ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԵԶԱԿԻ ԳԻՐՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանը լոյս ընծայեցին «Ոսկանեան Աստուածաշնչի Պատկերները» գիրքը։ Այս գործը ձօնուած է Աստուածաշունչի հայերէն առաջին տպագրութեան 350-ամեայ յոբելեանին։ Գրքի մտայղացման հեղինակն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան, որու մականին ներքեւ այդ բաժանմունքը կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն։

Ոսկանեան Աստուածաշունչը ոչ միայն առաջին հայերէն տպագիր Աստուածաշունչն է, այլեւ այն սակաւաթիւներէն մին է, որ իր մէջ կը պարունակէ փորագրապատկերներ։ Գիրքը ձօնուած է Ոսկանեան Աստուածաշունչին մէջ տեղ գտած փորագրապատկերներուն։ Այդ պատկերներու հրատարակութեան զուգահեռ կը բացատրուին իւրաքանչիւրի պատկերագրական առանձնայատկութիւններն ու զուգահեռները, կը մէջբերուին նաեւ անոնց վերաբերեալ Սուրբ Գրային հատուածները։ Առանձին յաւելուածով ներկայացուած են Ոսկանեան Աստուածաշունչի մէջ օգտագործուած գլխագրերը, վերջնազարդերը եւ էջազարդերը։

Նկարներու մեկնաբանութիւնները պատրաստուած են Արփինէ Սիմոնեանի կողմէ։ Խմբագիրն է Գէորգ Տէր-Վարդանեան։

Գիրքը տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2017