ՄԵՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ ԵՒ ԱՄԱՆՈՐ

Տասնամեակ մը սրընթաց եւ գողեգող անցաւ՝ Հալէպը լքելու մեր ճակատագրական պահէն ի վեր։ Դժուարին ժամանակահատուած, ուր անհաստատ եւ երերուն սպասումներու շղթայ մը խեղդեց մեզ։ Անխաթար խաղաղութեան վերադարձի եւ բնականոն ապրելու յոյսը նուազագոյնի հասաւ եւ բազմերանգ անցեալը վերականգնելու մեր համեմատական ակնկալիքները ի չիք դարձան։

Արտագաղթելու առաջին առիթը օգտագործելու ստիպողութեան տակ, պատահական որոշումներով, առողջ ու կենսունակ գաղութ մը մասնատուեցաւ։ Բազմաճիւղ աւանդական ընտանիքներ ցաքուցրիւ եղան աշխարհի քարտէսին վրայ։ Եւ հարիւրամեակ մը բոլորած հայկական հրաշք գոյութեան այդ առասպելը, մեղմ արտայայտութեամբ, խամրեցաւ։

Մեծ համեմատութեամբ արտագաղթած այդ զանգուածը, օտարուած իր ծննդավայրի կենսակերպէն, ունեցուածքէն, աւանդութիւններէն եւ շատ ու շատ այլազան գործօններէ, մտաւ հոգեկան մենութեան հանգրուանի մը մէջ։ Որքան ալ կեանքի նորընտիր այդ տարբերակները երբեմն բարւոք շրջանի մը ովասիսը կը ներկայացնէին, Հալէպը կը մնար այն չքնաղ երազը, զոր ապրեցան իրերայաջորդ սերունդներ՝ վերացական եւ հոգեպաշտ իր բնոյթին բոլոր առանձնայատկութիւններով։

Տարեվերջի նմանատիպ խորհրդածութիւններու այս պահուն, փորձեցի որոնել այն հաշտարար դաշինքը, զոր հոգիս կ՚ուզէր կնքել անցեալի երկար դիպաշարին եւ տասնամեայ նորաստեղծ կեանքիս միջեւ։ Այսօր, հնամեայ երազ մը իրականացուցած հայորդիի կարգավիճակով՝ Արարատի դէմ յանդիման, էութիւնս ուզեց վանել իրմէ մենութեան ապրումի այդ ժահրը, զոր կը հալածէր զիս։ Չէ՞ որ, տասնամեակներ, իրերայաջորդ սերունդներով երազած էինք հանգրուանել հայրենի հողին վրայ։ Մեր իտէալին վերջնական մարմնաւորումը պէտք է իր լրումին հասած ըլլար… Սակայն Հալէպը մնացած էր ետին…

Սուրիան առհասարակ եւ Հալէպը ի մասնաւորի՝ արտասովոր իրականութեանց փակագիծեր կը բանան։ Զայն լքելու դառնութիւնը պատմաքաղաքական խոր պատճառներով կը սնանի՝ տալով անոր բացառութեան իրաւունք։ Այդ հողը մեր հայրենազուրկ եւ ծնողազուրկ սերունդին համար եղաւ ծնողք եւ անժամկէտ հայրենիք, եղեռնի կործանիչ ցունամիին առջեւ զայն դիմակալած բարձրագագաթ լեռ մը։ Թերեւս բնազդօրէն կամ աշխարհագրական դիրքին ընձեռած պարագայէն մղուած՝ Սուրիոյ հողը եղաւ ափը մեր փրկութեան եւ վերապրումին։ Եւ ստոյգ անկամութեամբ՝ եղաւ նաեւ մեր հարիւր-հազարաւոր անթաղ հայ կեանքերու հաւաքական գերեզմանոցը։ Մահուան ու կեանքի այդ ամեհի մաքառումին առաջ եղաւ՝ մեր վերապրումի անյաղթահարելի կամքին պարարտ հողը եւ խթանիչը։ Յառնումը հրաշք երեւոյթ մըն է մարդկային անցողիկ կեանքին մէջ. հետեւաբար, յառնումի վայրն ալ՝ սրբացած։ Ահա այդ արժանահաւատօրէն սրբացած ուխտավայրն է Սուրիոյ հողը։ Եւ, վստահաբար, մենութեան ցաւիս տուն տուած պատճառներէն են՝ ետին թողած մեր նահատակներու անտէր ու անթաղ մնացած աճիւնները։ Հայրենիքները ծնունդի ու մահուան խորհուրդներով ալ կը սեփականացուին։ Ու տեղ մը Հալէպը այդ խորհուրդներով օրինականացուցած էր մեր պատկանելիութիւնը։

