ԿԻՆԸ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՅԵՆԱՍԻՒՆ

-Իմ կինը ոսկի մըն է, ոսկի մը՜,- ըսաւ վաճառականը:

-Անկարելի է, պարոն,- պատասխանեց գնորդը։

-Իրաւ կ՚ըսեմ, ին կինը ոսկի մըն է:

Երկար-բարակ խօսակցութենէ վերջ գնորդը առաջարկեց գրաւ դնել.

-Եկուր, գրաւ դնենք. այժմ կ՚երթանք ձեր տուն եւ դուն կնոջդ պիտի ըսես, թէ խնձորները փտած էին ու ոչ մէկը գնեց: Եւ ձմրան ապրուստի համար ուրիշ ոչ մէկ միջոց ունիք: Եթէ քու կինդ իսկապէս ըսածիդ պէս է, ուրեմն դուն յաղթեցիր, եւ ես քեզ կու տամ այս ոսկիի քսակը, որ բաւական է քանի մը ձմեռ անցընելու համար: Իսկ եթէ պարզուի, որ դուն սուտ կը խօսիս եւ քու կինդ քեզի համար վէճ պատրաստէ, ուրեմն յաղթողը պիտի ըլլամ ես: Ես կը վերցնեմ քու ձին ու բերքով լեցուն սայլը, համաձա՞յն ես:

-Համաձայն եմ,- պատասխանեց գիւղացին:

Եւ այսպէս անոնք ձեռք ձեռքի տուին ու գացին գիւղացի վաճառականին տունը: Տակաւին շեմէն ներս չմտած՝ տանտէրը բարկացած ըսաւ կնոջը.

-Այ կնիկ, փորձանք մը եկած է մեր գլուխներուն: Խնձորները չեն վաճառուած, ծանր ձմեռ մը պիտի ունենանք: Չեմ գիտեր՝ ինչպէս պիտի կարենանք յաղթահարել այս դժուարութիւնը:

-Ի՞նչ կ՚ըսես, սիրելիս, դուն ողջ եւ առողջ վերադարձար, եւ նոյնիսկ քեզի հետ հիւր մը բերիր, այդ արդէն իսկ մեծ ուրախութիւն է: Ներս եկէք: Պէտք է որ յոգնած ու անօթի ըլլաք: Հիմա ես ձեզի համար ջուր պիտի բերեմ լուացուելու եւ սեղանը պիտի դնեմ, կ՚ընթրէք ու կը հանգչիք:

Եւ ահա կինը անիջապէս բերաւ սափոր մը ջուր լուացուելու համար, սրբիչ մը տուաւ եւ նստեցուց սեղանի շուրջ: Կինը կը նայի անոնց՝ ամէնուն աչքերը կը փայլատակէ ուրախութենէն, իսկ գնորդը ժամանակ առ ժամանակ կը փոխէ խօսակցութեան նիւթը ամբողջութեամբ: Կ՚անդրադառնայ չվաճառուած ապրանքին եւ թէ անոնք ինչպէ՞ս պիտի ապրին ձմեռը:

Իսկ կինը անդադար կը պատասխանէ վերջինիս.

-Աստուած ամէն բան կարգի պիտի դնէ: Բան մը պիտի ընենք ու ապրինք: Կարեւորը առողջութիւնն ու խաղաղութիւնն է: Մնացած ամէն բան անցողիկ ու յաղթահարելի է: Իսկ այս պահուն ամենակարեւորը այն է, որ իմ ամուսինն ու մեր հիւրը ինքզինքնին աղէկ զգան:

Հիւրը աւելի ու աւելի կը շուարի: Երկար ժամանակ այդպէս նստան: Ի վերջոյ հիւրը հասկցաւ իր պարտութիւնը: Հանեց դրամապանակը եւ ըսաւ.

-Յիրաւի, ես շատ կանանց հանդիպած եմ, սակայն երբեւէ չեմ տեսած այսպիսի ոսկի կին մը, ինչպիսին քու կինն է: Դուն ճիշդ էիր, ահա քու քսակը:

Կնոջ եռանդը կառուցուած է այնպէս, որ ան կրնայ իր մտքի ուժով ուղղել տղամարդու որեւէ սխալ՝ նոյնիսկ կոպիտ: Այդ փխրուն արարածները՝ կանայք, ունակ են շատ աւելիին, որու մասին տղամարդը նոյնիսկ չի կրնար երեւակայել։ Եւ միակ ուժը, զոր կինը կը բացայայտէ այս բոլոր զարմանալի հնարաւորութիւնները՝ սէրն է:

Յարգելի տղամարդիկ, սիրեցէ՛ք ձեր կիները եւ փոխարէնը պիտի ստանաք դրախտային երանութիւն: Ամէն կաթիլ սէրը ուժի նոր ակունք մըն է իմաստուն կնոջ համար:

Յիրաւի, ընտանիքի գլուխը տղամարդն է, սակայն վիզը, որ կը դարձնէ գլուխը՝ կինն է: Ակամայ, կը թուի, թէ տան ղեկը կը գտնուի տղամարդու ձեռքին, սակայն իրականին զայն կը ղեկավարէ կինը: Ընտանիք պահողն ու կործանողը նոյնպէս կինն է: Եւ իւրաքանչիւր կտուրէ ներս յարատեւ անդորրի ու համերաշխութեան պատասխանատուն նոյնպէս կինն է:

Թերեւս պատահական չէ, որ արարչագործութեան, վերածնութեան բանալին ամենակարող Աստուած վստահած է կնոջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2022