«ՆՇՈՅԼ ՀՐՃՈՒԱՆՔԻ»

Ըսուած խօսք է, թէ ընթերցումը շարժում, հոգեշարժ, սրտաշարժ, կեա՛նք, հաղորդութիւն է. երբեմն յուզում, երբեմն վերթեւում, երբեմն վերասլաց ձգտում, երբեմն խաղաղ վայելում, երբեմն բողոք ու ընդվզում, երբեմն խոկում ու որոնում, երբեմն գիւտ ու երջանկութիւն. գունաթափում, ո՛չ տափակութիւն, ո՛չ ինքնաժխտում, որովհետեւ մարդը ինքը կեա՛նք է եւ շարժում։

Ո՞ւր է հայ մարդը, հայ երիտասարը այսօր՝ հայ գիրքին դիմաց։ Անտե՞ս, հանդիսատե՞ս, անփո՞յթ, անհաղո՞րդ, թէ՞ սիրախոյզ ու հետախոյզ, ընթերցող ու որոնող, սպասարկու եւ տարածող։

Հարցադրումներ, որոնք պէտք է իւրաքանչիւր հայորդի կատարէ իր կենսընթացի երթուղիներուն մէջ։ Հարցումներ, որոնք կը դրուին մէն մի հայու համար, որ իր հայութիւնը կ՚ուզէ ապրիլ վաւերականօրէն, ճշմարտօրէն եւ լիօրէն։ «Ով որ հայ գիրք կը կարդայ՝ աւելի հարազատօրէն հայ կը զգայ, նման այն մարդուն որ ջուրը ակէն կը խմէ, զով ու զուլալ։ Ընթերցո՛ւմն է միակ ճամբան դէպի «Աղբիւրը Լոյսին» (Գարեգին Ա. Կաթողիկոս)։

Հայ մշակոյթին, հայ գիրին ու հայ գիրքին նկատմամբ բուռն սէր տածող անձնաւորութիւններէն մին կը հանդիսանայ Բրշ. Արամ Սրկ. Քէթէնճեանը։ Ծնունդով իրաքահայ Տիար Քէթէնճեան, իր համալսարանական կեանքը աւարտելէ ետք պարապած է ազգային գործունէութեամբ, ինչպէս նաեւ իր ներդրումը բերած ազգային հասարակական սրբանուէր գործընթացին։ Մանուկ հասակէն հակում ունեցած է մայրենի լեզուին, հայ մշակոյթին, գիրին ու գիրքին, մէկ խօսքով՝ հայու ոգին իր ողջ կեանքի ընթացքին եղած է հրաբորբ ու մշտարծարծ։ Թէեւ անոր առիթը չէ ընձեռուած հայագիտական բարձ-րագոյն ուսման հետեւելու, սակայն վստահ ենք, թէ հայասիրութիւնը զինք մղած է ինքնաշխատութեամբ եւ ինքնազարգացմամբ իր մայրենի լեզուն յղկելու, իր միտքը աւելի եւս հայատիպօրէն լիցքաւորելու ու հունաւորելու եւ իր մտածումները ըստ այդմ թուղթին վրայ դրսեւորելու։

Յարգելի Քէթէնճեանը միաժամանակ մաս կը կազմէ «Հայ գրողներու միութեան»։ Երիտասարդ տարիքէն սկսած է գրել զանազան տարեգիրքերու, պարբերաթերթերու եւ թերթերու մէջ։ Իսկ ան 2011-ին իր «Նշոյլ հրճուանքի» խորագրեալ անդրանիկ գրքոյկով հանդէս եկած է եւ զայն յանձնած հայ իրականութեան դատին։ Իր Երկու խօսք բաժնին մէջ Արամ Քէթէնճեան իր խոր զգացումները կը յայտնէ՝ ըսելով. «Վերջապէս երկար տարիներու երազանքս այսօր կ՚իրականանայ, որովհետեւ սոյն գրքոյկով կեանքի կը կոչուին իմ համեստ բանաստեղծութիւնները։ Տողեր, որոնք գրուած են ամենայն անկեղծութեամբ, երբեմն շողշողուն եւ երբեմն տամուկ աչքերով արտայայտած են սրտի թրթռումներ, հոգեկան վիճակ, ներշնչման պահեր, վիշտ եւ ուրախութիւն, գովերգած են ազգ ու հայրենիք եւ ընտանիք, բնութիւն, սէր եւ այլն»։

