ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ԹՈՒՄՕ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ
ԹՈՒՄՕ ամառնային ճամբարը ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնի հիմնական աշխատանքէն զատ գործող ծրագիր մըն է: Այն հետաքրքրական կրթական ճանապարհ մըն է, որմէ անցնող հազարաւոր պատանիներ հնարաւորութիւն ունին տեսնելու Հայաստանի ժամանակակից ու ոգեւորող կողմը: Ամառնային ճամբարը ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ յունիս-յուլիս ամիսներուն։ Ճամբարին մասնակցելու համար Երեւան կը ժամանեն բազմաթիւ սփիւռաքահայ պատանիներ եւ Հայաստանի մէջ կը վայելեն հանգիստն ու ժամանակակից կրթութեան ընձեռնած հնարաւորութիւնները, որ անոնց կ՚առաջարկէ ԹՈՒՄՕ-ն: Սփիւռքահայ պատանիներուն կը միանան նաեւ աշակերտներ Հայաստանի մարզերէն:
Ի տարբերութիւն ԹՈՒՄՕ-ի հիմնական ծրագրին, այս ճամբարը վճարովի է եւ պատանիները կա՛մ իրենք կը վճարեն կա՛մ ալ հովանաւորները կը ստանձնեն ճամբարին բոլոր ծախսերը:
Երրորդ տարին ըլլալով, ԹՈՒՄՕ-ի ամառնային ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ պոլսահայ պատանիներ:
Թերթիս Երեւանի աշխատակիցը անցնող օրերուն այցելեց ԹՈՒՄՕ եւ հանդիպում մը ունեցաւ այս տարուան մասնակից պոլսահայ պատանիներուն հետ, որոնք մեզի պատմեցին իրենց հետաքրքրական առօրեային մասին, ինչպէս նաեւ իրենց անկեղծ տպաւորութիւնները կիսեցին հայաստանեան կեանքէն:
Այս տարի տասներեք պոլսահայ աշակերտ կը մասնակցէր ԹՈՒՄՕ-ի ամառնային ճամբարին: Անոնց մեծամասնութիւնը առաջին անգամ եկած էր Հայաստան, բայց կային երկու աշակերտուհիներ, որոնք ԹՈՒՄՕ-ի ամառնային այս ծրագրին երկրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցէին, իսկ միւսներն ալ յայտնեցին, որ շատ սիրած են դասընթացքները, կը մտածեն գալիք տարիներուն կրկին դիմել՝ աւելի փորձ եւ գիտելիք ձեռք բերելու համար:
ԹՈՒՄՕ-ն այսօր դարձած է ժամանակակից վայր մը, ուր զանազան երկիրներէ ոչ միայն աշակերտներ, այլեւ իրենց ասպարէզներուն մէջ կայացած մարդիկ, մասնաւորապէս՝ հայեր, համատեղ ծրագիրներ կ՚իրականացնեն, որոնք սովորաբար շարունակութիւն կ՚ունենան եւ հայ պարմաններն ու պարմանուհիները կը կապեն Հայաստանի եւ հայութեան: Այդ համատեղ ծրագիրները արհեստագիտութեան եւ ստեղծագործական միտքի միացումով կը ծնին եւ ԹՈՒՄՕ-ն մեծ տեղ կը յատկացնէ ստեղծագործական միտքի, ջիղի եւ երեւակայութեան զարգացման: Ան անսպառ երեւակայութեան, ոգեւորութեան, ժամանակակից գիտելիքի վայր մըն է:
Պոլսահայ պատանիները Պոլսոյ հինգ՝ Էսաեան, Կեդրոնական, Սահակեան-Նունեան, Ս. Խաչ դպրեվանք, Մխիթարեան վարժարաններէն եկած են:
