ԿՐԿԻՆ ՄԱԽՈԽԵԱՆԸ. ՅԱՅՏՆԻՆ ԵՒ ԱՆՅԱՅՏԸ

Այսօր տաղանդաւոր հայ ծովանկարիչ, Տրապիզոն ծնած արուեստագէտ Վարդան Մախոխեանի ծննդեան օրն է: Այս արուեստագէտին մասին ժամանակին ըսած են հետեւեալը՝ «Յայտնի ու անյայտ հանճարը»:

Մախոխեանի անունը յանիրաւի մոռցուած անուններու կարգին էր երկար տարիներ եւ այսօր ալ չենք կրնար վստահաբար ըսել, թէ հայաշխարհի մէջ պատշաճ կերպով կը յիշուին այն առիթները, որոնք կապուած են օտարներուն հիացում պատճառող այս հայուն հետ:

2019 թուականին լրացաւ տաղանդաւոր արուեստագէտին ծննդեան 150-ամեակը, սակայն հայ իրականութեան մէջ (Հայաստան, սփիւռք) այս յոբելենական տարեթիւը նոյնպէս անտարբերութեան մատնուեցաւ: Թողարկուեցան միայն արծաթեայ յուշադրամ եւ դրոշմաթուղթ, որոնք հերթական քայլեր են: Մինչդեռ արուեստի տեսաբաններ անոր անունը հաւասարապէս կը դնեն հայ միւս հռչակաւոր ծովանկարիչին՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի անուան քով, որ բոլոր ժամանակներուն եղած է հայ ամենաճանչցուած ծովանկարիչը եւ Մախոխեան եղած է անոր աշակերտը:

Զարմանալի է Մախոխեանի անուան յաճախակի չյիշուիլը, քանի որ անոր գործերը, իր ապրած ժամանակին, եղած են ամենէն շատ ցուցադրուած նկարչական գործերէն: Մախոխեանի ստեղծագործութիւնները սփռուած են աշխարհի ամէն կողմ՝ պատկերասրահներէն, թանգարաններէն մինչեւ անհատական հաւաքածոներ:

Հայաստանի մէջ ծանօթ են մանաւանդ Սուրբ Էջմիածինի Վեհարանին մէջ Մախոխեանի՝ շուրջ մէկ տասնեակ աշխատանքներուն պահպանումը: Անոր մասին եւրոպացի արուեստաբաններէն մէկը ըսած է. «Եթէ չսիրէք ծովը, Մախոխեանի կտաւները զայն ձեզ սիրել կու տան»։

Շատեր կը շեշտեն այն հանգամանքը, որ հայ ժողովուրդը, չունենալով ծով, աշխարհին տուած է երկու մեծ ծովանկարիչ, բայց նաեւ կը նշեն, որ երկուքն ալ ծնած եւ ստեղծագործած են Հայաստանէն դուրս:

Վարդան Մախոխեան ծնած է Տրապիզոն՝ Սեւ ծովու հարաւային ափը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Տրապիզոնի մէջ, ուր կրթուած է հայկական եւ եւրոպական ոգիով, որ առկայ էր Տրապիզոն հնագոյն նահանգին մէջ: Մախոխեանները քաղաքին մէջ կրթութեան եւ արուեստի հանդէպ անյագ սիրով յայտնի ընտանիք մը եղած են: Հայրը՝ Արիստակէս Մախոխեանը, իր երկու դուստրերը եւ չորս որդիները կըր-թութեան տուած է եւ իր ունեցած գործին՝ առեւտուրին ճամբով հոգացած է անոնց ուսման ծախսերը:

Մանուկ տարիքէն Վարդան սէր ունեցած է նկարչութեան հանդէպ, որ դրսեւորուած է դպրոցական տարիներուն: 1882 թուականին Արիստակէս Մախոխեան իր երկու որդիները՝ Վարդանը եւ անկէ մեծ Քրիստոֆըրը, ղրկած է Կարին ուսանելու նորաբաց Սանասարեան վարժարանին մէջ (Վարդան Մախոխեան այն ժամանակ տասներեք տարեկան էր): Սանասարեան վարժարանին մէջ սկսած է նկարել եւ ծանօթանալ գեղարուեստի գաղտնիքներուն: Այս վարժարանին մէջ, իբրեւ արուեստատենչ աշակերտ, Մախոխեան սորված է նաեւ ջութակ նուագել եւ ծանօթացած է երաժշտական տեսութեան հիմունքներուն: Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը Յովհաննէս Այվազովսքի նոյնպէս օժտուած էր երաժշտական ընդունակութիւններով եւ նոյնպէս ջութակ նուագած է:

Նկարչութեան եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը Մախոխեանը տարած է դասական արուեստի ճամբաներով: Այդ տարիներուն դպրոցական միջավայրէն ներս արդէն յստակ էր, որ Մախոխեան նկարիչ պիտի դառնայ: Անոր գծած ծովային պատկերները մեծ հիացմունքի արժանացած են ուսուցիչներուն կողմէ եւ զարմացուցած են վարժարանի միւս աշակերտները:

Մախոխեան իր առաջին նկարները գծած է հնդկական թանաքով եւ փայլքով: Զինք շատ քաջալերած է մանաւանդ մօրեղբայրը, որպէսզի տղան քալէ արուեստի ճամբով:

1887 թուականին Սանասարեանի մէջ հինգ տարի ուսանելէ ետք վերադարձած է Տրապիզոն, ուր քանի մը տարի անցուցած է․ զբաղած է թէ՛ նկարչութեամբ, թէ՛ երաժշտութեամբ պատրաստուելով արտասահման մեկնիլ՝ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար:

1891 թուականին, քսաներկու տարեկանին, փոխադրուած է Գերմանիա, ուր 1891-1894 թուականներուն ուսանած է Պերլինի Գեղարուեստական ակադեմիոյ մէջ՝ աշակերտելով ժամանակի անուանի նկարիչներէն Օյկըն Պրախտին եւ նորվեկացի ծովանկարիչ Հանս Կիւտէին։

Աւարտելով Գեղարուեստական ակադեմիան, փրոֆ. Օյկըն Պրախտ իր աշակերտին իբրեւ յուշանուէր նուիրած է իր ուսումնասիրութիւններէն մէկը:

Այն ատեն արդէն ճանչցուած է Պերլինի մէջ եւ մեծ հնարաւորութիւններ ունեցած է ակադեմական շրջանակներուն մօտ ինքզինք անմիջապէս հաստատելու։ Մախոխեան, որ արդէն լսած էր իր հռչակաւոր հայրենակիցին՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի մասին, ուղեւորուած է Խրիմ, ուր Այվազովսքիի արուեստանոցին մէջ ծանօթացած է մեծ նկարիչին ծովը պատկերելու ինքնատիպ ձեռագիրին՝ այդպէսով իրականութիւն դարձնելով իր վաղեմի երազանքը, որ էր՝ հանդիպիլ հայ անուանի ծովանկարիչին:

Մախոխեանի այդ շրջանի ծովանկարները կը կրեն Այվազովսքիի արուեստին թեթեւակի ազդեցութիւնը: Աւելի ուշ, եւրոպական եւ այլ շրջագայութիւններու ընթացքին, Մախոխեան կրցած է ձերբազատիլ այվազովսքիական արուեստի ազդեցութենէն եւ իր տաղանդին ողջ ուժով ստեղծած է սեփական ոճն ու ձեռագիրը եւ դարձած է նոյնքան հռչակաւոր, ինչպէս՝ Այվազովսքին:

1900 թուականին կրկին մեկնած է Պերլին, ուր 1904 թուականին դարձած է Պերլինի Արուեստագէտներու միութեան անդամ եւ հոս ունեցած է իր առաջին ցուցահանդէսներէն մէկը, ուր ցուցադրած է իր շրջագայութիւններուն հետեւանքով ստեղծած գործերէն մի քանին, մասնաւորապէս «Տրապիզոնի վանքը», «Պրոնհոլմ կղզին», «Արեւամուտը Սեւ ծովի վրայ», «Ձմեռը Կովկասի մէջ» եւ այլն:

1908-1914 թուականներուն ան կրկին ստեղծագործած է ծննդավայր Տրապիզոնի մէջ, ուր նաեւ ականատես եղած է իր ժողովուրդի ծանր օրերուն, նաեւ՝ իր հարազատներու կորուստին: Հայրենակիցներուն ծանր ճակատագիրը մղած է Վարդան Մախոխեանը՝ 1915-1917 թուականներուն գրելու երաժշտական լայնածաւալ ստեղծագործութիւն մը՝ «Հայաստանի հեծեծանքը» խորագրով, որ սիմֆոնիք պատկեր մըն է: Այդ սիմֆոնիք ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ հնչած է 13 յունուար 1918 թուականին, Մոնթէ Քարլոյի մէջ, որմէ ետք՝ եւրոպական քանի մը քաղաքներու բեմերէն:

Առաջին աշխարհամարտէն ետք Մախոխեան վերջնականապէս հաստատուած է Նիս: Իր վերջնական հանգրուանէն առաջ հայ ծովանկարիչը ճամբորդած է բազմաթիւ երկիրներ: Եգիպտոս այցելելով՝ ան Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ գծած է մօտաւորապէս հարիւրյիսուն նկար: Ապա կանգ առած է Դանիոյ մէջ, այցելած է Իտալիա, ուր Քափրի կղզիին մէջ գծած է այլ նշանաւոր կտաւներ: Եղած է նաեւ Ֆրանսա, Պելժիա, Անգլիա, Կովկաս եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու ու քաղաքներու մէջ, ուր իր արուեստին համար հարուստ նիւթ գտած է:

Զանազան վայրերու մէջ մասնակցած է ցուցահանդէսներու: Իր նկարները, իր իսկ կենդանութեան ժամանակ, գնած են բազմաթիւ թանգարաններ, ցուցասրահներ: Անոր գործերուն մասին տպագրուած են եւրոպական, մասնաւորապէս գերմանական, մամուլին մէջ: Պերլինի, Միւնիխի, Համպուրկի, յետագային՝ Փարիզի եւ այլ քաղաքներու տարեկան ցուցահանդէսներուն ընթացքին, միշտ գրաւած է պատուաւոր տեղեր, արժանացած է մրցանակներու։

1925 թուականին, Լատինական Ամերիկայի երկիրներու միջազգային ցուցահանդէսին մէջ, Վարդան Մախոխեան ստացած է ոսկէ մետայլ։

ՓԱՐԻԶԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ

1925 թուականի ընթացքին, Փարիզի մէջ, կազմակերպուած է ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրուած են Մախոխեանի այն նկարները, որոնք զանազան թանգարաններու սեփականութիւնը կը հանդիսանային: Փարիզի թերթերը նոյնպէս հիացմունքով գրած են այդ ցուցահանդէսին մասին։ Ցուցահանդէսը բացուած է Փարիզի «Ալլար» նկարչական պատկերասրահին մէջ, ուր ցուցադրուած է իննսունմէկ աշխատանք, որոնք ոչ միայն ծովանկարներ եղած են, այլ նաեւ՝ ցամաքային, մանաւանդ՝ ձմեռնային բնանկարներ: Այդ ցուցահանդէսով Մախոխեան նուաճած է փարիզցիներուն համակրանքը:

Ցուցահանդէսէն ետք, ի նշան անոր արուեստի բարձր գնահատման եւ ֆրանսական մշակոյթին բերած նպաստին, Ֆրանսայի կառավարութիւնը Մախոխեանին արժանացուցած է բարձր գնահատականի՝ «Պատուոյ լեգէոն» շքանշանին:

Սակայն ատիկա փարիզեան առաջին ցուցադրութիւնը չէր: Մախոխեանի ստեղծագործական կեանքին մէջ երեւութային նշանակութիւն ունեցած է մասնակցութիւնը Փարիզի 1921 թուականի «Սալոն»ին երկու աշխատանքներով՝ «Ալեկոծութիւն Քատեկատի մէջ» եւ «Ռուսական տափաստաններ»: Այդ ժամանակ հայ նկարիչը նկար մը նուիրած է՝ Ֆրանսայի հարաւ-արեւմտեան նահանգներուն մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղէն տուժածներուն: Աճուրդի հանուած այդ նկարը վաճառուած է 7 հազար ֆրանքի եւ գումարը ուղղուած է տուժածներու օգնութեան ֆոնտին:

1922 թուականին Վարդան Մախոխեան երկրորդ անգամ մասնակցած է Փարիզի «Սալոն»ին՝ ներկայացնելով միայն մէկ աշխատանք՝ «Ալիքը»:

1923 թուականին նոյն «Սալոն»ին կը ներկայացնէ իր «Մոնաքօ» աշխատանքը:

Վարդան Մախոխեան վերջին անգամ փարիզեան «Սալոն»ին մասնակցած է 1927 թուականին՝ ներկայացնելով «Ալիք» նկարին ուրիշ մէկ տարբերակը:

Ֆրանսան թերեւս այն երկիրը դարձած էր, ուր Տրապիզոնի մէջ ծնած հայ նկարիչը ամենէն շատ ցուցադրուած էր, անոր անունը դրուած էր հայ արուեստագէտներու այնպիսի անուններուն քով, ինչպիսիք էին՝ Տիգրան Փոլատ, Յակոբ Կիւրճեան, Երուանդ Քոչար, Էտկար Շահին, որոնք հայ ըլլալով, մեծագոյն նպաստը բերած են 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի ֆրանսական կերպարուեստին:

Դարձեալ Փարիզի մէջ, 1927-1930 թուականներուն, Մախոխեան մասնակցած է նաեւ հայկական համայնքային կեանքին եւ իր աշխատանքները ցուցադրած է «Անի» գեղարուեստական միութեան կազմակերպած ցուցահանդէսներուն:

ՆԻՍԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ

Նիսի մէջ, ուր հաստատուած էր 1929 թուականին, արուեստագէտը նոյնպէս աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է ցուցահանդէսներու: Խմբային ցուցահանդէսներէն զատ, 1931 թուականին Նիսի «Փալէ տը լա Մետիթերանէ» քաղաքային սրահին մէջ կազմակերպուած է հայ ծովանկարիչին անհատական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած է վաթսունհինգ աշխատանք՝ ծովանկարներու տպաւորիչ հաւաքածոյ մը եւ բնապատկերներ, որոնք լիարժէք պատկերացում կու տային անոր տաղանդին մասին:

Կեանքին վերջին կարեւոր իրադարձութիւնն է 1936-ի սկիզբներուն Նիսի մէջ բացուած ցուցահանդէսը՝ քառասունութ աշխատանքով, որմէ տարի մը ետք՝ 1937 թուականին, Նիսի մէջ, իր մահկանացուն կնքած է տաղանդաւոր հայ ծովանկարիչը:

Ծովանկարիչին աշխատանքները այսօր կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի վանքին Վեհարանը, Նիսի գեղարուեստի, Քաունասի Մ. Չէորլէոնիսի անուան եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան թանգարաններուն մէջ, շատ են նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ պահուող անոր գեղանկարները, որոնց մեծ մասը ձեռք բերուած է նկարիչին կենդանութեան օրերուն:

Վարդան Մախոխեան սփիւռքի մէջ ապրող այն արուեստագէտներէն էր, որ 1927 թուականին առաջին անգամ արձագանգած է Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան կոչին՝ օգնելու նորաստեղծ պետական թանգարանին: Ան հայրենիքին նուիրած է իր յայտնի կտաւներէն հաւաքածոյ մը, սակայն տեղեկութիւններ չկան այն մասին, թէ Մախոխեան այցելա՞ծ է Հայաստան, թէ՞ ոչ: Անոր մասին միակ աշխատութեան հեղինակ Արա Յակոբեան նոյնպէս իր գործին մէջ չի նշեր այդ հանգամանքը: Մեզի միայն կը մնայ ենթադրել, որ Մախոխեան ստեղծագործած է՝ հայրենիքի յաւերժ սէրը սիրտին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022