ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԵԱՆՔԸ ԴԺՈՒԱՐ Է
Դժուարը ի՞նչ է։ Ի՞նչ է կեանքը։ Կեանքը կ՚ընթանայ այնպէս, ինչպէս մենք կ՚ուզենք: Բաց աստի, կեանքի սահմանումը համաձայնեցուած չէ: Կեանքը չունի յստակ սահմանում։ Կեանքը նկարագրելը կը նմանի առարկայի մը անուանման, որու գործառոյթը չենք գիտեր: Մենք կեանքը կը փորձենք իմաստաւորել, բայց յստակ չենք գիտեր, թէ ան ի՛նչ է: Այնուամենայնիւ, մենք կը բաւարարուինք համեմատութիւններով։ Կեանքի հետ կապուած բոլոր սահմանումները եւ արտայայտութիւնները բաղդատութիւններ կամ համեմատութիւններ են:
Կեանքի իմաստին մասին մտորումներուն շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւն գոյութիւն մը չունի։ Այս բոլորը ըսելու նպատակն է՝ արտայայտել կեանքի որեւէ նիւթ քննարկելու ծիծաղելիութիւնը, երբ յայտնի չէ, թէ ան ի՛նչ է։ Այս պարագային կեանքի դժուարութիւնը հարցական կը թուի ըլլալ։
Ինչո՞ւ կեանքը դժուար է: Ինչո՞ւ դաժան է ան։ Այս բոլորը «զուարճալի» հարցումներ են անոնց համար, որոնք չեն գիտեր, թէ ինչ է կեանքը: Դժուա՞ր է կեանքը։ Կեանքը դժուար չէ, բայց հեշտ ալ չէ։ Մենք ենք դժուարացնողը։ Այն ինչ որ մենք կ՚ընենք, նոյնպէս ունի մեր տեսակէտը: Այսպիսով, եթէ մենք դժուարացնենք կեանքը, այն դժուար կ՚ըլլայ: Մենք կը տեսնենք մեր անհատականութեան արտացոլումը: «Ես»ի ընկալումը այստեղ ունի որոշիչ յատկութիւն՝ ընդհանուրէն մինչեւ անհատական՝ որպէս անհատ-ընտանիք-հասարակութիւն-մարդկութիւն։
Կեանքի դաժանութիւնը այլ հետաքրքրութեան խնդիր է։ Եթէ անցորդի մը հարցնէք, ան կեանքի մէջ աւելի շատ տուած է՝ քան առած։ Բոլորը կեանքէն կ՚առնեն։ Եթէ բոլորը պարտատէր են, ո՞վ է պարտապանը։ Եթէ կեանքը դաժան է բոլորի նկատմամբ, ուրկէ՞ կու գայ այս յատկանիշը:
Մարդիկ դաժան են։ Այլ խօսքով, կեանքը եւ համակարգերը, որոնք մարդկութիւնը ստեղծած է իր ի յայտ գալէն ի վեր, կը կազմեն դժուար ու դաժան կեանք: Ի վերջոյ, կան բազում ազատ համակարգեր, որոնք նոյնպէս կը կազմեն մարդկութիւնը. այստեղ կը բնութագրենք առօրեայ կեանքին դառն երեսակը։
Մարդիկ ի սկզբանէ շատ քիչ բնակչութիւն կը կազմէին։ Բնութիւնը դաժան էր, գոյատեւումը յաճախ կախուած էր պատահականութիւններէն: Մարդիկ ցրուեցան աշխարհով մէկ՝ սնունդ փնտռելու. կարիք չկայ խօսիլ կացարանի, ջեռուցման եւ անվտանգութեան կարիքներու մասին։ Մենք գացինք արկածներու, որոնք հնարաւոր չէ հանդուրժել նոյնիսկ այսօրուան պայմաններով՝ միայն սովէն խուսափելու համար: Բայց եւ այնպէս, մենք սա տեսանք բնութենէն։ Մենք նոյնպէս անխիղճ եղանք։ Անհատները, որոնք մենք կ՚անուանենք քաղաքակիրթ, ապրելով հասարակութեան մէջ եւ համերաշխ, հրաժարած են այդ յատկանիշէն կամ այսպէս կ՚ըսեն։ Նարկայիս քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կարիք չունի օրինակ՝ եղնիկ որսալու՝ ուտելու համար, ապրիլ՝ սպաննելու մղումով:
Ինչո՞ւ կեանքը դժուար եւ դաժան է։ Ինչո՞ւ այդքան ցաւոտ է։ Մենք ունինք մեր կանոնները: Կան երկիրներ, օրէնքներ, պետութիւններ, սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ։ Բայց «գայլի օրէնքը» դեռ կը գործէ։ Ահա, այս է կեանքը դժուար ու դաժան դարձնողը։ Վստահ եղէք, մինչեւ մեր օրերը կեանքը չէ բնութագրուած որպէս ծանր ու դաժան: Որովհետեւ հին ժամանակներու պայմաններով կեանքը դաժան չէր. դժուարացնող բան չկար, քանի որ «հեշտ կեանքը» չկար։ Բայց հիմա շատ տարբեր է: Բազում օրէնքներու, կանոններու եւ կանոնակարգերու պայմաններով կեանքը հետզհետէ աւելի ու աւելի դաժան կը դառնայ: Կեանքը հետզհետէ կը դժուարանայ։ Այս դժուարութեան ու տառապանքի գլխաւոր պատճառը արդիականացումն ու զարգացումն է։ Մարդոց միջեւ անդունդը կ՚աւելնայ եւ մեծ մասը կը տուժէ, քանի որ փոքր մասը շատ լաւ կ՚ապրի: Աշխարհ անընդհատ կը զարգանայ, բայց բնակչութեան կէսէն աւելին կ՚ապրի աղքատութեան շեմին։ Մենք կ՚երթանք անջրպետ, բայց նոյնիսկ չենք երթար մեր հարազատներուն այցելութեան։ Մենք կ՚առանձնանանք, կը մեկուսանանք մեր բնակարաններու մէջ, երբ հազարաւոր մարդիկ կ՚ապրին քաղաքներու մէջ։ Մենք կը տեսնենք արեգակնային համակարգէն դուրս, բայց չենք կրնար տեսնել պատերազմները, սովը, ջարդերը, որոնք տեղի կ՚ունենան մեր կողքին:
Կեանքը դժուար ու դաժան չէ. դժուարն ու դաժանը մարդիկ են։ Մարդիկ միշտ այդպէս չեն եղած։ Այդպէս դարձան «յառաջադէմ մարդիկ»։ Նախապէս կեանքը անողորմ էր անխտիր։ Մարդկութիւնը միասնաբար հեշտացուց, հաճելի դարձուց կեանքը։ Այս անգամ մարդիկ օտարացան իրենք իրենց։ Անոնք մոռցան, որ մենք միասին մարդ ենք ու կանք մեր միջավայրով։ Որպէս մարդկութիւն՝ մենք նախ օտարացանք մենք մեզի, իսկ յետոյ հեռացանք բնութենէն։ Այժմ միլիոնաւոր մարդիկ կը մտածեն, թէ ինչո՞ւ կեանքը անողորմ է։ Կեանքը դաժանացնողը մենք ենք։ Մենք կը շփոթենք, թէ ինչ են «մենք»ը եւ «ես»ը: Մենք բոլորս միասին ենք։ Պէտք է ամէն ինչ ընենք «բոլորի համար»։ Միայն այս կերպով կրնանք բնականոնացնել կեանքը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