ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
«Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով-փառատօնը Հայաստանի մէջ կը շարունակուի՝ ստեղծելով անմիջական արձագանգ։ Վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ձեռնարկի ծրագրին այն փուլը, որ նախատեսուած էր Հաղբատի պատմական վանքէն ներս։ Գիտնականներու կողմէ ներկայացուած զեկուցումներուն առընթեր, համերգ մըն ալ տեղի ունեցաւ այս սրբավայրէն ներս, որ հայկական ճարտարապետութեան ամենայատկանշական գործերէն մին կը համարուի։ Հաղբատի վանքի խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ կազմակերպուած այս համերգը բառին բուն իմաստով անմոռանալի դարձաւ բոլոր մասնակիցներուն տեսակէտէ։ Հաղբատի պատմական վանքի խորհրդաւոր միջավայրին մէջ տեղի ունեցած երաժշտական կատարումները խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլոր ունկնդիրներուն վրայ։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024