ԱՀՄԱՏ ԽԱԼԷՏ ԹԱՈՒՖԻՔ (10 ՅՈՒՆԻՍ 1962 - 2 ԱՊՐԻԼ 2018)

Ահմատ Խալէտ Թաուֆիք: Եգիպտացի մտաւորական, համալսարանի դասախօս, բժիշկ, թարգմանիչ:

Ծնած է 10 յունիս 1962-ին, Թանթա քաղաքին մէջ, Եգիպտոս:

Նախնական եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ: Մասնագիացած է բժշկութեան մէջ եւ 1985-ին աւարտած ու վկայուած է Թանթայի համալսարանի Բժշկութեան կաճառէն: Բժշկութեան տոքթորականի տիրացած է 1997-ին:

Համարուած է արաբական գրականութեան սարսափ ժանրի առաջին հեղինակը: Ան նաեւ պատանեկան-երիտասարդական գրականութեան ամենէն նշանաւոր դէմքերէն մէկը եղած է: Հեղինակած է երեւակայական պատումներ: Զինք շատ յաճախ կոչած են՝ Կնքահայր, «Godfather»:

Իր գրական գործունէութիւնը սկսած է հեղինակելով «Բնութենէն այն կողմ» երեւակայական պատումներու շարքը: Հեղինակած է «Ութոպիա» պատմուածքը 2008-ին, որ թարգմանուած է զանազան լեզուներով: Ինչպէս նաեւ հեղինակած է այլ գիրքեր եւս, ինչպէս՝ «Այրուելու ենթակայ պատումներ», «Խելք առանց մարմինի», «Հիմա սնտուկը կը բանամ (երեք հատորով)»:

Ահմատ Խալէտ Թաուֆիքը հեղինակ է բազմաթիւ յօդուածներ եւ հրապարակախօսութիւններու, որոնց մէջ երիտասարդները յուզող հարցերու մասին անդրադարձած է: Այսպէս, ան աշխատակցած է «Ալ-Շապապ», «Ալ-Թահրիր» եւ այլ պարբերականներու:

Թարգմանած է մի քանի գիրքեր ու գրութիւններ, ինչպէս՝ «Սարսափի դողը» շարքը, «Կռուելու ակումբը», «Տիրմաֆորիա», «Չէ Կուվերա», եւ այլն:

Մահացած է 2 ապրիլ 2018-ին:

***

Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Թաուֆիքի գրութիւններէն հատուածներ:

* Մինչեւ վե՞րջ:

-Ի՞նչ:

-Յաւիտեան պիտի սիրե՞ս զիս:

-…Մինչեւ աստղերը այրին եւ աշխարհները [տիեզերքը] վերանան…:

Մինչեւ մոլորակները իրարու զարնուին, արեւները վերանան,

Մինչեւ լուսինը մարի, ծովերն ու գետերը չորնան…:

Մինչեւ ծերանամ, յիշողութիւններս մաշին…

Մինչեւ լեզուս անկարող դառնայ անունդ տալ…

Մինչեւ որ սիրտս վերջին անգամ բաբախէ…:

Միայն այդ ատեն թերեւս դադրիմ,

Թերեւս…

* Մշակոյթը սիրտերը միացնող ու զանոնք կազմաւորող կրօն չէ, այլ՝ ամենայն հաւանականութեամբ կը բաժնէ զանոնք: Որովհետեւ, անիրաւածներուն ցոյց կու տայ անիրաւութեան մեծութիւնը՝ որ կը կրեն, իսկ բախտաւորներուն ալ կը ցուցնէ, թէ ինչ կրնան կորսնցնել:

* Կ՚անկեղծանաս ընկերոջդ հետ՝ կը կորսնցնես զայն:

Կ՚անկեղծանաս ընտանիքիդ հետ՝ իրենց ձեռքերը կը լուան քեզմէ:

Կ՚անկեղծանաս սիրելիիդ հետ՝ կը լքէ քեզ:

Կ՚անկեղծանաս հոգեւորականին հետ՝ հերետիկոս կը հանէ քեզ:

Կ՚անկեղծանաս իշխանութիւններուն հետ՝ կը բանտարկեն քեզ:

Ի՞նչ պէտք է ընենք այս պարագային:

Դիմակներ հագնինք, մենք մեզ արժանապատիւ ցոյց տանք, մենք մեզ եւ մեր շուրջինները խաբենք ու անոնց ըսենք այն՝ ինչ որ կ՚ուզեն լսել, այնքան՝ մինչեւ երեւակայական պատկանելիութիւն զգանք հասարակութեան մը մէջ, որ բացի կեղծէն ուրիշ ոչինչ կ՚ընդունի:

* Ոչխարը որ կը մտածէ, վտանգաւոր կը դառնայ թէ՛ ինքն իրեն համար եւ թէ ուրիշներուն:

* Ըսի անոր.