Անոնք երկու շաբթուան ընթացքին մասնակցած են շարժուն գծանկարչութեան, կայքերու մշակման եւ խաղերու ստեղծման դասերուն, ծանօթացած են մարդամեքենաներու շինութեան, լուսանկարչութեան, նկարչութեան, երա-ժըշտութեան ասպարէզներու գաղտնիքներուն: ԹՈՒՄՕ ճամբարին մէջ ձեռք բերուող հմտութիւններուն հետ մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցած են այցելելու Հայաստանի ամենահետաքրքրական գեղատեսիլ վայրերը, մասնակցած են մարզական դասընթացքներու ու նոր ընկերներ ձեռք ունեցած են: Այդ ընթացքին անոնք ծանօթացած են նաեւ հայաստանեան խոհանոցին, որ, տարբեր ըլլալով իրենց գիտցածէն, պատանիներուն մտորելու տեղի տուած է:
ԹՈՒՄՕ-ի ամառնային ծրագիրը բաւական յագեցած է, անիկա գրեթէ ԹՈՒՄՕ-ի հիմնական ծրագրին սեղմ ու խիտ տարբերակն է, որ եթէ կեդրոնին հիմնական աշակերտները ինն ամսուան ընթացքին կ՚անցընեն, ապա ճամբարի մասնակիցները կը փորձեն երկու շաբթուան մէջ ծանօթանալ այդ դասընթացքներուն: Ուստի նախատեսուած բոլոր օրերը եւ ժամերը առաւելագոյն կերպով կը գործածեն՝ ջանալով բաց չձգել ոչ մէկ պարապմունք:
Պոլսահայ աշակերտները, յայտնելով իրենց տպաւորութիւնը, ըսին, որ ծրագիրը ամբողջութեամբ նորութիւն էր իրենց համար, Պոլսոյ մէջ չկայ ԹՈՒՄՕ-ին պէս կեդրոն մը եւ իրենք անպայման ուզած են օգտագործել իրենց համար ստեղծուած այս բացառիկ հնարաւորութիւնը:
Տասներեք հոգիէ կազմուած պոլսահայ աշակերտական խումբին ղեկավարն էր Կեդրոնական վարժարանի համակարգիչի ուսուցիչ եւ համակարգչային աշխատանոցի պատասխանատու Ալէն Թաշճըօղլու: Ան յայտնեց, որ խումբը, մէկ հոգիի պէս, պատրաստկամօրէն եւ հաճոյքով մասնակցած է ամբողջ ծրագրին: Ալէն երրորդ տարին է, որ պոլսահայ աշակերտներու խումբին հետ կու գայ ԹՈՒՄՕ, բայց նախորդ տարիներուն իրեն հետ խումբերու ուրիշ պատասխանատուներ եւս եկած էին: Բոլոր պոլսահայ աշակերտները ԹՈՒՄՕ-ի այս ծրագրին մասնակցած են հովանաւորներու միջոցաւ: ԹՈՒՄՕ-ն Պոլսոյ մէջ ներկայացուցիչ մը ունի՝ Գամէր Թոքէր, որ կը զբաղի հովանաւորներու հարցով, միջոցներ կը հայթայթէ, որպէսզի պոլսահայ աշակերտները կարենան Երեւան ժամանել եւ մասնակցիլ ԹՈՒՄՕ-ի ամառնային դասերուն:
Ծանօթ է, որ ԹՈՒՄՕ-ի ղեկավարութիւնը անցեալին անձամբ ժամանած է Պոլիս, հայկական դպրոցի տնօրէններուն հետ հանդիպած եւ ԹՈՒՄՕ-ն ներկայացուցած է։ Ահաւասիկ, այդ այցին հետեւանքով ընտրուած է Պոլսոյ ներկայացուցիչը եւ երրորդ տարին ըլլալով աշակերտները այս ծրագրին համար կազմակերպուած կարգով Հայաստան կու գան: Իւրաքանչիւր աշակերտ միայն մէկ անգամ կրնայ օգտուիլ հովանաւորին միջոցաւ գալու հնարաւորութենէն, իսկ եթէ անգամ մըն ալ փափաքի մասնակցիլ, ապա կը վճարէ:
Պոլսահայ պատանիներու խումբին ղեկավար Ալէն Թաշճըօղլու բարձր կը գնահատէ այս նախաձեռնութիւնը, յոյսով է, որ զայն կ՚ունենայ շարունակութիւն եւ գալիք տարիներուն ուրիշ աշակերտներ նոյնպէս կը մասնակցին: Մեզի հետ զրոյցի ընթացքին ան իր շնորհակալութիւնները ուղղեց թէ՛ ԹՈՒՄՕ-ի ղեկավարութեան, թէ՛ ալ հովանաւորներուն, որոնք չեն զլացած հովանաւորել աշակերտներուն մասնակցութիւնը: ԹՈՒՄՕ-ի այս նախաձեռնութիւնը շատ աղուոր գործ մըն է, որովհետեւ զանազան երկիրներէ հայեր կու գան, իրարու հետ երկար ժամանակ կ՚անցընեն եւ կը հասկնան, որ աշխարհը միայն Պոլիս կամ Երեւան չէ, աշխարհը բազմազան է, եւ ամէն տեղ հայ կայ:
«Մշակոյթներու փոխանակութիւն տեղի կ՚ունենայ, ցանց մը կը ստեղծուի, որ մեծ բան մըն է այս տարիքի տողոց համար: ԹՈՒՄՕ-ի այս ծրագիրը շատ լաւ նախաձեռնութիւն մըն է ոչ միայն բան մը սորվելու, այլեւ Հայաստանին ծանօթանալու առումով, գրեթէ բոլոր կարեւոր տեղերը կ՚երթան, կը ճանչնան այստեղի մարդը, անոր ապրելակերպը, իրենց աչքերով կը տեսնեն ամէն ինչ: Եւ ԹՈՒՄՕ-ն միակ առիթը չէ պոլսահայ աշակերտներուն համար, Պոլիսէն Հայաստան համահայկական խաղերուն ալ կու գան, Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագրին ալ կը մասնակցին, արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ձեռնարկներուն ալ մաս կը կազմեն: Հայաստանը՝ հայրենիքը ճանչնալու հնարաւորութիւնները շատ են պոլսահայ տղոց համար», ըսաւ զրոյցի ընթացքին Ալէն Թաշճըօղլու: Ան նշեց, որ որ խումբը այցելած է Արժանթինէն «Գայիանէ» պարախումբի համերգին, Բիւրական, Կոմիտասի թանգարան, Նորավանք, Գառնի, Գեղարդ, Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի, Ազգային պատկերասրահ, Սեւան, Դիլիջան եւ բազմաթիւ այլ վայրեր:
ԹՈՒՄՕ-Ի ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ
Վերջին տարիներուն ԹՈՒՄՕ կեդրոնը ընդլայնած է իր գործունէութիւնը Երեւանէն դուրս։ Այսօր ԹՈՒՄՕ կեդրոններ կը գործեն Կիւմրիի, Դիլիջանի, Ստեփանակերտի մէջ, ինչպէս նաեւ սեպտեմբերին ԹՈՒՄՕ կը բացուի Փարիզի մէջ, իսկ աւելի վերջ՝ Պէյրութի եւ Մոսկուայի մէջ: Կեդրոնի բացումին կը սպասուի նաեւ Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Ջաւախքի մէջ: Ժամանակին յայտարարուած էր, որ Հայաստանի խոշոր զօրամասերուն մէջ նոյնպէս պիտի ստեղծուին ԹՈՒՄՕ կեդրոններ, որոնք պիտի նպաստեն ծառայողներու համակարգչային գիտելիքներու զարգացման:
Առաջին ԹՈՒՄՕ-ն ստեղծուած է Երեւանի մէջ՝ սփիւռքահայեր Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու նախաձեռնութեամբ՝ Սիմոնեան կրթական հիմնադրամի կողմէ, 2011 թուականին:
Գործելով արդէն եօթ տարիէ ի վեր, ԹՈՒՄՕ-ն այսօր այն փայլուն օրինակն է, որ անմիջապէս ցոյց կու տայ, թէ Հայաստան ինչ ուղղութեամբ պէտք է երթայ։ Սա նաեւ լաւ օրինակ մըն է, թէ ինչպէս սփիւռքի մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած հայեր՝ իրենց գաղափարները, արհեստավարժութիւնը Հայաստանի հետ բաժնելով, կրնան ստեղծել հետաքրքրական գործ մը, որ իւրօրինակ է ամբողջ աշխարհի տեսակէտէ։ Անվճար այս ծրագիրին համար կը հրաւիրուին մասնագէտ-դասախօսներ` Հայաստանէն եւ աշխարհի զանազան շրջաններէն, բոլորն ալ անվճար, կամաւոր, նուիրեալ տարրեր, որոնք կրնան այլ տեղ աւելի լաւ վճարումով աշխատիլ, բայց կը նախընտրեն ԹՈՒՄՕ-ն՝ հաւատալով այս ծրագիրի առաքելութեան: Աշակերտը ԹՈՒՄՕ-ի մէջ կ՚ունենայ իր «ապրող թղթապանակ»ը՝ փորթֆէօյը, որ աշակերտին հետ կը «մեծնայ» ու կը զարգանայ: Աւարտին, աշակերտը կրնայ այդ թղթապանակը ներկայացնել որեւէ մարզի աշխատանքի դիմումի պարագային: Ֆրանսական We Demain ամսագիրը աշխարհի ամենանորարար դպրոցներու տասնեակի վարկանիշ կազմած է եւ յատկանշական է, որ առաջին տեղը Հայաստանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արուեսագիտութիւններու կեդրոնը գրաւած է: Այժմ Երեւանի ԹՈՒՄՕ կը յաճախէ 10 հազարէ աւելի պատանի, իսկ ամբողջ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ծրագրին մէջ ներգրաւուած է մօտաւորապէս 14 հազար ուսանող:
ԹՈՒՄՕ-Ի ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ
Պէյրութ ծնած Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեանները պատանեկութեան տարիներուն փոխադրուած են Միացեալ Նահանգներ: Սեմ Սիմոնեան ներգրաւուած է Արլինկթընի Թեքսասի համալսարանի ճարտարագիտական ծրագրէն ներս, ապա համահիմնադրած է «Ինեթ» առաջատար հեռահաղորդակցական ընկերութիւնը: Սիմոնեանները բազմաթիւ անգամ նշած են իրենց կրթական ուղիի զարգացման մէջ հայկական կազմակերպութիւններու կարեւորութիւնը ու մշտապէս նպատակ ունեցած են նման հնարաւորութիւններ ստեղծել կրթութեան հանդէպ սէր ունեցող հայ երիտասարդներուն համար: ԹՈՒՄՕ-ն այդ ուղղութեամբ անոնց ձեռնարկած ամենամեծ քայլն է: Կեդրոնի տնօրէնը կրկին պէյրութեահայ, Սպանիա եւ Միացեալ Նահանգներ ապրած նորարար ճարտարագէտ Մարի Լու Փափազեանն է:
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԵՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
Պոլսահայ աշակերտները իրենց անկեղծ տպաւորութիւնները արտայայտեցին հետեւեալ կերպով.
Սելին Պապասըզ- Ես շատ հաւնեցայ Հայաստանը, հայ մը ըլլալով, այստեղ ապրիլ կ՚ուզէի: ԹՈՒՄՕ-ն ալ շատ հաւնեցայ եւ կրնայ ըլլալ, որ անոր տուած դասընթացքներէն յետագային մտածեմ նոյնպիսի մասնագիտութեան մը հետեւիլ:
Արաս Մեսրոպեան- Եկեղեցիները շատ տպաւորիչ են: Խոր վիրապ գացինք, այնտեղի եկեղեցին մտանք, գացինք ուրիշ եկեղեցիներ ալ, որոնք տպաւորած են մեզ: Պոլիս վերադառնալով պիտի յիշենք ամէն բան, ինչ որ հոս տեսանք: Ուր որ գացինք, մեզի պատմեցին տեղւոյն պատմութիւնը, որ առած ենք դպրոցին մէջ եւ հոս ալ տեսանք ատիկա:
Առէն Չաքըր- Ես բնաւ չզգացի, որ տարբեր տեղ մըն եմ, հոս ալ տունիս պէս զգացի, կը խորհիմ, որ հոս ալ տունս է: Ամէն բան սիրած եմ: Դժուար է հարկաւ հայերէնը հասկնալ, բայց ճիգ կ՚ընենք եւ քիչ թէ շատ կը հասկնանք: Երբեմն հայերէնով կը սկսինք, անգլերէն կը շարունակենք, կը տեսնենք, որ մեր հայերէնը չեն հասկնար ուսուցիչները եւ կը դարձնենք անգլերէնի:
