ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նութեամբ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գու­րու­չէշ­մէի «Սուա­տա»ին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տօ­նա­կան ե­րե­կոյթ մը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը հա­մա­տեղ ծրագ­րով մը կը նշէ Սուրբ Ծնունդն ու «Շե­պի Ա­րուզ»ը։ Քրիս­տո­նեայ եւ իս­լամ աշ­խար­հի այս տօ­նե­րը կը զու­գա­դի­պին նոյն ժա­մա­նակաշր­ջա­նին եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րանն ալ հա­մա­տեղ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նով մը կը փոր­ձէ տալ հա­մա­կե­ցութեան պատ­գամ մը։

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տա­րի տես­լա­կա­նով սկսած ծրա­գիր մըն է այս մէ­կը։ Թէեւ այս տա­րի անն­պաստ ե­ղա­նա­կին հե­տե­ւան­քով Հա­զինէ­տար չկրցաւ մաս­նակ­ցիլ ընթ­րի­քին, սա­կայն իր նա­խա­տե­սած պատ­գա­մը այս տա­րե­մու­տին եւս ու­նե­ցաւ պատ­շաճ ար­ձա­գանգ։ Ար­դա­րեւ, քա­ղա­քա­պե­տը Իս­թան­պու­լէն դուրս կը գտնուէր ու պի­տի վե­րա­դառ­նար ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին՝ սոյն ընթ­րի­քին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար։ Դժբախ­տա­բար, փո­թո­րի­կի հե­տե­ւան­քով իր օ­դա­նա­ւը չկրցաւ վայ­րէջք կա­տա­րել եւ ան ա­կա­մայ բա­ցա­կա­յե­ցաւ ե­րե­կոյ­թէն։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ հա­ւա­քոյ­թը գլխա­ւո­րեց փոխ-քա­ղա­քա­պետ Ռը­ֆաթ Էօր­նէք, որ հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։

«Սուա­տա»ի հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բազ­մա­թիւ ծա­նօթ դէմ­քեր։ Պէշիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու բծախն­դիր աշ­խա­տանք տա­րած էր այս ուղ­ղու­թեամբ, ուս­տի մեր հա­մայն­քէն բա­ւա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն մը բե­րուե­ցաւ ձեռ­նար­կին։ Յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի, ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նեց Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան։ Խօսք ա­ռաւ նաեւ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։ Քա­ղա­քիս այլ կրօ­նա­կան յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րէն հո­գե­ւո­րա­կան­ներ ալ ներ­կայ էին ընթ­րի­քին։ Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեան, ինչ­պէս նաեւ Հայր Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆը­րա­տեան եւս այդ հո­գե­ւոր հայ­րե­րու շար­քին էին։ Ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պութեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան։

«Սուա­տա»ի մէջ զա­նա­զան խում­բեր գոր­ծադ­րե­ցին ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր՝ խան­դա­վա­ռե­լով մթնո­լոր­տը։ Բո­լոր ներ­կա­նե­րը փո­խա­նա­կե­ցին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ՝ այս հա­մա­տեղ տօ­նե­րուն եւ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ։ Բո­լո­րի հիմ­նա­կան մաղ­թանքն էր, որ աշ­խար­հի վրայ ու մեր երկ­րէն ներս տի­րէ խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ Թուր­քիոյ մէջ բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ապրին միաս­նա­կա­նու­թեան ու հա­մա­կե­ցու­թեան ո­գիով։

 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016