«ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ Է ԽՈՐԻՄԱՍՏ ԼՌԵԼ, ՔԱՆ՝ ԱՆԻՄԱՍՏ ԽՕՍԻԼ»

Բնութիւնը մարդուս տուած է մէ՛կ լեզու եւ երկու ականջ, որպէսզի աւելի շատ լսես, քան՝ խօսիս։ Եթէ քեզի մէկ լեզու տրուած է, կը նշանակէ լեզուովդ թէ՛ մտածուած եւ թէ անգիտակից գաղափարներդ, թէ՛ անկիրառելի խոստումներդ եւ թէ անհեռանկար ծրագիրներդ կ՚արտաբերես՝ երբեմն դուն քեզ փակուղիի եւ անել վիճակի մէջ մատնելով։ Սակայն ականջը ի տարբերութիւն լեզուին՝ լսելու, կշռադատելու եւ մտածումներդ լաւապէս «ուսումնասիրու» առիթ կ՚ընձեռէ քեզի։ Ահա այդ պատեհ առիթը օգտագործելով, կը նախընտրես լուռ մնալ՝ դուն քեզ «խարխափող» մտածումներու մէջ չդեգերելու եւ յիմարի տպաւորութիւն չձգելու համար։

Լռութիւնը ձայն ունի՞։ Այո՛, ունի, բայց դժուար թէ մեր կենսընթացին այդ «բարձր» ձայնը լսած ըլլանք: Այդ «բարձր» ձայնը խլացնող, զարմացնող եւ միաժամանակ սորվեցնող բնոյթ ունեցող գործառոյթ է: «Բարձր ձայնը» ձայնային հնչեղութիւն ունեցող գործօն մը չէ, որ թանձրականօրէն եւ ֆիզիքական ականջներովդ կրնաս լսել, այլ ան մէկ արարքի՝ ինքնազսպումի դրսեւորումն է։ Երբեմն արտասանուած խօսքերը այնքան ազդու չեն ըլլար, որքան լռութեամբ կատարուած մէկ քայլդ։ Կրնաս ժամերով որեւէ մէկ բան բացատրել եւ ունկնդիրդ ճարտար լեզուովդ դիւթել, երեւոյթներու մասին քննարկումներ կատարել, տարբեր թեմաներու շուրջ կարծիքներ փոխանակել, բայց միւս կողմէ՝ կրնաս լռութեամբդ եւ գիտակից արարքովդ դիմացինիդ շատ բան հասկցնել եւ օրինակ դառնալ։

Վաղնջական ժամանակներէն սկսեալ՝ բազմաթիւ իմաստուններ փորձած են բացայայտել լռութեան էութիւնն ու իսկութիւնը, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը եկած է այն եզրայանգման, որ լռութիւնը ողջ տիեզերքին մէջ ամենազարմանահրաշ ու առեղծուածային երեւոյթներէն է։ Ոմանք խօսիլն ու լռելը իրարու հոմանիշ նկատած են, իսկ ոմանք դիտարկած որպէս հականիշ գոյականներ։ Հոգեբաններ դիտել տուած են, թէ լռութիւնը ոչ թէ չխօսիլն է, այլ արտայայտուիլն է՝ առանց բառերու: Առանց բառերու խօսքը լռութեան միջոցաւ յաճախ աւելի պերճախօս եւ խորազդեցիկ կը դառնայ, քան՝ սին ճառախօսութիւններն ու թեւաւոր խօսքերը։