Ալէն Թաշճըօղլու- Արեւմտահայերէն կը խօսէինք, աշակերտները առաջին շաբաթը քիչ մը դժուարութիւն ունեցան հայաստանցիներուն հետ հասկցուելու, բայց կամաց-կամաց վարժուեցան: Եթէ հայերէն չհասկնային, անգլերէն կը խօսէինք, քանի որ անգլերէնն ալ հոս կը հասկնան ընդհանրապէս:
Իսկ ուրիշ երկիրներէ եկողներուն հետ աւելի դիւրին հաղորդակցեցան, ընկերներ ձեռք բերին, կապեր հաստատեցին: Մեր աշակերտները դպրոցներու մէջ հարկաւ առած են հայոց պատմութիւնը, դասերուն մէջ կը պատմէին ուսուցիչները: Հիմա իրենց աչքերով տեսան եւ աղօթք ըրին, ասիկա բացառիկ հնարաւորութիւն մըն էր տղոց համար:
Արի Թորունօղլու- Մենք դասերէն զատ նաեւ երկիրը սիրեցինք եւ եղանակը սիրեցինք, այստեղ օդը աւելի լաւ է: Փողոցին մէջ յուզիչ էր տեսնել, որ ամէն մարդ հայ է:
Լեռնա Կեչէր- Ես եւ Սեսիլիան երկրորդ անգամ ըլլալով կու գանք, կարգ մը բաներ կրկնութիւն չըլլան ըսելով, մեզի զատ նախագիծ մը յանձնարարեցին, եւ մինչ ուսուցիչը կը պատմէր միւսներուն, մենք ուրիշ բանի մը վրայ կ՚աշխատէինք նոյն պահուն:
Առէն Պիթմէզ- Հետաքրքրական փորձառութիւն մը ունեցանք՝ թըր-քերէն երգեր սորվեցնել սկսանք ուրիշներուն, որ հաճոյքով սորվեցան բառերն ու երաժշտութիւնը եւ սկսան երգել: Մենք ալ հայերէն երգեր կը սորվինք, մանաւանդ որ մեր դասերուն մէջ ալ երաժշտութեան նախագիծ մը կայ:
Քամի Ուլութաշ- Ես ԹՈՒՄՕ-ի ծրագիրներէն զատ բանի մը մասին կ՚ուզեմ խօսիլ: Այստեղ մենք նաեւ կը ճաշենք եւ ճաշերը կամ շատ աղի կ՚ըլլան կամ ալ ընդհանրապէս աղ չեն ունենար: Բան մըն ալ կար, որ մեզի անծանօթ էր՝ ճաշերուն վրայ դրուած կանաչին, ինչ որ մենք բնաւ չենք սիրեր, չենք վարժուած։ Ճաշերն ալ իւղոտ են:
Արի Գրիգոր Թորունօղլու- Ես ալ ճաշերը չսիրեցի, Թուրքիոյ ճաշերը շատ աւելի համեղ են, բայց Հայաստանի ջուրը շատ աղուոր է, ամէն վայրկեան ջուր կը խմենք:
Նորա Պալճը- Ճաշերը լաւ չեն, բայց պաղպաղակները շատ աղուոր են, միշտ կը ճաշակէինք:
Արաս Մեսրոպեան- Ես ալ փորձառութիւն մը ունեցայ, որ ջուրի հետ կապուած է: Հոս օդը տաք է եւ չոր, շրթունքներս ճաքեցան. դուրսի աղբիւրներէն երբ ջուր խմեցի, ճաքած տեղերը բորբոքեցան, ուռեցան, եւ քանի ջուրը իր մէջ մանրէներ կ՚ունենայ, այդ մանրէները թափանցեցին: Վնաս չունի, այս ալ յիշողութիւն մըն է, բայց շրթունքներս ուռած էին եւ շատ ատեն բերանս չկրցայ բանալ:
Լեռնա Կեչէր- Երբ վերադառնանք, նոր վերամուտի պիտի պատրաստուինք. ամէն մէկս նպատակ մը ունի. ես անձամբ կ՚ուզեմ, դպրոցն ու համալսարանը աւարտելէ ետք, դուրս երթալ եւ մասթըրս դուրսը ընել: Երբեմն կ՚ըսեն՝ հայերուն համար դժուար է Թուրքիոյ մէջ, բայց մենք շատ դժուարութիւններու չհանդիպեցանք:
Խաչիկ Ուլու- Ես առաջարկ մը ունիմ. Հայաստանը թող Թուրքիոյ ճաշերը հոս բերէ, իսկ Հայաստանէն ալ կրթութիւնը տանի Թուրքիա. աղուոր փոխանակութիւն մը կ՚ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