«ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆՈՑ»

Տասնամեակներ շարունակ իր կախարդիչ գաղափարները, երեւակայութիւնը եւ գրական հմտութիւնը համադրելով՝ հիասքանչ գործեր ստորագրած Սթեֆըն Քինկի գլուխ գործոցներէն մին կը համարուի «Ընտանի կենդանիներու գերեզմաննոց»ը, որ լոյս տեսած է 1983 թուականին։ 

1979 թուականին Քինկ կը դասաւանդէր Մէյն համալսարանին մէջ։ Ան որոշեց ընտանիքին հետ փոխադրուիլ իր աշխատավայրի մօտակայքին, ուր վարձեց տուն մը։ Այդ բնակարանը կը գտնուէր ճամբու մը վրայ, ուր միշտ երթեւեկութիւն կար։ Մայրուղիէն կ՚անցնէին բեռնատարներ, որոնց տակ մնալով յաճախ կը սատկէին ընտանի կենդանիներ։ Մայրուղիի զոհը դարձած կենդանիներու համար շինուած էր գերեզմանատուն մը, որու մասին իմանալով Քինկ կը մտածէ գրի առնել պատմուածք մը այս նիւթով։ Այդ ճամբուն վրայ կը մահանայ նաեւ Քինկի դստեր կատուն՝ Սմաքին։ Քինկ կը դժուարանայ ճշմարտութիւնը ըսել իր դստեր, զոր շատ կը սիրէր կատուն։ Իրենց տան ետեւի պարտէզին մէջ կատուին համար կը տեղադրեն գերեզմանաքար մը եւ ընտանիքի անդամները մէկտեղուած հրաժեշտ կու տան եւ ծաղիկներ կը թողուն Սմաքիի շիրմին։ Թաղումէն ճիշդ երեք օր անց, Քինկ կը խորհի այս մասին վէպ մը գրի առնել։ Ինքնըստինքեան հարց կու տայ, թէ ի՞նչ կը պատահէր, եթէ կատուն ողջ՝ սակայն ներքնապէս փոխուած վերադառնար տուն։ Վէպի ստեղծման ժամանակահատուածը կը տեւէ շուրջ երեք տարի։ «Ընտանի կենդանիներու գերեզմաննոց»ը կը համարուի հեղինակի ամենասարսափելի ստեղծագործութիւններէն մին։ Քինկ իր այս գործը կը նկատէ՝ անվերջ վազք։ Գիրքը հրատարակութեան օրօք մեծ յաջողութիւն կ՚արձանագրէ։ Առաջին տպաքանակը կը կազմէ 350 հազար օրինակ եւ մինչեւ 1989 թուականը կը վաճառուի 4.4 միլիոն օրինակ։ Գրաքննադատներ գիրքը կը համարեն՝ որպէս բոլոր ժամանակներու ամենասարսափազդու վէպը։ Հեղինակի այս փայլուն գրական նուաճումը կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու։ Գիրքը կը գլխաւորէ Time թերթի կողմէ պատրաստուած հեղինակի շարունակութեան կարիք ունեցող տասն լաւագոյն ստեղծագործութիւններու ցանկը եւ The New York Times թերթի ամենաշատ վաճառուող գիրքերու շարքին իր դիրքը կը պահէ շուրջ 32 շաբաթ։ Առաւե՛լ. վէպի հիման վրայ նոյնանուն կը նկարահանուի շարժանկար մը 1989 թուականին, բեմադրիչ Մերի Լեմպըրտի կողմէ։ 11 միլիոն տոլար արժած է այս շարժապատկերը, որմէ ձեռք բերուած է 57 միլիոն տոլար եկամուտ։ Իսկ 2019 թուականին դարձեալ կը թողարկուի նոյն անունով շարժանկար մը, որու պիւտճէն կը կազմէ 21 միլիոն տոլար, իսկ կ՚ապահովէ 113 միլիոն տոլար եկամուտ։ 