Իր Սրտի խօսքին մէջ հեղինակը բացորոշ կերպով կը յայտնէ իր բանաստեղծութեանց տուն տուող դրդապատճառները։ Արամ Քէթէնճեան սարկաւագ ըլլալով, բուռն կերպով փարած է քրիստոսահաստատ Հայ Եկեղեցւոյ։ «Հայ Եկեղեցին», «Նորավանքի ուխտաւորին» եւ «Խաչեալ, թաղեալ եւ յարեալ» բանաստեղծութիւնները ընթերցելով կրնանք եզրակացնել, թէ բանաստեղծը տեսական, գաղափարական, հայեցողական մօտեցումով եւ իմացութեամբ չէ գրած վերոյիշեալ կտորները, այլ՝ խորապէս ըմ-բըռնած է քրիստոնէութեան ներզօր ուժականութիւնն ու առաքելաւանդ վարդապետութիւնը։ Ան իր տուեալ գրութեանց ընդմէջէն միեւնոյն ժամանակ կը մատնանշէ Հայ Եկեղեցւոյ որոշադրիչ դերը՝ ըսելով, թէ Հայկազնեան ժողովուրդի համար, դարերու ընթացքով աւանդականացած, նուիրականացած միութեան գետինը, ամրութեան կռուանը Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցին է, Հօր Աստուծոյ առաջնորդութեան, Քրիստոսի ներկայութեան եւ Ս. Հոգիի ներգործութեան կողքին մեր հայրերու ոգին, մեր դարաւոր ոգեղէն արժանիքները իր մէջ պարփակող ու մեզի պարզող այդ Սուրբ, Մի, Ընդհանրական, Առաքելական, եւ Ազգային Հաստատութիւնը։

Ահաւասիկ պատառիկ մը անոր «Հայ Եկեղեցին» բանաստեղծութենէն.

«Յոգ­նա­բեկ հոգ­ւոյս փրկու­թեան
աղ­բիւր
Եւ խուլ ցա­ւե­րուս չքաց­նող դու հուր.
Իմ եր­ջան­կու­թեան ա­կուն­քը վսեմ,
Ու խո­կում­նե­րուս ծո­վը սնուն­դի:

Դու քո սրբու­թեամբ ու սրբազ­նու­թեամբ,
Գմբէթ­ներն ի վեր խա­չե­րովդ օ­ծեալ
Եւ խորհր­դա­նիշ քո Մայր Տա­ճա­րով՝
Հա­լած ես իմ մէջ ու նոր կեանք բաշ­խած»
:

Բազմերանգ գոյներ ունեցող անոր հոգեիմացական աշխարհը լի է բազմապիսի թեմաներով՝ հայրենիքի, ընտանիքի եւ իր սիրած կնոջ հանդէպ ունեցած քնարական ջերմ ու նուրբ սիրով։

Հեղինակին սէրը հայրենիքի նկատամամբ զգալիօրէն ի յայտ կու գայ անոր բանաստեղծութեանց ընդմէջէն։ Իր իսկ ըմբռնումով հայրենիքը սոսկ հող չէ, այլ՝ ան հայութիւնն իսկ է։ Հայութիւնը՝ իր ոգեկան ամբողջ հարստութեամբ, պայքարներով, մաքառումներով, հաւատամարտերով, յաղթանակներով ու պարտութիւններով, հալածանքներով ու սխրագործութիւններով։ Ահա թէ ինչո՛ւ հեղինակը մշտապէս կ՚ապրի հայրենաբաղձ կարօտով, անոր շունչով ու ոգիով, անոր ցաւով ու վիշտով, երբ կը բարբառի ըսելով.

«Երբ կը նա­յիմ, սա­րե՜ր ձեզ, նա­յուած­քով խորհր­դա­ւոր,
Եր­կիւղ ու դող կ՚ապ­րիմ ես, վե­հու­թե­նէն ձեր հզօր:
Ձեր ճա­կա­տին կը տես­նեմ, ճնշումն ա­հեղ դա­րե­րու.
Ստո­րո­տին քա­րե­ղէն՝ ա­րեան շի­թե՜ր վէր­քե­րու:  
Դուք մե­նա­ւոր չէք այն­տեղ, այլ կո­ղա­կից Մա­սի­սի,
Ո­րուն շու­քին տակ կ՚ապ­րիք, Ա՛ն, որ­պէս հայր,
դուք՝ որ­դիք...»։­

