ՄԵՐ ՄԵԾԱՍՔԱՆՉ ՈՒ ՀԻԱՍՔԱՆՉ ՄԱՅՐԵՆԻՆ

​«Իր լեզուն գիտցող ժողովուրդ մը, եթէ գերի անգամ ըլլայ
գանձին բանալին ձեռքին մէջ ունի, որովհետեւ լեզո՛ւ ունի»

(Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան)։

Վստահաբար մեզմէ շատեր նկատած են եւ ցաւ կ՚ապրին մեր Մայրենի մեծասքանչ ու հիասքանչ լեզուի այսօրուան վիճակին համար, թէ՛ արեւմտահայերէնի եւ թէ՛ արեւելահայերէնի պարագային: Հայրենիքի պարագային ցաւն ու մտատանջութիւնը շատ աւելի խոր եւ վիրաւորական է, որովհետեւ ըստ բանականութեան Հայրենիքի մէջ գոնէ Մայրենին պէտք է յատուկ գուրգուրանքի ու ուշադրութեան արժանանայ, այն ինչ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ կը տուժէ, եւ գրեթէ ամէն օր կը խաչուի՝ առանց յարութեան (բնականաբար յարգանքի արժանի են՝ մատներու վրայ հաշուող այն նուիրեալները, որոնք կը փորձեն ամէն կերպով պաշտպանել մեր Մայրենին): Իսկ սփիւռքի պարագային, ամէն մէկ կողմէ ձայն մը կու գայ, եւ ո՛չ մէկ ձայն միւս կողմէ եկած ձայնին չի՛ համապատասխաներ, աւելի ճիշդ, չ՚ուզեր համապատասխան ըլլալ…, եւ ամէն մէկը իր եզը առաջ տանելով Մայրենին է, որ սփիւռքի մէջ եւս օր օրի կ՚օտարանայ, կը հիննայ ու կը մաշի:

Բայց միթէ՞ հնարաւոր է մաշեցնել, հինցնել, օտարացնել լեզու մը, որ դարերով մեր ժողովուրդին կեանքին կապուելու եւ յաւիտենականին յոյսով ապրելու յոյսն ու հաւատքը անմար պահած է: Եթէ հնարաւոր է այդ, ուրեմն այդ հնարաւորութեան տուն տուող միակ պատճառը այդ լեզուն կրող, այդ լեզուին տէրն ու տիրականը եղող ազգին, ժողովուրդին գոյութենէ դադրիլն է: Սակայն, արդեօք այդ աստիճանին հասա՞ծ ենք… Պատասխանը ընթերցողը ի՛նք թող տայ:

Օտար լեզու իմանալը, այն ալ մի քանի հատ իմանալը բնականաբար ո՛չ ամօթ է եւ ո՛չ ալ մեղք կամ յանցանք է, ամօթը, մեղքն ու յանցանքը Մայրենին չիմանալն է: Մարդ եթէ իր սեփականը, իր մայրենին չի՛ գիտեր, եթէ իր սեփականը, իր մայրենին օտար է իրեն համար, այլեւս ի՞նչ իմաստ ունի օտար լեզուներ իմանալը կամ այդ իմացումով հպարտանալը: Կրնան ոմանք համաձայն չգտնուիլ ըսելով, որ երբեմն պարագաներու բերումով այդպէս կրնայ եղած ըլլալ, այստեղ խօսքը կամքէ անկախ պատճառներու մասին չէ սակայն, այլ Հայրենիքի եւ հայկական շրջաններու մէջ ապրող ու մեծցող հայերու մասին է, որոնց համար Մայրենիին իմացումը այդքան ալ կարեւոր չէ, աւելին շատ յաճախ ալ ամօթ է…

Այստեղ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ մեր մտաւորականներուն կողմէ մեր Մայրենիին մասին արտայայտած գրութիւններէն փունջ մը, որոնց մէկ մասը գովերգանք է, իսկ մէկ մասն ալ մտահոգութիւն:

- Սուրբ Եղիշէ կը գրէ. «Յունարէնը մեղմ է, Հռոմէական լեզուն՝ հզօր, Հոներէնը՝ ահաբեկող, Ասորերէնը՝ աղերսական, Պարսկերէնը՝ պերճ, Ալաներէնը՝ գեղեցկազարդ, Գոթերէնը՝ հեգնական, Հնդկերէնը՝ ճռուողեկէն, Հայերէնը՝ քաղցր, որ միաժամանակ կըր-նայ միւս բոլոր լեզուներու յատկութիւններն ամփոփել իր մէջ»:

- Պարոյր Սեւակ կը գրէ. «Մեր նախնիները մեզ եւ աշխարհին փոքր ժառանգութիւն չէ որ կտակած են։ Բայց մենք պիտի հասկնանք եւ հասկնալով չմոռնանք երբեք, որ մեր ժառանգութեան մեծագոյն գանձը մեր լեզուն է։ Գալով անյիշելի ժամանակներից, անցնելով բազում դարերի միջով, շփուելով բազում ազգերի լեզուներին՝ Հայոց լեզուն իւրատեսակ հանրագիտարան է անյիշելի ժամանակների, բազում դարերի եւ բազմաթիւ այլ ազգերի։ Այսպէս դատելով՝ մեր լեզուն միայն մեզ չի պատկանում, այլ՝ աշխարհին. նա նաեւ միայն մե՛ր սրբութիւնը չէ, այլ՝ մասունքը հանուր մարդկութեան… համայն մարդկութեան այդ լեզուի խնամքը, նրա անաղարտութիւնը, պաշտպանութիւնը դրուած է մեզ վրայ»:

- Յակոբ Մանանդեան կը գրէ. «Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտը, անտարակոյս, այն հզօր զէնքն էր, որի շնորհիւ հայ ժողովուրդը պահպանեց իր գոյութիւնը 5-րդ դարի մեծ պայքարում եւ մտնելով քաղաքակրթուած հնագոյն ժողովուրդների ընտանիքի մէջ, զարգացրեց իր ինքնուրոյն մշակոյթն ու շատ հարուստ գրականութիւնը»:

- Գրիգոր Արծրունին դեռ եւս 1876 թուականին այսպէս գրած է, թէ նոր սերունդը՝ «նայում է իր մայրենի լեզուի վրայ ինչպէս մի կոտրած ամանի վրայ, ինչպէս իր մաշուած շորի վրայ»:

- Միքայէլ Նալբանդեան կը գրէ. «Մեր ազգին հարկաւոր է ընդհանուր լուսաւորութիւն, որպէսզի ազգը գիտակցութիւն ստանայ. այս կամ այն մասնաւոր գիտութիւնք չունին այն խորհուրդը, ինչպէս մտածում են ոմանք: Հայոց ազգը շատ տեղ գրել կարդալ չգիտէ, շատ տեղ կորած է մինչեւ անգամ եւ լեզուն. այս պատճառների հիման վերայ առաջին փոյթը պիտի լինի նախ եւ յառաջ կենդանացնել մայրենի լեզուն ազգի զաւակների սրտի, հոգու եւ բերանի մէջ, անհետացնել մեր միջից Թուրքերէնը, Մոլդովաներէնը, Վրացերէնը կամ ուրիշները, որ բռնել են ազգային լեզուի տեղը: Հայաստանի բոլոր գիւղերում եւ քաղաքներում հաստատել պարզ դպրոցներ, որոնց պաշտօնը էր լեզու եւ գիր ուսուցանել ազգի զաւակներին: Այնպիսի գեղերում, ուր ժողովրդի չքաւորութիւնը արգելառիթ է այս գաղափարի իրագործութեանը»:

- Գրիգոր Զօհրապ կը գրէ. «Իսկ մեր դպրոցներուն գրական ուղղութեան դառնալով, չափազանց բան մը պահանջած չենք ըլլար, կարծեմք, երբ ըսենք թէ Ազգ. վարժարանաց մէջ մայրենի լեզուն ու գրագիտութիւնը պէտք է գեր ի վեր մնան ամէն ուսումէ եւ գիտութենէ. հոգ չէ որ նիւթական շահերու տեսակէտով արդիւնաւոր չըլլայ մեր մէջ գրագէտի կեանքը. հոգ չէ որ լի ըլլայ ամէն դառնութիւններով. ազգային կեանքէ եկած այդ դառնութիւններն ալ իրենց հրապոյրը ու քաղցրութիւնը ունին եւ ի հաշիւ պիտի առնուին»:

- Յակոբ Պարոնեան կը գրէ. «Լեզուագիտութիւնն տարակոյս չկայ թէ առողջութիւն չունի, ըստ որում ամէն օր կը տեսնենք, որ ամենէն աւելի շատ ստակ վաստակող ազգայիններն անոնք են, որ իրենց մայրենի լեզուն իսկ չեն գիտեր»:

- Դանիէլ Վարուժան կը գրէ. «Մենք ազգի մը լեզուն ճոխ ու կատարեալ կը համարինք այն ատեն միայն, երբ ան ընդունակ է յաջող կերպով պատկերելու այդ ազգին մեծամասնութեան հոգեբանութիւնն իր բոլոր երանգներով, երբ միւս մասամբ կը պահէ իր մէջ նկարագիրը այն նախնիներուն, որոնց բերնին մէջ կազմաւորուած է իր նախնական ձեւը»:

- Ղազարոս Աղայեան կը գրէ. «Բաւական չէ ազգասէր ու հայրենասէր լինելը, պէտք է մի քիչ էլ լեզուասէր լինել, պէտք է սիրել, պաշտել, գգուել հարազատ մօր հարազատ լեզուն. այս սէրը միայն կը բանայ մեր առջեւ մեր լեզուի անհատնում ճոխութիւնը, նրա նրբութիւնը եւ քաղցրութիւնը»:

- Ստեփան Զօրեան կը գրէ. «Իր մայրենի լեզուն վատ իմացողը կէս մարդ է, չիմացողը՝ թշուառ, ծառից ընկած մի տերեւ, որ տատանւում է ամէն մի պատահական քամուց…»:

- Յովհաննէս Թումեանեան կը գրէ. «Լեզուն է ամէն մի ժողովրդի ազգային գոյութեան եւ էութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնուրոյնութեան ու հանճարի ամենախոշոր դրոշմը, պատմութեան ու հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւնների ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը»:

- Աւետիք Իսահակեան կը գրէ. «Հայոց լեզու, դու մեր անկողոպտելի գանձը եղար, մեր անընկճելի հայրենիքը: Մեր ժողովուրդը կորցրեց գահ եւ թագ, զօրք եւ իշխանութիւն, աւեր եղան եւ աւար մեր բերդերն ու քաղաքները, աւար եղան մեր ինչքն ու գոյքը, բայց դու մնացիր միայն կանգուն, մնացիր յաղթական: Ցնցոտի հագաւ մեր ժողովուրդը, բայց դու ծիրանով ծածկեցիր նրա հոգին, թշնամին ջաղջախեց նրա սրունքը, դու թեւեր տուիր նրան՝ ժողովրդին»:

- Շաւարշ Միսաքեան կը գրէ. «Ի՞նչ օգուտ առողջ տեսակէտներ յայտնել լեզուի մաքրութեան մասին, եւ միւս կողմէ տոպրակներով օտարաբանութիւններ պարպել թերթերու եւ գիրքերու մէջ։

Ամէնքն ալ գիտեն որ չարիքը չի սահմանափակուիր քանի մը տասնեակ շինծու բառերով։

Հարիւրաւոր կապկութիւններ, կոպիտ սխալներ եւ իմաստակութիւններ կը խաթարեն ոչ միայն մայրենի լեզուին բառարանն ու քերականութիւնը, այլեւ ոգին։

Լայն բացէք փեղկերը եւ պիտի տեսնէք որ լեզուաշինարարութիւն չէ կատարուածը, այլ հասարակ լեզուակեղծարարութիւն»:

ՕՏԱՐՆԵՐԸ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒԻ ՄԱՍԻՆ

- Հունգար բանասէր, հայագէտ, Էտ Շուց կը գրէ. «Հայոց լեզուին միւս կողմը, որ արժանի է հիացմունքի, անոր բառային եւ ոճային հարստութիւնն է։ Այս առանձնայատկութիւնը հայ բանաստեղծներուն հնարաւորութիւն կու տայ համաշխարհային գրականութեան գանձերը բոլոր նրբերանգներով թարգմանելու հայերէն։ Եւ բառապաշարի ճիշդ այս հարստութիւնն է, որ դժուարութիւն կը յարուցանէ օտարազգի թարգմանիչներուն՝ Հայ գրականութիւնը իրենց լեզուներով թարգմանելու ժամանակ»:

- Ֆրանսացի հայագէտ Ֆ. Ֆրէյտի կը գրէ. «Իմ գիտցած լեզուներուս մէջ Հայերէնը բացառիկ է…նախ՝ իբրեւ զարմանալի տրամաբանական լեզու, ապա նաեւ՝ իր ճկունութեամբ, նոր բառեր կազմելու դիւրութիւններով»:

- Խրղըզ գրող, աշխատանքի հերոս Ճենկիզ Այթմատով կը գրէ. «Ի՞նչպէս կարելի է կարդալ Նարեկացի ու չսիրահարիլ Հայաստան երկրին, ունենալ Թումանեան, Իսահակեան, Չարենց, Սեւակ եւ ուրիշ մեծեր ու չապրիլ յաւերժող մշակոյթի ժառանգներու օրինական հպարտութիւնը։ Կը մնայ, որ դուք, թանկագի՛ն Հայ ուսուցիչներ, համաշխարհային հնչեղութիւն ունեցող այդ դասերը հաղորդէք ձեր սաներուն, զանոնք տոգորէք աշխարհի ամենէն հարուստ եւ հմայիչ լեզուներէն մէկուն՝ Հայերէնի տիրոջ բարձր զգացումներով»։

- Գերմանացի գիտնական, հայագէտ, Յօ Մարկվարտ կը գրէ. «Միջնադարեան ո՞ր մէկ ժողովուրդը կրնայ պարծենալ, որ երբեւիցէ իր սեփական լեզուով կամ նոյնիսկ այլ լեզուով մը (ըսենք՝ հռչակաւոր լատիներէնով) հրապարակ հանած է Վարդանի եւ իր ընկերներուն դիւցազնամարտի այնպիսի նկարագրութիւն մը, ինչպիսին Եղիշէի նկարագրածն է»։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2021