Գիրքը կը պատմէ Լանտլոու փոխադրուած ընտանիքի մը մասին։ Շիքակոցի բժիշկ՝ Լուիս Քրիտ եւ իր կողակիցը՝ Ռէյչըլ ունին երկու զաւակ՝ Էլի եւ Կէյճ։ Այս ընտանիքին կ՚անդամակցի նաեւ կատու մը, որ կը կոչուի Չէօրչ։ Փոխադրուելէ ետք ընտանիքը դէմ յանդիման կու գայ կարգ մը նեղութիւններու հետ, որոնք յաղթահարելու համար անոնց կ՚աջակցի իրենց դրացին՝ Ճատ Քրենտըլը։ Ժամանակի ընթացքին Ճատ եւ Լուիս կը դառնան մտերիմ բարեկամներ։ Լուիս հայրը վաղ տարիքին կորսնցուցած ըլլալուն պատճառաւ Ճատը կը սիրէ իր հօր պէս։ Ճատ ընտանիքը կը զգուշացնէ իրենց տան մօտ գտնուող մայրուղիի մասին, ուրկէ արագօրէն կ՚անցնին բեռնատարներ։ Մի քանի շաբաթ անց, Ճատ Քրիտ ընտանիքը կը հրաւիրէ շրջագայելու համար իրենց տան ետեւի կողմէ բացուող նեղ արահետը, որ կը հասցնէ ընտանի կենդանիներու գերեզմանոցը։ Այդտեղ թաղի երեխաները կը թաղեն իրենց ընտանի կենդանիները։ Շրջագայութեան յաջորդ օրն իսկ Լուիզի եւ Ռէյչըլի միջեւ վէճ կը ծագի. Ռէյչըլ կ՚ընդդիմանայ մահուան մասին խօսակցութեանց եւ այցելել գերեզմանատան նման վայրեր։ Աւելի վերջ կը լուսաբանուի Ռէյչըլի մտածումը մահուան մասին։ Ան փոքր տարիքին ծանր հոգեկան անկում ունեցած է իր քրոջ մահուան ականատես ըլլալուն պատճառով։ Լուիս այս մէկուն համար կը դատապարտէ Ռէյչըլի ծնողը, որովհետեւ քրոջը մահուան պահուն առանձին թողած էին զինքը։ 

Լուիս կը դասաւանդէ Մէյն համալսարանի բժշկական կեդրոնին մէջ։ Համալսարանէն ներս գործել սկսած առաջին շաբթուայ ընթացքին կը տեսնէ աշակերտի մը՝ Վիքթոր Փասքոուի մահը, որու վերջին խօսքերը ուղղուած էին Լուիսին, զգուշացնելու համար ընտանի կենդանիներու գերեզմանատան մասին։ Զարմանալի է, որ այս մէկը իրենց առաջին հանդիպումն էր։ Յաջորդ օրուայ առաւօտուն Լուիս արթնցած էր զարմանքով. ան իր երազին մէջ տեսած էր Վիքթորը։ Ան Լուիսը կը խրատէր չանցնիլ գերեզմանատան սահմանէն։ Լուիս այս բոլորը կ՚ընդունի՝ որպէս մղձաւանջ, սակայն աւելի վերջ կ՚անդրադառնայ, թէ ոտքերը հողով եւ զանազան բոյսերու փուշերով ծածկուած են։ 

Ռէյչըլ իր երկու զաւկին հետ կ՚երթան Շիքակօ, որպէսզի այցելեն իր ծնողներուն։ Այդ ընթացքին Էլիի շատ սիրելի կատուն բեռնատարի մը պատճառով արկածահար կ՚ըլլայ։ Ճատ գիտէ, թէ կատուն որքան թանկագին է Էլիի համար, Լուիսը կը տանի այլ գերեզմանատուն մը։ Ճատի թելադրանքներուն անսանով՝ Լուիս կատուն կը թաղէ այդտեղ։ Թաղումի յաջորդող օրուան առաւօտուն Չէօրչ տուն կը վերադառնայ։ Իր արտառոց ու դաժան շարժուձեւերը մտահոգութիւն կը պատճառեն ընտանիքի անդամներուն, նաեւ անտանելի հոտ մը կու գայ փիսիկէն։ 

Որոշ ժամանակ անց՝ Կէյճ, որ դեռ նոր սկսած էր քալելու, կը մահանայ բեռնատարի մը տակ։ Յուսահատած Լուիս կը յիշէ Չէօրչի թաղուած գերեզմանատունը եւ կը մտածէ իր զաւակը թաղել նոյն գերեզմանատունը, որպէսզի թերեւս ան ալ վերակենդանանայ։ Ճատ կը փորձէ արգելք ըլլալ Լուիսին, որպէսզի չիրականացնէ իր մտադրածը, ինչպէս նաեւ անոր կը պատմէ. Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին վերակենդանացած մարդու մը գործած անգութ արարքները։

Առանց նկատի առնելու Ճատի նախազգուշացումը, ան իր որդին կը թաղէ այդ գերեզմանատան մէջ։ Կէյճ յաջորդ օր կը վերադառնայ տուն, սակայն առաջուան պէս չէ ան ու բարոյալըք-ւած է։ Այս դէպքը մղձաւանջի մը սկիզբը կ՚ըլլայ եւ իրերայաջորդ դժբախտութիւններու հետ դէմ յանդիման կու գան Քրիտ ընտանիքի անդամները։

Վէպը ընթերցողը կը մղէ խոկալու՝ հոգւոյն մթութեան մասին։ Քինկի ստեղծագործութիւններուն մէջ գլխաւոր դեր ստանձնող հրէշներ, գազաններ եւ այլն կը ցոլացնեն նաեւ մարդկային չար զգայնութիւններն ու վերաբերմունքը։ Գիրքի անկանխատեսելիութիւնն ու անսպասելի անակնկալները մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն ընթերցողներու մօտ։ Յամենայնդէպս, կ՚արժէ ընթերցել զայն։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2019