Սե­ւա­նայ Լի­ճը, Վա­նան Եւ Ու­րիշ Շատ Բա­ներ

Այ­սօր Վա­նան մե­զի հետ պի­տի ըլ­լայ: Մեծ «խապ­րիկ»: Թոռ­նի­կի հետ ըլ­լալ` իս­կա­պէս որ հո­գե­կան տար­բեր վայ­լելք է: Հար­ցու­ցէ՛ք: Եր­կար ա­տե­նէ ի վեր զինք չէի տե­սած:Մեր մօտ չէր: Մի՛ հարց­նէք, խէ՛ր է, եւ կամ` ին­չո՞ւ: Կարճ ը­սե­լով` մենք ալ զոհն ենք որ­դի-հարս մեծ եւ ծանր ան­հաս­կա­ցո­ղու­թեան, ո­րուն պատ­ճա­ռով` ա­մուս­նա­լու­ծում. իսկ մե­զի հա­մար ալ` նոր ու ոչ նպաս­տա­ւոր ո­րո­շում­ներ: Եւ ա­հա խեղճ թոռ­նու­հիս քիչ մը մօ­րը եւ քիչ մըն ալ հօ­րը քովն էր, եւ ե­թէ այս վեր­ջի­նէն «ժա­մա­նակ» ա­ւել­նար, քիչ մըն ալ` մե­զի հետ: Այս ձե­ւով մեր կեան­քի ըն­թաց­քը,  պատ­կերն ու ապ­րե­լա­կեր­պը հիմ­նո­վին փո­խուե­ցան: Իսկ ինչ­պէ՞ս ըն­դու­նիլ կեան­քի այս ճշմար­տու­թիւ­նը, մի՛ հարց­նէք: Ար­դէն հա­զիւ «շի­նուած» ու գու­նա­ւո­րուած էին մեր օ­րերն ու ժա­մե­րը. ա­հա այս նոր ո­րո­շու­մով ա­նոնք կորսն­ցու­ցած էին ի­րենց իս­կա­կան եւ հա­ճե­լի ի­մաս­տը: Ա­հա թէ ին­չո՛ւ այս օ­րե­րուն խառ­նուած էին ե­րազ­ներս ու ա­նոնց զու­գա­հեռ` հո­գե­կան վա­յել­քի պա­հերս ալ ցամ­քած: Կար­ծես «աչ­քի ե­կած էինք»: Հի­մա մեր ներ­քին կեան­քը իր այս նոր յօ­րի­նուած­քով մեզ նե­տած էր տար­բեր «աշ­խար­հի» մէջ: Մենք ու­րիշ մի­ջոց չու­նէինք, միայն` կա­ցու­թեան հնա­զան­դիլ: Ցա­ւա­լի, տգեղ ու մե­զի հա­մար ան­սո­վոր, բայց` ի­րա­կան: Ուս­տի մե­զի կը մնար լռե­լեայն գտնել կեան­քի նոր ձեւ մը: Ի­րա­կա­նը եւ տե­սա­նե­լին: Մէկ խոս­քով` հա­մա­կեր­պիլ:

Միտքս կրկին ան­գամ գնաց այլ ուղ­ղու­թեամբ: Բայց ես այս տո­ղե­րովս ի­րա­ւունք չու­նիմ ըն­թեր­ցո­ղիս տրա­մադ­րու­թիւ­նը խան­գա­րե­լու: Ես ո՞վ եմ որ: Նման հար­ցեր գրե­թէ ա­մէն օր լսե­լի էին, ու մենք ո՛չ ա­ռա­ջին զո­հե­րէն էինք եւ, կը կար­ծեմ, ո՛չ ալ վեր­ջի­նը պի­տի ըլ­լա­յինք: Ա­հա՛ Ա­մե­րի­կա, ա­հա՛ հայ ըն­տա­նիք եւ ա­հա՛ կեանք: Ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի, սա­կայն` ի­րաւ:

«Չյու­սա­ցած քարդ է, որ գլուխդ կը ծա­կէ», ը­սած էին մեր մե­ծե­րը եւ ճիշդ էին:

Բայց վե­րա­դառ­նամ: Այ­սօր, ա­հա մե­զի ե­կաւ մեր տա­սը տա­րե­կան թոռ­նու­հին` Վա­նան, ին­ծի հա­մար անշ­պար գե­ղեց­կու­թիւն եւ հո­գե­կան վա­յել­քի պա­հեր բե­րե­լով ի­րեն հետ` ինք­նա­բե­րա­բար:

Ա­րագ մը մօ­րը ինք­նա­շար­ժէն դուրս «թռչե­լով», ձեռ­քը անգ­լե­րէն հաստ գիրք մը, իսկ կռնակն ալ շա­բա­թա­վեր­ջի հան­դերձ­նե­րով լե­ցուն պա­յու­սա­կով մը վա­զեց գիրկս:

– Ո՞ւր են պուպ­րիկ­ներդ,- եր­կար ու յու­զա­կան գրկընդ­խառ­նու­մէ ետք կինս հարց տուաւ:

– Ի՞նչ պուպ­րիկ, նա­նի՛- հպար­տօ­րէն պա­տաս­խա­նեց Վա­նան ու ցոյց տա­լով իր ա­փին մէջ ա­մուր սեղ­մած հա­տոր մը` ը­սաւ ու­րախ.-ա­հա՛ պուպ­րիկս… նոր գիրքս… պա­պաս գնեց :

Մտանք ներս: Կրկին ու կրկին ան­գամ ող­ջա­գու­րում: Է՜հ, այս մէ­կուն ալ կա­րօտ կ՛ը­սեն:

Բայց կա­րօտ կար եւ «խեն­թի» նման կա­րօտ­նալ ալ կար: Այ­սօր այս մէ­կը վեր­ջի­նէն էր հաս­տա­տա­պէս: Հար­ցու­ցէ՛ք, մեծ հայ­րե­րուն, ու պա­տաս­խա­նը կը ստա­նաք:

Նստանք ի­րա­րու շատ մօ­տիկ, գրե­թէ` գիրկ-գիր­կի: Ար­դէն վայր­կեան­ներ գտած էին ի­րենց նախ­կին ի­մաս­տը: Եր­ջա­նիկ էի, ու մթնո­լորտս ալ լե­ցուն` նախ­կին օ­րե­րու ու­րախ ար­ձա­գանգ­նե­րով: Իսկ Վա­նան ան­հան­դարտ էր, թե­րեւս ը­սե­լիք­ներ ու­նե­նար: Վեր­ջա­պէս խօ­սե­ցաւ.-

– Պա­պի՛կ, քե­զի ցոյց տամ նոր «պու­քըս»:

– «Գիրքս», եաւ­րի՛կ, ը­սէ` գիրքս, դուն այդ բա­ռը գի­տես. հի­մա ան­կէ ա­ռաջ ին­ծի ը­սէ՛ տես­նեմ, ա­նօ­թի՞ ես,- խօ­սե­ցաւ կինս ա­նու­շու­թեամբ: Բո­լոր հայ մեծ մայ­րե­րը այս­պէ՛ս են: Մտա­հոգ եւ չա­փէն ա­ւե­լի հո­գա­ծու:

– Ո՛չ, ա­նօ­թի չեմ, բայց, նա­նի, «սամ­թայմզ», ը՛հ, եր­բեմն հա­յե­րէն բա­ռը չեմ յի­շեր,- ինք­զինք ար­դա­րա­ցուց Վա­նան` ան­մե­ղօ­րէն ու ճար­պիկ, սե­ւո­րակ հայ­կա­կան աչ­քե­րը կրկին ան­գամ վրաս կեդ­րո­նաց­նե­լով: Ան­մի­ջա­պէս գլխու շար­ժում­նե­րովս կնոջս հասկց­նել ու­զե­ցի, թէ հի­մա քիչ մը շատ կա­նուխ էր այդ «սրբագ­րու­թիւն­նե­րուն»: Ա­պա Վա­նան հպար­տու­թեամբ մը գիր­քը ին­ծի եր­կա­րեց: Նա­յե­ցայ: Հա­րիւ­րա­ւոր է­ջե­րով ու մանր գի­րե­րով անգ­լե­րէն հա­տոր մըն էր:

– Երբ որ կար­դաս, «վեր­ջաց­նես,» հա­ճիս ին­ծի ալ պատ­մէ՛,- ը­սի քա­ջա­լե­րա­կան ձայ­նով:

– Օ քէ՜յ,- ը­սաւ ու կրկին ան­գամ եր­կար ին­ծի նա­յե­ցաւ:

Զգա­ցի, որ ան­պայ­ման ու­րիշ ը­սե­լիք­ներ ալ ու­նէր: Դէմ­քի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը զինք կը մատ­նէր:

– Պա­պի՛կ, պա­պի՛կ, լսէ՛, ես մեր պատ­մու­թիւ­նը սկսայ գրել,- ը­սաւ ա­րագ մը ու շտկուե­ցաւ:

– Ի՞նչ պատ­մու­թիւն,- ը­սի` ա­պուշ կտրած:

– Մեր «ֆա­մի­լիին» պատ­մու­թիւ­նը, «հիս­թը­րին»,- ինք­զինք բա­ցատ­րեց ու­րա­խու­թեամբ:

– Լա՛ւ, ո՞ւր է, բան մը գրա՞ծ ես,- ը­սի ան­համ­բեր:

– Ո՛չ, մա­մա­յիս տունն է,- ը­սաւ ա­րագ մը ու գիրկս նստե­լով` իր «ե­րեք-չորս տա­րե­կա­նի օ­րե­րը» յի­շեց­նող ան­մե­ղու­թեամբ մը սկսաւ պատ­մել ու պատ­մել: Ե­րե­ւոյ­թը գե­ղե­ցիկ էր ու ե­րա­նե­լի:

Փոր­ձե­ցի ու­շա­դիր հե­տե­ւիլ: Վերջ ի վեր­ջոյ հասկ­նալ, թէ ին­չո՛ւ նման ո­րո­շում մը տուած էր:

– Ես գրող պի­տի ըլ­լամ, պա­պի՛կ, բայց` անգ­լե­րէ­նով,- ը­սաւ ու­րախ եւ հպար­տան­քով լե­ցուն բա­ռե­րով.- ի՞նչ ը­նեմ, հա­յե­րէնս «ու­ժով» չէ:

Ա­հա՛ քե­զի նոր հա­յու­թիւն, նոր ժա­մա­նակ­նե­րու: Ա­հա՛ քե­զի ազ­նիւ տա­ռա­պան­քը մեր բա­ռե­րուն: Հասկ­նա­լի էր: Յստակ ու նոյն­քան ալ` պարզ: Ուս­տի փոր­ձե­ցի զգուշ հար­ցու­փոր­ձել:

– Շա՛տ լաւ,- շա­րու­նա­կե­ցի,- պատ­մէ՛ տես­նեմ, ին­չե՜ր գրած ես եւ դեռ ին­չե՜ր պի­տի գրես:

– Է՜հ, պա­պիկ, ա­տի­կա «սիք­րըթ» է, վեր­ջը կը գիտ­նաս,- ը­սաւ հա­մո­զիչ եւ բա­րի:

– Լա՛ւ, լա՛ւ,- հա­մա­կեր­պե­ցայ ու ան­համ­բեր սպա­սե­ցի իր մտքի հիւս­քին:

– Լ­սէ՛, կ’ու­զե՞ս գիտ­նալ` ինչ­պէ՞ս պէտք է գրել, «սիմ­փըլ էք­զամ­փըլ»` ը­սե՛մ. «հատ» մը նա­յէ՛ նա­նի­յին, ին­ծի ը­սէ՛, թէ նա­նին ի՞նչ գոյն հա­գուստ հա­գած է:

Վայր­կեա­նի մը հա­մար կար­ծե­ցի տար­բեր աշ­խար­հի մը մէջ եմ: Զար­մա­ցայ ու մտո­վի փոր­ձե­ցի իր հար­ցու­մին ե­տին թաք­նուած մտա­ծում­նե­րը կռա­հել: Ուս­տի կնոջս կող­մը դառ­նա­լով նախ զայն զննե­ցի ու իր դա­սը լաւ գիտ­ցող ա­շա­կեր­տի նման` ա­րագ մը պա­տաս­խա­նե­ցի.-

– Կա­պոյտ հա­գուստ:

– Է՜հ, օ քէյ, մի­ջամ­տեց, ինչ­պէ՞ս «սեն­թըն­սըթ» կը գրես, միայն կա­պոյտ հա­գուստ, այս­քա՞ն:

«Լա­կո­տիկս» զիս այս ձե­ւով հարց ու փորձ կա­տա­րե­լը ու­րիշ են­թադ­րու­թիւն­նե­րու տա­րաւ միտքս:Ան­հան­գիստ ո­րո­նում մը ապ­րե­ցայ: Ի՞նչ ը­սել կ՛ու­զէր այս փոք­րի­կը, Աս­տուա՛ծ իմ… զիս դէ­պի ո՞ւր պի­տի տա­նէր այս ան­պի­տա­նը:

– Դո՛ւն ինչ­պէ՞ս պի­տի գրէիր, շու­տով մը ան­ցայ «յար­ձա­կո­ղա­կա­նի»:

– Ը՜հ, ը­սեմ, ես կը գրէի, կը գրէի,- «լայք տիս». «Նա­նիս կա­պոյտ հա­գուստ հա­գած է, Սե­ւա­նայ լի­ճի ջու­րի գոյ­նին պէս»:

Ը­սաւ ա­րագ եւ հաս­տատ: Այս­չափ միայն: Վե՛րջ: Ա­պա ին­ծի նա­յե­ցաւ: Հա­ւա­նա­բար պա­տաս­խա­նիս կամ գնա­հա­տա­կա­նիս սպա­սեց: Իսկ ես իս­կա­պէս որ ապ­շած էի: Վայր­կեա­նին մտա­բե­րե­ցի, թէ մար­դուս կեան­քը քա­նի՜ քա­նի՛ ա­կե­րէ կրնայ բխիլ «ե­ղեր»: Այ­սօր ա­նոր վկան էի, ի­րա­պէ՛ս: Իր մտքի ա­նակն­կալ այս պատ­կե­րու­մին ի տես` շուա­րած ալ էի: Չեր­կա­րեմ: Ան­կէ ետք ան եր­կար խօ­սե­ցաւ իր ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին: Ինք «մեծ ըն­թեր­ցող» մը դար­ձած էր, վէ­պեր կար­դա­ցած եւ դա­սա­րա­նին մէջ այս ձե­ւով աչ­քա­ռու­նե­րէն մէ­կը նկա­տուած: Միայն ապ­շած մտիկ ը­րի: Չվի­ճե­ցայ: Չխան­գա­րե­ցի եւ ոչ ալ ընդ­հա­տե­ցի իր հե­զա­սահ անգ­լե­րէ­նով եւ կարկտ­նուած հա­յե­րէ­նով խօս­քի ըն­թաց­քը:

Յու­զուած ու եր­կար մտա­ծե­ցի ու երբ սե­նեակս ա­ռանձ­նա­ցայ, ուր­կէ՜ ուր, մտո­վի կը կրկնէի: Կա­պոյտ գոյն եւ Սե­ւա­նայ լիճ: Ին­չո՞ւ «Լէյք Թա­հոն» ոչ…: Պատ­մու­թիւն գրել եւ ան ալ մեր ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թիւ­նը: Ին­չո՞ւ, ո՞վ եւ ինչ­պէ՞ս այս գա­ղա­փա­րը յղա­ցած էր: Որ­մէ՞ լսած էր: Այս­քան ոճ եւ ե­րե­ւա­կա­կա­յու­թիւն` իր այս տա­րի­քին: Ուղ­ղա­կի շշմած էի: Ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն: Անձ­նա­պէս գի­տէի, ու հա­մո­զուած ալ էի, որ թէեւ հա­յոց լե­զուին պարզ ա­շա­կերտ­նե­րէն մէ­կը ե­ղած էի, բայց այդ վայր­կեա­նին կը զգա­յի, որ սրտիս մէջ կար կոր­սուա­ծի մը կան­չը: Տա­տամ­սե­ցայ: Գրե­թէ զի­նա­թափ կե­ցած էի վայր­կեան­նե­րուս առ­ջեւ, զսպուած ու կը փոր­ձէի կեան­քի կո­չել բա­ռերս:

Եր­բեք պի­տի չփոր­ձէի հպար­տան­քի բա­ռե­րով գո­վա­բա­նել մեր աղջ­նա­կը: Եր­բե՛ք: Բայց իր այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ա­ռիթ ըն­ծա­յեց, որ ես կրկին ան­գամ եր­կա­րօ­րէն մտա­ծեմ մեր լե­զուին ու ա­նոր ճա­կա­տագ­րին մա­սին, նոր սե­րուն­դի մտա­ծե­լա­կեր­պին մա­սին, հայ գիր­քի եւ ըն­թեր­ցա­նու­թեան հան­դէպ հո­գա­ծու­թեան մա­սին, հայ ըն­տա­նե­կան սրբու­թիւն­նե­րուն ու մեր հայ ծնող­նե­րու մա­սին: Կրկնա­կի շուա­րած էի, ո­րով­հե­տեւ դար­ձեալ մտքիս առ­ջեւ կ՛ու­րուագ­ծուէր այն հաս­տատ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ սփիւռ­քի մէջ հայ լե­զուի հան­դէպ սէրն ու ա­նոր մա­քուր գոր­ծա­ծու­թիւ­նը շա­տոնց նա­հան­ջի մէջ էր, նոյ­նիսկ` նուա­զած, ե­թէ ոչ` գրե­թէ սա­ռած, յատ­կա­պէս` ե­րի­տա­սարդ մեր սե­րուն­դի բե­րան­նե­րուն մէջ: Տեղ մը ծուռ բան մը կար: Տեղ մը մեր գոր­ծե­լա­կեր­պե­րէն ներս խո­րունկ սխալ մը ըլ­լա­լու էր, որ այս եզ­րա­կա­ցու­թեան հա­սած էինք: Ա­հա՛ օ­րի­նա­կը: Հա­րա­զատ եւ մա­քուր: Ու հա­ւա­տաց­՛էք` աշ­խար­հի չափ եր­ջա­նիկ պի­տի ըլ­լա­յի, ե­թէ թոռ­նիկս, իր անգ­լե­րէ­նին կող­քին ու ա­նոր չափ, իր միտ­քը ար­տա­յայ­տէր նաեւ մեր մայ­րե­նիով ալ: Ե­րա­նի՜: Բայ­ց…

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016