Արամ Քէթէնճեան ունի ինքնուրոյն ոճ, դիւրահաղորդ լեզու, մաքուր եւ բարի սրտէ բխած խօսքեր։ Անոր բանաստեղծութիւնները թէեւ պարզ են, բայց եւ այնպէս իրենց բովանդակութեամբ բնորոշ, խոր ու տարողունակ են, իսկ փոխաբերութիւնները դիպուկ են, համեմատութիւնները՝ տեղին եւ հասանելի բոլոր խաւի ու տեսակի մարդոց։

Կարելի չէ չնկատել եւ պահ մը կանգ չառնել անոր գրչէն կեանքի կոչուած «Ապրիլեան պատկեր» խորագրեալ բանաստեղծութեան դիմաց։ Յիշեալ քերթուածին մէջ հեղինակը կը բնութագրէ Մեծ Եղեռնի ժամանակ հայ ժողովուրդի դէմ իրագործուած ահագնատեսիլ եւ դժոխադէմ իրողութիւնը։ Քէթէնճեան կը փորձէ յուշել հայ սերունդին անմարդկային սպանդին զոհ դարձած հայ մամիկները, պատանիները, ամօթխած կոյսերը, իրենց կեանքի արշալոյսին արմատախիլ եղած մանուկները եւ այն նահատակները, որոնք անապատներու աւազներուն մէջ տառապանքը ցմրուր ճաշակեցին՝ որպէս նորօրեայ սրբաճակատ նահատակները հայ ցեղին։ Տակաւին արար աշխարհին մտապատկերին առջեւ կը ցուցանշէ շէն ու շինարար հայ ժողովուրդի անճիտումը, անոր հայրենի սեփական երկրին վայրագ յափշտակութիւնն ու իւրացումը, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթին, հայ հոգիին, հայ իսկութեան եւ ինքնութեան հասցուած դառնագոյն հարուածը։ 

«Իր գիւ­ղա­ցիք շա­տերն այս­պէս ջար­դուե­ցան
իսկ ու­րիշ­ներ ա­ւա­զին տակ, ո՜ղջ թա­ղուե­ցան.
ա­լե­ւոր­ներ, ո­րոնք ար­դէն տկա­րա­ցած`
ձիե­րու պինդ սմբակ­նե­րուն ե­ղան կո­խան...
Իսկ որ­բու­կը յոյ­զե­րով լի, ձգած ե­տին
ա­ւե­րակ­նե՜ր ու դիակ­նե՜ր, վատ թշնա­մին`
հրաշ­քով մեծ մի­նակ փա­խած, այժմ հիւր էր 
ա­նա­պա­տին...
սա­կայն մա­հը, դեղ գտնե­լու իր ծա­րա­ւին
կը սո­ղոս­կէ՜ր, կը մօ­տե­նար սո­վա­հա­րին.
բայց հրաշ­քը ա­րա­գըն­թաց, այս ան­գամ ալ 
հա­սաւ խեղ­ճին,
ա­նե­րե­ւոյթ ձեռքն եր­կա­րեց, պա­հեց զինք 
ու պահ­պա­նեց, 
նոր կեանք բաշ­խեց, յանձ­նեց ծա­գո՜ղ ար­շա­լոյ­սին...»
։

Վստահ ենք, որ Արամ Քէթէնճեան իր մտքի կութքին արգասիքը եղող «Նշոյլ հրճուանքի» ժողովածոյով յաղթականօրէն մուտք գործած է գրական աշխարհ՝ իր հայատրոփ ապրումները, սիրազեղ ու վեհաթռիչ զգացումները բաժնեկցելու ընթերցողներուն հետ, որոնք ո՛չ միայն իրեն, այլեւ անոնց հոգեկան բերկրանք կ՚առթեն։

«Նշոյլ հրճուանքը» պիտի դառնայ հոգեկան հրճուանք, գերերջանկութիւն, երբ յաջորդաբար լոյս տեսնեն այլ հրճուանքներ բերող գրքոյկներ եւս։

Յարաճուն վերելք եւ կանաչ ճանապարհ կը մաղթենք Տիար Արամ Քէթէնճեանին իր ստեղծագործական աշխարհին մէջ։

Հե­ղի­նակ՝ Ա­ՐԱՄ ՔԷ­ԹԷՆ­ՃԵԱՆ

Կը ներ­կա­յաց­նէ՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2018