Չեմ Հասկնար…

Մար­դիկ ի­րենց ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին կրնան հան­դի­պիլ զա­նա­զան եւ բազ­մա­զան, ան­գոյն եւ կամ գու­նա­ւոր հար­ցե­րու, դէմ­քե­րու, դէպ­քե­րու, տե­սա­րան­նե­րու, ե­րե­ւոյթ­նե­րու, ի­րա­վի­ճակ­նե­րու եւ կամ խնդիր­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց հա­մար ան­հասկ­նա­լի կը թուին եւ նոյ­նիսկ՝ ան­բա­ցատ­րե­լի:

Այս եր­բեք չի նշա­նա­կեր, որ ի­րենք «տմպօ» են, այլ պար­զա­պէս այդ վայր­կեա­նին ստեղ­ծուած վի­ճա­կին, հար­ցին կամ կա­ցու­թեան չկա­րե­նա­լով ա­րագ մը եզ­րա­կա­ցու­թեան յան­գիլ եւ կամ մտո­վի լու­ծում մը գտնել, ի­րենց դէմ­քին վրայ զար­ման­քի նման ինք­նա­ծին հար­ցա­կան մը գծե­լով եւ կամ ալ մտա­հո­գու­թիւն են­թադ­րող հար­ցում մը տա­լով՝ «ին­չո՞ւ… այս­պէս է… չեմ հասկ­նար…» ը­սե­լով կը բա­ւա­կա­նա­նան:

Հա­ւա­նա­բար, նման պա­րա­գա­նե­րուն ի­րենց հան­դի­պած այս նոր ե­րե­ւոյթ­նե­րը ի­րենց ու­նե­ցած գա­ղա­փար­նե­րուն հետ խո­տոր կը հա­մե­մա­տին: Փոր­ձա­ռու­թիւն, մտա­ծե­լա­կերպ, ա­ւան­դա­պա­հու­թիւն, կեն­ցաղ. ի՛նչ կ՚ու­զէք՝ շա­րե­ցէք, ա­սոնց­մէ կա­խեալ են…

Ան­կեղ­ծօ­րէն եր­բեմն ես ալ նման հար­ցա­կան­նե­րու առ­ջեւ դրած եմ ինք­զինքս ու ան­մե­ղօ­րէն փոր­ձած՝ լու­սա­բա­նա­կան կէ­տեր ո­րո­նել, միտքս չարչր­կող նման մտա­ծում­նե­րէ փրկե­լու կամ ա­զա­տե­լու հա­մար:

Ին­չո՞ւ ա­սանկ է… ինչ­պէ՞ս կ՚ըլ­լայ, որ… կամ ալ… ա­սանկ բան կրնա՞յ ըլ­լալ…

Նա­խա­բանս չեր­կա­րե­լու հա­մար միտքս պար­զեմ:

Վեր­ջերս է­րիկ-կնիկ հրա­ւի­րուե­ցանք մեր թա­ղի հայ  նոր դրա­ցի­նե­րէն մէ­կուն տու­նը՝ ընթ­րի­քի: Յայտ­նեմ, որ մե­զի նման ու­րիշ հիւ­րեր ալ կա­յին: Սե­ղան նստե­լէս ա­ռաջ ու­զե­ցի ձեռ­քերս լուալ:

-Ա­ջիդ, նոր ներ­կուած չոր­րորդ դու­ռը,- բարձր ձայ­նով բա­ցատ­րեց տան­տի­րու­հին ու քայ­լե­րուս հե­տե­ւե­լով՝ ա­ւե­լուց.

-«Իշ­տէ» ճիշդ հոդ…

Կար­ծես, ե­թէ ցած ձայ­նով ը­սած ըլ­լար, ու­րիշ սե­նեակ կրնա­յի մտնել:

Մտայ լոյ­սե­րու մէջ փայ­լող ու լո­ղա­ցող այդ լուա­ցա­րա­նը, որ կար­ծես Լաս Վե­կա­սի պան­դոկ­նե­րէն մէ­կու­նը ըլ­լար: Լուա­ցա­րան մը, ո­րուն տա­րա­ծու­թիւ­նը մեր խո­հա­նո­ցը կը յի­շեց­նէր:

Աս­տուա՛ծ իմ, այս ին­չե՜ր շա­րուած են… չորս տե­սակ օ­ճառ, զար­դա­րուն ու գու­նա­ւոր օ­ճա­ռա­ման­ներ, ա­րագ ցնդող օ­ճառ­նե­րու տե­սակ­ներ, եւ տա­կա­ւին ին­չե՜ր եւ ի՜նչ «բա­ներ»…­

Ա­ռանց ժա­մա­նակ կորսնց­նե­լու՝ ա­րագ մը լուա­ցուե­ցայ: Ձեռ­քերս չորց­նեմ, ը­սի. սա­կայն ո՞ր ան­ձե­ռո­ցով: Ճիշդ դի­մացս, հա­յե­լիով պա­հա­րա­նին տակ գե­ղե­ցիկ տու­փի մը մէջ հինգ տե­սակ, փոքր ան­ձե­ռոց­ներ շա­րուած են, իսկ ջու­րի ծո­րա­կին եր­կու կող­մե­րուն՝ մէ­կա­կան գու­նա­ւոր ան­ձե­ռոց­ներ, լուա­ցա­րա­նի պա­տե­րուն գոյ­նե­րո­վը: Եւ տա­կա­ւին՝ թուղ­թէ թաշ­կի­նակ­ներ եւ «փէյ­փըր թաուալ»ներ…

