ԽՆՁ

Քանի մը ամիս առաջ, սովորական պարտեալ օր մը, երեկոյեան ամէնօրեայ քայլքս կ՚ընէի։ Երեւանեան մայթը նոյն մոխրագոյնն էր. կօշիկներս նոյն ճերմակը սեւցող։ Տէրեան փողոցը պատռող Սայաթ-Նովայի աղմուկը քիչ-քիչ կը հասնէր ականջիս, կը սկսէր դանդաղ ծակել քունքս, երբ պատկեր մը, շատ անսովոր, եկաւ կլանելու զիս։

Խաչմերուկի անկեան վրայ, մայթը կուպրէն բաժնող թուփերու պայտին մէջ, քաղաքային փայտէ նստարանին՝ տղայ մըն էր նստած։ Դիմացը, մէկ մեթր առաջ, գետնին՝ պարկ մը սպիտակ, կերպընկալէ, մէջը մի քանի քիլօ դեղին խնձոր։ Մութը արդէն իջած էր քաղաքին վրայ ու ներս անկէ, թոյլ տալով բոլորին՝ շէնքերուն ու մարդոց, որ ըմպեն զայն։ Խնձորները հազիւ կ՚երեւէին, դեղինն իրենց՝ բաց մոխրագոյն էր այդ պահուն։ Մարդիկ կ՚անցնէին առանց կանգնելու, առանց նայելու համեստ տոպրակին։ Վաճառականը, սակայն, մտահոգ չէր թուեր ըլլալ ատով։ Գլուխը կախ էր, դէմքն՝ անտեսանելի։ Բայց աչքերը՝ սեւ, վստահ էի. եւ կրակոտ. վստահ էի թէեւ չէի տեսներ։ Չէի տեսներ, որովհետեւ ինկած էին վար ու կորսուած՝ ծունկերուն հանգչող գիրքի մը մէջ հաստափոր։

Ոտքերս դանդաղեցան ակամայ։ Խնձորը, տղան, գիրքը։ Խնձորը, գիրքը, տղան։ Գիրքը եւ տղան։ Գիրքը։ Ի՞նչ էր տեսնես։ Գրեթէ մութին մէջ, վաճառական այս տղան ի՞նչ կը կարդար, աղմուկի եւ տոպրակի բեռին տակ։ Անցումի լոյսը կարմիր էր դեռ մի քանի երկվայրկեան։ Աննկատ քայլ մը նետելով, յաջողեցայ տեսնել գիրեր, որոնք, կարծես, Մաշտոցեան էին։ Լոյսը փոխուեցաւ կանաչի. տասնհինգ կանաչ երկվայրկեան։ Երկփեղկուած, պահ մը շուարած մնացի. բայց «10» տեսնելով նետուեցայ։ Երբ ոտքերս հասան միւս մայթին, կանգ առի. ձեռքս տարի գրպանիս։ Չկար, չէի առեր դրամապանակս։ Այլապէս պիտի ուզէի անցնիլ ետ միւս կողմ, լուսաւոր ափ, առնելու քանի մը խնձոր եւ, թերեւս, հատ մը պատմութիւն տղուն ու գիրքին մասին։ Տեսնես ի՞նչ էր։

Ետիս էր խաչմերուկը արդէն եւ կը հեռանայի. մինչ տղան էջ մը կամ երկու դարձուցած ըլլալու էր արդէն։ Բայց միտքս հոն էր դեռ, խնձորներուն պարկին մէջ ինկած՝ դէպի տղան կը նայէր։ Ի՞նչ կը կարդար։ Գրականութի՞ւն։ Այս դարուս, այդ տարիքի տղան, փողոցի եւ կեանքի այդ պայմաններուն մէջ, գրականութի՞ւն։ Չէ։ Մի՛ խանդավառուիր։ Մոլի կրօնաւոր ընտանիքի զաւակ էր երեւի եւ Սուրբ Գիրքն էր, որ տուեր էին ձեռքին։ Անձկութեամբ, հաւատքով, պարտաճանաչ կը կարդար, թերեւս զուգահեռաբար բարձեալէն խնդրելով, որ խնձորները շուտ ու լաւ ծախուին։ Մի՛ խանդավառուիր։ Եւ միտքս դուրս եկաւ խնձորներու տոպրակէն, անցաւ ուրիշ մայթեր ու փողոցներ։ Բայց սիրտս կամ մաս մը անկէ, մնաց հոն ըստ երեւոյթին։

Յաջորդ օրը եւ անկէ ետք եկողը նմանապէս, ճամբաս այդ կողմ տարաւ նորէն զիս։ Ու յաջորդ օրը եւ անկէ ետք եկողը նմանապէս, նոյն պատկերը պարզեցին։ Խնձորը, տղան, գիրքը։ Խնձորը, գիրքը, տղան։ Գիրքը եւ տղան։ Գիրքը։ Ի՞նչ էր տեսնես։ Արդէն երրորդ անգամ, թէեւ նորէն գնում ընելու անկարող, որոշեցի նետուիլ։ Դանդաղ մօտեցայ պարկին, մօտեցայ տղուն, մօտեցայ գիրքին։ Անմիջապէս, պարտաճանաչ, գիրքը ծալեց, ձեռքը պարկին երկարեց որ առաջարկէ.

-Խնձ...

-Չէ՛

Այդ չէր ուզածս։ Նայեցայ աչքերուն. սեւ էին իսկապէս։ Հարցական կը նայէին ինծի։ Ներողութիւն խնդրելով բացատրեցի, որ արդէն քանիերորդ անգամն էր, որ այդտեղ նստած, (գլուխը կախ եւ աչքերը ենթադրաբար սեւ ու կրակոտ - որ չըսի) գիրք կը կարդար։ Եւ կ՚ուզէի իմանալ, թէ ի՞նչ էր որ կը կարդար (այս դարուս, այդ տարիքի տղան, փողոցի եւ կեանքի այդ պայմաններուն մէջ - որ չըսի)։ Աչքերուն քամի մը փչեց կարծես, թեթեւ վառելով ածուխը ներսի։ Կրակոտ աչքերը ուղղած ինծի եւ մխրճելով զանոնք յիշատակներու պարկիս մէջ թերեւս առյաւէտ, հատիկ առ հատիկ, յստակ եւ կշռոյթով մը յաղթական, պատասխան տուաւ տարօրինակ գնորդին.

- Մուսա Լերան Քառասուն Օրը։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023