Քէմպրիճ համալսարանի հոգեբաններ լռութիւնը բաժնած են երեք բաժիններու. բնութեան մէջ տիրող լռութիւն՝ անդորրութիւնը. ուրիշը լռեցնելն ու բուն լռութիւնը: Եթէ առաջին տեսակի լռութիւնը աստուածաստեղծ բնութեան կեցութեան վիճակն է եւ ոչ թէ մարդուս կողմէ իրականացուած գործողութիւն մը. ապա միւս երկուքը յատուկ են միայն մարդու ներաշխարհին։ Օրինակ. եթէ տրուած հարցը համապատասխան արձագանգ չի ստանար եւ կամ զրուցակիցը հարցը լսելէն ետք լուռ կը մնայ, սա չի նշանակեր, թէ ան խօսակցութեան կարեւորութիւն չ՚ընծայեր եւ կամ ամօթխածութենէն, վախէն, ճնշուածութենէն դրդուած՝ ի վիճակի չէ խօսելու։ Հենրի Ուիլլէր Շոուն կը պատասխանէ այս երեւոյթին՝ ըսելով. «Մարդը իր զրուցակիցին հետ առանց բառերու խօսելու ունակութիւն ունի։ Սա ոչ թէ սոսկ ներքին խօսքն է. որուն կրնայ արտաքին խօսքը յաջորդել. այլ իւրայատուկ զրոյց մըն է՝ առանց բառերու: Լռութիւնը ո՛չ միայն մենախօսութիւն է. այլեւ՝ երկխօսութիւն: Բառեր չարտասանելով՝ մարդը իր լռութեամբ ե՛ւ իր անձին, ե՛ւ իր զրուցակիցին հետ կը բարբառի: Զրուցակիցը այդ պատասխանը չի լսեր. սակայն ան նոյնպէս լռութեան մէջ կը փորձէ դիմացինին լռութիւնը հասկնալ եւ բացայայտել այդ լռութեան տուն տուող պատճառները։ Սա երկու լռութեանց միջեւ տեղի ունեցող հոգեբանական ներդաշնակ զրոյց է»։

Լռութիւնը ոսկի է. իսկ տգիտաբար արտաբերուած խօսքը՝ այդ ոսկիին կորուստը։ Այդ անժամանցելի ոսկին չկեղտոտելու համար՝ պէտք է գիտնաս ե՞րբ լռել, ո՞ւր լռել եւ ինչո՞ւ լռել։ «Ե՞րբ պէտք է լռել» գիտնալու համար, պահ մը ուսումնասիրէ շրջապատդ, ինչպիսի՞ մարդոցմով շրջապատուած ես, արդեօք անոնք այն մարդի՞կն են, որոնք քեզ կը լսեն եւ ըսածներդ կ՚ըմբռնեն։ «Ո՞ւր լռել» իմանալու համար, խօսքերդ  ու մտածումներդ պէտք է չափաւորուած ըլլան, որպէսզի խօսակիցդ խօսքերդ կամայականօրէն չմեկնաբանէ եւ դէսուդէն մունետիկի նման իր քմահաճ զրաբանութիւնները չտարածէ։ «Ինչո՞ւ լռել». լռել՝ ո՛չ թէ զրուցակիցիդ ամէն մէկ զրախօսութիւններն ու դատարկաբանութիւնները ընդունելու համար, այլ՝ լռութեամբդ զինք ամչցնելու համար։ Լռել՝ ո՛չ թէ յիմարի տպաւորութիւն թողելու համար, այլ՝ առիթ ունենալու՝ մտածումներդ աւելի լաւ ձեւակերպելու եւ ապա արտայայտելու համար։ Լռել՝ ո՛չ թէ տկարութեան իբրեւ ապացոյց, այլ՝ խոհականութեա՛ն նշան։ Լռել՝ ո՛չ թէ դուն քեզ իրաւազրկուած եւ անձայն զգալու համար, այլ՝ լռելեայն իրաւունքներդ պաշտպանելու համար։ Լռել՝ ո՛չ թէ «յիմարին տխմարութեան չպատասխանելու, այլ անոր չնմանելու համար» (Սողոմոն իմաստուն)։

Բացարձակ անխօսութիւնը բացատրող ասացուածք մըն է «քար լռութիւն» ասոյթը։ Առաւօտեան կ՚արթննաս եւ կը պատրաստուիս աշխատանքիդ երթալու։ Ինքնաշարժդ կը նստիս եւ ահա կեանքիդ ամէնօրեայ տաղտուկդ առօրեայիդ հետ միասին թափ կ՚առնէ։ Ձայնային ալիքներու հոսքը՝ ինքնաշարժներու աղմուկը, մարդոց հապշտապ քայլերու ոտնաձայնները, խօսակցութիւններու պոռչտուքը մուտք կը գործեն դէպի լսողական ներքին լարերդ՝ քեզ անընդհատ ջղուտ վիճակի մէջ թողելով։  Տուն վերադարձիդ, կ՚ուզես երաժշտութիւն լսել, համալսարանական ուսումնասիրութիւններդ կատարել, լրացուցիչ գործերդ ամբողջացնել…, սակայն դրացիներուդ վիճաբանութեանց պատճառաւ, չես կրնար կեդրոնանալ եւ առաջադրած պարտականութիւններդ լիապէս կատարել։ Ի ներքուստ յանկարծ «քար լռութիւն» կը բացագանչես, բայց՝ ապարդիւն։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ այսօրուայ մարդկութիւնը իր կեանքը աղմկալի իրադարձութիւններով «խճճած է» եւ լռութիւն հասկացութիւնը իր մտքէն ամբողջապէս արմատախլած ու վերացուցած։ Այսպիսիք լռութիւնը կը դիտարկեն որպէս բացասական. դատարկ երեւոյթ եւ ձայներու բացակայութիւն: Լռութիւնը դատարկութիւն, երեւակայութիւն չէ սիրելի բարեկամ եւ ոչ ալ երեւոյթի մը հետ գոյաւորուող իմաստ մը։ Լռութիւնը իրականութիւն է, զոր ընդոծին դրուած է քու նեսիդիդ։ Այդ ներքին լռութեան խաղաղ ձայնը դժուար թէ լսած ըլլաս։ Այդ ձայնը համակուած է խաղաղութեամբ ու անմար լոյսով, զոր միայն ներքին հայեցողութեամբ, ինքնաքննութեամբ եւ ինքնամաքրմամբ կրնաս տեսնել ու վայելել։