Կարելի չէր մոռացութեան ենթարկել վերապրումի այդ հրաշածին ժամանակահատուածը, երբ ի մասնաւորի Հալէպը եղաւ թատերաբեմը անոր գործնական արարներուն։ Այնտեղ քանդակուեցաւ մօտիկ նախահայրերուս մաքառումի հերոսապատումը, կերտուեցան ազգապահպանման քարեղէն մարտիկները. յանձինս՝ դպրոցներու, ակումբներու, եկեղեցիներու, հայրենակցական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու եւ այլն, եւ այլն։ Այնտեղ էին ազգային արժէքներու պահպանման լաւագոյն ոգեղէն թանգարանները։ Այսպիսի որակեալ տուեալներով Հալէպը արդարօրէն հռչակուեցաւ՝ սփիւռքեան իրականութեան ձեւաւորման առաջին սերմնացանը։

Եւ այսպէս, հոգիի մենութեան արգելանոցի մէջ տենչացինք զգացական այն զեխ եւ յորդառատ ջերմութեան, զոր կը տածէր անոր միջոցին մէջ։ Կարօտը հալածեց մեզ։ Անոր մարդասիրական այն հպումը կ՚ուղեկցէր առօրեայ կեանքի սահանքին։ Եւ պատահական չէ, երբ հայրենի հողին վրայ, անոր դժուարին եւ օրհասական պահերուն (ռազմական պարտութեան եւ Արցախի հայաթափման ու կորուստի օրերուն) բուռն ցանկութիւնը ունեցանք ճչալու, արտասուելու, Հալէպի նեղլիկ հնամեայ փողոցներու սեւ պատերուն վրայ։ Հալէպը միշտ առաջատարն էր սփոփանքի եւ ցաւերը բաժնելու մարդկային դերին։

Եւ ի վերջոյ, բոլոր յիշուածներուն կողքին, դարձեալ մենութեան ճգնարանիս պատին մի առ մի կը տողանցեն փոքրիկ աղջնակի մը հասարակ պատմութիւնը։ Ան բացած էր աչքերը այդ հին, բայց գողտրիկ քաղաքին մէջ, ձեւաւորուած էր անոր անպաճոյճ կեանքի շաղախով, ժառանգած էր գացողներուն ցաւը եւ ուզած էր վերարտադրել անոնց երազը։ Մեծցաւ Հալէպի ջերմոցի զգացումներով, ընտանիք կազմեց եւ իր տան պատերուն վրայ գրեց Հալէպի համատարած հեքիաթի մը տարբերակը։ Եւ օր մըն ալ, յառաջացած տարիքին ստիպուեցաւ լքել այդ քաղաքը։

Նոր տարուայ սեմին…

Կանգնած Երեւանի տանս պատուհանին առջեւ, կը դիտեմ Արարատը՝ մեր ուժականութեան եւ յարատեւութեան խորհրդանիշը։ Կ՚աղօթեմ առ Աստուած, որ անսասան պահէ ոտքերուս տակի հայրենի հողը եւ խաղաղութիւն ցօղէ անոր հազարամեայ լինելութեան վրայ։

Եւ յանկարծ հաստատակամօրէն կը քանդեմ մենութեանս կապանքները։ Կը տրուիմ ընդգրկուն համայնական զգացողութեան։ «Ես այստեղ եմ այլեւս, իմ հողիս վրայ ու երկինքիս տակ, այլընտրանքի անսակարկելի ուխտով»։

Սակայն այնտեղ, հեռուն, տակաւին տունս կը համենայ իր բոլոր մանրամասնութեամբ՝ անցած կեանքի մը երգի հնչիւններով, անմոռաց վայրի մը մէջ, զոր կը կոչէին «երազային Հալէպը»։

ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023