ՏԱՐԻ ՄԸ ԱՌԱՆՑ ԱՄՐԱՆ - 2 -

Պատմութեան մէջ եղած են այնպիսի դէպքեր եւ դէմքեր, որոնք պատմութեան ամբողջ ընթացքը փոխած են եւ այսօր անոնց ազդեցութիւնները կը տեսնենք նոյնիսկ մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին։ 1816 թուականը, ինչպէս անցեալ շաբաթ անդրադարձած էի, պատմութեան էջերուն արձանագրուեցաւ՝ որպէս «տարի մը առանց ամրան»։

Առանց ամրան տարուայ ազդեցութիւնը հսկայական է: Արտասովոր եղանակային պայմանները թէ՛ բացասական եւ թէ դրական ազդեցութիւններ ունեցած են գրեթէ ամբողջ աշխարհի վրայ։ Ձիւնատեղումներու եւ սառոյցի հետեւանքով երկաթուղիները չաշխատեցան, բազմաթիւ անասուններ զոհ գացին եղանակային արտակարգ պայմաններու, ջուրի աղբիւրները սառեցան, սով սկսաւ, մարդիկ լքեցին իրենց տուները, ուր կ՚ապրէին տարիներ շարունակ, թունաւոր ամպը բազմաթիւ հիւանդութիւններ յառաջացուց, հրաբուխի ժայթքումին հետեւանքով ուղղակի եւ անուղղակիօրէն մահացաւ 200 հազար մարդ։ Անսովոր ցուրտերը յանգեցուցին նաեւ աղէտալի անբերքատուութեան։ 1817 թուականի գարնան ցորենի գիները բազմապատկուեցան տասն անգամ, իսկ սկսաւ տարածուիլ սովը։ Միացեալ Թագաւորութիւնը գնեց իր պատմութեան մէջ ամենամեծ քանակութեամբ ցորենը։ Տասնեակ հազարաւոր եւրոպացիներ, այդ շարքին նաեւ Նափոլէոնի պատերազմներէ տուժածները, արտագաղթեցին Ամերիկա։ 

Երբեմն մեր առջեւ ծառացած խոչընդոտները թոյլ կու տան ստեղծագործ ըլլալ, այդպէս ալ եղած է 1816 թուականին։ Օրինակ՝ մթնոլորտի մէջ մոխիրի մեծ քանակի պատճառով անսովոր մայրամուտեր եղան այդ ամբողջ ընթացքին եւ այդ գեղեցիկ երեւոյթը բազմաթիւ նկարիչներ կտաւին յանձնեցին. ինչպէս՝ Կասպար Տաւիտ Ֆրիտրիխ, Ուիլիըմ Թէօրնըր, որոնց ստեղծագործութիւններու մէջ կը գերակշռեն դեղինի զանազան երանգները։ Մարդոց գաղթի եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած որոշ իրադարձութիւններու արդիւնքին ներգաղթեալ Ժոզէֆ Սմիթ ստեղծեց մորմոնական կրօնը։ Քարլ Տրաիսը, որ զրկուած էր ձիաքարշ կառքէ՝ ձիերու, սնունդի պակասէն սատկելու հետեւանքով, յօրինած է հեծանիւներու առաջին օրինակներէն մէկը։ Ժուսթուս Լիպիք, որ մանկութիւնը անցուցած է գերմանական Տարմշտաթ քաղաքին մէջ, որոշած է իր կեանքը նուիրել բոյսերու աճեցման հետազօտութիւններուն եւ արդիւնքին համադրած է առաջին հանքային պարարտանիւթերը (fertilizer)։ Քանի մը տարի շարունակ բրինձի չափազանց վատ բերքի պատճառով Չինաստանի հարաւի գիւղացիները սկսան խաշխաշ մշակել։ Աւելի վերջ չինական շուկայէն ներս յայտնուեցաւ ափիոնը, որ յանգեցուց ափիոնի պատերազմներու։

Ցանկը այսպէս դեռ կարելի է երկարել, բայց կ՚ուզեմ խորանալ հետեւեալ իրադարձութեան։ 

Զուիցերիոյ մէջ «ամառնային» արձակուրդի ժամանակ քանի մը անգլիացիներ՝ դժգոհելով վատ եղանակէն, որոշած են քանի մը շաբաթ անցընել Ժընեւի լիճի շրջակայքին՝ մէկ այլ անգլիացիի վարձած ամարանոցի մէջ։ «Villa Diodati» կոչուած այս ամարանոցը վարձակալողը 28-ամեայ ազնուական մըն է, որ յայտնի է իր սարքած հետաքրքրական երեկոյթներով՝ լորտ Ճորճ Կորտըն Պայրըն։

1816 թուականի յունիսի 13-ին բանաստեղծ Փէօրսի Շելլին, իր նշանախօսը՝ Մերի Կոտուինը, Մերիի խորթ եղբայրը՝ Քլեր Քլերմոնթը, տանտէր լորտ Պայրընը եւ անոր բժիշկը՝ Ճոն Փոլիտորին մէկտեղուեցան նշեալ ամարանոցին մէջ։  Երբ դուրսը չափազանց ցուրտ էր, անձրեւը կը վերածուէր ձիւնի եւ խօսակցութիւններն ու խմիչքները կը սպառէին, տքթ. Փոլիտորին սկսաւ հիւրերու համար կարդալ գերմաներէնէ անգլերէնի թարգմանուած գիրքեր, որոնք կը պարունակէին ուրուականներու մասին բազմաթիւ սարսափազդու հեքիաթներ: Երբ կարդալիք գիրք չմնաց, լորտ Պայրըն իր հիւրերուն հետաքրքրական առաջարկ մը ըրաւ. «Ամէն մարդ պիտի գրէ իր «սարսափազդու» պատմութիւնը: Եկէք այստեղ կարդանք լաւագոյնները»։ Ի դէպ, այստեղ պէտք է փակագիծ մը բանամ. յայտնի բանաստեղծ լորտ Ճորճ Կորտըն Պայրըն, որ 1816 թուականի յունիսին բացաւ իր վարձած տունը բազմաթիւ ստեղծագործ մարդոց համար, հեղինակն է «Տոն Ժուան» բանաստեղծութեան։ Աւելի՛ն, ան աշխարհի առաջին ծրագրաշար (software) մշակողի՝ Էտա Լավլըսի հայրն է։  

«Լաւագոյն պատմութեան մրցոյթ»ի արդիւնքին տքթ. Փոլիտորիի գրի առած «վամփիր»ի մասին պատմութիւնը ներշնչանքի աղբիւր եղաւ «Տրաքուլա»ի եւ այլ նման վէպերու։ Իսկ այլ հիւր մը՝ 19-ամեայ Մերի Կոտուին Շելի առանց ամրան տարիին գրած է աշխարհի ամենայայտնի գիտաերեւակայական պատմութիւններէն մին՝ «Ֆրանքեշթայն»ը։ Մօտաւոր անցեալին 1816 տարուան համար յօրինուած է նաեւ Ռասփութինա խումբի կողմէ երգ մը՝ «The year without a summer»։ 

Այս բոլորը պիտի չըլլային, եթէ չըլլար «առանց ամրան տարին»։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

- Վերջ -

Երկուշաբթի, Յունուար 31, 2022