Քրիստոնէական ըմբռնումով՝ լռութիւնը յաճախ ներքին խաղաղութեան փոխաբերական արտայայտութիւնն է: Այստեղ ներքին լռութիւնը ձայնի բացակայութիւնը չէ. այլ՝ հաղորդակցութիւն Աստուծոյ հետ: Բազմաթիւ կրօնքներ կը քարոզեն, թէ հոգեկան կերպարանափոխութիւն եւ հոգեւոր զարգացում ունենալու համար՝ մտքի ու հոգիի լուռ եւ խաղաղ վիճակը անհրաժեշտ պայման է: Քրիստոնէութեան հասկացողութեամբ՝ Աստուած Իր ձեռակերտին հետ կը խօսի սրտի լռութեան մէջ։ Պուտիզմի մէջ միտքը լռութեան մղելու կարեւորութիւնը կը նկատուի հոգեւոր լուսաւորութիւն, իսկ հինտուիզմի մէջ եւս կը շեշտուի լռութիւնը՝ հոգեկան աճման եւ հասունացման համար: Մայր Թերեզա կ՚ըսէ. «Մենք չենք կրնար Աստուծոյ առջեւ կանգնիլ, եթէ ներքին եւ արտաքին լռութեամբ չապրինք։ Միայն լռութեան մէջ կը հասկնանք, որ կարեւորը ոչ թէ մեր խօսքն է. այլ՝ Աստուծոյ: Անկարելի է զԱստուած գտնել աղմուկի եւ ունայնութեան մէջ: Նայէ բնութեան՝ ծառերը. ծաղիկները լռութեան մէջ կ՚աճին։ Աստուած աչքերու. ականջներու. շրթունքներուն. սրտի եւ մտքի լռութեան մէջ կը խօսի»։

Քրիստոս Իր խաղաղութիւնը տուաւ մեզի (Հմմտ. Յհ 14.27)։ Խաղաղութիւն մը, որ մտքով կարելի չէ ըմբռնել ու պարագրել (Հմմտ. Փլպ 4.7)։ Խաղաղութիւն մը, որուն բացակայութեամբ մարդուս հոգին կը տոչորի եւ կը դառնայ կատարելապէս թշուառ։ Ինչպէս ցերեկուան արեւէն խանձուած մարդը կարիքը ունի երեկոյեան զովութեան եւ գիշերուան ցօղին, նոյնպէս մտահոգութեան եւ խռովութեան բոցէն խանձուած մարդը պէտք ունի Քրիստոսի շնորհած անբացատրելի խաղաղութեան։ Երբ Քրիստոս ներկայ է կեանքիդ մէջ՝ այնտեղ ինքնաբերաբար խաղաղութիւն կը տիրէ։ Խաղաղութիւն տուողն ու տրուած խաղաղութիւնը նոյնինքն Քրիստոս է։ Քրիստոս ո՛չ միայն խաղաղութեան իշխանն է (Հմմտ. Ես 9.6), այլեւ՝ իշխող խաղաղութիւնը։

