ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ ԵՂԱԾ ԵՆՔ

Համայն հայութեան սրտի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ համախմբուողները փոքրաթիւ չեն… Անոնք առնուազն տասն-քսան անգամ շատ են, պարզապէս կաթուածահար եղած են կամ կախարդուած:

Այսօր մեր սրբազան հողի մէջ, մեր իսկ կոտրած ձեռքով, առանց երկար-բարակ խորհելու երկուքուկէս տարի առաջ իշխանութեան բերինք չար ուժերը՝ սատանայի ծառաները, որոնցմէ ազատիլը դիւրին գործ մը չէ: Այո՛, այո՛, ճիշդ այդպէս, ներկայիս իշխանութեան պարագլուխները՝ յանձին վարչապետի, աթոռէն կառչած փոքրոգի արարածներ, սատանայի ծառաներ  են: Ձեռագիրը նոյնն է: Ի սկզբանէ մոլորեալ ժողովուրդը հմայեց, դիւթեց, ստիպեց ապրիլ սին երազներով ու այդ ընթացքին ծածուկ կատարեց իր սեւ գործը: Եսապաշտ ազգադաւը խումբ մը մորոլեալներու այնքան մոլորեցուց, իրականութենէ շեղեց, որ այդ մարդիկ սկսան անվերապահօրէն պաշտպանել ու պաշտել վերջինս: Անոնք իրենց ներկայութեամբ օրէ օր մեզ ու մեր երկիրը ա՛լ աւելի կը թեւաթափեն, կը բզկտեն: Սակայն մեր յոյսը կը շարունակէ ապրիլ. յոյսը կը մեռնի, երբ մարդ կը մահանայ:

Ես կուսակցական մը չեմ. մինչեւ այսօր ընդամէնը երկու անգամ կրցած եմ իմ մէջ ուժ գտնել եւ ընտանեկան պարագաներուս հետ միասին յայտնուիլ ցուցարարներու շարքին մէջ: Գիտեմ, երկու անգամը շատ քիչ է, անհրաժեշտ է, որ ամէն օր այնտեղ ըլլամ ու ըլլանք: Հայու տականքը մեզ այնպիսի հարուած մը հասցուցած է եւ կը շարունակէ հասցնել, որ կը դժուարանանք ուշքի գալ: Վշտի, ցաւի ու կսկիծի մէջ խորասուզած կորսնցուցած ենք ինքզինքնիս:

Այսօր մոլորեալներու ուղեղները կը լուան այն սին պնդումներով, որ իբրեւ թէ հրապարակի մէջ հաւաքուածները կու տան աթոռակռիւ: Չէ՞ որ իրենք աթոռէն կառչած ըլլալով հանդերձ, ունակ չեն այլ կերպ խորհելու: Տակաւին երէկ կորսնցուցինք սրբազան հայրենիքի մէկ քառորդը ու կը շարունակենք կորսնցել:

Մարդի՛կ, հայե՛ր, այս մէկը խոշոր սուտ մըն է: Հանրապետութեան հրապարակի մէջ հաւաքուած ընդդիմադիր ուժերու գերնպատակը մին է՝ փրկել Հայաստանը: Այսօր կորսնցուցինք ու կը կորսնցնենք ո՛չ միայն Արցախը, այլեւ՝ Հայաստանը: Երբեւէ տեսած էք, թէ բուրդը ինչպէս կը ցեցոտի: Ճիշդ նոյն ձեւով հակառակորդը մտած է Հայաստան: Մեր դրացիները կ՚ըսեն. «Հայե՛ր, Նիկոլին լաւ նայեցէք մինչեւ հասնինք»: Մենք ալ «կը հնազանդինք»: Չենք կրնար մեր մէջ փողոց դուրս գալու ուժ գտնել, համախմբուիլ ու պահանջել դաւաճանի հրաժարականը:

Քանի մը օր առաջ հանրահաւաքի ժամանակ կառավարութեան շէնքը փայփայող ոստիկանական զօրքը վստահաբար կը պնդէր, թէ մեր հակառակորդը չի կրնար հասնիլ Երեւան, պարզապէս անհնարին է: Մենք՝ արցախցիներս նոյնքան վստահ էինք, որ մեր դրացիները չեն կրնար հասնիլ Շուշի, որ օր մը այլեւս Արցախ չ՚ըլլար: Մինչդեռ հակառակորդը այլեւս Արցախի մէջ է: Հայաստանի դարպասները այլեւս բաց են, պարիսպը քանդած ու անոնք հանգիստ կրնան հասնիլ այնտեղ, ուր որ կը կամենան:

Եթէ կ՚ուզէք հայու մը հայրենասիրութիւնը չափել, որոշել, թէ վերջինս որքանով հայ է, անոր քով պարզապէս բառ մը ըսէք՝ Արցախ: Եթէ աչքերը կը լեցուին եւ ձեր առջեւ կը բացուի տուեալ անձի հոգիի հայելին՝ լի անյատակ ցաւով ու տառապանքով, ուրեմն ան է… ուրեմն ան յանուն հայրենիքի պատրաստ է ամէն ինչի, ուրեմն ան այն մէկն է, զոր կը պահէ ու պիտի պահպանէ Հայաստանն ու Արցախը:

Հայաստանը սրբավայր մըն է, Արցախը աղօթատեղի: Ամենակարող Տէրն է, որ կը պահէ ու կը պահպանէ հայուն երկու երկիրը: Մինչդեռ մեզմէ շատեր օր ըստ օրէ ա՛լ աւելի կը հեռանան Աստուծմէ՝ բախտի քմահաճոյքին թողլով մեր սրբավայրերու ճակատագրերը: Այցելեցէ՛ք եկեղեցի, Տիրոջմէ խնդրեցէ՛ք ապաշխարհութիւն, հաղորդութիւն ստացէ՛ք: Ձեր անձը ազատեցէ՛ք հոգեւոր սովէն, Տիրոջ հետ միասին քալեցէք:

Ես լաւատես մը չեմ, պարզապէս կը հաւատամ ու կ՚ապաւինիմ Տիրոջ:

Հայաստանը իմ տունն է, ծննդավայրս՝ Արցախը իմ ննջասենեակը, ուր ես կը հանգչիմ, ինքզինքիս հետ մինակ կը մնամ: Տան բոլոր անկիւնները կարեւոր են, ննջասենեակը ա՛լ աւելի:  Այսօր իմ ննջասենեակը ջարդուփշուր եղած է, այժմ ես ո՞ւր պիտի երկննամ քանի մը վայրկեան հանգչելու համար...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2020