-Մարդիկ պէտք է ամուսնանան միայն այն բանին համար, որպէսզի աւելի լաւը աշխարհ բերեն… զաւակ մը՝ քեզմէ աւելի գեղեցիկ, աւելի հարուստ, աւելի զօրաւոր: Ի՞նչ օգուտ որ չարչարանքը ամուսնանայ դժբախտութեան հետ, կաւը՝ հողին հետ: Ի՞նչ նորութիւն պիտի տանք այս աշխարհին՝ բացի թշուառութենէն:

* Ցտեսութիւն, ո՜վ օտարական, կեցութիւնդ կարճատեւ էր, սակայն հաճելի: Յուսամ կը գտնես դրախտդ, որ շատ փնտռեցիր: Ցտեսութիւն, ո՜վ օտարական, այցելութիւնդ ստուերային պարերէն պարի մը նման էր, նախքան արեւածագը ցօղի կաթիլի մը նման, թփուտէն եկող երաժշտութիւն մը, որ քանի մը երկվայրկեան լսեցինք միասին, ապա շարժեցինք մեր գլուխները եւ ըսինք՝ թէ երեւակայեցինք զայն…: Ցտեսութիւն, ո՜վ օտրական. սակայն ամէն ինչ պիտի վերջանայ:

* Շա՜տ նողկալի յանցագործութիւն մը կայ, որ արժանի է ամենէն սարսափազդու տանջանքներուն, այն է՝ տարբեր ըլլալդ միւսներէն:

* Կեանքը երես չի՛ տար մեզի եւ չի՛ սպասեր՝ կատարելու համար մեր հրամանները կամ փափաքները… Այդ բանը կը պատահի շքեղ ճաշարաններուն մէջ, ուր կը վարուին քեզի հետ որպէս յաճախորդ: Կեանքը, սակայն, քեզ յաճախորդ չի՛ նկատեր, որուն պէտք է միշտ բաւարարել…: Եթէ տուեալ ճաշարանը հաճելի չթուեցաւ քեզի, կրնաս հեռանալ եւ քեզմէ ետք անմիջապէս ուրիշ [յաճախորդ մը] պիտի գայ… եւ (անոնք ետեւէդ պիտի չիյնան)…:

* Փոքրիկս, տողեր կան, որ միշտ չենք ըսեր, սակայն բոլորն ալ կը լսեն զանոնք: Լռութիւնը, շատ յաճախ աւելի հասու եւ աւելի բարձրաձայն կ՚ըլլայ:

* Ամչկոտութիւնը կը ծնի երեւակայելէդ, թէ դուն շատ կարեւոր մէկն ես… Իրականութեան մէջ, սակայն, դուն կարծածիդ պէս կարեւոր չես, ընդհանրապէս կարեւոր չես, եւ ո՛չ ոք պարապ է հետեւելու ամչկոտութեանդ կամ սխալներուդ: Նոյնիսկ եթէ կաթսայ մը դնես գլուխիդ, ապա ոչ ոք երեք վայրկեանէն աւելի ուշադրութիւն պիտի դարձնէ այդ արարքիդ:

* Այսօր անանուխի թէյը թափեցաւ ձեռքիս վրայ եւ այրեց զայն: Երկա՜ր ատեն նայելով այրուածքին եւ բոցին որ անկէ կ՚ելլէր, ցաւի մէջ ըլլալով հարցուցի ինքզինքիս, թէ ինչպէս մեր շատ սիրած բաները այսքան կը չափազանցեն մեզի վնաս պատճառելու:

* Երբ սէրը կը հեռանայ, կը սկսի ամենէն մեծ չարչարանքը: Սիրոյ պատճառած պարապութիւնը, ուրիշ ո՛չ մէկ պարապութիւն կրնայ պատճառել, կեանքի ո՛ր հանգրուանին ալ ըլլանք, նոյնիսկ նախքան մեր սիրելուն ունեցած պարապութիւնը…: Արդարեւ, նախքան սիրելը, սիրտի դատարկութենէն կը տառապինք եւ անոր ունեցած սիրոյ պապակէն, ինչպէս նաեւ մօտիկութիւն ստեղծելէ, զգացումներ եւ յուզումներ փոխանակելէ:

* Երբ կրակի հոտը կ՚առնես եւ չորս կողմդ եղողները չե՛ս զգուշացներ, այդպիսով կերպով մը նպաստած կ՚ըլլաս կրակ այրելուն:

* Եղած բաները ժամանակի ընթացքին շատ աւելի գեղեցիկ դարձած են եւ միաժամանակ ոչնչութիւն…: Արդարեւ, այս աշխարհին մէջ ամենէն կարեւորը արտաքին տեսքը դարձած է:

* Բարեկամութեան իմաստը այն է, որ ես, ինքնաբերաբար, քեզ արժանի կը համարեմ արժանապատուութենէս մասնիկ մը վստահելու:

* Մեր արաբական աշխարհէն ներս բարձր ձայնը ինքնին համոզիչ է…:

* Այս բոլոր գիրքերուն առկայութիւնը քովս չի՛ նշանակեր, որ ես կրթուած եմ. թերեւս, անոնց եւ ո՛չ մէկը կարդացած եմ…: Դուն մարդոց հետ կը վարուիս այնպէս՝ ինչպէս կը թուին քեզի, եւ ո՛չ թէ այնպէս՝ ինչպէս որ են:

* -Յարաբերութիւն մը յանկարծ կրնա՞յ աւարտիլ:

-Այո՛:

-Առա՞նց պատճառի:

-Այո՛:

-Ինչպէ՞ս...

-Փոքր բաները իրարու վրայ բարդուելով, որ առանձինն պատճառ չէինք համարեր զանոնք, որ կրնան յարաբերութիւն մը քանդել:

* Գիտե՞ս, ես ձեռքերս լուացի ժողովրդավարութենէն 1988 թուականին:

Հինգշաբթի օր մըն էր եւ մենք ընթրիքի սեղանին նստած էինք. ես, քոյրերս ու եղբայրներս՝ թիւով վեց, մայրս եւ հայրս: Հայրս ըսաւ. վաղը ձեր արձակուրդի օրն է. ո՞ւր կ՚ուզէք երթալ՝ ձեր հօրեղբօ՞ր տուն, թէ՞ քեռիին տուն: Բոլորս՝ բացի մօրմէս, համաձայնեցանք, որ հօրեղբօրս տուն երթանք: Մայրս ըսաւ, թէ քեռիիս տուն պիտի երթանք: Բայց, որովհետեւ մեծամասնութիւնը քուէարկած էր հօրեղբօրս տուն երթալ..., հարցը լուծուեցաւ եւ փակուեցաւ:

Ուրբաթ առտու սակայն, արթնցանք եւ տեսանք, որ մեր մայրիկը կը ծիծաղի ու ըսաւ մեզի. ձեր գիշերանոցները հանեցէք ու հագուստները հագուեցէք, որպէսզի ձեր քեռիին տուն երթանք...:

Հայրս այնպէս ըրաւ՝ որպէս թէ թերթ կը կարդար եւ առնչութիւն չունէր այդ խնդիրին:

Այդ օրէն սկսեալ գիտակցեցայ, թէ ժողովրդավարութիւնն ու ազնուութիւնը սուտ են: Բոլոր խնդիրները մութ սենեակներու մէջ կը կարգադրուին՝ հեռու քնացած ժողովուրդի ձայներէն:

* Պիտի ամուսնանար անոր հետ, սակայն վստահելի աղբիւրէ մը տեղեկացաւ, թէ ամուսնութեան պիտանի չէ ո՛չ նիւթապէս, ո՛չ առողջութեամբ եւ ոչ ալ բարոյականութեամբ...: Որոշ ժամանակ մը ետք իմացաւ, սակայն, թէ ան ամուսնացած է նո՛յն վստահելի աղբիւրին հետ:

* Լաւատեսութեան սահմանումը.

Եթէ հրամանատարը իր զինուորներուն ըսէ, թէ վտանգաւոր է գործողութիւնը եւ թէ կը կարծէ, թէ 100 զինուոէրն 99-ը պիտի մեռնին, ապա լաւատեսութիւնը այնպէս կ՚ընէ, որ իւրաքանչիւր զինուոր նայի իր ընկերներուն եւ ինքն իրեն ըսէ.