Քրիստոնեայ մարդուն կեանքը խաղաղ եւ հեզընթաց կեանք մը չէ, բայց ապահով եւ յաղթող կեանք մըն է։ Իսկ ապահով ըլլալ չի նշանակեր անվտանգ կեանք մը ապրիլ։ Քրիստոս խաղաղ եւ անվտանգ կեանք մը չէ որ կը պարգեւէ քեզի, այլ՝ կեանքիդ վտանգներն ու պատուհասները խաղաղութեամբ եւ լռութեամբ ընդունելու աստուածային շնորհք։ Ինչպէս աստղերը կը պահեն իրենց խաղաղութիւնը, երբ ամպրոպը պատէ երկինքը եւ թուխ ամպերը սկսին սաստիկ որոտալ, նոյնպէս Քրիստոսի օգնականութեամբ ի վիճակի կ՚ըլլաս պահել ներքին խաղաղութիւնդ եւ լուռ մնալ՝ երբ փորձութիւններն ու նեղութիւնները սկսին շանթահարել կեանքիդ նաւը։

Օր մը, իմաստուն ծերունի մը գետի եզերքէն կ՚անցնէր: Իր հակառակորդները կը հաւաքուին եւ կը սկսին ծեր իմաստունը վիրաւորել եւ զգետնել, սակայն ան անոնց խօսքերուն ականջ չի տար եւ շատ հանգիստ կը շարունակէ իր ճամբան։ Վիրաւորողները կը ջղայնանան եւ կը զարմանան։ Անոնցմէ մէկը չդիմանալով՝ ծերունիին հարց կու տայ.

-Ո՛վ ծերուկ. չե՞ս հասկնար. որ մեր խօսքերով քեզ կը վիրաւորենք:

-Կը հասկնամ եւ անոր համար կը լռեմ։ Եթէ տասը տարի առաջ զիս վիրաւորէիք. ձեր վրայ կը յարձակէի եւ ձեզի պէս կը վարուէի։ Երբ երիտասարդ էի, չէի գիտակցեր արարքներուս հետեւանքներուն մասին, բայց հիմա արդէն կը հասկնամ։ Ձեր յիմարութեան պատճառով՝ չեմ կրնար ինքզինքս յիմարեցնել։ Դուք էք ձեր արարքին տէրը։ Դուք կ՚որոշէք, թէ զիս կ՚արժէ՞ վիրաւորել կամ՝ ոչ: Բայց ձեր վիրաւորանքները ընդունիլը իմ որոշումս է։ Դուք չէք կրնար ստիպել ինծի, որ ընդունիմ ձեր լուտանքներն ու անհիմն խօսքերը։ «Շպրտուած» խօսքը գնդակի պէս է. կ՚ուզեմ՝ կը բռնեմ. եթէ չուզեմ՝ չեմ բռներ։ Ձեր խօսքերը ձեզի կը պատկանին եւ ուշադրութիւնս երբեք չեն գրաւեր։ Պատճառը կ՚ուզէ՞ք գիտնալ։ Ցեխ նետողի ձեռքերը չեն կրնար մաքուր ըլլալ»,- կը պատասխանէ իմաստունը։

Սիրելի՛ ընթերցող, Տոլստոյ կ՚ըսէ. «Մարդիկ խօսիլ կը սորվին. սակայն մեծագոյն արուեստը լռութիւնն է»: Լուռ քայլը կրնայ մեծ աղմուկ բարձրացնել, շատախօսը սաստել, ճոռոմոբանը գիտակցութեան հրաւիրել, «օդին մէջ խօսողի» «ամպամած» գաղափարները ակնթարթի մէջ չքացնել, լոլոզուած եւ երփներանգ խօսքերը գունաթափել…։ Լռութեամբդ եւ վարքագիծովդ կրնաս խօսակիցիդ աւելի շատ բան ըսել եւ հասկցնել. քան՝ ժամերով «լեզու թափելով» եւ «մարգարիտներդ խոզերուն առջեւ» (Հմմտ. Մտ 7.6) նետելով՝ ժամանակդ յումպէտս վատնել։ 

Երբ ըսելու բան չունիս, նախընտրելի է լռել եւ լսել, իսկ չգիտցած հարցիդ մասնակցութիւն բերելովդ՝ ապիկարութիւնդ, տգիտութիւնդ եւ տհասութիւնդ ցոյց տուած կ՚ըլլաս։ Անտեղի խօսակցութեամբդ եւ չմտածուած արարքովդ հեղինակութիւն ձեռք չես բերեր, այլ միայն ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ։ «Աւելի լաւ է խորիմաստ լռել. քան՝ անիմաստ խօսիլ»։ Խօսքդ իմաստ եւ խորք թող ունենայ, իսկ եթէ չունի՝ լռութիւնը ընտրէ եւ լուռ մնա։ Չգիտնալը ամօթ չէ, բայց ամօ՛թ է խօսիլ՝ խօսելու սիրոյն…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2017