Ան­կեղ­ծօ­րէն շուա­րե­ցայ, ո՞ր մէ­կով պէտք էր սրբուէի, չէի գի­տեր: Ո՞ր մէ­կը ձեռ­քի էր, ո՞ր մէ­կը ե­րե­սի, ո՞ր մէ­կը ոտ­քի կամ քի­թի է… շուա­րե­ցայ: Ա­հա՛ քե­զի «փոր­ձանք»: Վայր­կեա­նին ինք­նա­կո­րոյս ե­ղայ: Յի­շե­ցի, որ մեր տան լուա­ցա­րա­նին մէջ մէկ ան­ձե­ռոց ու­նէինք եւ կինս ալ յա­ճա­խա­կի կը փո­խէր: Հի­մա ե­կուր եւ «գիտ­ցիր», թէ ո՛ր մէ­կը պէտք էր գոր­ծա­ծէի:

Չեր­կա­րեմ: Ձեռ­քերս ջու­րի կա­թիլ­նե­րէն ա­զա­տե­լու մի­տու­մով, ա­րագ մը քա­նի մը ան­գամ­ներ թափ տուի, ա­պա խո­նաւ մատ­ներս մա­զե­րուս տա­նե­լով՝ զա­նոնք շտկե­ցի, ու լուա­ցա­րա­նին դու­ռը չբա­ցած ձեռ­քերս տա­բա­տիս վրայ լաւ մը քսե­լէս ետք դուրս ե­լայ…

-Ին­չո՞ւ այս­քան թաշ­կի­նակ կամ ան­ձե­ռոց… -ես ին­ծի հարց տուի, ան­մե­ղօ­րէն:

Չեմ հասկ­նար:

Եւ տա­կա­ւին… մեր չին դրա­ցին, մարդ եւ կին, ա­մէն ա­ռա­ւօտ, մար­զան­քի ա­նուան տակ, շիշ մը ջուր վի­զեր­նէն կա­խած՝ տա­սը վայր­կեան «քա­լե­լու կ՚ել­լեն»: Տա­սը վայր­կեա­նի մէջ պի­տի ծա­րաւ­նա­յի՞ն…

Չեմ հասկ­նար:

Ա­ւե­լի՛ն. շատ յա­ճախ հան­դի­պած եմ եր­գիչ­նե­րու, քա­րո­զիչ­նե­րու, ճա­ռա­խօս­նե­րու եւ բե­մա­սաց­նե­րու, ո­րոնց հա­մար սրա­հի մե­ծու­թիւնն ու խո­րու­թիւ­նը ար­ժէք չու­նին, «մէկ ձայ­նի վրայ» պո­ռա­լով կ՚ար­տա­յայ­տուին, «կը դայ­լայ­լեն», կը պո­ռան, կը բա­ցա­յայ­տեն: Ար­դեօք ա­սոնք բո­լո՞րն ալ կը կար­ծեն, որ ներ­կա­նե­րը լսո­ղու­թեան հար­ցեր ու­նին կամ թէ պո­ռա­լով՝ ա­ւե­լի լաւ պի­տի հասկցուէին…

­Չեմ հասկ­նար:

Եւ տա­կա­ւին կան տե­սա­կա­ւոր ու­րիշ­ներ ալ, այս­պէս՝ ա­շա­կերտ­ներ, պաշ­տօ­նեա­ներ, ո­րոնք ճամ­բան քա­լած պա­հուն, հե­ռա­ձայ­նը ձեռ­քեր­նին «թեքս» կ՚ը­նեն: Չեն խօ­սիր: Ե­րա­նի թէ խօ­սին: Միայն մատ­նե­րով կը գրեն: Տա­սը, քսան տա­րի­ներ ա­ռաջ նման «թեք­նո­լո­ճիա» չկար, ար­դեօք այն ա­տեն ինչ­պէ՞ս կ՚ը­նէին… Տա­կա­ւին շար­քը եր­կար է:

Չեմ հասկ­նար:

Հա­պա՞ սա հո­լի­վու­տեան ժա­պա­ւէն­նե­րը, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նեն, թէ ինչ­պէ՛ս եր­կա­թեայ հսկա­ներ կ՚ու­զեն քան­դել մեր այս գե­ղե­ցիկ մո­լո­րա­կը:

Խօս­քը մէ­ջեր­նիս եւ կամ, ա­ւե­լի ճիշդ, նման բա­ներ ալ  չեմ ու­զեր հասկ­նալ, ո­րով­հե­տեւ կեան­քի մէջ ա­մէն օր այն­քան նոր եւ ու­րիշ կա­րե­ւոր բա­ներ կան, ո­րոնք մարդս կը ձգեն ի­րա­պէս շուա­րած վի­ճա­կի մէջ:

Իսկ դո՛ւն, յար­գե­լի՛ ըն­թեր­ցող, ե­թէ այս բո­լո­րը կը հասկ­նաս, կամ ալ ար­դէն օ­րին հասկ­ցած ես, ին­ծի մի՛ բա­ցատ­րեր, խնդրեմ, չհասկց­նող­նե­րը փոր­ձէ լու­սա­բա­նել:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2015