ՄԱՀԱԲԵՐ ՄԱՌԱԽՈՒՂԸ

Պատմութեան ընթացքին միլիոնաւոր, գուցէ միլիառաւոր մարդիկ զոհ գացած է տարատեսակ համաճարակներու, բնական աղէտներու, կամ ուղղակի իրենց կողմէ յարուցուած պատճառներով։ Այն ժամանակներուն, երբ գիտութիւնը եւ փորձագիտութիւնը այսօրուայ բաղդատմամբ զարգացած չէր, հնարաւոր չէր կանխել այդ աղէտներու սարսափելի ու վրդովիչ հետեւանքները։ Առողջապահութեան հաստատութիւնները չունէին բաւարար միջոցներ՝ կանխարգիլելու համար մարդկային կորուստներ։ Այս բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ՝ 1952 թուականին Անգլիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ ահռելի ու սահմռկեցուցիչ բնապահպանական աղէտներէն մին, որ միայն քանի մը օրուայ ընթացքին հակակշռին տակ առաւ ամբողջ քաղաքը։ 

13-րդ դարէն ի վեր Լոնտոնի մէջ առկայ է շրջապատի ապականման խնդիրը, որ 1600-ական թուականներուն աւելի վատթարանալով ստացաւ թնճուկի բնոյթ։ Լոնտոնի մէջ արտասովոր ու բաւական անգութ ձմեռնային պայմաններու ներքեւ կ՚ընթանար 1952 թուականի դեկտեմբերը։ Լոնտոնցիներու համար քաղաքի մառախլապատ դառնալը հազուադէպ չէր, սակայն այդ տարուայ ցած ջերմաստիճանը եւ ամբողջ քաղաքը «ստուերի տակ առած» մառախուղը աննախադէպ էր։ Այդ ժամանակ, գրեթէ բոլոր բնակարաններէ ներս կ՚օգտագործուէին ածուխի վառարաններ եւ լոնտոնցիներ, ջեռուցման նպատակով ածուխ օգտագործել սկսան սովորականէն աւելի։ 

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով Անգլիոյ մէջ յառաջացած տնտեսական դժուարութիւններու յաղթահարման նպատակով այդ տարիներուն կ՚արտածուէին բարձրորակ ածուխի տեսակներ, ուստի աւելի ցածորակ ածուխը կ՚օգտագործուէր երկրի ժողովուրդին կողմէ։ Ծծումբ պարունակող ցածորակ ածուխի ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ օգտագործուիլը խորացուց օդի ապականման հարցը։ Սոյն տեսակի ածուխը ո՛չ միայն բնակարաններու, այլեւ՝ գործարաններու եւ, մա՛նաւանդ, ելեկտրակայաններու մէջ կ՚օգտագործուէր։ Այս բոլոր հանգամանքներու «համադրում»ը յանգեցաւ բնապահպանական լրջագոյն խնդիրներու ու մեծ թիւով մարդկային կորուստներու։ 

Մառախուղը այնքան խիտ էր, որ խանգարեց ինքնաշարժներու, փոխադրամիջոցներու տեղաշարժը։ Բացի մեթրոյի, կաթուածահար դարձած հանրային փոխադրութեան համակարգը կանգ առած էր։ Մառախուղը՝ ներթափանցելով նաեւ շէնքերէ ներս, պատճառ դարձաւ համերգներու, թատերական ներկայացումներու, շարժանկարային ցուցադրութիւններու նման բազմաթիւ մշակութային միջոցառումներու յետաձգման կամ ջնջման։ Յաջորդող օրերուն մառախուղը այնքան թանձրացաւ, որ տեսանելիութիւնը իջաւ մինչեւ հինգ մեթրի։ Որոշ քաղաքացիներ կը դժուարանային գտնել իրենց ուղղութիւնը եւ չշփոթելու համար պատերը բռնելով կը քալէին։ Շատեր կը կրէին դիմակ կամ իրենց դէմքը կը ծածկէին սովորական վզկապով։

Բազում մարդիկ շնչառութեան դժուարութիւներու պատճառով կը դիմէին հիւանդանոցներ։ Ըստ սոյն տարուայ վիճակագրական տուեալներու, մառախուղը առաջին օրը աւելի քան 100, իսկ երկրորդ օրը՝ 300 մարդու կեանք խլեց։ Մառախուղը կը համարուի Միացեալ Թագաւորութեան օդի ապականման ամենավատ իրադարձութիւնը։ Զոհերու մեծ մասը երեխաներ, տարեցներ կամ շնչառական հիւանդութիւններ ունեցողներ էին։ 2004 թուականին կատարուած ուսումնասիրութիւններով յայտնի դարձաւ, որ զոհերու ընդհանուր թիւն է աւելի քան 12 հազար հոգի։ 2016 թուականի ուսումնասիրութեան համաձայն, հակառակ որ մառախուղը տեւեց շուրջ շաբաթ մը, պատճառ դարձաւ երկարատեւ առողջական խնդիրներու։

Այս փորձութեան յառաջացուցած ցնցումները պարտադրեցին, որ փոխուի մարդոց վերաբերմունքը բնապահպանական խնդիրներու նկատմամբ։ Աղէտը աշխարհին ապացուցանեց, որ այդ խնդիրները անմիջական սպառնալիք են «աշխարհի բոլոր շնչաւորներու» համար։ Որոշ երկիրներու մէջ ընդունուեցաւ բնապահպանական նոր չափանիշներ՝ արդիւնաբերութեան մէջ օդը ապականող վառելանիւթի օգտագործումը սահմանափակելու, թափօններու եւ արտանետուող թունաւոր կազերու արգիլման նպատակով։ 1956 թուականին սահմանուեցաւ Մաքուր օդի օրէնքը, որ սկսաւ գործադրուիլ նոյն տարուայ մէջ։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2020