած է ի պատիւ երգչուհիին՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Սոուլի թագուհիին։ Աստղակերպը կը շարունակէ պտտիլ Մարսի շուրջ», նշուած է ՆԱՍԱ-ի հաղորդագրութեան մէջ։ Արեթա աստղակերպին շառաւիղը շուրջ 4 քիլօմեթր է, ան յայտնաբերուած է 2010 թուականին։

Ցաւակցական գիրեր յղած են Միացեալ Նահանգներու ներկայ ու նախկին նախագահները։ «Արեթայի ձայնին մէջ մենք կը լսէինք մեր պատմութիւնը, անոր ամէն մէկ երանգը՝ մեր հզօրութիւնն ու վիշտը, լոյսն ու խաւարը, փրկութեան ուղիին որոնումն ու այդքան մեծ դժուարութեամբ վաստկած յարգանքը», նշած է Պարաք Օպամա:

Տանըլտ Թրամփի ցաւակցութեան մէջ նշուած է. «Ցաւակցութիւն կը յայտնեմ մարդու մը ընտանիքին, զոր ես շատ լաւ կը ճանչնամ: Ան ինծի համար աշխատած է զանազան առիթներով: Արեթա Ֆրանքլինին ձգած իւրայատուկ ժառանգութիւնը տակաւին կ՚ոգեշնչէ շատ ու շատ սերունդները: Ան Աստուծոյ կողմէ պարգեւ ստացած էր իր ձայնը, որ շատ ճիշդ կը գործածէր: Ան առանձնայատուկ կին մըն էր», գրած է Թրամփ:

Համաշխարհային աստղերը նոյնպէս ցաւակցած են Ֆրանքլինի մահուան առթիւ, յիշեցնելով, որ ան ոչ թէ դարու մը, այլեւ պատմութեան մեծագոյն երգչուհին էր։

«Իմ գիտցած լաւագոյն ձայնը աշխարհի մէջ», գրած է Ճոն Լէճընտ:

«Դժուար է պատկերացնել աշխարհը առանց անոր: Արեթան ոչ միայն փայլուն երգչուհի մըն էր, այլեւ իրաւունքներու համար պայքարող քաղաքացի, որ իր ազդեցութիւնը ձգեց աշխարհի մէջ», ըսած է ամերիկացի երգչուհի-դերասանուհի Պարպարա Սթրէյզընտ:

«Անգամ մը պատիւ ունեցած եմ երգելու Արեթային համար, ան շատ բարի էր: Ատիկա իմ կեանքիս ամենապայծառ պահերէն մին էր», ըսած է «Վերադարձ դէպի ապագայ» շարժանկարի աստղ Լէա Թամսըն:

Արեթա Ֆրանքլինի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ 31 օգոստոսին՝ Միացեալ Նահանգներու Տիթրոյթ քաղաքին մէջ, երկրպագուները երգչուհիին հրաժեշտ կու տան 28-29 օգոստոսին Չարլզ Ռայթի՝ Ամերիկայի ափրիկեան պատմութեան թանգարանին մէջ:

Ֆրանքլինը իր իսկ երգերուն ուղեկցութեամբ կը յուղարկաւորեն «Ուուտլաուն» գերեզմանատունը։

ԽՈՀԵՐ՝ ԱՐԵԹԱ ՖՐԱՆՔԼԻՆԷՆ

Արեթա Ֆրանքլին, միշտ ըլլալով մամուլի ուշադրութեան կեդրոնը՝ իր հարստութեամբ, մրցանակներով, ամուսնութիւններով եւ ամուսնալուծութիւններով եւ իր անուան առընչուող այլ նիւթերով, երբեք չէ ձանձրացուցած ընթերցողը: Մամուլը առանձնացուցած է նաեւ անոր հետաքրքրական միտքերը, որոնք երգչուհին արտայայտած է այս կամ այն առիթներուն.

- 70 տարեկանին, ես կ՚երգեմ նոյն ձայնով, որով կ՚երգէի 25-ին եւ այստեղ որեւէ գաղտնիք չկայ, պարզապէս ես երբեք ոչ ոքի բարկացած եմ:

- Յիշողութիւնները կ՚ըլլան քաղցր եւ հրէշաւոր, սակայն այդ երկուքն ալ հաւասարապէս կը ստիպեն մեզ լալ:

- Իմ կեանքին մէջ ամենէն շատ կը զղջամ անոր համար, որ ձգած եմ որդիս, որպէսզի հեռանայ դպրոցէն:

- Իմ մասին այնքան լաւ եւ վատ բաներ ըսուած են, որ արդէն սկսած եմ խառնել, թէ ո՞ւր է սուտը եւ ո՞ւր` ճշմարիտը:

- Իմ կարգախօսն է՝ ապրիր եւ ուրիշներուն ալ ձգէ, որ ապրին:

- Ես միշտ վստահ եղած եմ, թէ ան որ կ՚ամուսնանայ ինծի հետ, կ՚ունենայ աշխարհի լաւագոյն կինը:

- Մարդիկ հիմնականօրէն երկու խումբի կը բաժանուին: Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ լաւը տակաւին պիտի գայ, եւ անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ լաւը մնացած է անցեալի մէջ:

- Որեւէ բան ընելու համար լաւագոյն պահը հիմա է:

- Ես կ՚երգեմ անոնց համար, որոնք կ՚ընդունին կեանքը այնպէս, ինչպէս որ է:

- Կեանքիս մէջ լաւագոյն մարդիկը միշտ եղած են անոնք, որոնց հետ ծանօթանալու առաջին պահուն մտածած եմ. «Աստուած իմ, ո՞վ է այս խենթը»:

- Ես միշտ մասնակցած եմ բոլոր ընտրութիւններուն, քանի որ յստակ գիտեմ, թէ ան որ չի մասնակցիր ընտրութիւններուն, յետագային բողոքելու իրաւունք չունի:

- Երաժշտութիւնը աւելի արագ կը փոխուի, քան՝ մարդը:

- Ես միշտ մտածած եմ, որ մարդիկ ինձմէ նոյնքան հաճոյք պէտք է ստանան, որքան ես՝ ինձմէ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 30, 2018