-Մե՜ղք են ընկերներս:

* Ինքնավստահութիւնը դատարկ խօսք է…: Պիտի զարմացնեն քեզ այն բոլոր բաները, զորս չես գիտեր ու չես գիտակցիր անոնց մասին…: Կարեւորը վստահ ըլլալդ է կարողութիւններուդ՝ թէ աւելի լաւ պիտի ըլլաս:

* Կինը կը սիրէ իր ամուսինը ո՛չ թէ որովհետեւ ամենազօրաւորն է մարդոց մէջ, ո՛չ ալ որովհետեւ բարետես է, ո՛չ ալ որովհետեւ հարուստ է, այլ՝ որովհետեւ պարզապէս ի՛նքն է… իր տկարութեամբ ու զօրութեամբ: Տակաւին, սէրը ուժի ցուցադրութիւն չէ, այլ՝ տալու մնայուն եռանդ, ջերմ ու մնայուն:

* Ապա ձեռքը առաւ դրամին տրցակը եւ սկսաւ ագահօրէն հաշուել, միաժամանակ հաւաստացնելով ինծի, թէ ինք կը վստահի ինծի եւ պէտք չկայ հաշուելու…:

* Այս աստիճան պէտք չէ գեղեցիկ ըլլաս. այս հանգամանքը մարդս անհանգիստ կը դարձնէ, կեանքը կը բարդացնէ: Արդարեւ, տգեղութեան որոշ աստիճան մը պէտք է ըլլայ անոնց հետ՝ որոնց հետ կը գործակցինք, որպէսզի գործերը ուղիղ ընթանան:

* Ո՞վ ըսաւ, որ գողերը չեն լար, երբ կը բռնուին: Գողերը կու լան, նաեւ որճրագործները կու լան, ինչպէս նաեւ բարոյական խնդիրներու մէջ մեղադրուող կիները, բոլորն ալ ջերմութեամբ կու լան՝ երբ կը յայտնուի իրենց ինչ ըլլալը: Այս բանը սակայն ցոյց կու տայ, որ անոնք խի՞ղճ ունին. [ո՛չ], ցոյց կու տայ, որ խիղճը արթուն է, բայց ցոյց չի՛ տար, որ անիկա կայ:

* Այս բանը մեզ հետեւեալ հարցադրումին դիմաց կը կանգնեցնէ.

-Երբուընէ՞ մեր մշակոյթին միակ աղբիւրը սինեման եղած է եւ ո՛չ թէ գիրքերը:

* Արեւը կը կարծէ, թէ աշխարհը լուսաւոր է, սակայն չի՛ գիտակցիր, որ այդ իր լոյսն է:

* Երկուքս ալ հինէն ի վեր կանգ. սակայն, աչքը իր ուզածէն բացի ուրիշ բան չի՛ տեսներ:

* Դուն հիմա գիտես պատմութիւնը. գիտես, որ իմ բոլոր յիշողութիւններս կը պատմէի, մինչ ես կոկորդի քաղցկեղով կը տառապիմ. այս հիւանդութիւնը մեծ տարածում գտած է մէջս: Ծխելը, շատ հաւանաբար, ծանր հետեւանքներ ունի: Թերեւս ձեզմէ շատեր նկատած են, որ ձայնս խռպոտ դարձած է, կեդրոնացումս ցրուած է եւ սխալներս շատ յաճախակի սկսած են ըլլալ:

* Պատկերացուր, որ հայրենիքներ չըլլային… Թերեւս կարծեցի, որ երազող մըն եմ, սակայն միակ երազողը չեմ…: Կը փափաքիմ, որ օրին մէկը միանաս ինծի, որով աշխարհը մէ՛կ կը դառնայ:

* Ցաւալի է, որ սատանային գործը ընես, ապա շա՜տ աննշան վարձատրութիւն մը ստանաս:

* Ա՛յս է իրական երջանկութիւնը՝ ընկերները…:

* Տգիտութեան գագաթնակէտը այն է, որ դատաստան կատարես բանի մը մասին, ինչ բանի մասին ո՛չինչ գիտես:

* Մարդը թերեւս կեանքը տանի առանց բնակարանի, առանց ուտելու, առանց առաստաղի, առանց ընկերներուն, սակայն չի՛ կրնար կեանքը տանիլ առա՛նց երազներու:

* Կինը ի՛նչ փորձեր ալ կատարէ, այր մարդուն գոյութեան կարեւորութիւնը իր կեանքին մէջ, անսակարկելի իրականութիւն մը պիտի մնայ:

* Բարոյականութիւնը կը քայքայուի աղքատութեան մէջ, ինչպէս երկաթը կը մաշի՝ որու վրայ ջուր կը կաթի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2024